ՅԻՍՈՒՍԻ ՏԱՃԱՐ ԸՆԾԱՅՈՒՄԸ

Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը՝ որ կը կոչուի նաեւ «Տեառնընդառաջ», կը տօնուի 14 Փետրուարին, այսինքն Յիսուսի ծնունդէն 40 օր յետոյ։ Այս տօնը Յիսուսի, տաճարին մէջ Աստուծոյ նուիրելու կամ ընծայելու տօնն է։

«Իսկ երբ Մովսէսի հաստատած Օրէնքին համաձայն անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփ ու Մարիամ, մանուկը Երուսաղէմ տարին Տիրոջ ընծայելու համար, քանի որ Տիրոջ Օրէնքին մէջ գրուած է.- Տիրոջ պէտք է նուիրուի ամէն արու զաւակ, որ մօրը առաջին զաւակն է» (ՂՈՒԿ. Բ 22-23)։ Աւետարանի այս տողերը ցոյց կու տան՝ թէ «Տաճար ընծայում»ը Մովսէսի հաստատած Օրէնքին համաձայն կը կատարուէր ծնողներու կողմէ՝ իրենց «արու զաւակը, որ մօրը առաջին զաւակն է» ընծայելու տաճար։ Եւ այդ կը կատարուէր ծննդեան 40-րդ օրը։

Ծնունդէն 40 օր յետոյ մանուկներուն տաճար բերուելու եւ Աստուծոյ նուիրելու սովորութիւնը Քրիստոնէական Եկեղեցիի մէջ ալ ընդունուեցաւ եւ շարունակուեցաւ։

Եւ ահաւասիկ այս է պատճառը, որ «հայ մայրեր» որդեծնութենէն յետոյ 40 օր կը հանգստանան տան մէջ. իսկ քառասունքի վերջին օրը, իրենց մանուկը գրկած՝ կ՚երթան եկեղեցի եւ յատուկ արարողութեամբ ան կը նուիրեն Աստուծոյ։ Այս իմաստալից եւ գեղեցիկ աւանդական արարողութիւնը կը կոչուի «Քառասունք», քանի որ կը կատարուի մանուկին ծննդեան 40-րդ օրը։

Այսօր որքան բծախնդրութեամբ կը կատարուի այս արարողութիւնը, խնդրական է այդ, քանի որ շատ մը աւանդութիւններու գործադրութեան պէս, այս արարողութիւնն ալ կը կատարուի պարզապէս «ձեւակերպութիւն» մը, ան ալ քիչերու կողմէ, որոնք հաւատարիմ իսկ չեն մնար արարողութեան անունին՝ «Քառասունք»ի եւ յաճախ կը դիմեն շատ աւելի կանուխ օրերու, ինչ որ կը նշանակէ, թէ արարողութիւնը կորսնցուցած է իր իմաստը եւ փոխուած է պարզապէս ձեւակերպութեան՝ իբր թէ աւանդապահութիւն ըլլար։ Ահաւասիկ հոս ալ կը տեսնուի՝ «աւանդապահութեան» եւ «աւանդապաշտութեան» զգալի տարբերութիւնը, որոնցմէ առաջինը որքան որ օգտակար է, նոյնքան վնասակար է երկրորդը։ Արդէն ամէն գործ, զոր մարդս կը կատարէ անգիտակցօրէն՝ եթէ ո՛չ վնասական, բայց անօգո՛ւտ է…։

Այս շեղումէն վերջ, սիրելի՜ բարեկամներ, մենք դառնանք՝ «Տեառնընդառաջ» տօնի մասին խորհրդածելու։ Արդարեւ այսպիսի շեղումներ կը կատարենք՝ որպէսզի կարենանք տեսնել կանոնականը, որուն մէջ կա՛յ իմաստ ու գիտակցութիւն, եւ գործնականը, որուն մէջ կայ ձեւակերպութիւն եւ յաճախ անգիտակցութի՛ւն…։

Աւանդութեան համաձայն, ջերմեռանդ մայրեր, Տեառնընդառաջի տօնին, իրենց փոքրիկները, եթէ Սուրբ Ծննդեան տօնէն քիչ մը առաջ եւ կամ յետոյ ծնած են անոնք, կը տանին եկեղեցի։ Յիսուս Մանուկի ընծայման յիշատակին հաղորդակից ու մասնակից դարձնելու համար զանոնք։

Հայ քրիստոնեայ ընտանիքներու մէջ քրիստոնէական անկեղծ զգացումներով եւ ամենայն հաւատարմութեամբ ո՛րքան լեցուն երեւոյթ մըն է ասիկա. մանուկները նուիրել Աստուծոյ եւ ապրիլ ու աճիլ կրօնի սրբութեամբ։ Եւ այդ զգացումը եւ հաւատարմութիւնը, դժբախտաբար, ո՜րքան կը պակսի այսօր ընտանիքներու մէջ՝ որոնք տարուած ու զբաղած ժամանակակից եռուզեռներէ եւ խանդավառ գործունէութենէ, անտարբերութեամբ կը վարուին հոգեւոր ճշմարտութիւններու նկատմամբ։

Յաճախ կ՚ըսենք. մարդ միմիայն մարմին չէ, միմիայն նիւթական-ֆիզիքական էակ մը չէ, ան ունի նաեւ հոգեւոր ու մտային կողմ մը՝ որոնք ամէնքը կը կազմեն ու կ՚ամբողջացնեն իսկական իմաստով «մա՛րդ»ը։

«Տեառնընդառաջ»ը՝ ժողովրդական ընթացիկ եւ գործածական լեզուի մէջ դարձած է «Տէրընտաս», «Տրընդեզ» ձեւերուն։ Կ՚ըսուի նաեւ «Մելետ»։

Արդարեւ կը կարծուի, թէ հին շրջաններու յատուկ տօնի մը՝ Միհրականութեան տեղն է հաստատուած Տեառնընդառաջը, քանի որ խարոյկ, այսինքն՝ բացօթեայ վառուած կրակ վառելու սովորութիւնը մնացած է, թէեւ Եկեղեցին ասիկա փոխարինած է «մոմավառութեան» կամ «ջահավառութեան» սովորութեամբ։

Ուստի սովորութիւն է դարձած, այդ օրը Եկեղեցիին մէջ վառուած մոմերը տուն տանիլ եւ այդ գիշեր տան ճրագը կամ լամբը անով վառել։ Ժողովուրդի մէջ մնացած էր տանիքներու եւ հրապարակներու վրայ կրար վառելու սովորութիւնը։ Եւ ահաւասիկ սովորութիւն մը, որ հետզհետէ կորսուելու վտանգի հետ դէմ յանդիման կը գտնուի մեր օրերուն՝ գերի դարձած՝ անտարբերութեան «գազան»ին եւ անշարժութեան մատնուած՝ անոր ճիրաններուն մէջ…։

Մեր սիրելի՜ բարեկամներ, եթէ կը փափաքին փաստ ունենալ մեր այս ըսածներուն՝ կը յանձնարարեմ երթալ այդ օրը եկեղեցի, եւ տեսնել թէ՝ քանի հաւատարիմ ու հաւատաւոր անձ, անդրադարձած օրուան իմաստին՝ մասնակցած է արարողութեան։

Սուրբ Ծննդեան տօնին կը լեցուին եկեղեցիները, ըսելիք չունինք, բայց պէտք է գիտնանք, որ Տեառնընդառաջի տօնն ալ առնուազն Ծնունդի չափ կարեւոր ու էակա՛ն տօն մըն է Եկեղեցիին համար։

Ուստի «Յիսուսի տաճար ընծայում»ը կը յայտնէ թէ՝ Ա՛ն է Տիրոջ պատկանող Անդրանիկը։ Սիմէոն ծերունիի եւ Աննայի մէջէն՝ Իսրայէլի բովանդակ սպասումն է որ «ընդ առաջ» կու գայ իր Փրկչին, եւ բիւզանդական աւանդութիւնը «Տեառնընդառաջ» կը կոչէ այս իրադարձութիւնը։ Արդարեւ Յիսուս կը ճանչցուի իբրեւ հինէն ի վեր սպասուած Մեսիան, այսինքն «Օծեալ»ը՝ Քրիստոսը, սպասուած Փրկիչը, ակնկալուած ազատիչը, կենարա՛րը, եւ ասոր համար «Փառք Իսրայէլի», բայց նաեւ իբր «նշան հակառակութեա՛ն»։

Մարիամ Աստուածածինը խոցող նախագուշակուած սուրը նախանշա՛նն է Խաչին միւս միակ եւ կատարեալ ընծայումին, որ պիտի բերէ այն աստուածային փրկութիւնը՝ զոր Աստուած ի՛նք պատրաստած է բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Ուրեմն կը տեսնուի որ, ի՜նչ խորհուրդներ կան Յիսուսի թաքնուած կեանքին մասին՝ Տեառնընդառաջ տօնին մէջ ամփոփուած, եւ կը հետեւի, թէ այս տօնը կարեւոր եւ էական տօն մըն է, որուն պէ՛տք է ընծայուի արժանի յարգանքը, ամէն հաւատաւոր ու հաւատացեալ քրիստոնեայի կողմէ։

Արդարեւ Յիսուս Իր երկրային կեանքին մեծագոյն մասը անցուց բաժնեկից ու մասնակից ըլլալով մեծամասնութիւնը ներկայացնող անհամար մարդոց վիճակին, ապրեցաւ սովորական առօրեայ մը՝ առանց արտաքին մեծութեան, արհեստաւորի կեանք մը՝ Աստուծոյ Օրէնքին ենթակայ հրեայ կրօնական կեանք մը, կեա՛նք մը՝ հասարակութեան մը ծոցին մէջ։ Ան միշտ հնազա՛նդ իր ծնողնեղուն՝ իմաստութեա՛մբ աճեցաւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 6, 2016, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016