20-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ
Միջին դարու վերջաւորութենէն սկսեալ իմաստասիրութեան ընկերային եւ քաղաքական կարեւորութիւնը հետզհետէ կորսնցուցած կ՚երեւի։ Միջին դարու երեւելի իմաստասէրներէն William Ockham (1300-1349), Keiser-ի կողմէ Պապի հանդէպ գիրեր գրելու նպատակով վարձուած, կաշառուած էր։ Այն շրջանին հրատապ հարցերէն մին էր՝ դպրոցներու եւ ուսման նկատմամբ հակաճառութիւնը եւ բանավէճը։ Արդարեւ, 17-րդ դարուն իմաստասիրութեան զարգացումները կապակցութիւն ունէին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հանդէպ ընդդիմադրութեան հետ։
Malebranche (1638-1715) թէեւ հոգեւորական մըն էր, սակայն հոգեւորականներու արգիլուած էր անոր իմաստասիրական տեսութիւնները ընդունիլ եւ իւրացնել։
Lock-էն (1632-1704) վերջ իր հետեւորդները 18-րդ դարու Ֆրանսան, Bentham-ի (1748-1832) համակիրները 19-րդ դարու Անգլիան, ընդհանրապէս ծայրայեղ եւ արտակարգ պահպանողական տեսութիւնը ընդունած էին։ Այս կերպով ալ ժամանակակից «ազատական քաղաքացիութիւն» (Libéral bourgeoisie) հաստատումը իրականացած եղաւ։
Եւ սակայն իմաստասիրական եւ քաղաքական տեսութիւններու միջեւ փոխյարաբերութիւնները ժամանակի ընթացքին անորոշութեան մատնուեցան։
Hume (1711-1776) որքան որ իմաստասիրութեան մէջ բաւական պահպանողական է, քաղաքական տեսակէտէ Tory էր։ Tory, այսինքն Պահպանողական կուսակցութեան կը պատկանէր։
20-րդ դարուն հայեցողական-տեսական (discussion) իմաստասիրութիւնը կարելի է բաժնել գլխաւոր երեք խումբի։
Առաջին, ընդհանրապէս Kant (1724 -1804), երբեմն Hege-ի (1770-1830) հետեւորդները բովանդակող դասական Գերման իմաստասիրութիւն։
Երկրորդ, «գործաբանական» (pragmatique) դրութեամբ իմաստասիրողներու խումբը։ Այս խումբին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Bergson եւ հետեւորդները։
Երրորդ, կը կազմեն այն խումբը՝ որ գիտութեան կողմնակիցներ են։ Ըստ այս տեսաբաններուն՝ իմաստասիրութիւնը յատուկ ճշմարտութեան մը տեսակը չէ, եւ ոչ ալ ճշմարտութեան հասնելու կերպ մը, միջոց մը։ Այս խումբին պատկանողներ «իրապաշտ»ներ (réaliste) կ՚անուանուին, եւ սակայն այս խումբին մէջ կը գտնուին ոմանք, որոնք «իրապաշտ» կարելի չէ կոչել։ Բայց այս տարբերութիւնը երբեմն կարելի չ՚ըլլար յստակ կերպով որոշել։ Զոր օրինակ, William James (1842-1910), թէ՛ իրապաշտներու եւ թէ գործաբանական դրութեան հաստատողը կարելի է համարել։
Dr. Whitehead իրապաշտներու գործելակերպը գործածելով, կարելի է Bergson-ի հետեւորդներու կարգին դասել՝ որ անոնց նախատեսած «բնազանցական»ի (métaphysique) մը պաշտպանողականը կ՚ընէ։
Բազմաթիւ իմաստասէրներ, տրամաբանական տեսութեամբ, Einstein-ին տեսութիւններուն Kant-ի ժամանակ եւ միջոցի՝ անջրպետի ենթական ըլլալու տեսութեան գիտական հիմք կազմելու իրողութիւնը կ՚ընդունին։ Բանական յստակութիւնը, արդարեւ, տեսութիւններու եւ կարծիքներու դասաւորումը շատ մը իմաստասիրական հարցերու լուծման օգտակար կը հանդիսանայ։
Գերման իտէալիզմը ամբողջ 20-րդ դարու ընթացքին պաշտպանողական դիրք մը գրաւած է։
Եթէ ոչ Ամերիկա, բայց Գերմանիա, Ֆրանսա եւ Անգլիա իմաստասիրական ուսումնասիրութիւններ եւ ուսուցումներ, տակաւին դասական աւանդութեան կը հետեւին։ Emile Boutroux եւ Bernard Bosanquet մինչեւ իրենց մահը միջազգային հաւաքոյթներու մէջ կարգով ֆրանսացի եւ անգլիացի իմաստասէրներու խօսնակը՝ բանբերը եւ հաղորդավարը եղած են։ Կրօնապաշտ եւ պահպանողական-աւանդապաշտ շրջանակներն ալ քրիստոնէութեան հակադրող հոսանքներու եւ յեղափոխական միտքերու դէմ պաշտպանութեան համար այս հոսանքէն կ՚օգտուին ընդհանրապէս…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 10 2023, Իսթանպուլ