ՄԱՇՏՈՑԱՇՈՒՆՉ ՈԳԻՈՎ
Մշակոյթները ազգային իրենց ուրոյն դրոշմը ունին, սակայն գիրը, լեզուն եւ արուեստը՝ որոնք իւրաքանչիւր անհատի, ժողովուրդի եւ ազգի պարագային տարբերութիւններ կը ճշդեն, արտայայտութեան կերպեր են միայն։ Ուստի, արժէքը՝ գիրին ետեւը եղող անգրելի հոգի՛ն է։ Այդ զօրութենէն պարպուած «գիր»ը, գրականութիւնը եւ արուեստը ունայնութիւն միայն կը տարածեն։
Աստուածաշունչ մատեանը՝ որուն էջերէն կը բխի եւ կը հոսի Աստուծոյ հոգին, անհատներու միջոցով միայն կը սփռէ իր բարիքը, խորութիւններէն դէպի մակերես ժայթքելով։
Նախապէս, այդ ջուրը հեռուներէն կ՚անցնէր եւ հայ ժողովուրդը չէր կրնար արբենալ անով։ Թարգմանիչները եղան որ բերին այդ «կենդանի ջուր»ը հայ ժողովուրդին, փոխադրելով հարազատօրէն Աստուծոյ հոգին՝ հայ ժողովուրդի հոգիին ծառայող Սուրբ Գիրքին։
Գիրը այս կերպով հայ կեանքին մէջ եւ Թարգմանիչներու միջոցաւ եկաւ զարդարելու հայոց մէջ Անեղին իմաստը, գործը՝ զԱստուած ներկայացնելու, տալու հայ ժողովուրդին կարողութիւնը «աստուածգիտութեան ծածկեալ խորհուրդը յայտնելու եւ ծանուցանելու» անգէտներուն։
Ուստի, ժողովուրդները եւ ազգերը. հոգիին թափանցելու համար լեզուի կը կարօտին, եւ լեզուն ճշգրտօրէն կարենալ թարգմանելու համար՝ հոգիի՛։
Արդարեւ, առանց լեզուի՝ փա՛կ է հոգին, եւ առանց հոգիի՝ անիմաստ՝ լեզուն։
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հաճարոյ»։ Այս բառերը եղան հիմնաքարը հայ գրականութեան։ Այս եղաւ սկիզբը եւ վախճանը հայ մարդու փիլիսոփայութեան, կեանքի ըմբռնողութեան, աշխարհայեցողութեան։ Այս եղաւ «ալֆա»ն եւ «օմեկա»ն հայ պատմութեան։ Ա՛յդ է նաեւ լուսեղէն ամպը հայ ժողովուրդի կեանքի երկինքին վրայ…
Իւրաքանչիւր հայ այսօր դժուար կրնայ հնչել այդ հսկայ, հազարամեայ հնութեամբ օծուն բառերը, երբ այնքան խորթ բայց դիւրին օտար բառեր կը յաճախեն իր շուրթերուն հետզհետէ աճող, սերտացող մտերմութեամբ եւ բնականութեան գացող մտահոգիչ ընթացքով մը…
Կայ մէ՛կ բառ բիւրեղեայ հնչեղութեամբ յստակ եւ գեղեցիկ, որ հոմանիշն է բոլոր այդ աստուածաշունչ բառերուն, խորհրդանիշը հայ պատմութեան փիլիսոփայութեան՝ գաղտնիքը հայ կեանքի յաւերժութեան։
Ո՛չ մէկ իմաստասէր երբեք կրցաւ մտածել եւ զգալ, թէ մարդը Աստուծոյ որդին է, հեռացած օր մը Իրմէն եւ սակայն Իրեն միանալու սահմանուած։ Ո՛չ մէկ իմաստասէր իր ընկերային եւ բնազանցական մտածումներով կրցաւ հաւասարիլ Աւետարանի «Անառակ որդի»ի առակի իմաստասիրութեան. (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32)։ Այս առակը պատմութիւնն է մարդկային կեանքին եւ իր գործունէութեան կերպին, բովանդակելով իր մէջ մեկնութիւնը անցեալին եւ խոստումը ապագային։
Նոյնն է պարագան հայ գիրին, հայ գրականութեան համար. այն՝ որ իր հարազատն է, երբեք կարելի չէ զայն մերժել եւ ուրանալ, եւ ուրեմն, ո՛չ մէկ հայ կրնայ ուրանալ, եւ պէտք չէ՛ ուրանայ իր սեփական, հարազատ գիրը, գրականութիւնը, քանի որ ա՛ն է իր ինքնութիւնը, ա՛ն է իր սեփականութիւնը եւ համատարած մշակոյթին մէջ ի՛ր մշակոյթը։
Թարգմանիչները, որոնք ա՜յնքան հարազատօրէն մեզի բերին Սուրբ Գիրքը, գերազանց միջնորդներ էին Աստուծոյ եւ մարդոց, ունէին միջնորդութեան այն թափանցիկ եւ սուր զգայնութիւնը, նիւթեղէնէն անդին անցնելու յայտնատեսութիւնը, դէմ յանդիմանութիւնը, որ յատուկ է մարգարէներուն, տեսանողներուն, սուրբերուն, բոլոր անոնց՝ որոնք նիւթին, գիրին եւ երեւոյթին կապանքներէն գիտեն ազատագրել ոգին, առանց «սպանելու» եւ կամ «տրտմեցնելու» զայն։
Մտածումներու այս շարքը կ՚առաջնորդէ այն միտքը, Թարգմանիչներու պարագային, այդ բոլորը կարելի ընող իրենց անձնաւորութիւններու։ Ճշմարտութիւն եւ անձնաւորութիւն, այս վերջինը լրացուցիչ կէսն է միւսին։ Անոնց քաղցրօրէն հզօր իրենց անհատականութիւններու շնորհիւ էր, որ կրցին նախ զգալ՝ իր ճկատագրին առջեւ շատոնց մտահոգուիլ սկսած ժողովուրդի մը տառապանքը եւ սէրը, եւ ապա անոր բացուելու շնորհը։
Թարգմանիչներ քրիստոնէութեան ոգեղէն քուրայէն եւ սիրոյ աւազանէն առած էին իրենց մկրտութիւնը եւ շինած իրենց անձնաւորութիւնը։ Դիւրին չեղաւ անոնց գործը՝ անոնք «կռուեցան» հայ լեզուին հետ, կոփեցին եւ մաքրեցին, վերածելով զայն Հայ Ոսկեդարեան բիւրեղին, որպէսզի կարելի ըլլար լեցուն այդ պրիսմակէն անցընել Աստուծոյ շունչը։
Դիւրին չէ՛ ոգեղէն իրողութիւնները փոխադրելու գործը, եւ ճշմարտութեան ոգին անկարելի է փոխադրել առանց անձնաւորութեան։
Իրապէ՛ս տիտանեան ոգիով մարդեր էին Թարգմանիչները, նաեւ մարդկային գործունէութեան ամէն կալուածներուն տաղանադաւորները՝ որոնք ստեղծեցին հայ ժողովուրդին «սուրբ դար»ը։
Եթէ գրիչը ձեռքդ առիր, պէ՛տք է գրես, որպէսզի գրիչը հանգստանայ եւ գաղափարներ, մտածումներ ուրախանան եւ ուրախացնեն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 11, 2024, Իսթանպուլ