ԳՈՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Գոհութիւն» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ մատուցուած շնորհակալութիւն՝ որեւէ բարիքի մը կամ ընծայի մը փոխարէն։ Կերպով մը, երախտագիտութեան արտայայտութիւն է ան, եւ նաեւ գոհութիւն մատուցանողին այդ ընծայէն օգտակարութիւն մը քաղած ըլլալը ցոյց կու տայ։
Աւելի նեղ իմաստով, «գոհութիւն» կը նշանակէ՝ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել իր շնորհներուն համար։
Եւ քանի որ գոհութեան մէջ «օգտակարութիւն»ը, օգտուած ըլլալը էական եզր մըն է, եւ քանի որ Աստուած միշտ բարի կը կամենայ, ապա ուրեմն Անոր ամէն շնորհը օգտակար է, կը հետեւի, թէ Աստուծոյ ամէն շնորհին համար մարդ, բնականաբար գոհութիւն պէ՛տք է յայտնէ։
Գոհութիւնը կը յիշեցնէ հրէական օրհնութիւնը՝ որ կը հռչակուի մանաւանդ ընթրիքի պահուն՝ Աստուծոյ գործերուն նկատմամբ. արարչագործութիւնը, փրկչագործութիւնը եւ մարդոց սրբացումը։ Ուստի Սաղմոսերգուն կը պատուիրէ միշտ գոհութիւն յայտնել։
«Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն ու սաղմոս ըսել քու անուանդ, ո՛վ Բարձեալ» (ՍԱՂՄ. ՂԲ 1)։ Եւ բարի ըլլալուն համար պատուիրած է. «Շնորհակալութեան զոհ մատուցանէ Աստուծոյ, ու քու ուխտերդ կատարէ Բարձեալին» (ՍԱՂՄ. Ծ 14)։
Արդարեւ Քրիստոս ի՛նք տիպա՛րն է գոհութեան։
«Նոյն ժամանակ Յիսուս ըսաւ.- Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 25)։ «Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ…» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 27)։ «…Յիսուս իր աչքերը վեր վերցուց ու ըսաւ.- Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի լսեցիր» (ՅՈՎՀ. ԺԱ 41)։
Գոհութիւն յայտնելու արարքը, յանձնառու կը դարձնէ մարդս աղքատներուն հանդէպ։ Արդարեւ, մարդիկ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ երբ գոհութիւն կը յայտնեն որեւէ շնորհի մը համար, կ՚աւելցնեն ու կ՚ըսեն. «Այս շնորհէն չօգտուողներ, ասիկա չունեցողներ ալ կան, մէկուն ունեցածը կրնայ ըլլալ որ ուրիշ մէկը չունենայ»։ Ահաւասիկ, գոհութիւն յայտնելով կ՚անդրադառնան ուրիշներու՝ որոնք իրենցմէ նուազ բախտաւորուած են աշխարհի բարիքներուն նկատմամբ։ Իսկ երբ այս անդրադարձումը, գոնէ մասամբ առիթ ընծայէ «չունեցող»ին օգնելու, ունեցողներուն իրենց ունեցածը բաժնելու անոնց հետ, ահաւասիկ գոհութիւնը կատարած կ՚ըլլայ իր դրական դերը անուղղակի կերպով։ Ուստի ամէն գոհութեան արտայայտութիւն՝ անդրադարձում մըն է իրերօգնութեան կոչումին, թէ ունեցողը պէտք է բաժնէ իր ունեցածը չունեցողներուն հետ։ Գոհութեան այս գործելակերպը կ՚ենթադրէ կոչումի անդրադարձում։ Եւ այս իսկ պատճառով կարեւոր է, նոյնիսկ անհրաժե՛շտ գոհութիւն յայտնել ամէն բարիքի համար, զոր մարդ կը վայելէ։
Գոհութեան միջոցով մարդս կը ստանայ իր հանդերձեալ կեանքին գրաւականը։ Գոհութիւն յայտելու զգացումով եւ պահանջքով՝ մարդս կը լիանայ երկնային օրհնութեամբ եւ շնորհքով, այլ նաեւ ան կանխումը կը հանդիսանայ երկնային փա՛ռքին։
Գոհութիւն յայտնելով, մարդ յայտնած կ՚ըլլայ, որ թող գան աստուածային շնորհները աւելի եւ աւելի եւս եւ անցնի՛ն աշխարհը։ Գոհութիւն յայտնելով, մարդ կը ճանչնայ իր Ստեղծիչը եւ Նախախնամը՝ Հա՛յրը։
Ըսինք, որ գոհութիւն յայտնել՝ կանխումն է երկնային փառքին։ Աստուած յաւիտենական երանութիւն է, կեանք անմահական եւ լո՛յս անշիջանելի։ Աստուած կ՚ուզէ ազատակամօրէն հաղորդել իր երանաւէտ կեանքին փառքը։ Ա՛յս է հաճութեան ծրագիրը, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (ԵՓԵՍ. Ա 9)։ Այս «ծրագիր»ը շնորհք մըն է՝ բոլոր ժամանակներէ առաջ տրուած (Բ. ՏԻՄ. Ա 9)։ Ան կը ծաւալի ամբողջ արարչագործութեան տարածքին եւ փրկութեան ամբողջ պատմութեան վրայ։ Աստուածային ամբողջ տնտեսութեան վերջնագոյն վախճանը՝ արարածներուն մո՛ւտքն է Երանաւէտ Երրորդութեան կատարեալ միութեան մէջ։ Արդարեւ, գոհութիւնը պէ՛տք է միշտ «գովութեան» զգացումին հետ ըլլայ. «Առտուները՝ քու ողորմութիւնդ ու գիշերները քու հաւատարմութիւնդ պատմել… վասնզի Դուն, ո՛վ Տէր, քու գործովդ զիս ուրախացուցիր, քու ձեռքերուդ գործերովը պիտի ցնծամ» (ՍԱՂՄ. ՂԲ 2 եւ 4)։
Մեր առօրեայ կեանքի ամէն մէկ շունչ, ամէն մէկ պահ արժանի է գոհութիւն յայտնելու, քանի որ մենք մեր կարելիութիւններով ո՛չինչ կրնանք կատարել՝ այն ի՛նչ որ հակառակ է Աստուծոյ կամքին՝ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին։ Այն որ Աստուծմէ է՝ բարի՛ է եւ այն ինչ որ բարի է՝ գոհութեան ու գովութեան արժանի է։
«Ես քեզի գոհութիւն ու փառք կը մատուցանեմ, ո՛վ իմ հայրերու Աստուածը՝ որ ինծի իմաստութի՛ւն ու զօրութիւն տուիր ու հիմա ինծի գիտցուցիր ի՛նչ որ քեզմէ խնդրեցինք, քանզի թագաւորին բանը մեզի գիտցուցիր», կ՚ըսէ Դանիէլ Մարգարէ. (ԴԱՆԻԷԼ Բ 23)։
Ուրեմն իմաստութիւն, զօրութիւն եւ կարողութիւն Աստուծմէ կու գայ։ Պահ մը խորհեցէ՛ք, իմ շատ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, ո՛րքան իմաստուն, ո՛րքան զօրաւոր, ո՛րքան կարող ու կատարեալ զգանք մենք զմեզ, միշտ տկարութիւն մը, միշտ թերութիւն մը, միշտ անկատարութիւն մը, միշտ անկարողութիւն մը չե՞նք ունենար. ո՞վ կրնայ տիրանալ իր ամէն ուզածին եւ ո՞վ կրնայ կատարել այն ամէն բանը՝ զոր կատարել կը փափաքի։ Ժողովրդական խօսքը կ՚ըսէ. «Մարդիկ կը ծրագրեն եւ Աստուած կը ծիծաղի», ինչպէս նաեւ յայտնի խօսք է. «Խորհուրդ՝ մարդկան, կամք՝ Աստուծոյ»։ Ուրեմն պատշաճ չէ՞, որ մարդ գոհութիւն յայտնէ այն ամէն բանի համար, զոր խորհած էր եւ իրականացած է Աստուծոյ կամքով։
Ով որ ինքզինք կատարեալ եւ ինքնաբաւ կը կարծէ՝ կը սխալի, քանի որ մարդուն միշտ կը պակսի բան մը, որուն կատարելագործութիւնը կը պարտի Աստուծոյ միջամտութեան։ Ո՜վ կատարեալ է, ո՜վ ամենագէտ, ո՜վ անթերի։ Ո՛չ մէկս, քանի որ մարդ ինք եւ ամէն մէկս ունինք մարդկային ընդհանուր թերութիւններէ, տկարութիւններէ, անկատարութիւններէ բաժին մը՝ քիչ կամ շատ, եւ ուրեմն երբ այդ տկարութիւնները զօրութեան կը փոխուին, թերութիւնները կ՚ամբողջանան, անկատարութիւնները կը կատարելագործուին, եւ այդ բոլորը կ՚ըլլայ Աստուծոյ նախախնամութեամբ, Աստուծոյ միջամտութեամբ, ապա ուրեմն բնական չէ՞ գոհութիւն յայտնել ասոր համար Աստուծոյ։ Ինքնաբաւ զգալու յաւակնութիւնը, կատարեալ եւ անթերի ըլլալու մեծամտութիւնը եւ ամենազօրաւոր երեւելու ինքնահաւանութիւնը ունեցողներ ի վերջոյ կը դիմաւորուին իրականութեան եւ կը հասկնան, թէ ո՜րքան սխալած են։
Մինչդեռ ամենամեծ առաքինութիւն է, ազնուութիւն է ինքնաճանաչումը մարդուն։ Եւ եթէ ունի այդ յատկութիւնը, մարդ բնական կը համարէ գոհութիւն յայտնել, եւ գոհութիւն յայտնելով մարդ կ՚աճեցնէ իր կեանքը, աւելի եւս զօրաւոր, աւելի եւս անթերի եւ այսպէս հետզհետէ կը մօտենայ կատարելութեան՝ որուն կոչուած է իր արարչութեան օրէն իսկ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 1, 2015, Իսթանպուլ