ԵԹԷ «ԼՈՅՍ»Ը ԽՕՍԻ՝ Կ՚ԸՍԷ…
Ենթադրենք պահ մը՝ եթէ «լոյս»ը խօսելու, ձայնելու կարելիութիւն ունենար ի՜նչեր կ՚ըսէր, ի՜նչեր կը պատմէր։ Լոյսը՝ որ ամենէն արագընթաց երեւոյթն է, այնքան արագ կը սուրայ, որ մէկ երկվայրկեանի մէջ կարող է եօթը անգամ շրջիլ ամբողջ աշխարհի շուրջը, այս կը նշանակէ՝ թէ լոյսը ամէն վայրկեան ամէն տեղ է։ Ուրեմն լոյսը էութեան ամենակարեւոր տարրն է, եւ առանց լոյսի կեանք գոյութիւն պիտի չունենար։ Ուր որ գտնուի լոյսը՝ կեանքի ապացոյցները չի պակսիր եւ Աստուծոյ լոյսը կենդանի փաստով կը յայտնուի հոն։ Ամբողջ ստեղծագործութիւնը կը սկսի լոյսո՛վ՝ որ համանման է Աստուծոյ՝ մեծ Արարիչին եւ Իմաստութեա՛ն։
Հաւանաբար Լոյսը պիտի ըսէր. «Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի, ո՜վ մարդ, դուն քեզ գտնես աշխարհային խաւարի մէջ, եւ իսկոյն անդրադառնաս խաւարին, քանի որ ամէն ինչ կարելի է գտնել՝ բաղդատելով իր հակադիրին հետ։ Դուն, ո՜վ մարդ, մարմին ես, եւ մարմինները ստուերներ ունին, որ կարծես խաւարի մը մասնիկն են, եւ սակայն եթէ թափանցես իր մէջ, կը տեսնես որ ան ո՛չ մէկ օգուտ ունի քեզի, ընդհակառակը՝ վնասակար է ան, ապա ուրեմն պիտի փափաքիս, որ ես բնակիմ քու մէջդ եւ ինծի քու սրտիդ մէջ ապաստան տաս, այլապէս դուն ինքդ պիտի լուսաւորուիս եւ պիտի լուսաւորես շուրջդ, այսպէս պիտի փարատես, պիտի անհետացնես ստուերները եւ խաւարը։ Ուստի այն որ կ՚ընդունի զիս, թէ՛ ինք եւ թէ՛ իր ամբողջ շրջապատը կը լուսաւորուի։ Հոն՝ ուր ես մուտք գործեմ, հոն այլեւս ո՛չ ստուեր եւ ո՛չ ալ խաւար կը մնայ։
«Դուն, ո՜վ մարդ, հաւանաբար զիս չես ճանչնար, չես փնտռեր, չես հետազօտեր, չես անրադառնար իմ ներկայութեանս, եւ քանի որ կարեւորութիւն չես ընծայեր ինծի, ապա ուրեմն չես փափաքիր նաեւ ինծի հետ հանդիպում ունենալ եւ ծանօթանալ, բայց ես հետամուտ եմ քու փրկութեան եւ հետեւողական, որպէսզի դուն սիրես ու ճանչնաս դո՛ւն քեզ, եւ այսպէս քու առաջին քայլերը առնես դէպի յաւիտենական կեանք։ Արդարեւ յաւիտենական կեանքը՝ մահու պատճառով մարմինէն բաժնուած հոգիին կեանքն է։ Այս կեանքը կը սկսի այս աշխարհի մէջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ հոգեւոր կեանքով։
«Աստուծոյ նմանութիւնը մարդկային հոգիին գոյութիւնն է եւ աստուածային յատկութիւնները, որ ունի մարդ, այդ կը ներկայացնէ նաեւ հոգիի յաւիտենականութիւնը։ Եւ ե՛ս, լոյսը կը խորհրդանշեմ հոգիին յաւիտենականութիւնը, քանի որ ես, աստուածային յատկութիւններու առաջնակա՛րգն եմ։ Ուրեմն, այո՛, մարդկային ժամանակաւոր մարմինը կրնայ ոչնչանալ՝ հող դառնալ, քանի որ հողէն ստեղծուած է, բայց մարդու հոգին, որ Աստուծոյ շունչն է մարդուս մէջ, երբեք չի կրնար ոչնչանալ։ Եւ ես, լոյսը կարեւոր դեր կը խաղամ հոգիին անմահութեան իրականութեան մէջ։ Իմ շնորհիւ է որ, ո՜վ մարդ, դուն կրնաս անդրադառնալ ճշմարտութեան եւ թափանցել խորհուրդներու՝ ուր կը գտնուի մարդկային կեանքի իմաստը եւ նպատակը, որ կը ձեւաւորուի մանաւանդ մարդուն կոչումին մէջ։
«Դուն, ո՜վ մարդ, համոզուած ես, որ բացի քալելէ, քեզ ուրիշ ո՛չինչ ունիմ առաջարկելու, քանի որ տակաւին դուն կ՚ապրիս այս աշխարհի մէջ եւ պաշարուած ու տարուած ես անոր հոգերով։
«Դուն կը սխալիս պարզապէս, քանի որ կը խորհիս, թէ ես եկայ, որպէսզի դուն լիարժէք եւ իմաստով գոհացած կեանք մը ունենաս։
«Եթէ դուն՝ կեանքի, եւ յատկապէս քո՛ւ կեանքիդ իմաստը կը փնտռես զուարճանքի, ժամանակաւոր գոհացումներու եւ հաճոյքներու եւ ժամանցի զանազան վայրերու եւ զբաղումներու մէջ, աշխատանքի գլխապտոյտ գագաթնակէտերուն վրայ, օգնութիւն ստանալու մտադրութեամբ կը դիմես զանազան խաբէական եւ սուտ միմոսներու օգնութեան, ապա եւ դուն, ո՜վ մարդ, կամ չե՛ս գտներ, եւ կամ բոլորովին կը կորսնցնես կեանքի իմաստը եւ նոյնիսկ կեա՛նքը։ Եւ այն որ չ՚անդրադառնար իմ էութեան, իմ կարեւորութեան, եւ ինչո՞ւ չէ, իմ անհրաժեշտութեան՝ կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար, չի կրնար հասնիլ կեանքի նպատակին եւ չի հասկնար կեանքի իմաստը, քանի որ այն որ անտարբեր է իմ մասին, այլապէս ան ո՛չ կեանքի նպատակ մը, ո՛չ ալ կեանքի գաղափար ունի։
«Կեանքը, իմ ներկայութեամբս, լո՛յսով կ՚իմաստաւորուի եւ ուղղութիւն մը կը ստանայ։ Լոյսով ամէն ինչ յստակ եւ պայծառ, մարդկային աչքին կը յայտնուի։
«Ուր որ ես՝ լոյսը ներկայ է, հոն չկա՛յ տարակոյս, անորոշութիւն, կասկած, քանի որ, ուր որ ես կը գտնուիմ՝ հոն ամէն ինչ յստակ է եւ թափանցիկ։ Ուստի պէտք չէ՛ մարդկային արուեստի գործերը ընդունիլ որպէս փրկութեան միջոց, աշխարհային զբաղումներու մէջ պէտք չէ՛ փնտռել ճշմարտութիւնը եւ կեանքի իմաստը, որովհետեւ, ինչպէս արուեստագէտը կ՚ըսէ՝ արուեստագէտը կարող է հաճոյքով քօղարկել կեղծիքը ճշմարտութեամբ եւ այդ ճշմարտանման կեղծիքը հրամցնել որպէս անմերժելի, անհերքելի ճշմարտութիւն։ Արդարեւ մարդկային միտքին հեղինակած բազմաթիւ հեղինակութիւններ ողողուած ու ծածկուած են մարդկային բանականութեան արտադրանքով. իսկ շատ աւելիներ՝ մոլորեցուցիչ ազդեցութեամբ։
«Կայ միա՛յն մէկ Գիրք՝ որ կը խօսի իմ մասիս՝ որով ես, լո՛յսը կը խօսիմ ճշմարտութեամբ մարդոց հետ եւ կ՚առաջարկեմ անոնց մտնել երկխօսութեան ինծի հետ, քանի որ ես քեզ ստեղծած եմ ի՛մ պատկերով՝ օժտելով բանականութեամբ։
«Ուստի, ես, լո՛յսը, լաւ խօսակից մըն եմ, կարող եմ անվերջ լսել, մանրամասն հետազօտել իմ խօսակիցիս ամէն մէկ խօսքը, եւ խորը թափանցել անոր իսկական նպատակին ու իմաստին, եւ անպայմա՛ն կը պատասխանեմ։ Ինծի հետ կատարուած աղօթքները, իւրաքանչիւրը խօսակցութիւններ են ինծի հետ։
«Ես ո՛չինչ կը պարտադրեմ, քանի որ հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ, հոն յստակ ու պայծառ է ամէն ինչ, ճշմարիտ եւ բարի, եւ դուն քանի որ օժտուած ես բանականութեամբ եւ կը կրես խիղճ, ապա ուրեմն կարող ես տեսնել ճշմարտութիւնը, բարին եւ գեղեցիկը, եւ հետեւիլ անոնց, որոնք պիտի փրկեն քեզ եւ պիտի հասնիս երանութեան՝ անվերջ երջանկութեան, որուն կոչուած ես քու արարչութեան պահէն իսկ։ Ուստի քեզ կ՚առաջարկեմ եւ կը խրատեմ՝ «յարութիւն առնել մեղքի մահէն»։
«Լուսաբացէն առաջ խաւարը երջանի՜կ է՝ կը տօնէ իր ժամանակաւոր յաղթանակը մինչեւ որ կը լսուի իմ՝ լո՛յսին ձայնը.- Արթնցի՛ր, դ՛ուն, որ կը ննջես, կանգնէ՛ մեռեալներու մէջէն, եւ Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ, (ԵՓԵՍ. Ե 14)…»։
Արթննա՛նք եւ հետեւինք Լո՜յսին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 8, 2017, Իսթանպուլ