ԱՆՀԱՍՈՒՆ ՀԱՍՈՒՆՆԵՐԸ

Պատանի սերունդին մօտ «հասունութեան» գաղափարը երթալով աւելի սխալ ու թիւր ընկալում կը ստանայ. այդ մէկը արդէն դժբախտաբար դուրս գալով ինքնագիտակցութեան, ինչպէս նաեւ կեանքի մարտահրաւէրները դիմակայելու ունակութենէն, հաստատուած է արտաքին նշաններու վրայ, մոռնալով որ հասունութիւնը հոգեկան աճն է եւ ո՛չ թէ մարմնական, իր մէջ ունենալով հոգեբանական լուրջ զարգացումներ, որով կը սահմանուի ճշմարիտ հասունութիւնը:

Մեծագոյն անհասկացողութիւնը այն է, որ հասունութիւնը ո՛չ թէ արտաքին, այլ ներքին զարգացում մըն է, ներքին ճանապարհորդութիւն մը, ուր անհատը կը սկսի ունենալ իր սեփական միտքերը, յոյզերն ու արձագանգները եւ միայն ներքին աճն է, որ անձը կ՚առաջնորդէ հասունութեան։ Ի տարբերութիւն կարծուածին, մեծահասակներու վարքագիծը ընդօրինակելը հասունութիւն չէ եւ չի կրնար նկատուիլ, որովհետեւ այդ բոլորէն զերծ կը մնայ ներաշխարհը. հասունութիւն է, օրինակ, կեանքի անխուսափելի վերելքներուն եւ վայրէջքներուն հանդէպ մարդու ունեցած գիտակցութիւնը, որով կարելի է յաղթահարել ամէն տեսակ դժուարութիւն: Պէտք է ընդմիշտ յստակ ըլլայ մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն համար, որ հասունութիւնը արտաքին աշխարհի ակնկալիքները ամբողջացնել եւ կամ անոնց քայլ պահելը չէ, որովհետեւ աշխարհի ակնկալիքը աւելի նիւթական ու շօշափելի են՝ քան մտաւոր ու ներզգացական վիճակ:

Ճշմարիտ հասունութիւնը կ՚ենթադրէ խոհուն որոշումներ կայացնելու իմաստութիւն, մարդկային յարաբերութիւններու առողջ դրսեւորում, այլապէս արտաքին բոլոր նշանները կը դառնան պատկեր՝ քան ճշմարտութիւն: Թող արտաքինը չը-խաբէ. տարիքով մեծնալը հասուն դառնալ չի՛ նշանակեր, որովհետեւ հասունութիւնը վերջապէս տարիքի հետ ալ այդքան աղերս չունի. մարդկային տարիքը չ՚որոշեր անձի մը հասուն ըլլալն ու չըլլալը. յաճախ տարիքն ու հասունութեան մակարդակը կրնան չհամապատասխանել շրջապատի ունեցած ակնկալիքներուն, մարդուն փաստելով, որ հասունութեան ճշմարիտ հասկացողութիւնն ու ցուցանիշը մտաւորն ու հոգեկանն է եւ ո՛չ ֆիզիքականը:

Վերջապէս հասունութիւնը մէկ օրէն եկող ու մարդուն մէջ ծագող երեւոյթ մը չէ. այդ մէկը ենթակայ է զարգացման հանգրուաններու եւ հետեւաբար մարդու մէջ ծնած ձգտում մըն է, որ առաջին հերթին կը պահանջէ սեփական արարքները քննելու եւ զանոնք վերլուծելու ունակութիւն եւ այդ մէկը կը նկատենք անհրաժեշտութիւն, որովհետեւ միայն հասունութենէ զուրկ մարդը կ՚ընկրկի դժուարութիւններու դիմաց եւ կը դժուարանայ յաղթահարել, իսկ անոնք որոնք իրենց մէջ ունենան հասունութեան ճշմարիտ հասկացողութիւնը, իրենց մօտեցումը կ՚ըլլայ տարբեր:

Այնուամենայնիւ, կը նկատենք, որ հասունութեան էական կողմերը կամաց կամաց կը բացակայի մեր նոր սերունդին մօտ. շատ մը պատանի եւ երիտասարդ աղջիկներ կը կարծեն, թէ հասունութիւնը իր պճնուելուն մէջ, իսկ մանչեր կը կարծեն, թէ հասունութիւնը առնականութեան, ծխելու եւ կամ կը-ռիւէ մը յաղթանակ դուրս գալուն մէջ կը կայանայ. արտաքին «ձեռքբերումներ» երբեք հասունութեան ցուցանիշ չեն կրնար ըլլալ. սակայն այս է այսօր նոր սերունդը. այսօր կը տեսնենք պատանիներ, որոնք մեծութիւն կը կարծեն ծխախոտը ձեռքին իրենց հասակակից աղջիկներուն երեւիլը։ Մեղադրելի չէ, որովհետեւ հասունութենէ հեռու աղջիկները եւս այդ մէկը որպէս հասունութիւն կ՚ընկալեն. եթէ կ՚ուզէք մերօրեայ հասունութիւնը հասկնալ՝ մի քանի պարզ բառերով յայտնենք. համացանցի մէջ ունենալ կեղծ ու մինչեւ իսկ վտանգաւոր շրջանակ մը, լսել օտարազգի այլանդակ երաժշտութիւն (որ ի դէպ հասունութեան կողքին զարգացած ըլլալու հովեր կու տայ երիտասարդներուն), ունենալ գաղտնի աշխարհ մը՝ որ հասունութենէն աւելի ապագայ դժբախտութիւն կը պատճառէ. անոնք լրջօրէն կորսնցուցած են համացանցի կեղծ ու ճշմարիտ աշխարհի հասկացողութիւնը եւ սկսած են այդ կեղծ ազդեցութիւնը համեմատել իրական աշխարհի յաջողութիւններուն հետ, այդ կեղծ զգացումները շփոթելով ճշմարիտ զգացումներու հետ. անոնք տարուած են նիւթապաշտութեան մոլուցքով. գացէ՛ք եւ տեսէք պատանի-երիտասարդները. անոնց համար այս կամ այն ապրանքանիշը հագուիլն ու ունենալը «մեծ»ութեան եւ ինչու չէ հասունութեան չափանիշ է. անոնցմէ շատեր կը կարծեն բազմաթիւ «սիրած»ներ ունենալը, ընկեր ընկերուհի դառնալն ու կեղծ «սիրային» արկածախնդրութիւնը հասունութիւն է. լաւ ու նիհար մարմին ունենալը յաղթանակ է եւ հարուստ ընտանիքի մը բախտաւոր զաւակ ըլլալը՝ Աստուածային պարգեւ. այս բոլոր կեղծ մեծութիւնները մերօրեայ երիտասարդութեան հասունութեան չափանիշը կը կազմեն:

Այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ նոր սերունդը հասունութեան պարագային էականը ձգած, երկրորդական ու անկարեւոր արժէքներով կը զբաղի. մեր կրթական համակարգը լուրջ ձեւով պէտք է զբաղի նման հարցերով, որպէսզի նոր սերունդը հասկնայ, որ հասունութիւնը իմաստութեան, մտաւոր ու հոգեկան աշխարհի հետ կապ ունի եւ ո՛չ աւելորդաբանութեան:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Պատանիի մը ծխելը մեծութի՞ւն է:

Պատասխան. Դեռահասները յաճախ կը մտածեն, որ ծխելը իրենց աւելի մեծ ցոյց կու տայ, սակայն այդ մէկը սխալ պատկերացում մըն է: Ծխելը անոնց համար յաճախ անկախ ըլլալու չափանիշ է եւ հասակակիցներու մօտ հաստատուելու միջոց, սակայն իրականութեան մէջ առողջութեան վնաս է եւ աղերս չունի մեծութեան հետ: Մեծահասակ կ՚ըլլան պատասխանատու որոշումներ կայացնելով, իսկ ծխելը հեռու է մեծութենէն։ Մեծութիւնը եւ աճը կու գայ ընտրութիւններէ, որոնք բարեկեցիկ կը դարձնեն անհատի կեանքը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2024