ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՆՆՋՈՒՄԸ ԵՒ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ

Ս. Մարիամ Աստուածածնի ննջման եւ վերափոխման յիշատակի տօնը՝ Հայ Եկեղեցւոյ «տաղաւար» կոչուած հինգ մեծ տօներէն մէկն է՝ որ կը կատարուի Օգոստոս 15-ի մերձակայ, այսինքն՝ Օգոստոս 12-էն մինչեւ 18 հանդիպող Կիրակին։ Այս տարի Վերափոխման յիշատակի տօնը կը կատար-ւի 13 Օգոստոսին։

Այս տօնը, Ս. Մարիամ Աստուածածնի «ննջման» եւ «երկինք փոխադրուել»ուն յիշատակն է, որ ընդհանրապէս կ՚անուանուի «Աստուածածին», երբեմն ալ՝ «Փոխում»ն կամ «Ննջում»ն անուններու տակ։ Եւ քանի որ Եկեղեցին կ՚ընդունի, թէ Քրիստոս Ի՛նք եկաւ իր Մայրը փոխադրելու երկինք, այս տէրունի տօնին յիշատակութիւնը կը կատարուի՝ «Գալուստ ի փոխումն մօր»ն բացատրութեամբ։ Աստուածածնի նուիրուած տօներուն կարեւորագոյնն է «Վերափոխման» տօնը, քանի որ արդէն ան «տաղաւար» տօներէն մէկն է ընդունուած եւ կը տօնուի որպէս «Տաղաւար Տօն»։

Ս. Մարիամ Աստուածածնի մասին տեղեկութիւններ մեզի կը փոխանցուին Եկեղեցւոյ Սրբազան Աւանդութիւններու շնորհիւ, քանի որ ընդհանրապէս, Աստուածաշունչ մատեանի մէջ կը պակսին իր մասին լայն տեղեկութիւններ։

Ըստ Սրբազան Աւանդութեան՝ Ս. Մարիամ Աստուածածինը՝ Որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի խաչելութենէն յետոյ կը շարունակէ ապրիլ Երուսաղէմի մէջ՝ Յովհաննէս Աւետարանիչի խնամատարութեան տակ, ինչպէս պատուիրած էր Քրիստոս՝ խաչին վրայ։

Մօտաւորապէս 12 տարի, Աստուածամայրը իր կեանքը կը շարունակէ տեւական աղօթքով եւ պահքով, յաճախ կ՚այցելէ իր Որդւոյն Սուրբ Գերեզմանը եւ անդադար կ՚աղօթէ։

Այդ այցելութիւններէն մէկուն՝ իրեն կը յայտնուի Գաբրիէլ հրեշտակապետը, եւ կ՚աւետէ անոր՝ երկրային աշխարհէն Վերին Երուսաղէմ վերափոխուելու լուրը։ Եւ Աստուածամայրն ալ այս աւետիսը կը յայտնէ իր մերձաւորներուն եւ միւս բոլոր քրիստոնեաներուն եւ կը պատուիրէ անոնց, թէ զինք թաղեն Գեթսեմանիի մէջ։ Ան, Յովհաննէս Առաքեալի կը պատուիրէ նաեւ, որ Սուրբ Պատարագ մատուցանէ, որպէսզի ինք վերջին անգամ Սուրբ Հաղորդութիւն ընդունի։

Հաղորդուելէն յետոյ, Ս. Կոյսը կ՚ուղղուի դէպի Վերնատուն։ Իսկ առաքեալները կու լան այս տեսարանին դիմաց։ Յովհաննէս Առաքեալ կ՚առնէ տախտակ մը եւ կու տայ Աստուածամօր եւ կը խնդրէ, որ ան իր պատկերը դրոշմէ անոր վրայ։

Աստուածամայրը կ՚առնէ տախտակը՝ կը խաչակնքէ եւ երեսին կը դնէ եւ կը թրջէ զայն իր արցունքներով եւ կը խնդրէ Աստուծոյ՝ որ այդ տախտակի միջոցով մարդիկ բժշկուին իրենց ախտերէն եւ ամէն տեսակ հիւանդութիւններէն։

Եւ երբ առաքեալները կը շրջապատեն Աստուածամօր մահճակալը, անիմանալի եւ անբացատրելի «լո՛յս» մը կ՚երեւի։ Սենեակին վրայ կը յայտնուի Քրիստոս՝ հրեշտակներու զօրքերով։

Այդ պահուն, երբ կը տեսնէ իր Որդին, Աստուածամայրը կ՚աւանդէ իր հոգին։

Ս. Կոյս Աստուածածնի երկրային վախճանը, Եկեղեցին «ննջում» բառով կ՚արտայայտնէ, եւ ո՛չ «մահ» բառով, հասկնալի դարձնելու համար անոր՝ «երկինք փոխադրուած» ըլլալը։

Այդ պահուն բացակայ էր Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալը, եւ երբ կը վերդառնայ Երուսաղէմ, կը փափաքի տեսնել Աստուածամայրը վերջին անգամ մը, եւ կը խնդրէ բանալ անոր գերեզմանը։ Սակայն երբ առաքեալները կը բանան գերեզմանը, հոն չեն գտներ Ս. Կոյս Աստուածածնի մարմինը։ Այս կը նշանակէ, թէ Յիսուս իր խոստումին համաձայն երկինք է փոխադրած իր Մայրը։ Եւ այս իսկ պատճառով, Աստուածամօր գերեզմանը կը կոչուի՝ «թափուր գերեզման», քանի որ անոր մարմինը հոն չէ՛։

Այս իրողութեան առջեւ, առաքեալները, որպէս մխիթարութիւն, Բարթողիմէոս Առաքեալի, տախտակի վրայ դրոշմուած պատկերը ցոյց կու տան Աստուածամօր։

Մովսէս Խորենացի պատմիչի համաձայն, Հայաստանի առաջին լուսաւորիչը, այդ պատկերը կը բերէ Հայաստան եւ կը զետեղուի Անձեւացեաց գաւառի Դարբնոց կոչուած տեղը՝ ուր աւելի վերջ, ի պատիւ Աստուածամօր՝ եկեղեցի մը եւ կուսանոց մը կը հիմնադրուի։

Աստուածածնի Վերափոխման յիշատակի տօնին օրը, Սուրբ Պատարագէն յետոյ կը կատարուի խաղողօրհնէք, եւ խաղողի օրհնութեամբ կ՚օրհնուի տարւոյ ամբողջ բերքը եւ բարիքը։

Հայ Եկեղեցին, դարե՜ր շարունակ խորին յարգանք եւ երկիւղածութիւն ցոյց տուած է Աստուածամօր հանդէպ՝ շեշտելով մանաւանդ անոր «Աստուծոյ Մայր» ըլլալու հանգամանքը։

Արդարեւ Աստուածամայրը իր նկարագրով եւ հանգամանքով, իր իսկական առումով, ճշմարիտ «Տիպա՛ր» մըն է եղած՝ եզական խոնարհութեամբ, հաւատարմութեամբ, մաքրակենցաղութեամբ, ազնուութեամբ եւ առաքինի վարքով եւ նուիրուածութեամբ, իրաւ տիպար մը՝ բոլոր հաւատացեալներուն, եւ մանաւա՛նդ կին-մարդոց։

Ուստի Հայ-քրիստոնեայ կին-մարդուն համար Ս. Կոյս Աստուածածինը՝ առաքինի, հաւատացեալ եւ հաւատաւոր մօր, ընտանեկան սրբութեան հաւատարիմ պահապանի, անձնուէր պահնորդի անզուգական մարմնացո՛ւմն է։

Մեղաւոր մարդ մը սովորութիւն ունէր մշտապէս փառաբանելու Ս. Կոյս Մարիամը եւ իր սովորական աղօթքը անոր մատուցանելու։

Օր մը, երբ անապատի մէջ անօթի էր, Ս. Աստուածածինը վայելչագեղ կոյսերու հետ երեւեցաւ մեղաւոր մարդուն՝ համեղ եւ ընտիր կերակուրներով, բայց աղտոտ ու գարշելի ամաններու մէջ։

Աստուածամայրը, մեղաւոր մարդուն ըսաւ.

«Կե՛ր այդ կերակուրները»։

Մեղաւոր մարդը պատասխանեց.

«Թէեւ այդ կերակուրները լաւ տեսք ունին՝ յայտնի է որ ընտիր եւ քաղցր են, բայց կարելի չէ՛ որ ուտեմ այդ գարշելի ամաններուն պատճառով, այդ ամաններուն մէջէն չեմ կրնար ուտել այդ գեղեցկատեսիլ ուտելիքները»։

Այն ատեն Աստուածամայրը կը պատասխանէ.

«Փառաբանութիւններդ եւ աղօթքներդ որ ինծի կը մատուցանես, բարի են եւ գեղեցիկ, հաճելի, բայց սիրտդ՝ անմաքո՛ւր։ Այս պատճառով ալ ինծի հաճելի չեն թուիր եւ չե՛մ սիրեր, չե՛մ ընդունիր զանոնք»։

Երբ լսեց մեղաւոր մարդը, Աստուածամօր խօսքը՝ այդ խօսքերէն յետոյ ապաշխարեց եւ մաքրուեցաւ, ապա մաքուր սրտով մատուցանեց իր փառաբանութիւններն ու աղօթքները։

Աստուածամօր Վերափոխման տօնը թող բարեպատեհ առի՛թ մը ըլլայ մեզի համար՝ մաքրուելու եւ ազնուանալու համար…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 5, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2017