ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ - Բ -

Մեր նա­խորդ գրու­թեան մէջ անդ­րա­դար­ձանք՝ մաս­նա­գի­տու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան եւ ար­ժէ­քին, ո­րե­ւէ մար­զի մէջ եւ նաեւ Ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նա­կի մէջ։ Ար­դա­րեւ մաս­նա­գի­տու­թեան պէտք ե­ղած ար­ժէ­քը ըն­ծա­յել, եր­բեք չի՛ հա­կադ­րեր իշ­խա­նու­թեան, աս­տի­ճա­նի կամ դիր­քի եւ ար­գելք չէ՛ ա­նոնց գոր­ծադ­րու­թեան։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ մաս­նա­գի­տու­թեան մաս­նակ­ցու­թեամբ ա­ւե­լի՛ կը զօ­րա­նայ եւ ա­ւե­լի՛ կը հաս­տա­տուի եւ ա­ւե­լի ար­դա­րա­ցի գե­տին մը կը ստեղ­ծուի ա­նոնց։

Ըն­կե­րա­յին կեան­քը կը նմա­նի, կամ պէտք է նմա­նի, ժա­մա­ցոյ­ցի մը՝ որ ան­շեղ կ՚աշ­խա­տի եւ կը կա­տա­րէ իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, երբ զայն կազ­մող գոր­ծիք­նե­րը եւ կազ­մածն ու սար­քը կա­նո­նա­ւոր է եւ լաւ կը գոր­ծէ։

Ժա­մա­ցոյ­ցը կազ­մող սար­քը, ի­րա­կա­նին բա­ւա­կան բարդ է, բայց ա­մէն մէ­կը կը կա­տա­րէ իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ ա­ռանց մէ­կը միւ­սին մի­ջամ­տե­լու, ա­ռանց ո­րե­ւէ խառ­նա­կու­թիւն յա­ռաջ բե­րե­լու։ Մէկ խօս­քով՝ ա­մէն գոր­ծիք իր գոր­ծը կը կա­տա­րէ ա­ռանց մէ­կը՝ միւ­սին մի­ջամ­տու­թեան, եւ ա­մէն ինչ կար­գին կ՚ըն­թա­նայ…։

Բայց բա­նա­ւոր էակ­նե­րէ՝ ան­ձե­րէ բաղ­կա­ցած ըն­կե­րու­թիւն մը նոյն յատ­կու­թիւն­նե­րը ցոյց չի տար, ան­հատ­նե­րու մէջ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն, պար­տա­կա­նու­թեան եւ ի­րա­ւա­սու­թեան չա­փի եւ կշի­ռի գի­տակ­ցու­թիւ­նը կը պակ­սի եւ յա­ճախ մի­ջամ­տու­թիւն­ներ կ՚ըլ­լայ եւ ըն­կե­րու­թեան կարգ ու սար­քը, գոր­ծառ­նու­թիւ­նը կը խան­գա­րուի, ա­մէն ինչ տակ­նուվ­րայ կ՚ըլ­լայ։

Խան­գա­րուած ա­մէն ձեռ­նարկ կը շե­ղի իր նպա­տա­կէն եւ ի վեր­ջոյ ի դե­րեւ կ՚ել­լէ ա­մէն աշ­խա­տանք։

Ու­րեմն, մեր հա­մեստ կար­ծի­քով, ա­մէն մարդ­կա­յին հաս­տա­տու­թեան մէջ պէտք է ար­դա­րա­ցի եւ ի­րա­պաշտ ըլ­լալ պաշ­տօ­նի բաշ­խու­մի նկատ­մամբ եւ ո՛չ թէ «պաշ­տօ­նա­տա­րին հա­մե­մատ պաշ­տօն» այլ՝ «պաշ­տօ­նի յար­մար պաշ­տօ­նա­տար» սկզբուն­քով պէտք է շար­ժիլ։ Եւ մա­նա­ւանդ իւ­րա­քան­չիւր պաշ­տօ­նի վրայ պէտք է այդ պաշ­տօ­նին գի­տակ­ցու­թեան տէր, մաս­նա­գէտ­ներ նշա­նա­կուին։ Պաշ­տօ­նի այս ար­դար բաշ­խու­մով է, որ հաս­տա­տու­թիւն­ներ կրնան գո­յա­պահ­պա­նուիլ եւ գո­յա­տե­ւել։ Ուս­տի մա՛րդ ա­մե­նա­գէտ չի կրնար ըլ­լալ, ու­րեմն մաս­նա­գէտ­ներ միշտ ի­րա­րու կը կա­րօ­տին եւ այդ­պէս է որ կը կազ­մուի «ամ­բող­ջու­թիւն» մը։

Պի­տի ը­սէք, որ ի՞նչ է պատ­ճա­ռը այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն։ Ան­շուշտ որ մեր հա­մեստ գա­ղա­փար­ներն են, բայց ա­նոնք ար­տա­յայ­տե­լու դրդա­պատ­ճա­ռը ե­ղաւ Վա­հան Վար­դա­պետ Բաս­տա­մեան­ցի «ԿԱ­ՆՈ­ՆԱ­ԳԻ­ՏԱ­ԿԱՆ ԵՐ­ԿԵՐ» գիր­քը։ Թէ՝ ինչ­պէ՞ս։

Մեր սի­րե­լի եւ հա­ւա­տա­րիմ բա­րե­կա­մը Վա­ղար­շակ Սար­կա­ւագ Սե­րով­բեան, ինչ­պէս միշտ, դար­ձեալ մե­զի այ­ցե­լե­լու ազ­նուու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ՝ թե­ւին տակ գիր­քով մը։ Թէեւ իր այ­ցե­լու­թիւ­նը մե­զի մեծ հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռէ ա­մէն ան­գամ, բայց նաեւ ա­նակն­կալ մը կ՚ըլ­լայ նաեւ, քա­նի որ միշտ նոր գիր­քով մը կը ծա­նօ­թաց­նէ մեզ։ Եւ մեր «հա­մեստ» գրա­դա­րա­նը կը ճո­խա­նայ իր նուի­րած ար­ժէ­քա­ւոր գիր­քե­րով։ Ա­յո, այս ան­գամ ալ գիր­քով մը ե­կած էր. գիրք մը՝ որ յատ­կա­պէ՛ս մեզ կը հե­տաքրք­րէր, քա­նի որ մեր տա­րի­նե՜ր զբա­ղած, միտք յոգ­նե­ցու­ցած, մե­զի հա­մար մար­դոց օգ­տա­կար ըլ­լա­լու եւ ա­նոնց կեր­պով մը ծա­ռա­յե­լու մի­ջոց նկա­տած եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով մեր շատ սի­րած, նուի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան բնա­գա­ւա­ռի մը՝ մար­զի մը մա­սին էր։

Եւ երբ այդ գիր­քին մա­սին կար­դա­ցած էինք հա­մա­ցան­ցի վրայ, փա­փա­քը ու­նե­ցած էինք այդ կա­րե­ւոր գիր­քը ձեռք բե­րե­լու եւ սկսած էինք ա­ռիթ­ներ ո­րո­նել այդ գիր­քէն հատ մը ու­նե­նա­լու հա­մար։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ մեր սի­րե­լի՜ բա­րե­կա­մը, այդ գիրքն էր որ բե­րած էր մե­զի՝ ա­ռանց գիտ­նա­լու, թէ ո՛ր­քան կ՚ու­զէինք ու­նե­նալ այդ գիր­քը։ Իր հաս­ցէին մա­կագ­րուած այդ գիր­քը մե­զի տա­լու ազ­նուու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ սի­րե­լի՜ Վա­ղար­շա­կը։ Կրկին, կրկին ու­րա­խա­ցանք, մեր ու­րա­խու­թիւ­նը բար­դուե­ցաւ երբ ան ը­սաւ.- «Այս գիր­քը ինձ­մէ ա­ւե­լի քեզ կը հե­տաքրք­րէ, ա­նոր հա­մար բե­րի…»։­

Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս խօս­քե­րը խո­րա­պէս տպա­ւո­րե­ցին զիս, եւ ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս էր «ար­ժէք գիտ­նալ», ա՛յս էր «ի­րա­ւունք ճանչ­նալ» եւ վեր­ջա­պէս ա՛յս էր «ինք­նա­գի­տակ­ցու­թի՛ւն» եւ նաեւ՝ մաս­նա­գի­տու­թեան փո­խա­դարձ գի­տակ­ցու­թիւն, ըն­կե­րա­յին գի­տակ­ցու­թի՛ւն։

Եւ յի­շե­ցի Յի­սու­սի ոս­կի պա­տուի­րա­նը.

«Ի՛նչ որ կայս­րին կը պատ­կա­նի՝ կայս­րին տուէ՛ք, եւ ի՛նչ որ Աս­տու­ծոյ՝ Աս­տու­ծոյ տուէք»։­

Եւ շատ ան­գամ մար­դիկ կը շփո­թեն զԱս­տուած եւ կայս­րը։ Կամ ա­մէ­նը կու տան կայս­րին, եւ կամ բո­լո­րը՝ Աս­տու­ծոյ։ Այ­սինքն չափ ու կշիռ չու­նին ար­ժէք գնա­հա­տե­լու կամ ի­րա­ւունք ճանչ­նա­լու մա­սին։ Եւ ա­ւե­լի ցա­ւա­լին՝ ար­ժէք­ներ կ՚ան­տե­սուին, կը ստո­րագ­նա­հա­տուին եւ նուազ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող­ներ մե՜ծ պա­տիւ­նե­րու եւ փառ­քե­րու կ՚ար­ժա­նա­նան։ Եւ ո՞վ կ՚ըլ­լայ վնա­սուո­ղը։ Ան­շուշտ ըն­կե­րու­թիւ­նը, հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, ժո­ղո­վուր­դը, քա­նի որ ա­նար­ժան­նե­րէ չեն կրնար ստա­նալ այդ օ­գու­տը՝ երբ պի­տի ստա­նա­յին ի­րա­պէ՜ս ար­ժա­նա­ւոր­նե­րէ։ Եւ այս աշ­խար­հի «օ­րէնք»ն է, ինչ­պէս ե­ղած է ամ­բողջ մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մէջ եւ շատ քի­չեր, ի­րա­պէս զօ­րա­ւոր­ներ կրցած են ա­զա­տիլ այս ա­նար­դար եւ ա­նի­րաւ ի­րո­ղու­թե­նէն եւ պար­տադ­րած են ի­րենք զի­րենք հա­սա­րա­կու­թեան։

Ու­րեմն մենք շնոր­հա­կալ ենք մեր սի­րե­լի եւ ազ­նիւ բա­րե­կա­մին՝ Վա­ղար­շա­կին, որ մեզ ա՜յն­քան հե­տաքրք­րող գիր­քը մե­զի տուաւ։ Եւ մա­նա­ւանդ ա­ռիթ ստեղ­ծեց խորհր­դա­ծե­լու կարգ մը ար­մա­տա­ցած ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու, ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րու մա­սին։ Եւ ար­դէն սկսանք հե­տաքրք­րու­թեամբ թղթա­տել այս պատ­մա­կան ար­ժէ­քա­ւոր գիր­քը։

Ան­շուշտ կը խոս­տա­նանք այս շա­հե­կան գիր­քէն հա­տուած­ներ ներ­կա­յաց­նել մեր սի­րե­լի՜ եւ հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն, երբ ա­ւար­տենք մեր ըն­թեր­ցու­մը։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ մի քա­նի տող գիր­քէն։

«Ի­րա­ւա­բա­նու­թեան այն ճիւ­ղը, որ կը կո­չուի Ե­ԿԵ­ՂԵ­ՑԱ­ԿԱՆ Ի­ՐԱ­ՒԱ­ԲԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ, այս գի­տու­թիւ­նը նոյն­չափ հին է, որ­չափ հին է քրիս­տո­նէու­թիւ­նը եւ քրիս­տո­նէա­կան Ե­կե­ղե­ցին, քա­նի որ ի­րա­րու կա­պուած են, ա­ռա­ջի­նը իբ­րեւ ծնունդ եւ երկ­րոր­դը՝ իբ­րեւ ծնո՛ղ։

«Ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւա­բա­նու­թիւ­նը կամ այ­լա­պէս ը­սե­լով, սրբա­զան ի­րա­ւուն­քը՝ -jus sacrum- կար ե՛ւ հե­թա­նո­սու­թեան դա­րուն, բայց չու­նէր այն նշա­նա­կու­թիւ­նը, որ ու­նի քրիս­տո­նէա­կան դա­րու ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւա­բա­նու­թիւ­նը…»։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Մա­յիս 1, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016