ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐԸ՝ ՆԱԽ ՔԱՆ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆ
Մեր ազգի վիճակը լաւապէս հասկնալու եւ մենք զմեզ լաւապէս ճանչնալու համար պէտք է մեր պատմութիւնը լաւապէս ուսումնասիրել ու քննել: Չեմ գիտեր ինչու, յաճախ հայոց պատմութիւն ըսելով լոկ հայոց ցեղասպանութիւն, Վարդանանց ճակատամարտ ու նման մի քանի յատկանշական դէպքեր կը յիշենք, մոռնալով, որ ազգի մը պատմութիւնը մի քանի դէպքերէն անդին, իր մարդոց առօրեայով կարելի է լաւապէս հասկնալ:
Յաճախ կը խօսինք հայկական գաղութներու մասին եւ զանոնք որպէս ցեղասպանութեան ծնունդ կը տեսնենք, սակայն իրականութեան մէջ հայկական գաղութը աւելի հին գոյութիւն մըն է. արհաւիրքը պարզապէս հոսանք մըն էր արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող գաղութները աւելիով գաղթականներով լեցնելու:
Միայն Հայ մամուլի պատմութիւնը լաւապէս ստուգելով կարելի է փաստել այդ գաղութներուն ներկայութիւնը.- Օրինակ՝ 1845 թուականին Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքին մէջ կը հրատարակուի «Ազգասէր»ը, Փարիզի մէջ 1898-ին՝ «Անահիտ»ը, Աթէնքի մէջ 1894-ին՝ «Ապտակ»ը, 1892-ին Նիւ Եորքի մէջ՝ «Արարատ ամսօրեայ»ն, 1815-ին Աստրախանի մէջ՝ «Արեւելեան Ծանուցումք»ը, 1865-ին Եգիպտոսի մէջ՝ «Արմաւենի»ն, 1843-ին Վենետիկի մէջ՝ «Բազմավէպ»ը, 1873-ին Ուքրայնոյ մէջ՝ «Դաստիարակ»ը, 1891-ին Ժընեւի մէջ՝ «Դրօշակ»ը, 1863-ին Սպանիոյ մէջ՝ «Երկրագունդ»ը, 1847-ին Վիեն-նայի մէջ՝ «Եւրոպա»ն, 1896-ին Պուլկարիոյ մէջ՝ «Իրաւունք»ը, 1888-ին Լոնտոնի մէջ՝ «Հայաստան»ը, 1895-ին Թեհրանի մէջ՝ «Շաւիղ»ը, ի զարմանս շատերուն 1851-ին Սինկափուրի մէջ՝ «Ուսումնասէր»ը: Տակաւին կարելի է շարքը երկարել:
Մասնաւորաբար յիշեցինք տասնհինգ երկիրներ, որպէսզի մեր ընթերցողը համոզուի, որ Մեծ եղեռնէն իսկ առաջ երկիրներու մէջ հայկական գաղութ մը արդէն իսկ գոյութիւն ունէր եւ գաղութ ըսելով չենք հասկնար մի քանի անհատներ, որովհետեւ մամուլի մը անհրաժեշտութիւնը անպայմանօրէն կայացած գաղութի մը պէտքէն է որ կը ծնի:
Մեր թուականէն 113 տարիներ առաջ՝ շաբաթ, 21 օգոստոս 1910 թուականին Պոլսոյ «Ապագայ» շաբաթաթերթը, իր չորրորդ էջին մէջ կը հրատարակէ «Գաղթային հոսանք» խորագրեալ գրութիւն մը, որուն մէջ կ՚ըսէ.
«Օսմանեան սահմանադրութեան վերահաստատումովը կը կարծէինք թէ գաղթային հոսանքը վերջ պիտի գտնէր. սակայն այս վերջերս ընդհակառակը, աննախընթացօրէն սկսած է: Գաղթային հոսանքի կարաւանները Հայաստանի ամէն անկիւններէն երկարած են մինչեւ Մարսէյլ, Լիվըրբուլ, Գանատա եւ անկէց ալ «Աւետեաց երկիր»ը»: Յօդուածագիրը գրութեան աւարտին իր անունը չստորագրէր, սակայն յստակօրէն կ՚երեւի, թէ օտար գաղութներու մէջ ապրող հայ երիտասարդներուն կորսուելու մտահոգութիւնը ունի նաեւ ինք, որովհետեւ գաղթականութեան մէջ ապրիլը «հայ երիտասարդութեան մէջ սոսկալի աւերներ կը գործէ ու պիտի գործէ՝ սպաննելով խոստմնալից տղաքներու յոյսերն ու իտէալները»:
Գաղթականներ մի՛շտ ալ եղած են. ցեղասպանութիւնը սաստկացուցած է անոնց հոսքը, սակայն այդ հոսքը երբեք ալ վերջ չէ ունեցած. նկատենք թէ ոչ, այդ գաղթականութիւնը մինչեւ օրս կը կատարուի. մեր պետութիւնը որքանով ճիշդ տուեալներ կը փոխանցէ չեմ գիտեր, սակայն տարեկան բազմահազար հայեր կը լքեն հայրենիքը եւ իրենց կեանքը օտար ափերու վրայ հաստատել կը փորձեն:
Սակայն պէտք է մտածել, թէ ինչ է տարբերութիւնը ներկայի եւ անցեալի գաղթականութեան. 1910 թուականին ապրող վերոյիշեալ գրողը գաղթականութիւնը կը նկարագրէ որպէս «չարչարանքներու, նեղեալներու, տառապեալներու եւ ցաւալի յուսահատութիւններու խորհրդապատկեր»։ Մերօրեայ վիճակը տարբեր չէ անցեալինէն. ներկայ գաղթականները եւս յուսահատութեան խորհրդապատկեր են. անոնք եւս յուսահատած են եւ «հանգիստ» կեանք մը գտնել կ՚ուզեն ու կը փորձեն օտար ափերու մէջ: Հայաստանի երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը հոգի՛ կու տայ այսօր գաղթելու Եւրոպա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ. շատերու համար վերջակէտը նոյնիսկ կարեւոր չէ, հիմնականը յաջողին դուրս գալ հայրենիքէն եւ կայք հաստատեն «աւետեաց երկիր»ները:
Ու այս վերջ չունեցող գաղթականները տեսնելով նոյն հարցն է, որ կու տանք դարեր շարունակ. ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը...: Տարօրինակ չէ՞ հայը. իր հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան համար հոգի՛ կու տայ, սակայն դուրսի երկիր երթալով օտարին լուծին ու իշխանութեան տակ ապրիլ կ՚ուզէ:
Մտէ՛ք ժողովուրդին մէջ եւ լսեցէք անոնց խօսակցութիւնները. Ամերիկա կամ Եւրոպա գացողի մը համար ինչպէ՜ս յաղթանակ արձանագրած անձի մը նման կը խօսին. այդ գաղթելը կը բացատրեն «ազատեցաւ» մը ըսելով եւ գուցէ ի սրտէ երանի՜ մըն ալ կը կարդան:
Եւ վատ զգալու կարիքը չկայ. պատճառները «արդարացի» են. «Հոս մարդու արժէք գիտեն... հոս կարգ ու կանոն, օրէնք կայ... հոս դրամ կայ...»: Ամէ՛ն բան կայ, սակայն չկայ հայու ոգի, չկայ հայութիւն եւ բնականաբար չկայ ապագայ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -266-
Հայաստանի մէջ կը ճանչնամ աւելի քան մի քանի տասնեակ երիտասարդներ, որոնց մեծագոյն երազը, փափաքն ու իղձն է համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք «ազատիլ» հայրենիքէն եւ երթալ հոն՝ ուր իրենց կարծիքով կարգ ու կանոն կայ: Կը ճանչնամ աւելի քան մի քանի տասնեակ մեծահասակներ, որոնք «Հօրեղբայրս Ամերիկա է» ըսելով իրենց վերջին հանգրուանը այդտեղ ըլլալ կը կարծեն: Կը ճանչնամ մայրեր, որոնք իրենց պատանի զաւակներուն ապագան այդտեղ՝ աւետեաց երկիրին մէջ կը տեսնեն՝ նոյնիսկ եթէ իրենք շարունակեն մնալ ոչ-աւետեաց հայրենիքին մէջ:
Այսպիսով հայը իր հայրենիքին մէջ կամաց-կամաց կը սկսի դառնալ հիւր. հայրենիքէն որպէս հանգիստ օտար երկիրներ այցելելու փոխարէն օտարացած հայը կու գայ Հայաստան՝ հանգստանալու որպէս զբօսաշրջիկ: Նման ազգութեամբ դէպի յաղթանակ առաջնորդուիլ կը փորձենք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 04/25/2025
- 04/25/2025