ՍԵՒ ՄՈՄԸ ԵՒ ՃԵՐՄԱԿՆԵՐԸ… - Ա -

Աւագ Հինգշաբթի օրուան գիշերը, ո՛չ միայն օրուան, ո՛չ միայն Աւագ շաբթուան, այլ ամբո՜ղջ կեանքին ամենէն խորհրդաւոր եւ իմաստալից պա՛հն է։

Հո՛ն է կեանքին իմաստ տուող երկու հակադիր, երկու հակոտնեայ եւ իրար հակասող՝ իրերամերժ երեւոյթները՝ մութը եւ լոյսը, երկու արժէքները՝ սեւը եւ ճերմակը, որոնք ընդհանրապէս կը խորհրդանշեն եւ կը ներկայացնեն կեանքի երկու վիճակները՝ չարը եւ բարի՛ն։

Աւագ Հինգշաբթի օրը, երեկոյեան, երբ ըստ եկեղեցական օրացոյցի օրը կը փոխուի եւ կը սկսի «Խաւարման գիշեր»ը՝ ի յիշատակ Գեթսեմանիի մէջ Յիսուսի աղօթքին (ՄԱՏԹ. ԻԶ 36-46), (ՄԱՐԿ. ԺԴ 32-42) եւ (ՂՈՒԿ. ԻԲ 39-46), Յուդայի կողմէ համբոյրով կատարուած մատնութեան (ՄԱՏԹ. ԻԶ 47-56), (ՄԱՐԿ. ԺԴ 43-50), (ՂՈՒԿ. ԻԲ 47-49) եւ (ՅՈՎՀ. ԺԸ 3-11), Քրիստոսի բանտարկութեան, դատավարութեան եւ դաժան չարչարանքներուն։ Քրիստոսի խաչելութեան սրբանկարին առջեւ վառուող տասնմէկ ճերմակ մոմերը կը խորհրդանշեն Տիրոջ առաքեալները, իսկ տասներկրորդ մոմը՝ որ սեւ գոյնի է ներկուած՝ Յուդան։

Յիսուս Քրիստոսը խորհրդանշող ամենամեծ մոմը կը վառուի մէջտեղը։ Աւետարանական ընթերցումներուն զուգահեռ՝ աստիճանաբար կը մարուին մոմերը։ Վերջապէս կը մնայ միա՛յն կեդրոնը վառուող՝ Քրիստոսը խորհրդանշող մեծ մոմը՝ քանի որ «Ան լո՛յսն է աշխարհի…», յիշեցնելով, որ մատնութեան գիշերը Տէրը մնացած էր առանձին եւ զինք լքած էին իր բոլոր աշակերտները։

«Տէր յերկնից» շարականին երգեցողութենէն յետոյ այն եւս կը մարուի, ինչպէս կը մարուին եկեղեցւոյ ամբողջ լոյսերը։ Ուստի արարողութիւնը աւելի իմաստալից եւ ազդեցիկ կը դառնայ այդ պահուն, երբ խաւարի եւ լռութեան մէջ կը հնչէ զղջման եւ ապաշխարութեան «Տէ՜ր Ողորմեա՛»ն, ապա կ՚ընթերցուի «Կտակ»ը՝ քանի որ «որեւէ ուխտի, այսինքն՝ որեւէ կտակի պարագային, նա՛խ անհրաժեշտօրէն կտակագրին մահը պէտք է հաստատուի, քանի որ կտակ մը միա՛յն կտակագիր անձերուն մահուընէ ետք ի զօրու կը դառնայ, իսկ որքան ատեն, որ կտակը գրողը դեռ ողջ է՝ կտակը չի՛ կրնար ի զօրու ըլլալ», ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ, եբրայեցիներու գրած իր նամակին մէջ. (ԵԲՐ. Թ 16-17)։

Աւետարանական ընթերցումներ եւ երգուած շարականներ կը նկարագրեն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնը եւ մահը, ինչպէս յիշուեցաւ աւելի առաջ, այս արարողութիւնը ընդհանրապէս կոչուած է «Խաւարում»։ Այս «Խաւարում» կոչումը ստացած է արարողութիւնը, հաւանաբար, քանի որ Յիսուսի խաչելութեան ընթացքին խաւարում տեղի ունեցաւ. «Գրեթէ կէսօր էր, երբ խաւարը պատեց ամբողջ երկիրը մինչեւ ժամը երեք» (ՄԱՏԹ. ԻԷ 45-56), (ՄԱՐԿ. ԺԵ 33), (ՂՈՒԿ. ԻԳ 44-49) եւ (ՅՈՎՀ. ԺԹ 28-30)։ Եւ այս իսկ պատճառով՝ «Խաւարման գիշեր»ը, այսինքն գիշերային Հսկումը Աւագ Ուրբաթ օրուան խորհուրդին մաս կը կազմէ՝ ըստ եկեղեցական օրացոյցին։

Ահաւասիկ, այս խորհրդաւոր պահերը անգամ մը եւս ապրեցանք այս տարի եւս, խորապէս տպաւորուելով անոր իմաստէն եւ իրողութենէն։

Անգամ մը եւս տպաւորուեցանք, քանի որ հոն, այդ պահուն զգացինք, մերձաւորներէ, հաւատարիմ կարծուած «բարեկամ»ներէ լքուած ըլլալու ցաւը։

Եւ «լքուած ըլլալ»ու պատճառած տառապանքը, ցաւը եւ վիշտը կարելի չէ՛ համեմատել որեւէ մարմնաւոր չարչարանքի հետ։ Եւ Յիսուս լացա՛ւ…։

Պահ մը խորհինք մենք մեզի, առանձին եւ հարցնենք մենք մեզի, թէ քանի՜ քանի՛ անգամներ լացուցած ենք Յիսուս Քրիստոսը, լքած ենք զԻնք մեր յամառ անառակութեամբ, մեր գաղտնի կամ յայտնի մեղքերով, անհնազանդութեամբ եւ անհաւատարմութեամբ, եւ այն զանցառութիւններով, անտարբեր վարմունքով, որքան գործի՝ նո՛յնքան եւ աւելի՛ խորհուրդի եւ զգացումի անհոգութեամբ։ Եւ, կրնա՞նք արդեօք վկայել, թէ նաեւ ուրախացուցինք Տէրը՝ մեր Փրկիչը, մեր յաւիտենական հաւատարիմ «Բարեկամ»ը՝ մեր փորձութիւններու վրայ տարած յաղթանակներով՝ քաջաբա՛ր։

Բայց մենք մեր անտարբերութեամբ, անհաւատարմութեամբ երբեք չենք կրնար պակսեցնել, սառեցնել Աստուծոյ սէրը, քանի որ ան իրական սէ՛ր է, բայց մեր անհոգութեամբ, մեր անհնազանդութեամբ կը վշտացնենք, կը տառապեցնենք, կը տանջենք զԱյն։

Եւ Աստուծոյ այդ տառապանքին, վիշտին մէ՛ջ է փաստը Անոր սիրոյն յաւիտենականութեան։

Յիսուս լացաւ, քանի որ կը սիրէր բոլոր մարդիկը՝ որոնք մեղքերու անձնատուր եղած՝ կը դիմէին դէպի կորուստ։ Յիսուս իր սէրը չկորսնցուց նաեւ զԻնք լքող աշակերտներուն նկատմամբ, որոնց պատճառով ա՜յնքան չարչարուած, տանջուած էր…։

Արդարեւ, իւրաքանչիւր անհատ ինքն իր մէջ «Երուսաղէմ» մըն է՝ սատանային ճիրաններէն պաշարուած՝ կործանման, կորստեան սպառնալիքին տակ։

Եւ Յիսուսի «լաց»ը՝ որուն հետեւեցաւ «խաչ»ը, ծայրագոյն արտայայտութիւնն է Աստուծոյ յուսախաբեալ սիրոյն, որ յայտնուեցաւ Որդիով։

Յիսուս լացաւ։ Քանի որ մենք լացուցինք զԱյն՝ խոցելով անոր սիրտը, եւ կը շարունակենք վիրաւորել զԱյն։ Նաեւ «օրհնեա՜լ փորձառութիւն», որովհետեւ Անոր սիրտը ցնծութեամբ լեցուցինք մեր փրկութեամբ եւ պատասխանելով Անոր սիրոյն…։

«Խաւարման գիշեր»ի մեր խորհրդածութիւնները կը շարունակենք Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեանի «Շողակաթ» պաշտօնաթերթի 1958 թուակիր, Փետրուար, 2-3 թիւերուն մէջ հրատարակուած շահեկան յօդուածով։

ՍԵՒ ՄՈՄԸ

«Ո՛չ ի քուն երազ, եւ ո՛չ յարթնութեան տեսիլ»։

Այլ՝ յանկարծական վերազարթումն դառնակսկիծ յիշատակի մը մանկական…։

«Խաւարման գիշեր» մըն էր։ Գիշեր «յիշատակի մատնութեան, չարչարանքի եւ խաչելութեան»։

Մայրս տարած էր զիս Տրապիզոնի մեր թաղի մօտակայ Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Բեմին վերեւ, սեւ վարագոյրին վերէն վար կախ տրուած էր հսկայ պատկերը Խաչելութեան։ Մեծ աշտանակի մը վրայ կը պապակէր եւ կը պլպլար մոմի մը մեղրալոյս լեզուն՝ լուսաւորելով մեղրամոմեայ դիմագիծը բազկատարած եւ գլխահակ Խաչեալին։ Կին մը, ծունկի ինկած եւ հերարձակ, փարած Խաչի պատուանդանին, կը գալարուէր, կ՚արտասուէր։ Ուրիշ մը շնորհալի, սուգէն քարացած եւ քօղածածուկ՝ միւս կողմը, եւ անոր կողն ի վեր երիտասարդ մը «ակիլաւոր», լոյսը լճացած սիրոյ բիբին մէջ։

Արեւը խաւարած եւ լուսինը նուաղած՝ իրենց լուռ հսկումը կը կատարեն դէմ-դիմաց, Խաչի «դրամ»ին մէջ բախտորոշ։ Երկինք եւ երկիր երկունքի մէջ։ Եւ անդին աքաղաղ մըն ալ՝ սեւափետուր, կոկոզավիզ, այլ կարծես թեւահարելու խոնջ ու թեւաթափ եւ կտուցը կիսաբաց։ Խօսեր էր - կը պատմէին յետոյ - երեք անգամ…։ Ի՜նչ էր խօսեր, ինչո՞ւ էր խօսեր, ի՞նչ դեր էր ունեցեր այդ եղերերգութեան մէջ, - իմ մանկական միտքը ոչինչ կարող էր հասկնալ, ոչինչ գուշակել։

Պատկերին առջեւ շարուած էին տասներկու աշտանակներ։ Տասնեւմէկը սպիտակ մոմերով, իսկ մէկը՝ կուպրի նման սեւ։ Աչքս յառած էի անոր եւ մանրիկ ու միամիտ խոկումներով պաղեցուցած։ Յանկարծ լուսարարի կճատի բոցիկէն լոյս-լեզու ելան տասնեւմէկ մոմերը, իսկ սեւը մնաց անլեզու, անլոյս։ Ինչո՞ւ,- դարձեալ ոչինչ հասկցայ։

Աւետարան՝ մէկը ա՜յնքան երկար, երգ, շարական եւ քարոզ, բոլորն ալ թախծալից շեշտերով եւ մելանուշ ողբաձայնութեամբ,- խնկամանի մը մէջէն քուլայ-քուլայ վեր պողող կնդրուկի ոլորապտոյտ ու մոլորայած մուխ ու ծուխերուն հետ, - կը լեցնէին կամարն ու մթնոլորտը սգապատ տաճարին, պարուրելով ու շղարշելով նաեւ Խան ու Խաչեալը։ Եւ ալ կը խառնէի լացս՝ խուլ հեծկլտանքներուն հետ մամիկներուն, անշուշտ նաեւ մայրիկիս…

Ա՜հ, Խաչեալին դէ՜մքը… Սեւ Մո՜մը…

Եւ թմրեր ու քնացեր էի…

***

Կէս գիշեր էր՝ կծու, ցուրտ ու ցաւագին։ Երկար արարողութիւնները վերջ էին գտեր։ Ես, մայրիկիս հետ վերադարձայ տուն։ Քնաթաթախ՝ նետուեցայ անկողին։ Տարտամօրէն կը յիշեմ, թէ մռայլ երազներ խռովեցին գիշերի հանգիստս։ Մանաւանդ ծննդավայրիս Ամենափրկիչ վանքի որմանկարներուն կեռպոչ ու կոտոշաւոր դեւերու սեւ պարերու մէջէն այն «սեւ մո՜մ»ը չարալեզո՜ւ, անլո՜յս։

Զարհուրած վեր ցատկեցի ընդոստ։ Շփեցի շշմած աչքերս։ Անէացած էր ուրուներու «դիւադրամ»ը։ Բայց կը մնար ստուերը «սեւ մոմ»ին… «Մայր,- ըսի սարսռագին,- այն մէկ մոմը ինչո՞ւ սեւ էր՝ անլեզու եւ անլոյս»։ «Տղաս,- պատասխանեց մայրս, սրտաքանդ «ա՜խ» մը քաշելով եւ քնքուշօրէն մազերս շոյելով,- ան Յուդա՜ն էր, դաւաճա՜նը, սեւլեզու մատնի՜չը իր Վարդապետին, այն Խաչեալին…»։

Պիշ-պիշ ու լուռ՝ նայեցանք պահ մը իրարու…

Սեւ Մո՜մը… մատնի՜չը…

***

Տարիներ յետոյ, ալ պատանի խելահաս եւ ուսանող, գիտէի պատմութիւնը այս սրբազան «դրամ»ին։

Սրբազան, սրբազնացած, այո՛,- եղերերգութեան լոյս-դէմքով։ Վերլուծեր էի, որքան կրնայի, հոգին Սեւ Մոմին։ Կէտի մը վրայ բեւեռացուցեր էի մտածումս։ Այդ մոմի անբոց պատրոյգէն՝ խելահեղօրէն հեղձամղձուկ եւ յուսահատ ձայն մըն էր լսուեր,- «Մեղա՜յ, զի մատնեցի զարիւն արդա՜ր…»։

Մրճացած խղճին զի՞ղջը… Ալ ո՜ւշ էր…

Մատնիչ արծաթը նետուած էր Տաճարի յատակին վրայ, երեսն ի վեր քահանայապետներուն եւ ծերերուն։

Բայց զիղջի պարանը՝ անողոք՝ խեղդամահ ըրած էր զայն՝ մատնիչը եղկելի…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 5, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 12, 2018