ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ
«Եթէ զիս գտցես՝ Տիրամայր, թէ ինձ ողորմեսցիս՝ սրբուհի, թէ զկորուսեալս շահեսցիս՝ անարատ, թէ զհարթուցեալս յանձանձեսցես՝ երջանիկ, թէ զամաչեցեալս յառաջ մատուսցես՝ բարեշնորհ…». (Գրիգոր Նարեկացի, Աղերս առ Տիրամայր Ս. Աստուածածինն. Բան 2)։
Աւետարանը շատ քիչ բան կ՚ըսէ Աստուածամօր կեանքի մասին, ուստի, մէկ անգամ կը տեսնենք զայն ծննդաբերելէ առաջ։ Ապա կը տեսնենք զայն Կանայի հարսանիքին։ Ուրիշ առիթներով ալ Աւետարանի մէջ կ՚երեւի Աստուածամայրը։ Սակայն ամենէն յատկանշականը այն էր՝ որ երբ Յիսուս խաչի վրայ էր, իր վերջին շունչը աւանդելէ առաջ դարձաւ իր ամենակրտսեր աշակերտին՝ Յովհաննէսին, եւ ըսաւ. «Ահա՛ քու մայրդ», այսինքն՝ ըսել ուզեց՝ տէ՛ր եղիր իմ մօրս։
Աւանդութիւնը կ՚ըսէ, որ ան երկար, 15 տարի ապրած է աշակերտներուն հետ Երուսաղէմ։
Աստուածամայրը, յաճախ կը նմանցուի որթատունկի ողկոյզին՝ որմէ զտուեցաւ գինին քաղցրահամ եւ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցով դարձաւ մեր ժողովուրդի փրկութեան միջոցը։ Հայ Եկեղեցին Աստուածամօր վերափոխման տօնի առթիւ կ՚օրհնէ ամբողջ աշխարհի խաղողի ողկոյզները, որպէս օրհնութիւն աստուածային։ Յիսուս վերջին ընթրիքի պահուն. «Արբէք ի սմանէ ամենեքեան, այս է արիւն Իմ նորոյ ուխտի», ըսելով օրհնեց գինին եւ տուաւ իր աշակերտներուն։
Վերջապէս, Աստուածամայրը, զոր Աստուած զերծ պահած էր սկզբնական մեղքի ամէն արատէն, իր երկրաւոր կեանքին ընթացքը աւարտելէ ետք, մարմինով ե՛ւ հոգիով վերափոխուեցաւ երկինքի փառքին մէջ եւ Տիրոջմէ պանծացուեցաւ իբրեւ «Տիեզերքի թագուհի», որպէսզի աւելի նմանի իր Որդիին, որ Տէրն է տէրերու եւ յաղթողը՝ մեղքին եւ մահուան։ Աստուածամօր վերափոխումը եզակի մասնակցութիւն մըն է իր Որդիին Յարութեան եւ կանխակատարումը միւս քրիստոնեաներուն յարութեան։
Աստուածամայրը իր ննջումով չլքեց աշխարհը, այլ վերամիացաւ Կեանքի աղբիւրին։ Աստուածամայրը հաւատքի ուխտագնացութեան մէջ հասաւ մինչեւ հաւատքի գիշերը՝ հաղորդակից դառնալով իր Որդիին չարչարանքին եւ Անոր գերեզմանին գիշերուան։ Ուստի, միայն հաւատքը կրնայ մօտենալ Աստուծոյ Ամենազօրութեան խորհրդաւոր ուղիներուն։ Այս հաւատքը կը պարծենայ իր տկարութիւններով՝ Քրիստոսի զօրութիւնը իրեն քաշելու համար։ Այսպիսի հաւատքին գերագոյն տիպարն է Աստուածամայրը՝ որ հաւատաց, թէ՝ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ». (ՂՈՒԿ. Ա 37), եւ կրցաւ մեծացուցանել Տէրը. «որովհետեւ Հզօրն սքանչելիքներ ըրաւ ինծի, եւ սուրբ է Անոր անունը». (ՂՈՒԿ. Ա 46)։
Ահաւասիկ, այս իմաստով, Աստուածամօր վերափոխման տօնը ամբողջ աշխարհի կիներու տօնն է։ Կիներ, որոնք իրենց իրաւունքը եւ ազատութիւնը կորսնցուցած էին դարեր առաջ եւ կը տառապէին այս կամ այն անիրաւութեան կամ անարդարութեան պատճառով, կիներ, ուրեմն անտեսուած եւ անարգուած էին։ Անոնք իրաւազրկուած եւ հալածական կը չարչարուէին եւ կը նեղուէին։
Սիրելի՜ բարեկամներ, Քրիստոսի օգնութեամբ, Քրիստոսի քարոզութեամբ ազատագրուեցան իրենց կապանքներէն իրաւազրկուած կիներ։ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներու ուղղուած իր նամակին մէջ իրաւամբ սապէս կը գրէ. «Չիք խտիր ո՛չ հրեայի եւ ո՛չ հեթանոսի, ո՛չ արուի եւ ո՛չ էգի միջեւ»։ Այսինքն՝ քրիստոնէութիւնը այր-մարդու եւ կին-մարդու հաւասարութիւն բերաւ աշխարհ։ Աշխարհ կ՚ողջունէ իրենց իրաւունքի եւ ազատութեան գիտակից կիները։
Ժամանակակից կեանքը չի՛ կրնար անտեսել կիներու իրաւունքը եւ ազատութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ հաւասարութեան սկզբնական իրաւունքը։ Ուստի, կիներ պիտի բերեն իրենց գործնական մասնակցութիւնը ընկերային-հասարակական կեանքին եւ ժողովուրդին՝ պաշտպանելով աւանդական-բարոյական արժէքները։ Ուրեմն, կիներ ծառայասէր ըլլալով՝ ընտանեսէր ըլլան, քանի որ ամէն յաջող այր-մարդու մղիչ ուժը կին մըն է՝ զայն կեանքի պատրաստող մա՛յր մը։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Honoré de Balzac, ազգի մը ապագան մայրերու ձեռքն է։ Կիները, արդարեւ ուղղութիւն կու տան կեանքի ընթացքին, երբ նախ եւ առաջ կեանք կու տան մարդուն, մասնակից ըլլալով Աստուծոյ ստեղծագործութեան, որովհետեւ Աստուած՝ կինը կարգած է Իրեն անմիջական գործակատարը եւ գործարարը։
Ուրեմն, Աստուածամօր վերափոխման տօնին՝ բոլոր կիները նմանելու են Աստուածամօր կերպարին, ունենալու են զոհողութեան ոգին, անոր նուիրումը, անոր ծառայասիրութիւնը եւ անոր բոլորանուէր հոգին իրենց զաւակներու դաստիարակութեանը տէր եւ պահապան ըլլալու։
Թո՛ղ Աստուածամօր եռեակ շնորհները պայծառանան մեր մէջ եւ մեր կեանքի եւ գործունէութեան վրայ լոյս եւ ջերմութիւն սփռեն, եւ այս լոյսը եւ ջերմութիւնը վերածուի յոյսի եւ այս յոյսով կեանքը վերածուի դրախտի՝ ուր մարդիկ ապրին երջանիկ։ Բայց պէտք է գիտակցուի, թէ՝ ասիկա կարելի է իրականանայ կիներու եւ մա՛նաւանդ մայրերու աջակցութեամբ եւ կեանքի պայքարին մասնակցութեամբ։
Շնորհաւոր ըլլայ Աստուածամօր վերափոխման տօնը բոլորիս եւ բոլոր կիներուն, մայրերուն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 11, 2023, Իսթանպուլ