ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ
Մեր ընթերցողներուն կու գանք դառնութեամբ տեղեկացնել, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ դարմանման տակ կը գտնուի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երիցագոյն անդամներէն, թերթիս բազմամեայ սիւնակագիր եւ մեր հոգեւորականաց դասու յարգուած դէմքերէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Տէր Հօր գրութիւնները լոյս չեն տեսներ եւ այս ընթացքին թէ՛ մեր ընթերցողները եւ թէ համայնքային շրջանակները մտահոգուած են այս կապակցութեամբ։ Օրերէ ի վեր մեզի կը հասնէին հեռաձայններ՝ պարզելու համար, թէ ինչու յառաջացած է այդ անակնկալ ընդհատումը։ Թէեւ խմբագրութիւնս մշտական կապի մէջ էր Տէր Հօր հետ, սակայն ընդառաջելով իր փափաքին՝ հրապարակաւ իր կացութեան մասին չկարողացանք բացատրութիւններ տալ մեր ընթերցողներուն։
Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի առողջութիւնը միջոցէ մը ի վեր կ՚արձանագրէ վերիվայրումներ եւ ան վերջին շրջանին մնացած է բաւական ուժասպառ։ Նկատի ունենալով, որ իր որդիները արտասահմանի մէջ կ՚ապրին՝ ան փորձած է առանձինն դիմագրաւել այդ բարդութիւնները, սակայն, չէ յաջողած։ Ի վերջոյ, բարեբախտաբար, վերջին օրերուն քաղաքս փութացած է երէց որդին Գրիգոր Սրկ. Գալփաքճեան, որ կ՚ապրի Ֆրանսայի մէջ։ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան որդւոյն վերահսկողութեամբ նախ հրատապ քննութենէ մը անցած է Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցին մէջ, որ իր բնակարանի մօտակայքին կը գտնուի։ Աւելի վերջ, Տէր Հայրը փոխադրուած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր մասնագէտներու վերահսկողութեան ներքեւ սկսած է իր դարմանումը։ Բարեբախտաբար, բժիշկներու կանխատեսումները լաւատես են եւ Տէր Հօր պարագային մտահոգիչ հեռանկարներ խնդրոյ առարկայ չեն։ Կը նախատեսուի, որ տրամաբանական ժամանակի ընթացքին ան կարողանայ վերագտնել իր առողջութիւնը։ Լիայոյս ենք, թէ բուժման այս գործընթացի աւարտին Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան պիտի կարողանայ վերականգնել իր ամենօրեայ սիւնակագրութիւնը եւ պիտի շարունակէ իր կանոնաւոր աշխատակցութիւնը թերթիս համար։
Այս առթիւ արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք մեր շատ սիրելի, անզուգական Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանին։