ԻԳԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Իգապաշտպանութիւնը (féminisme), իգական սեռի (լատին. sexus), այսինքն կին-մարդու իրաւունքներու՝ հաւասարութեան եւ ազատութեան պայքարով սկսած շարժում մը՝ ընկերային ընդհանուր հոսանք մըն է։ Այս շարժումը սկսած է 17-րդ դարուն եւ հետզհետէ տարածուած է եւ մանաւանդ սաստկացած՝ 1960-ական թուականներուն։ Այս շարժումին նախապատրաստողները եղած են բազմաթիւ իմաստասէրներ, ընկերաբաններ՝ գլխաւորութեամբ John Lockeի (1632-1704թթ.) եւ Jean-Jacques Rousseauի (1712-1778թթ.)։
Այս շարժումը, արդարեւ, ընկերային, ընտանեկան կեանքի մէջ՝ դասակարգումներու եւ նոր գաղափարներու, կարգ մը աւանդութիւններու փոփոխման պատճառ հանդիսացաւ։ Եւ կարելի է ըսել՝ յեղաշրջեց թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային կեանքը։
Մինչ իգապաշտպանութեան այս յեղաշրջական շարժումը կրօնական եւ ազգային արժէքներու եւ համոզումներու մէջ ալ ցոյց տուաւ իր ազդեցութիւնը։ Այսպէս, տեսնուեցաւ նաեւ ծայրայեղութիւններ եւ նպատակէն շեղումներ՝ որոնք եւս ազդեցութիւն գործեցին աւանդական ընտանիքի վրայ։ Արդարեւ, այս մասին, ինչպէս ամէն մարզի մէջ, չափազանցութիւնը, երբեմն, օգուտէ աւելի վնասի պատճառ եղաւ։ Եւ եթէ հարցը «իրաւունք» եւ «ազատութիւն» է, պէտք է զանոնք վայելել որոշ սահմաններու մէջ։ Ուստի, հաւասարութիւնը երբ փոխուի, այսինքն ծայրայեղութեան հասնի մէկուն միւսին տիրապետութեան, անիկա կը դադրի այլեւս «հաւասարութիւն» ըլլալէ…
Այր-մարդու եւ կին-մարդու հաւասարութիւնը կը կայանայ անոնց զիրար ամբողջացնելու՝ լրացնելու գաղափարին մէջ։ Անոնց միջեւ կարգ մը մարզերու մէջ կրնայ գտնուիլ թերութիւններ, տկարութիւններ, որոնք կը լրացուին իրերօգնութեամբ։ Այս իմաստով կրնայ գտնուիլ «հաւասարներու մէջ առաջնակարգ» մը՝ «Primus inter pares», բայց այս չի նշանակեր հաւասարութեան խախտումը։
Արդարեւ, մարդկային գոյութեան մէջ իրերօգնութիւնը, զիրար ամբողջացնելու անհրաժեշտ պայման մըն է մարդկութեան գոյապահպանման եւ գոյատեւման պահանջքին մէջ։ Ուստի, «մարդ» արարածին «այր-մարդ» եւ «կին-մարդ» բաժանման նպատակը եւ իմաստը զիրար ամբողջացնելու պահանջքն է։ Ասիկա, աստուածային ստեղծագործութեան մէջ ծրագի՛րն է։
Այր-մարդը եւ կին-մարդը ստեղծուած են, այսինքն «ծրագրուած» են Աստուծմէ, մէկ կողմէն՝ մարդկային անձերու կատարեալ հաւասարութեամբ, եւ միւս կողմէն այր-մարդու եւ կին-մարդու իւրայատուկ լինելութեամբ։ «Ըլլայ այր-մարդ», «ըլլայ կին-մարդ» Աստուծմէ ծրագրուած բարեշնորհ իրականութիւն մըն է։ Այրը եւ կինը ունին անկորնչելի արժանապատուութիւն, որ անմիջականօրէն կու գայ Աստուծմէ՝ իրենց Արարիչէն. (ԾՆՆԴ. Բ 7, 22)։ Ուստի, այր-մարդը եւ կին-մարդը համազօր արժանաւորութեամբ ստեղծուած են «ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեամբ»։ Իրենց «այր»ի եւ «կնոջ» լինելութեամբ անոնք Արարչին իմաստութիւնը եւ բարութիւնը կ՚արտացոլացնեն հաւասարապէ՛ս։
Ստեղծուած «միատեղ», այր-մարդը եւ կին-մարդը մին «միւսին համար» ծրագրուած են Աստուծմէ։ «Լաւ չէ, որ մարդը ըլլայ առանձին։ Հարկ է, որ Ես տամ անոր օգնական մը ՆՄԱՆ ԱՆՈՐ». (ԾՆՆԴ. Բ 18)։ Ուստի, այր-մարդը եւ կին-մարդը եղած են «մին միւսին համար»։ Սակայն, Աստուած, ոչ թէ զանոնք «կիսատ» եւ «անկատար», «թերի» ստեղծեց, Աստուած ստեղծեց զանոնք անձերու հաղորդակցութեան համար, որ մէկը միւսին «օգնական» ըլլայ, քանի որ անոնք թէ՛ իրարու հաւասար են իբրեւ «անձ» եւ թէ զիրար լրացնող են իբրեւ արու եւ էգ։ Ամուսնութեան մէջ Աստուած զանոնք իրարու կը միացնէ այնպիսի ձեւով մը՝ որ կազմեն «միայն մէկ մարմին». (ԾՆՆԴ. Բ 20)։ Այր-մարդը եւ կին-մարդը, միայատուկ ձեւով կը գործակցին Արարչին գործին եւ ծրագրին՝ մարդկային կեանքը իրենց սերունդներուն փոխանցելով։
Տիպար կնոջ նկարագրի բոլոր առաքինի դրսեւորումները եւ մարդկութեան բարձր եւ վսեմ խորհուրդը. քրիստոնեայ կիներ, ուրեմն, պէ՛տք է գտնեն այդ խորհուրդը Աստուածամօր հրաշալի՜ կերպարին մէջ։
Արդարեւ, ընտանիքը առտնին եկեղեցի մըն է, որուն անդամները կոչուած են իրարու օգնելու, հոգալու եւ իրենց կարողութեան չափով եւ կարելիութեան զօրութեամբ կանգուն պահելու իրենց ընտանիքը։
Ուստի, «հաւասարութիւն»ը՝ տեսքի մէջ չէ՛, այլ առիթներէն նոյն չափով օգտուելու միջավայր մը ստեղծելու կարողութեան մէջ։
Եւ ա՛յս է, քրիստոնէական հաւասարութեան իմաստը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 10, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/22/2024
- 11/22/2024