ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Է.)
Մարդիկ շատ անգամ կը մտածեն, որ նպատակներուն քիչ քիչ մօտենալը երբեք չմօտենալէն լաւ է. իրականութեան մէջ տեսականօրէն ճիշդ ըլլալ կը թուի, սակայն մասնագէտներ կը յայտնեն, որ ձախողութեան մեծագոյն պատճառներէն մէկը կիսատ կատարուած գործն է. շատ պարզ մարդկային օրինակով ըսենք այսպէս. դպրոցէն ետք իր ամբողջ ժամանակը դասին տրամադրո՞ղը շատ աւելի լաւ կրնայ սորվիլ ու յաջողիլ, թէ ան՝ որ դպրոցէն ետք բանուորութիւն կ՚ընէ ու ժամանակ չ՚ունենար դասերը սորվելու. վստահաբար առաջինը. նոյնն է նաեւ յաջողութեան պարագային։ Յաջողութեան գաղտնիքը ամբողջութեամբ նուիրուելու մէջ է: Ամբողջութեամբ չնուիրուիլը եւ միաժամանակ տարբեր տարբեր նպատակներ հետապնդելը անձը ձախողութեան կրնայ առաջնորդել. մէկէ աւելի նպատակներ ու երազներ ունենալը սխալ չէ, սակայն միաժամանակ բոլորը մէկ կեանքի կոչելը՝ քիչ մը հոսկէ քիչ մը հոնկէ ձախողութեան կը տանի, որովհետեւ կիսատ յաջողութիւնը ինքնին ձախողութիւն մըն է:
Այս կիսատ յաջողութիւնը բացատրենք հետեւեալ ձեւով. պատկերացուցէք, որ ծանր բեռ մը պիտի կրէք. դուք այդ բեռը գուցէ մէկ ձեռքով կրնաք քիչ մը վեր բարձրացնել, սակայն ամբողջութեամբ վերցնելու եւ տեղափոխելու համար երկու ձեռքերու կարիքը ունիք. նոյնն է յաջողութեան պարագային. մենք մէկ ձեռքով բարձրացնելով «յաջողած» կը նկատենք մենք մեզ, սակայն իրականութեան մէջ երկու ձեռքեր պէտք են նպատակը ամբողջութեամբ իրագործելու համար:
Նպատակի յաջողութիւնը շարունակական ընթացք մըն է եւ այդ մէկը կիսատ ընելը «զբաղմունք»ի կը վերածուի. յաջողութիւնը ջանք կը պահանջէ եւ հետեւաբար կիսատ ձեւով նուիրում մը բաւարար չ՚ըլլար յաջողութեան հասնելու համար: Սակայն կու գանք սկզբնական մտածումին. կիսով մը յաջողութեան մօտենալը երբեք չմօտենալէն լաւ չէ՞. իրականութեան մէջ լաւ է, որովհետեւ մարդ միայն սկսելով պիտի սկսի սորվիլ. մենք յաճախ կը մտածենք լաւապէս սորվինք, սերտենք եւ ապա սկսինք նպատակները հետապնդել, սակայն իրականութեան մէջ նախքան սկսիլը ինչ ալ «սորվինք», միայն ընթացքին է, որ լաւապէս պիտի սկսինք հասկնալ ու ըմբռնել:
Սակայն այսքանով չի վերջանար յաջողութեան հասնելու ճամբան. պէտք է բարութեան ու ազնուութեան կողքին ունենալ պայծառ միտք ու յստակութիւն: Իւրաքանչիւր քայլ, իւրաքանչիւր պայմանագիր պէտք է ըլլայ մտածուած, յստակ եւ նպատակային, ապահովելով անձին ինչպէս նաեւ հասարակութեան շահերը: Այս մէկը կը կարեւորենք, որովհետեւ յաճախ մարդ կրնայ սխալ որոշումներ կայացնել եւ կախեալ ըլլալ ուրիշներէն եւ աշխարհի ձախողութեան մեծագոյն պատճառներէն մէկը ուրիշներէ կախեալ ըլլալն է, որովհետեւ միշտ ուրիշներու կամքը եւ մտադրութիւնը բարի չէ եւ հետեւաբար ուրիշէ կախեալ յաջողութիւն մը ինքնին ձախողութիւն է:
Անձնական կեանքի մէջ վստահութիւնը պէտք չէ շփոթել ապագայ յաջողութեան համար տեղ գտնող վստահութեան հետ, որովհետեւ յաջողութիւնը բարեկամական կապերէն ու այլոց վրայ ունեցած վստահութենէն անդին բան մըն է եւ տարբեր չափանիշներ կը պահանջէ: Մարդ յաճախ կը ձախողի իր բարեկամական շրջանակին ու բարի նպատակներուն պատճառով, որովհետեւ միշտ բարեկամներ չեն մտածեր ձեր յաջողութիւնը, այլ կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը: Այդ իսկ պատճառով ո՛չ բարեկամներու եւ ո՛չ ալ ուրիշներու վրայ յոյս դնելով պէտք է սկսիլ յաջողութեան ճամբով առաջնորդուիլ. անձնական կեանքը պէտք է ամբողջութեամբ հեռու պահել՝ միաժամանակ այդ յաջողութիւնը դարձնելով անձնական կեանք:
Մեր օրերուն շատ անգամ մեծատուներ կը մեղադրուին իրենց կասկածամտութեան համար. շատեր զիրենք կը մեղադրեն, որ հակառակ իրենց մեծ հարստութեանց հեռու կը մնան մարդոցմէ. սակայն հետազօտութիւններ կը յայտնեն, որ իսկական գործարար մարդը կասկածամիտ մարդն է, որովհետեւ յաջողութեան հասնելու եւ առաւելաբար այդ յաջողութիւնը պահելու համար անհրաժեշտ է ըլլալ կասկածամիտ, որովհետեւ ոչ-զգաստ վիճակի մէջ յաջողութիւնը կորսնցնելը երկվայրկեան մըն է:
Այս բոլորն է պատճառը, որ յաճախ կը տեսնենք, թէ մեծ կարողութիւններու տէր մարդիկ՝ իրենց ունեցած շնորհքով ու ձիրքով հանդերձ ձախողութեան կը հասնին. շատ անգամ անոնց ձախողութեան պատճառը անոնց ունակութեան բացակայութիւնը չէ, այլ իրենց խոցելի բարութիւնն ու վստահութիւնն է. նման մարդիկ շատ անգամ շուտով կը յուսահատին ու կը յանձնուին, մինչ բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ պէտք է ջանք ի գործ դնել, բոլոր ժխտականները դրականի դարձնելու համար։
Այս բոլորը ի գործ դնելու համար ամէ՛ն մարդ կարողութիւնը ունի. մարդուն մօտ կարողութիւնը չէ որ կը պակսի, այլ կը պակսի այդ կարողութեան գոյութեան գիտակցութիւնը. մարդ չի՛ գիտեր, որ ինք իրապէս կրնայ եւ հետեւաբար կը համակերպի այն կեանքին՝ որ հեռու է իր նպատակներէն:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Յաջողելու համար գումարը անհրաժե՞շտ է:
Պատասխան. Նիւթականը կրնայ դիւրացնել յաջողութեան տանող ճամբան, սակայն յաջողութեան հասնելու միակ անհրաժեշտ բանը նիւթականը չէ: Իսկական յաջողութեան համար անհրաժեշտ է հաստատամտութիւն, յարմարուողականութիւն, տեսլական եւ հմտութիւն, որոնք առիթ կու տան մարդոց ստեղծագործելու, յաղթահարելու մարտահրաւէրները: Նիւթականը կրնայ արագացնել յաջողութեան հասնիլը, սակայն հիմնական արդիւնքը կու տայ ճկունութիւնն ու անձնական աճը, որոնք յաջողութեան հասնելու համար աւելի կարեւոր են քան նիւթականը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան