ԻՆՔԶԻՆՔ «ՄԵ՛Ծ» ՀԱՄԱՐԵԼ

Մարդ, ընդհանրապէս իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ ի՛ր անձին, ի՛ր գործերուն «մեծութեան» եւ «կարեւորութեան» վրայ եւ ինքզինք «մեծ» կը համարէ։ Արդարեւ մեծ է ան իր մեծութեան սահմանին մէջ, բայց որքան պզտիկ իր մեծութիւնը՝ երբ համեմատութեան մէջ դնէ իրապէս մեծերու, իրական մեծութեան հետ։ Բայց պէտք է նկատի ունենալ, որ մարդկային ամէն «մեծութիւն» յարաբերական է եւ ամէն մեծութիւն իր մէջ կը պարունակէ «պզտիկութիւն» մը, եւ այս իմաստով բացարձակ «մեծութիւն»ը, անառակելի եւ անվիճելի մեծութիւնը՝ Աստուծոյ մեծութի՛ւնն է։

Մարդոց մէջ, ընդհանրապէս փոքրութիւններն են որ մեծութեան կը ձգտին, քանի որ մեծը արդէն գիտէ իր մեծութիւնը եւ արդէն մեծ է ան եւ պահանջքը չունի մեծութեան։ Արդարեւ, դիրք, տիտղոս, աստիճան, արժանիք կը տրուին անոնց՝ որոնք իրապէս արժանի են եւ որեւէ կասկած կամ տարակոյս չի գտնուիր անոնց մեծութեան մասին։ Պզտիկն է որ մե՛ծ ըլլալ կ՚ուզէ, որովհետեւ մեծը արդէն մե՛ծ է։ Այս ուղղութեամբ որեւէ տիտղոս կը տրուի մէկուն՝ որ իր մեծութեամբ արժանացած է անոր. ուրիշ խօսքով՝ դիրք կամ տիտղոս կամ աստիճան չի մեծցներ մարդը, այլ անոր մեծութիւնը կը վաւերացնէ, պաշտօնական ձեւի կը վերածէ։ Պզտիկը չի մեծնար որեւէ կերպով, եթէ ան իրապէս փոքր է եւ կը մնայ միշտ պզտիկ՝ որքան ալ ան ձգտի «մեծութեան»։

Մեծութիւնը յարաբերական է, ըսինք. պզտիկ մարդ մը՝ որ կոյր է իր անձէն դուրս մեծութիւն տեսնելու, «մեծ» կը կարծէ ինքզինք թէեւ մեծութեան ամէն ստուգանիշով տակաւին պզտիկ, եւ յաճախ խղճալիօրէն «պզտի՛կ»։ Ուստի «պզտիկ» է ան՝ որ իր պզտիկութեան չ՚անդրադառնար, եւ շատ անգամ անդրադառնալ չ՚ուզեր՝ կո՛յր մըն է իր պզտիկութեան։ Ո՞ւր է թէ մարդ ըլլար իրատես, տեսնէր եւ ընդունէր իր վիճակը այնպէս՝ ինչպէս որ է։ Ըլլար համեստ եւ խոնարհ, որպէսզի առիթը ունենար մեծնալու՝ բարձրանալու։

Վերէն նայելով մա՛րդ բարձր չ՚ըլլար, ինչպէս ինքզինք մեծ կարծելով՝ մեծ չ՚ըլլար։ Մեծ կամ պզտիկ, ինչ որ ալ ըլլայ վիճակը, մարդը միշտ մա՛րդ է, ունի արժանիք եւ արժանապատուութիւն, բաւ է որ ան ընդունի իր վիճակը եւ ըստ այնմ վարուի՝ անկեղծ եւ մտերի՛մ։ Արդարեւ կան «պզտիկ»ներ, շնորհալի պզտիկներ որոնք կրնան բողբոջիլ եւ կեանքը գեղեցկացնել։ Մեծ ըլլալու համար մարդ պէտք է նախ պզտիկ ըլլայ, վեր ելլելու, բարձրանալու համար մարդ պէտք է վարը գտնուի։ Անտարակոյս իրենք իրենց վիճակը իրատեսութեամբ տեսնողներ եւ ընդունողներ կան, եւ անոնք են որ արժանի են մեծ համարուելու, բարձրանալու եւ իրենց արժանի տեղը հասնելու…։

Եթէ մարդուն մէջ սէ՛ր կայ, եւ սէրը արձակէ իր բողբոջը, ո՞ր մեծութեան բողբոջը կարելի է բաղդատել անոր ազնուութեան, գեղեցկութեան հետ։

Զոր օրինակ, առնենք մօր մը սիրտը եւ բաղդատութեան դնենք զայն ստեղծագործութեան փեղկին մէջ ցուցադրուած ամենէն զգլխիչ գեղեցկութիւններուն հետ եւ անոնք բոլորն ալ ստուերի մէջ պիտի մնան «մայրական սիրոյն գեղեցկութեան» քով։ Եւ այն Աստուածը որ բնութիւնը զարդարեր է գեղեցկութիւններով-մեծութիւններով, նաեւ կարո՛ղ է զարդարել մարդ էակը գերազանց գեղեցկութիւններովը եւ մեծութիւններովը իմաստութեան, ազնուութեան, վեհանձնութեան, խոնարհութեան, համեստութեան եւ հոգեւոր բազմադիմի շնորհներու գեղեցկութիւններովը։ Արդարեւ, բո՛լոր այս շնորհները «մեծութիւն»ներ են՝ որոնք խտրութիւն չեն դներ ո՛չ պզտիկի, ո՛չ մեծի, քանի որ մարդ կոչուած է միշտ այս շնորհներով օժտուելու։ Մարդ իր արարչութեամբ արդէն «մեծութեան» կոչուած է, քանի որ ան ստեղծուած է ըստ պատկերին Արարչին։

Մարդ իր իսկ արարքներով է որ կը պզտիկնայ, կը փոքրանայ եւ յետոյ «մեծութեան» կը ձգտի, եթէ ան գիտնար իր արժէքը եւ արժանիքը՝ ինքզինք մեծ պիտի չհամարէր, այլ պիտի գզար որ «մե՛ծ» է իր արարչութեամբ։ Մարդկային ի՜նչ հակասական վիճակ մըն է, մարդկային տկարութեան արդիւնք մը՝ որ նախ կը կորսնցնէ իր ընդոծին «մեծութիւն»ը, կը պզտիկցնէ ինքզինք, յետոյ կը ձգտի մեծութեան եւ այսպէս կը տատանի պզտիկութեան եւ մեծութեան միջեւ։ Մէկը որուն նկարագիրը Քրիստոսի նկարագրին տիպարովը ձեւուած է, կրնայ զարդարուիլ եւ օժտուիլ բազմատեսակ շնորհներու բողբոջներով։

Ա՜հ մարդ գիտնար, թէ ի՜նչ հոգեւոր մեծութիւններով օժտուած է, եւ չշեղէր, անհաւատարիմ չըլլար իր մեծութեան, ո՜րքան երջանիկ պիտի ըլլար իր աստուածատուր մեծութեանը մէջ։

Կո՛չ մը թող ըլլայ մեզի եւ գրգիռ մը՝ անդրադառնալու՝ լարուելու եւ տքնելու աղօթքով կեանքի անբողբոջ ցօղունը զարդարելու փթթող գեղեցիկ բողբոջներով եւ անդրադառնալու մեր «մեծութեա՛ն», որ սկիզբէն իսկ ունինք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 9, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019