ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

«Այ­լա­կեր­պու­թիւն» կը նշա­նա­կէ կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թիւն, ձե­ւա­փո­խու­թիւն, կեր­պա­րան­քէ մը՝ ու­րիշ կեր­պա­րանք անց­նիլ՝ կեր­պա­փո­խու­թիւն։ Ուս­տի ե­թէ հար­ցը ար­տա­քին տես­քի, ձե­ւի փո­փո­խու­թիւն է, երկ­րա­ւոր ար­ժէ­քի մը փո­փո­խու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ, իսկ ե­թէ հո­գե­ւոր աշ­խար­հի, ներ­քին փո­փո­խու­թիւն մըն է, ա­սի­կա հո­գե­պէս, ներք­նա­պէս փո­խուիլ է։

Ար­տա­քին փո­փո­խու­թեան, երկ­րա­յին ար­ժէք­նե­րու մա­սին հե­տաքրք­րա­կան ա­ռակ մը կը պատ­մուի։

Ծե­րուկ կին մը մա­հա­մերձ է, հի­ւան­դա­նո­ցի իր ան­կող­նին մէջ կ՚ա­ղօ­թէ Աս­տու­ծոյ, որ իր կեան­քը քիչ մը եւս եր­կա­րէ։ Աս­տուած կը լսէ եւ կնոջ կեան­քը 20 տա­րի կ՚եր­կա­րէ։ Կի­նը՝ ու­րախ, կը դի­մէ հի­ւան­դա­նո­ցի բժիշկ­նե­րուն եւ կ՚ը­սէ, որ զինք ե­րի­տա­սար­դաց­նեն, բո­լո­րո­վին փո­խեն զինք։ Գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուին եւ ծե­րուկ կի­նը բո­լո­րո­վին փո­խուած՝ ե­րի­տա­սարդ կին մը կ՚ըլ­լայ։ Բայց հա­զիւ թէ հի­ւան­դա­նո­ցէն կը բաժ­նուի՝ կառք մը կու գայ, կը զար­նէ խեղճ կնոջ եւ կի­նը ար­կա­ծա­մահ կ՚ըլ­լայ։ Կի­նը կը ներ­կա­յա­նայ Աս­տու­ծոյ եւ կ՚ը­սէ.- Ա­ղօ­թե­ցի, եւ ին­ծի 20 տա­րի եւս կեանք տուիր, բայց ա­հա­ւա­սիկ ան­մի­ջա­պէս մե­ռայ եւ դէմդ ե­կայ։ Աս­տուած՝ զար­մա­ցած կը նա­յի կնոջ եւ կ՚ը­սէ.- Չճանչ­ցա՛յ քեզ. դուն այն ծե­րուկ կի՞նն ես, ո­րուն 20 տա­րի եւս կեանք տուած էի։

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, այս­պի­սի «այ­լա­կեր­պու­թեան» մը մա­սին չէ՛ որ պի­տի խօ­սինք, քա­նի որ ա­սի­կա ո՛չ թէ այ­լա­կեր­պու­թիւն, այլ՝ պար­զա­պէս «այ­լան­դա­կու­թիւն» է, ո­րուն Աս­տուած իսկ չի՛ ճանչ­նար եւ չի՛ հա­ւա­նիր։

Մենք այ­լա­կեր­պու­թեամբ կը հասկ­նանք «բա­րե­փո­խու­թիւն», բա­րե­լա­ւու­թիւն եւ ճշմար­տու­թեան բա­ցա­յայ­տու­թիւն։ Այս ի­մաս­տով, այ­լա­կեր­պու­թիւ­նը՝ ներ­քի­նին, նե­րաշ­խար­հին, ճշմա­րի­տին ե­րե­ւան գալն է, եւ մա­նա­ւանդ ար­տա­քին աշ­խար­հի յայտ­նուի­լը։

Յի­սու­սի այ­լա­կեր­պու­թիւ­նը, Ա­նոր Աս­տուած ըլ­լա­լուն յայտ­նու­թիւնն է, ճշմար­տու­թեան ե­րե­ւու­մը ար­տա­քին աշ­խար­հի՝ մարմ­նա­ւոր աչ­քով ան­տե­սա­նե­լիին հո­գե­ւոր աչ­քով տե­սա­նե­լի դառ­նա­լը։

Յի­սու­սի այ­լա­կեր­պու­թիւ­նը փա՛ստ մըն է, ա­պա­ցոյց մըն է Իր աս­տուա­ծա­յին բնու­թեան, քա­նի որ այ­լա­կեր­պե­լով Ան լոյս ե­ղաւ եւ Աս­տուած Լո՛յս է։ Այ­լա­կեր­պու­թիւ­նը փաստն է նաեւ Ս. Եր­րոր­դու­թեան, երբ Որ­դին՝ Յի­սուս կը ծած­կուի ամ­պով՝ Ս. Հո­գիով, ո­րուն մէ­ջէն Աս­տուած՝ «Ա՛ն է իմ Որ­դիս՝ ո­րուն հա­ճե­ցայ»։ Եւ երբ այ­լա­կեր­պուած Յի­սու­սի քով կը յայտ­նուին Մով­սէսն ու Ե­ղիան՝ ո­րոնք կը խօ­սին Յի­սու­սի հետ, եր­կու ար­ժա­նա­հա­ւատ վկա­ներ են՝ ո­րոնք կը հաս­տա­տեն Յի­սու­սի աս­տուա­ծու­թիւ­նը եւ «մե­սիա», այ­սինքն օ­ծեալ-Քրիս­տո­սը՝ սպա­սուած փրկի­չը ըլ­լա­լը։

Յի­սուս ին­չո՞ւ այ­լա­կեր­պե­ցաւ։ Այ­լա­կեր­պե­ցաւ, ցոյց տա­լու հա­մար, թէ փա­ռա­ւո­րուե­լու հա­մար պէտք է անց­նիլ չար­չա­րան­քի ճամ­բա­յէն, քա­նի որ խա­չի ճամ­բան ո՛չ թէ մա­հուան, այլ յաղ­թա­նա­կի, փա­ռա­ւոր­ման ճամ­բա՛յ է։

Այ­լա­կեր­պե­լէ ա­ռաջ Յի­սուս լեռ բարձ­րա­ցաւ ա­ղօ­թե­լու, ու­րեմն փա­ռա­ւո­րուե­լու հա­մար պէ՛տք է բարձ­րա­նանք եւ ա­ղօ­թենք՝ Աս­տու­ծոյ մօտ ըլ­լանք։

Յի­սու­սի քով էին Մով­սէսն ու Ե­ղիան՝ մին մա­հուան, միւ­սը՝ կեն­դա­նու­թեան, ան­մա­հու­թեան խորհր­դա­նի՛շ։ Ու­րեմն մա­հուան եւ ան­մա­հու­թեան մի­ջեւ Յի­սու­սի հետ «փա­ռա­ւո­րա­կից» ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է այ­լա­կեր­պուի՛նք՝ մեր իս­կա­կան նե­րաշ­խար­հը լու­սա­ւո­րենք ու լու­սա­ւո­րուինք։

Ե­րա­նի՜ ա­մէն մէկս ապ­րինք մեր անձ­նա­կան այ­լա­կեր­պու­թիւ­նը։ Ա­սոր հա­մար պէտք ու­նինք՝ օ­րէն­քի եւ մար­գա­րէու­թեան՝ մե­ռած­նե­րու եւ ող­ջե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան՝ ո­րոնք կը վկա­յեն Աս­տու­ծոյ էու­թեան եւ սուր­բե­րու հա­ղոր­դակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։

Նախ­քան այ­լա­կեր­պու­թիւ­նը՝ Յի­սուս, ինչ­պէս ը­սինք, լեռ բարձ­րա­ցաւ եւ ա­ղօ­թեց։ Ուս­տի ա­ղօթ­քը կը սրբաց­նէ սիր­տը, կը մաք­րէ՝ ա­տե­լու­թիւ­նը կը վա­նէ եւ սի­րով կը լեց­նէ ամ­բող­ջո­վին։ Ա­ղօթ­քը կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ մար­դը։ Յի­սուս մե­զի ցոյց տուաւ ա­ղօթ­քին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը մեր կեան­քին մէջ։

Ար­դա­րեւ, այ­լա­կեր­պու­թիւ­նը կը հաս­տա­տէ Պետ­րո­սի խօս­քը, թէ՝ Յի­սուս Աս­տու­ծոյ Օ­ծեալն է՝ Քրիս­տո­սը. (ՂՈՒԿ. Թ 20)։­

Եւ որ­քան մօ­տե­նանք Աս­տու­ծոյ, այն­քան կը զգանք, թէ որ­քա՛ն մե­ղա­ւոր ենք եւ պէտք ու­նինք սրբագ­րուե­լու, այ­լա­կեր­պուե­լո՛ւ։ Աս­տու­ծոյ մէջ չի վեր­ջա­նար կեան­քը՝ կը յայտ­նուի յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը։ Կա­րե­լի է հարց­նել, թէ Յի­սուս երբ կ՚ա­ղօ­թէր, ին­չո՞ւ միշտ իր ե­րեք ա­շա­կերտ­նե­րը՝ Պետ­րո­սը, Յով­հան­նէ­սը եւ Յա­կո­բո­սը իր հետ ու­նէր։ Նախ ա­նոնք Յի­սու­սի «ա­ղօթ­քի ըն­կեր­ներ»ն էին։ Եւ նաեւ ա­նոնք ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հիմ­նա­դիր­նե­րը՝ Պետ­րոս վէմն էր, Յով­հան­նէս Աս­տուա­ծա­մօր պաշտ­պա­նը եւ Յա­կո­բոս՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի ա­ռա­ջին ե­պիս­կո­պո­սը։ Հա­պա ին­չո՞ւ Յի­սուս իր քով չէր առ­ներ միւս­նե­րը։ Քա­նի որ ա­նոնց մէջ էր Յու­դան, որ պի­տի մատ­նէր զԻնք, եւ ու­րեմն ար­ժա­նի չէ՛ր փառ­քը ապ­րե­լու եւ փա­ռա­ւո­րու­թեան վկա­յե­լու, եւ քա­նի որ մի­նակ ալ թո­ղուլ կա­րե­լի չէր, Յի­սուս միւս­ներն ալ չէր առ­ներ, որ­պէս­զի Յու­դան ալ ա­նոնց հետ փառ­քի մաս­նա­կից չըլ­լայ։

Ու­րեմն Յի­սուս այ­լա­կեր­պե­ցաւ իր ե­րեք ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ Պետ­րո­սի, Յով­հան­նէ­սի եւ Յա­կո­բո­սի ներ­կա­յու­թեան։ Բայց ա­նոնք չկա­րո­ղա­ցան այ­լա­կեր­պու­թեան հրա­շա­լի՜ տե­սա­րա­նին ամ­բող­ջա­պէս ա­կա­նա­տես ըլ­լալ, քա­նի որ թմ­­րած՝ քնա­ցած էին։ Ու­րեմն ե­թէ ան­տար­բեր ըլ­լանք աս­տուա­ծա­յին յայտ­նու­թիւն­նե­րու, հրա­շա­լիք­նե­րու՝ կը զրկուինք շնորհ­նե­րէ եւ չենք կրնար վա­յե­լել զա­նոնք, ուս­տի միշտ պէտք է ար­թուն ըլ­լալ՝ ու­շա­դիր եւ զգօն աս­տուա­ծա­յին շնորհ­նե­րու, որ­պէս­զի կա­րե­նանք փա­ռա­ւո­րա­կից­ներ ըլ­լալ, վա­յե­լել փառք եւ ա­մէն տե­սակ պար­ծանք՝ որ աս­տուա­ծա­յին է։

Մով­սէս երբ կ՚իջ­նէր Սի­նա լեռ­նէն, դէմ­քը լոյ­սի նման էր, բայց այս լու­սա­ւո­րու­թիւ­նը Աս­տուծ­մէ տրուած էր ի­րեն։ Իսկ Յի­սուս երբ լոյս ե­ղաւ եւ լու­սա­ւո­րուե­ցաւ, ա­սի­կա բո­լո­րո­վին եւ միայն իր­մէ էր, իր մէ­ջէն, քա­նի որ ինք Աս­տուա՛ծ է։

Ար­դա­րեւ լոյ­սը ներ­քին խա­ղա­ղու­թեան ար­տա­ցո­լումն է, եւ այս պատ­ճա­ռով է որ սուր­բե­րու գլխուն կը տես­նուի միշտ լու­սեպ­սակ։

«Ո­րով­հե­տեւ, երբ մեր Տի­րոջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի զօ­րու­թեան եւ ա­նոր երկ­րորդ գալս­տեան մա­սին խօ­սե­ցանք ձե­զի, շին­ծու ա­ռաս­պել մը չէր որ ներ­կա­յա­ցու­ցինք, քա­նի որ ան­ձամբ ա­կա­նա­տես ե­ղանք ա­նոր մե­ծու­թեան, երբ ա­նի­կա փառք եւ պա­տիւ ստա­ցաւ Հօր Աս­տուծ­մէ, որ իր մե­ծա­վա­յե­լուչ եւ փա­ռա­ւոր ձայ­նով ա­նոր հա­մար վկա­յեց ը­սե­լով.- Ա­սի­կա է իմ սի­րե­լի Որ­դիս, ո­րուն հա­ճե­ցայ։ Մենք ան­ձամբ լսե­ցինք եր­կին­քէն ե­կող այդ ձայ­նը, ո­րով­հե­տեւ Յի­սու­սի հետ միա­սին էինք սուրբ լե­րան վրայ», կ՚ը­սէ Պետ­րոս իր երկ­րորդ ընդ­հան­րա­կան նա­մա­կին մէջ. (Բ ՊԵՏ. Ա 16-18)։­

Եւ դար­ձեալ. «Եւ Բա­նը մարդ ե­ղաւ եւ մեր մի­ջեւ բնա­կե­ցաւ, եւ մենք տե­սանք ա­նոր փառ­քը, փառ­քը Միած­նին, որ Հօր­մէն ե­կաւ՝ շնորհ­քով եւ ճշմար­տու­թեամբ լե­ցուն», կ՚ը­սէ Յով­հան­նէս. (ՅՈՎՀ. Ա 14)։­

Իսկ մենք երբ խո­նար­հա­բար եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ ա­ղօ­թենք՝ կը սրբա­նանք, կ՚այ­լա­կեր­պինք եւ մենք ալ մաս­նա­կից եւ հա­ղոր­դա­կից կ՚ըլ­լանք Յի­սու­սի այ­լա­կեր­պու­թեան։

Վեր­ջա­պէս երբ ա­շա­կերտ­նե­րը ճանչ­ցան Մով­սէ­սը եւ Ե­ղիան, որ նա­խա­պէս տե­սած չէին, այս կը նշա­նա­կէ, թէ մեր յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քին մէջ պի­տի ճանչ­նանք մեր բո­լոր սի­րե­լի­նե­րը, մեր­ձա­ւոր­նե­րը՝ ի­րենց փա­ռա­ւո­րեալ մար­մին­նե­րով։ Ուս­տի մա­հը «ե՛լք» մըն է, փրկու­թիւն մըն է մարմ­նա­ւոր կեան­քէն՝ դէ­պի փա­ռա­ւո­րեալ մար­մին­նե­րով յա­ւի­տե­նա­կան կեանք՝ ուր միայն կա՛յ ե­րա­նու­թի՜ւն։

Ա­նոնք որ կ՚անդ­րա­դառ­նան շնորհ­նե­րու՝ ի­րենց փառ­քին մէջ, կ՚ար­ժա­նա­նան յա­ւի­տե­նա­կան ե­րա­նու­թեա՜ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 2, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 12, 2016