ՍՏՈՐԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԴՈՅԹ
Ամէն մարդ արժէ՛ք մըն է, եւ իւրաքանչիւրը ունի յատկութիւն մը, շնորհ մը եւ ձիրք մը։ Կարեւորը՝ մարդուն իր արժէքին, իր ձիրքերուն անդրադառնալն է եւ մանաւանդ չբաղդատել ինքզինք ուրիշի հետ եւ կարծել, որ ինք թերութիւններ ունի եւ տկար է իր շուրջիններուն նկատմամբ։ Մինչդեռ, պէտք է գիտնալ, որ ուրիշ մըն ալ իր կարգին ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ։ Այս իմաստով՝ չնայելով դիրքի եւ աստիճանի, ամէն մարդ իրարմէ սորվելիք բան մը ունի անպայմա՛ն։ Մարդ եթէ համոզուի այս իրողութեան՝ հարցեր, հոգեբանական խնդիրներ ինքնին արդէն կը լուծուին։
Արդարեւ, մասնագէտներ կ՚ըսեն, թէ՝ մարդ ունի ենթագիտակցական ապրումներ։ Եւ այս ապրումները կ՚ազդեն ակամայ եւ անգիտակցաբար մարդուս հոգեկան գործունէութեան ընթացքին վրայ։ Իրապէս, զարմանալի է այս, եւ նաեւ, որ մարդուս հոգին երբեք յոգնիլ չի գիտեր՝ ան գործելէ երբեք չի դադրիր. մարմինը կը յոգնի, բայց հոգին տեւապէս կը գործէ, կ՚աշխատի։ Հոգին կը գործէ նաեւ քունի ժամանակ՝ զանազան տեսարաններ ստեղծելով։ Ուստի, տեսնուած է՝ որ մարդիկ արթննալով, իրենց անլուծելի խնդիրները քունի մէջ լուծուած գտած են։ Ի՜նչ անել ճամբաներ, մութ վայրեր լուսաւորուած են։ Եւ ասիկա «հրաշք» մըն է…
Քունին, ընդհանրապէս կ՚ընկերանայ երազը։ Երազի յստակ մեկնութիւն մը գտնել դժուար է, քանի որ ան գիտակցութեան եւ անգիտակցութեան սահմանին վրայ՝ ենթագիտակցութեան միջոցին մէջ է։ Արդարեւ, մարդ իր անցեալի գիտակից յոյզերը կրնայ «վերակոչել» միայն, սակայն անգիտակիցները՝ ո՛չ, որովհետեւ հոգւոյն ալքերուն մէջ ո՛չ անցեալ կայ եւ ոչ ալ ապառնի, ապագայ. ասկէ զատ բնականոն եւ ախտաւոր երեւոյթներ, իսկ՝ խառնիխուռն դիզուած են այնտեղ՝ որոնք կ՚անուանուին. «անդնդային անցուդարձեր»։ Եւ ասոնցմէ մին է՝ «ստորակայութեան բարդոյթ»ը ահաւասիկ։
Արդարեւ, ստորակայութեան բարդոյթը անգիտակից մղումներու եւ գիտակից ապրումներու խառնուրդ մը է. երեւոյթ մը, որ յաճախ երեւան կու գայ մելամաղձոտ, մեղկ եւ անկորով խառնուածքով անձերու մօտ, եւ ուրիշ բան չէ, բայց եթէ ոչ ուրիշներու նկատմամբ տկար եւ անկարող զգալու, եւ այս պատճառով հաւաքական կեանքի մէջ անիրաւուած, չգնահատուած եւ մինչեւ իսկ անտեսուած ըլալլու անարդար եւ թէ անհիմն զգացում մը՝ որ ծնունդ կ՚առնէ միշտ ախտաւոր հոգիի մը ենթագիտակցական խաւերուն մէջ, ըստ հոգեբաններու, եւ յետագային հետզհետէ կը յայտնուի իբր «արդար պահանջք» մը՝ բռնանալով բանականութեան լոյսին վրայ։
Ստորակայութեան բարդոյթին ախտանիշն է՝ ուրիշներ ստորագնահատել, չարամաղթութիւններ ընել եւ նոյնիսկ ատելութեամբ չարագործել։ Այդպիսիներու կը յանձնարարեն հոգեբաններ՝ ինքնաքննութիւն կատարել եւ գիտնալ, թէ իրենք ինքնախաբէութեան զոհն են իրականին։ Ուստի, արժանիքի տուրքը դիւրաւ ձեռք չի բերուիր եւ թէ մարդ իր աշխատութեամբ միայն կրնայ որոշ իրաւունքներու տիրանալ եւ յարգանքի արժանանալ։ Արդարեւ, մարդուն առժամեայ ձախողութիւնները պատճառ չե՛ն, որ ուրանայ ամէն արժէք եւ արժանիք, եւ ստորագնահատէ իրականին բարի եղող ամէն շարժում եւ ընթացք։
Այլապէս, մարդուս հոգիին մէջ կան նաեւ կարգ մը ծինային՝ ժառանգական տրամադրութիւններ, ներքին անհաւասարակշիռ խառնուածք, նկարագրի թերիներ եւ տկարութիւն՝ որոնք ընթացք կու տան անոր ապրելակերպին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 10, 2024, Իսթանպուլ