ՔԻՉ ՄԸՆ ԱԼ ԽԵԼՔ՝ ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒՆ…
Աշխարհը որքա՜ն ալ սրընթաց դէպի առաջ երթայ, կան մարդիկ, որոնք կը յամառին մնալ հոն՝ ուր որ են եւ դեռ աւելին, քայլ մըն ալ յետ կ՚երթան: Ինչքան աշխարհը յառաջդիմէ, մարդիկ կարծես յատուկ ուխտ մը կատարած ըլլան մնալու խաւարամտութեան մէջ եւ այդ խաւարամտութիւնը ապրիլ այնպիսի ինքնավստահութեամբ, որ անառարկելի ճշմարտութիւն մը եղած ըլլայ:
Այս աշխարհի մէջ միտքով արթուն ըլլալը ինչքա՜ն անհրաժեշտ՝ այնքան ալ վնաս է մարդ արարածին համար. նոյն մտածումով էր վստահ, որ Պարոյր Սեւակ երանի՜ կու տար խենթերուն, որոնք երանելի դիրքի մը վրայ են այսօր՝ քան մենք:
Վերջերս մօտիկ շրջանակի մը մէջ հետեւեալ խնդիրին դէմ յանդիման գտնուեցանք. հայ երիտասարդ-երիտասարդուհի մը իրար «սիրել»ով որոշած են նշանախօսութեամբ քայլ մը աւելի մօտենալ Ս. Պսակի խորհուրդին, սակայն շրջապատը տատամսում եւ խոր մտահոգութիւն մը ունի այդ քայլին նկատմամբ: Շատեր՝ մանաւանդ աղջկան ընտանիքի անդամները անատակ կը տեսնեն փեսացուն՝ իր թերաճ բնաւորութիւններուն եւ «օրէնք»ներուն համար:
Այս նիւթը այսօր կը շօշափենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայ երիտասարդներուն մէջ պակաս չեն անոնց թիւը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:
***
Նիւթ Ա.- Լիբանանէն երկու երիտասարդ աղջիկներ Նոր տարուան նախօրեակին արձակուրդի համար կ՚այցելեն Հայաստան։ Դեկտեմբեր 23-ի գիշերը Լիբանանէն ժամանած երկու աղջիկներն ու վերոյիշեալ հարսնցուին եղբայրը կ՚որոշեն ժամանցի համար Երեւանի ճաշարաններէն մէկը երթալ: Հարսնցուին եղբայրը կ՚առաջարկէ, որ քոյրը եւս միանայ իրենց. մանաւանդ որ տղան այդ գիշեր գործի է իսկ Լիբանանէն եկողները տարեկիցներ են:
Պահ մը ետք եղբայրը կը զգայ, որ քոյրը տագնապալի վիճակի մէջ է. կ՚ուզէ, սակայն միաժամանակ չ՚ուզեր երթալ: Եղբայրը քրոջ ձեռքէն կը վերցնէ հեռաձայնը եւ հետեւեալ երկխօսութիւնը կը կարդայ.-
ՀԱՐՍ: Եղբօրս եւ իր բարեկամուհիներուն հետ ճաշարան պիտի երթանք:
ՓԵՍԱՅ: Այնքան ատեն որ ես չկամ, տեղ մըն ալ չես կրնար երթալ:
ՀԱՐՍ: Բայց եղբայրս է... օտար մէկը չկայ. երկու աղջիկ, եղբայրս ու ես:
ՓԵՍԱՅ: Եթէ երթաս գիտցիր, որ երեսս անգամ մըն ալ չես տեսներ. ես քեզի ըսի չի՛ կայ երթալ:
***
Նիւթ Բ.- Վերոյիշեալ փեսան ծանօթութենէն ամիս մը ետք կը սկսի սահմաններ դնել. որոշել, թէ հարսնցուն որու հետ կրնայ խօսիլ, որու հետ կրնայ բարեկամութիւն ընել. շատ մը անձերու հանդէպ կը սկսի արգելքներ դնել «ասոր մէկ հատ ալ չես կրնար տեսնել» ըսելով: Ժամանակ մը ետք ամէն ջանք կ՚ընէ, որպէսզի աղջիկը տեղեկագրութիւն ներկայացնելու նման ամէն քայլափոխ տեղեկացնէ. ժամանակ մը ետք ընտանիքը հետեւեալ պատկերը կը պարզէ.
- Հիմա արթնցայ. հիմա նոր նախաճաշեցի. հիմա նոր տունէն քալեցի. հիմա եկեղեցի հասայ. հիմա եկեղեցիէն դուրս ելայ. հիմա դէպի տուն կ՚երթամ. եւ այս միջոցին վա՜յ թէ փեսացուն հեռաձայն ընէ հարսնցուին... եւ հարսնցուն չպատասխանէ... մի քանի անգամ պատահեցաւ այնպէս, որ աղջիկը զանգը չլսեց. վայրկեան մը ետք պատկերը հետեւեալն էր.- կը ներես շատ, չլսեցի...»:
Նիւթ Գ.- Վերոյիշեալ հարսնցուն իրականութեան մէջ բժշկութեան բաժին ուսանող երիտասարդուհի մըն է. օր մը փեսացուն, իր բացմտութեան եւ զարգացած խելքին վստահելով ինքնավստահ կը յայտարարէ. «Ես ամուսնանամ իմ կինս պիտի չաշխատի որ... թող նստի տունը մաքրութիւնը ընէ, ճաշը ընէ պզտիկներուն նայի»: Աղջկան ընտանիքը դարձեալ համբերատար ըլլալով կը փորձէ բացատրել, որ աղջկան ուսումն ու աշխատանքը շա՜տ շատ աւելի մեծ գումարներ կրնայ վաստակիլ՝ քան տղան՝ որ նիւթապէս այնքան ալ փայլուն վիճակի մէջ չի գտնուիր:
Նիւթ Դ.- Ժամանակ մը ետք տղուն քով երեւան կու գայ «Ե՛ս կ՚որոշեմ» յայտնի դարձուածքը. որովհետեւ անոր համոզումով ինքը «տղամարդ»ը ըլլալով ամէ՛ն բան ըսելու եւ որոշելու անառարկելի իրաւունքը ունի, մինչ աղջիկը պէտք է ամենայն համեստութեամբ յօժարի ու համակերպի: Մինչեւ իսկ կը սկսի որոշել, թէ աղջիկը ինչ կրնայ հագուիլ եւ ինչ չի կրնար հագուիլ: Աղջկան հեռաձայնը կը միացնէ իր հեռաձայնին՝ որպէսզի ինչ նամակ որ աղջիկը ստանայ ինք եւս առիթը ունենայ կարդալու եւ տեղեկանալու:
Բարեկամական հաւաքի ժամանակ յանկարծ աղջկան հեռաձայնին զանգ կու գայ կամ նամակ... «հո՛ս տուր, նայիմ ո՛վ է». իրաւունքը ունի մինչեւ իսկ պատասխանելու եւ «մէկ հատ ալ մի զանգեր» ըսելու:
Նիւթ Ե.- Մարդոց ներկայութեան «ձայն բարձրացնել»ու սովորութիւնը ծնունդ կ՚առնէ. հրամայական շեշտով, նոյնիսկ հարազատներու ներկայութեամբ «հո՛ս եկուր», «հո՛ն գնայ». առիթով մը աղջիկը հարազատներու հաւաքին կ՚ուզէ զարմիկներուն քով նստիլ պահ մը. տղան ջղային ոճով «հո՛ն անցիր» մը կ՚ըսէ. աղջիկը կ՚ըսէ «հոս պիտի նստիմ խօսիմ քիչ մը». տղան ոճը աւելի անմարդկային դարձնելով «հոն անցի՛ր ըսի» մը կ՚ըսէ, որուն դիմաց աղջիկը հլու հնազանդ «հո՛ն» կ՚անցնի:
Ու հիմա, երբ համբերութեան բաժակը կը յորդի, թէ՛ տղան եւ թէ՛ հարսնցուն կը զարմանան, թէ ինչու ընտանիքը դէմ է նման «միութեան», որ միութենէ աւելի մենիշխանութիւն մըն է:
***
Մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները հասկնան, որ ամուսնութիւնը նպատակ մը չէ. ամուսնութիւնը պարզապէս կեանքը բարելաւելու, նոր նպատակներ ու սահմաններ ճշդելու եւ պայքարելով նուաճելու այդ բոլորը: Թող մեր աղջիկները հասկնան, որ իրենք չեն ամուսնանար ուրիշին գերին դառնալու կամ ուրիշին կողմէ իշխուելու եւ առաջնորդուելու համար. միա՛յն տկարամիտներն են, որ այդպէս կ՚ապրին: Ամէն աղջիկ, որպէս ազատ մարդ արարած, իրաւունքը ունի իր կեանքը ապրելու ո՛չ թէ ուրիշին քմահաճոյքին, այլ իր սեփական ուրախութեան եւ ազատութեան ի խնդիր:
Մարդ կեանքի մէջ քայլ կ՚առնէ, որպէսզի իր կեանքը դէպի աւելի ուրախ ապագայ առաջնորդէ եւ ո՛չ թէ դէպի բանտ, որովհետեւ նման բնաւորութեան տէր փեսացուներ եթէ ընկեր-ընկերուհի եղած ժամանակ այսպէս են... ամուսնութենէ ետք (ուր ճշմարիտ երեսը կը պարզուի) նոյնիսկ կրնան զրկուիլ հարազատ մօրը այցելութիւն տալու շնորհքէն... որովհետեւ այդտեղ ո՛չ թէ մենք... այլ տգիտութեան «ե՛ս կ՚որոշեմ»ը կ՚իշխէ:
Իսկ եթէ այդ բոլորով հանդերձ կան անձեր, որոնք առանց խնդիր տեսնելու կը շարունակեն նման միութեան մը կարելիութիւնը պաշտպանել... իրենց համար Աստուծմէ պարզապէս խելք կը խնդրեմ...
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՄԱՐԻ ԱԹՄԱՃԵԱՆ
(1914-1999)
Մեր թուականէն 23 տարիներ առաջ՝ 13 յունիս 1999-ին Փարիզի մէջ մահացած է բանաստեղծուհի, գրական եւ հասարակական գործիչ Մարի Աթմաճեան:
Մարի Աթմաճեան եղած է քոյրը գրող եւ բանաստեղծ Սեմայի (բուն անունով՝ Գեղամ Աթմաճեան):
Մարի Աթմաճեան ծնած է 5 դեկտեմբեր 1914 թուականին, Տրապիզոնի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Դպրոցասէր տիկնանց վարժարանէն ներս, ուր կատարած է իր գրելու նախափորձերը: Աթմաճեան 1922 թուականին որբերու հոսանքով հասած է Յունաստան, ուր աւարտած է նախակրթարանը եւ որոշ ժամանակ յաճախած է Սալոնիկի ֆրանսական իգական երկրորդական վարժարանը: Ուսումը աւարտելէ ետք 1925 թուականին Մարի իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Հալէպ, ապա 1928 թուականին անցած են Եթովպիա, ուր տարի մը մնալէ ետք Մարի Աթմաճեան մեկնած է Փարիզ, իր ուսումը շարունակելու Սորպոնի համալսարանէն ներս` հետեւելով գրականութեան դասընթացքներուն:
Մարի Աթմաճեան պատանի տարիքէն՝ 1930 թուականէն սկսած է բանաստեղծութիւններ հրատարակել «Ջանք» գրական եւ հասարակական ամսագիրին, ինչպէս նաեւ «Մշակոյթ» հանդէսին մէջ: Յետագային աշխատակցած է նաեւ «Անահիտ», «Նոր Գիր», «Զուարթնոց» եւ այլ պարբերականներու:
Մարի Աթմաճեան հրատարակած է իր բանաստեղծութիւններու ժողովածուները, «Յաւերժական ուղիներով», «Վերջալոյսէն առաջ», «Աստեղաքաղ», «Ոսկի գեղօն» խորագրերով:
Աթմաճեան երկար տարիներ եղած է Ֆրանսահայ գրողներու միութեան նախագահ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024