ԲԱՐԻՔԻ ԿԱՐԻՔ

Յաճախ կը խօսինք աշխարհի վատ ու անբարոյ կողմերուն մասին, մոռնալով որ հակառակ բոլոր չարութիւններուն, գոյութիւն ունի բարիութիւն մը եւս եւ այդ երկուքին պայքարով է, որ աշխարհը կը յառաջդիմէ։ Եթէ փորձենք կշիռքի վրայ դնել, չկարծենք, որ չարութիւնը աւելի ծանր կը կշռէ. մենք որպէս մարդ արարածներ միշտ ալ կը բարձրաձայնենք չարութիւնը եւ կը նախընտրենք լուռ մնալ կատարուած բարութեանց վրայ, ինչ որ չարութեան աւելի ծանրակշիռ ըլլալը կարծել կու տայ։

Կեանքի չար խառնուածքը ամէն տեղ ալ այդպէս է. թող Լեւոնն ու Սարգիսը բարիք կատարած ըլլան. այդ բարիքին մասին հաւանաբար խօսին երեք-չորս հոգի, սակայն նոյն Լեւոնն ու Սարգիսը չարութիւն գործած թող ըլլան, պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս մի քանի տասնեակ այդ չարութեան մասին կը խօսին, որովհետեւ մարդկութիւնը այդ հոգեբանութեամբ կ՚ապրի։

Հաւանաբար աշխարհը մի՛շտ ալ այդպէս եղած է. մարդիկ այդպէս վարուած են նաեւ Քրիստոսի հանդէպ։ Զինք խաչ հանել ուզողները երբեք չեն բարձրաձայնած Անոր կատարած բժշկութիւններն ու հրաշագործութիւնները, սակայն Անոր մէկ-երկու արտայայտութիւնը նկատի ունենալով զԻնք հասցուցած են խաչելութեան։ Տիրոջ հանդէպ նման վերաբերմունք ունեցող մարդկութիւն մը մեզի ինչե՜ր չ՚ըներ...։

Սակայն մեր այսօրուան նիւթը բարութեան մը մասին է. մօտաւորապէս ամիս մը առաջ Լիբանան մեր հարազատներէն մէկուն մօտ հիւանդութիւն մը յայտնաբերեցին բժիշկները, որուն բուժման համար անհրաժեշտ էր շատ մեծ գումար։ Նկատի ունենալով գումարի մեծութիւնը՝ համացանցի ճամբով դրամահաւաք մը կազմակերպուեցաւ եւ 449 անծանօթ բարեսիրտ անհատներու շնորհիւ երկու օրուան ընթացքին կարելի եղաւ ի մի խմբել անհրաժեշտ գումարը (26 հազար ամերիկեան տոլար)։ Այս բարերարութիւններուն շնորհիւ երկուշաբթի, 16 յունուար 2023֊ին մեր հայազգի քոյրը՝ Սիլվա բժշկական գործողութեան պիտի ենթարկուի։

Շատեր սակայն մեր Սիլվային նման կրնան այդքան ալ բախտաւոր չըլլալ... բազմահազար մարդիկ օրական դրութեամբ իրենց հիւանդները բուժելու համար շա՜տ չնչին գումարներու փնտռտուքի մէջ կը մտնեն, մինչ աշխարհի մէջ ուրիշներ այդ գումարներուն բազմապատիկը իրենց անիմաստ հաճոյքներուն վրայ կը մսխեն։ Նման հիւանդներու անկարողութեանց դիմաց կը յիշեմ այն անձերը, որոնք իրենց ձեռքի ժամացոյցին համար յանձն կ՚առնեն վճարել աւելի քան 800 հազար ամերիկեան տոլարի գումարներ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ տարեկան դրութեամբ աւելի քան 200 հազար հիւանդ բժշկական գործողութեան չենթարկուելու պատճառով կը մահանայ։

Ցաւ ի սիրտ, մարդկութիւնը ուրիշին ցաւը զգալ կը սկսի, երբ նոյն ցաւը ինք ապրի։ Այսօր մեզմէ շատ շատեր չեն կրնար գիտնալ ցաւը այդ անզօրութեան, որ մարդ մը՝ մանաւանդ զաւակ մը կրնայ զգալ իր մօրը բժշկական գործողութեան դիմաց ապրած անզօրութեան եւ յուսահատութեան զգացումը։

Յաճախ նիւթական աջակցութեան չափ կարեւոր է նաեւ բարոյական աջակցութիւնը, որովհետեւ ցաւ է տեսնել աշխարհի բնականոն ու անհոգ առաջընթացը, երբ մարդ իր հիւանդին ցաւն ու կեանքի դժուար պայքարը կը կրէ իր ուսերուն։

Յոյսով ենք, որ օր մը մեր աչքերը բանանք այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր մարդ ուրիշին ցաւը իրը սեպէ, իր սեփական հաճոյքներէն ու վայելքներէն առաջ ուրիշին պէտքերը առաջնահերթ նկատէ՝ մանաւանդ հիւանդութեան նման դժբախտ պատահարներու դիմաց։

Թող Սիլվան եւ Սիլվային նման բազմահազար մարդիկ նախ Աստուծոյ եւ ապա մարդկութեան գութին արժանանան։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -142-

Տարիներ առաջ հօրաքոյրս անհանգստացաւ. հօրաքրոջս տղան իրար անցած վիճակով տարաւ Լիբանանի հիւանդանոցներէն մին, ուր պատահեցաւ անսպասելին. հօրաքոյրս հիւանդանոց ընդունելու համար առաջին հերթին պահանջեցին 2 միլիոն լիբանանեան դրամ, այլապէս բժշկական ոչ մէկ միջամտութիւն ի գործ պիտի դրուէր։ Այդ պահուն հօրաքրոջս տղուն մօտ այդքան գումար չէր գտնուեր։ Զանգեց կուսակցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչի մը եւ խնդիրը ներկայացուց. քսան վայրկեան ետք հօրաքոյրս հիւանդանոցի սենեակն էր։ Ըստ երեւոյթին, հիւանդութեան պարագային եւս անխղճութիւն եւ խտրութիւն գոյութիւն ունի...

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023