ՈՒՂՂԱՄՏՈՒԹԻ՛ՒՆ
«Ուղղամտութիւն» ահաւասիկ մոգական, հմայիչ բառ մը, որ շատեր կը սեփականցնեն, իրենց կը վերագրեն զայն։ Ոմանք ալ, դժբախտաբար, հեգնական քմծիծաղով մը կը դիմաւորեն ուղղամտութիւնը եւ զայն կը նոյնացնեն անճարակութեան հետ։ «Ուղղամիտ ըլլալ» կարծես տարօրինակ ըլլալ, ժամանակավրէպ կը համարուի նոյնիսկ կարգ մը միջավայրերու մէջ, որոնք ուղղամտութիւնը յառաջդիմութեան, յաջողութեան արգե՛լք մը կը սեպեն ընդհանրապէս։
Մինչդեռ յաջողութիւնը գիտակից ուղղամտութեան մը արդար վարձքը, բնական եւ բանաւոր հետեւանքն է։ Արդար յաջողութիւնը՝ իրաւացի յաղթանակը ուղղամտութեան արդիւնք է։ Եւ այս իմաստով, ոմանք գործի կեանքի մէջ մանաւանդ «ճարտարօրէն» խօսուած սուտը, խաբէութիւնը առեւտուրի անհրաժեշտ պայմանը կը նկատեն։ Խորամանկ խաբէութիւն մը «ճարպիկութիւն» կը թարգմանուի, իսկ ուղղամտութիւնը, ճշմարտախօսութիւնը՝ մաքրակրօններու, բարեպաշտներու մէկ «ծայրայեղութիւն»ը, չափազանցութիւնը եւ կամ մգլոտած, ժամանակավրէպ նախապաշարո՛ւմ մը։
Այսպէս, ուրեմն, ուղղամիտներ կը հարկադրուին տեւապէս պայքարիլ «ճարպիկ»ներու հետ, որպէսզի ապացուցանեն որ յաջողութիւնը եւ յարթանակը ի վերջոյ ուղղամտութեան արդար արդիւնքն է։
Ուստի ուղղամիտը կը պայքարի թէ՛ սուտին եւ թէ՛ սխալին դէմ, որոնք խոչընդոտներ են արդարութեան, իրաւունքի եւ ճշմարտութեան դէմ։
Բարեբախտաբար, այդ «խոչընդոտներ»ը աւելի քիչ են, փոքրամասնութիւն կը կազմեն քան՝ ուղղամիտները, որովհետեւ ողջամիտ ամէն մարդ կը վկայէ, թէ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը անոնց սխալ համոզումին հակառակը կը հաստատէ։ Իսկական յաջողութիւնը ի վերջոյ կու գայ ուղղամիտ մարդոց արդար վաստակէն։ Եւ յաղթանակը մի՛շտ արդարին կողմն է։ Եւ այս պատճառով, ուղղամտութիւնը, արդարասիրութիւնը, առանց նկատելու անոր բարոյական հայեցակէտը, անհրաժեշտ պայմա՛ն մըն է յաջողութեան, բաւական է որ մարդ քաջաբար եւ յարատեւօրէն զայն իր կեանքին մէջ եւ բոլոր արարքներուն կիրարկելու հաստատամտութիւնը եւ կորովը ունենայ։
Առածը կ՚ըսէ. «Ուղղամտութիւնը լաւագոյն աշխարահավարութիւնն է»։ Ուստի ուղղամտութեան «ճարպիկ»ներու դէ՛մ մղած արդար պայքարը՝ կեանքի պայքար մըն է, որ կ՚ազնուացնէ մարդը, վե՛ր կը պահէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ մարդս կ՚առաջնորդէ միշտ շիտակ եւ ապահով ճամբաներու՝ որոնց վերջին կայանն է՝ երջանկութի՛ւնը։
Ուստի այն ամէն մարդ, որ հասած է արժանաւոր դիրքի մը, ան կը պարտի անշուշտ իր աշխատութեան, բայց նո՛յնքան իր հաւատարմութեան եւ հաստատամտութեան՝ ուղղամտութեան անշեղ սկզբունքի՛ն։
Ամերիկացի գրող Էմիրսըն կ՚ըսէ, թէ՝ գործ մը կատարելու եւ նպատակի մը հասնելու համար երկու կերպ կամ երկու ճամբայ կայ. մին «շնորհալի» եւ միւսը՝ «անշնորհք» ճամբան։ Այս կը համաձայնի նաեւ՝ ուղղամիտ ճամբայի եւ հնարամտութեամբ առաջնորդուած ճամբայի։ Արդարեւ, երկուքն ալ կը յառաջանան, բայց մին՝ ապահով եւ միւսը՝ անապահով եւ անորո՛շ։
Այս երկու ճամբան կարելի է նկատել նաեւ ամէն տեսակ մրցակցութիւններու, պայքարներու եւ վիճաբանութիւններու ընթացքին։ Ոմանք արդար պայմաններու մէջ՝ ուղղամտութեամբ կը մրցին, կը վիճաբանին, ոմանք ալ մրցակցութեան մէջ խարդախութեան, կեղծարարութեան, խաբէութեան կը դիմեն։ Եւ այս երկուքն ալ շահելու հաւանականութիւնը կ՚ունենայ, բայց ուղղամիտ՝ արդար, խարդախը անիրաւ յաղթանակ մը կ՚ունենայ։ Եւ եթէ կա՛յ «խիղճ» ըսուածը, ապա ուրեմն ո՞րուն խիղճը հանդարտ ու հանգիստ կ՚ըլլայ, ո՞րուն սիրտը կը պահէ իր մաքրութիւնը, ո՞րուն յաղթանակը լուսաւոր եւ պսակաւոր կ՚ըլլայ եւ ո՛րունը՝ մութ ու խաւա՛ր…։
Ողջամտութեամբ, ուղղամտութեամբ վիճաբանիլը՝ ձիրք մը, առաքինութիւն մը, ազնուութի՛ւն է եւ մինչեւ իսկ «արուե՛ստ» մըն է։ Կենցաղագիտական պահանջ մը՝ դաստիարակութի՛ւն մըն է։ Վիճաբանութեան ոճը եւ ընթացքը ցոյց կու տայ մարդուս մտաւոր հասունութիւնը, հոգիին ազնուութիւնը՝ որուն ստուգանիշն է՝ ուղղամտութիւնը։
Ուստի, վիճաբանութեան նպատակը ճշմարտութիւնը երեւան բերել է եւ ո՛չ թէ զիրար վարկաբեկել, խայտառակել, եւ դարձեալ վիճաբանութեան հետեւանքը պարտել կամ պարտուիլ պէտք չէ՛ համարուի, քանի որ այնտեղ կայ միշտ մէկ շահող մը, յաղթանակ տանող մը՝ որ է «ճշմարտութի՛ւն»ը միա՛յն։
Վիճաբանողներու նպատակը, եթէ ուղղամիտ են, անշուշտ պէտք չէ ըլլայ զիրար պարտութեան մատնել, այլ ճշմարտութիւնը երեւան բերել, մարդկութեան բարիքին եւ օգտին նպաստել։ Եւ անշուշտ այս նպատակին իրականացման համար անհրաժեշտ պայմա՛ն է՝ ուղղամտութիւնը, քանի որ ճշմարտութիւնը ուղղամտութեան ճամբուն վրայ կը յառաջանայ, ուղղամտութեան կ՚ընկերակցի՛։
Որքա՜ն իմաստալից խօսք է՝ թէ «ոճը մարդն է»։
Արդարեւ «գործ»ին ձեւը, այսինքն ոճը ցոյց կու տայ մարդուն նկարագիրը, այսինքն՝ ի՛նքը։
Վիճաբանութեան ոճն ալ հաստատ ստուգանիշ մըն է մարդուն նկարագրին՝ մտային եւ հոգեւոր կազմութեան, կենցաղավարութեան մակարդակին, դաստիարակութեան աստիճանին եւ ընդհանրապէս անոր հասունութեան։ Վիճաբանութեան կերպը շատ աւելի յստակօրէն երեւան կը բերէ մա՛րդը՝ վիճաբանողին հոգեբանութիւնը, ներաշխարհը եւ հոն կ՚երեւի մարդը՝ իր մտաւոր եւ հոգեւոր երեսով։
Վիճաբանութեան ատեն, մարդ յաճախ անգիտակցօրէն երեւան կը բերէ իր նկարագրին ամենէն ցայտուն, յայտնի երեսները, ուղղամտութիւն կամ խաբէութիւն, հպարտութիւն կամ համեստութիւն, բռնութիւն կամ խոնարհութիւն, ազնուութիւն կամ ինքնահաւանութիւն, պաղարիւնութիւն կամ դիւրագրգռութիւն ե՛ւ բարկութիւն, յամառութիւն կամ հնազանդութիւն եւ այս բոլորին նախաքայլը՝ սէր կամ ատելութի՛ւն եւ վերջապէս մարդկային նկարագրի տարբեր յատկութիւններ, արտայայտութիւններ…։
Վիճաբանութիւնը տարակարծութեան արդիւնք է եւ նպատակը «ճշմարտութի՛ւն» է, եւ ուրեմն անոր նախապայմանը պէտք է ըլլայ՝ ուղղամտութիւն եւ անկեղծութիւն։ Ուստի ուղղամտութիւնը առաքինութիւն մըն է՝ որ միա՛յն ազնի՜ւ, վեհ հոգիներու յատկութիւն մըն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 6, 2017, Իսթանպուլ