ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐ - Ա.
Հայոց մէջ կաթոլիկութեան տարածման գլխաւոր գործիչները դարձան եւ այն վանական կարգերը՝ որոնք ԺԸ. դարուն հաստատուեցան. այդ կարգին էին՝ Մխիթարեաններ եւ Անտոնեաններ։ Մխիթարեաններ յայտնի միաբանութեան հիմնադիրը եղաւ Մխիթար Սեբաստացին՝ ծնած 1676 փետրուար 7 թուականին։ Մանկութեան հասակին երկու կոյսերու խնամքի տակ ան իր հոգեւոր դաստիարակութիւնը կը ստանայ եւ ապա կը մտնէ Սեբաստիոյ Ս. Նշան վանքը, ուր ապա 1691 թուականին՝ 15 տարեկան հասակին սարկաւագութեան աստիճան կը ստանայ։ Հոգեւոր կրթութեան փափաքով տոչորուած՝ ան Սուրբ Էջմիածնի նուիրակ Միքայէլ Արքեպիսկոպոսի հետ Մայր Աթոռ կ՚երթայ եւ ճանապարհին Կարին քաղաքը՝ առաջին անգամ ան պատահմամբ կը տեսակցի Յիսուսեան կրօնաւորի մը հետ եւ անկէ կաթոլիկ դաւանութեան մասին տեղեկութիւն կը ստանայ եւ վերջապէս ձեռք կը ձգէ եւ կը կարդայ «Խոկումն Քրիստոնէական» գիրքը՝ Յակովբ Հոլով հայ կաթոլիկ քահանայի թարգմանութեամբ, որով Կաթոլիկ Եկեղեցիի դաւանութեան մասին իր ծանօթութիւնը աւելի կ՚ընդլայնի։
Այս կայծը անոր սրտին մէջ հետզհետէ կը բորբոքի։ 1693 թուականի կէսերուն հայրենիք վերադառնալով՝ ան նորէն Կարին կը մտնէ եւ կ՚իջեւանի Պօղոս անունով անձի մը տունը, որ Հռովմ կը գտնուէր։ Հռովմի համբաւով սքանչացած՝ ան վերջապէս կ՚որոշէ իր հոգեւոր փրկութեան համար Արեւմուտք անցնիլ։
Այս նպատակով ան Սեբաստայէն Բերիա (Հալէպ) կ՚երթայ եւ այնտեղ Հ. Անտոն Բովոլիէ եւ Հ. Յովհաննէս Վերցոյ Յիսուսեան (Յիսուսեան՝ 16-րդ դարուն՝ Իգնատիոս Լոյոլայի կողմէ հիմնուած միաբանութիւն. «Ժեզուիթ») կրօնաւորներու առջեւ 1695 մայիս 30 թուականին դաւանութեան թուղթ կու տայ, եւ Հ. Անտոնից Յիսուսեան կարգի մեծաւորի անունով յանձնարարական թուղթ կը ստանայ։
Այլեւայլ դժուարութիւններու հանդիպելով Մխիթարեանը չի կրնար Հռովմ երթալ, ինչպէս որ կը փափաքէր, եւ կրկին Սեբաստիա կը դառնայ՝ ուր եւ 1696 թուականին աբեղայ կը ձեռնադրուի։ Այս շրջանին անոր ձեռքը կ՚անցնի Թովմա Գեմբացի «Համահետեւումն Քրիստոսի» յայտնի միստիքական գործը՝ Յակովբ Հոլովի թարգմանութեամբ (տպագրութիւն՝ 1647 թուականին՝ Պրոպագանդայի տպարանը), որ խորապէս կ՚ազդէ անոր վրայ, ան այս շրջանին կը մտածէ կրօնաւորական միաբանութիւն մը հաստատել՝ հայ ազգը հոգեւորապէս վերանորոգելու եւ Հռովմէական եկեղեցիի ծոցը դարձնելու համար։
Թովմա Գեմբացի ուռկանով ան Սեբաստիայի մէջ արդէն կ՚որսայ Յովհաննէս պատանին, որ ապա անոր հիմնարկած միաբանութեան անդամ կը դառնայ։ Այսպիսի միաբանութիւն մը գլուխ բերելու համար ան կը ձգտի օգնականներ եւ ընկերներ գտնել. կ՚երթայ Պոլիս եւ իր գաղափարը կը յայտնէ Պրոպագանդայի աշակերտ Խաչատուր Վ. Էրզրումցին, բայց այս գործի դժուարութիւնները առաջ բերելով կը հրաժարի այդպիսի գաղափար մը իրականացնելէ։ 1700 թուականին Մխիթարը կրկին Պոլիս կու գայ, եւ իր քարոզներով Ղալաթիայի Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցին ան ունկնդիրներ կը գրաւէ։
Այդ շրջանին ան կը տպագրէ Թովմա Գեմբացի գիրքը՝ որ իր ներանձնութեան նուիրուելու գաղափարին այնքան խոր զարկ տուած էր, եւ ուրիշ քանի մը գիրքեր։ Այստեղ Պոլիս առաջին անգամ կը շահի իրեն իսկակա՛ն հետեւողներ, աշակերտներ, որոնց հետ եւ իր փափաքած միաբանութեան հիմքը կը դնէ. 1701 սեպտեմբեր 8-ին, նուիրելով նոյնը Սուրբ Աստուածածնի առանձին պաշտպանութեան։
Պատմութիւնը արդէն կը վկայէ, որ Պոլիս 1689 թուականներուն հայութեան մէջ կաթոլիկութեան պատճառով կրօնական հակառակութիւն ստեղծուած էր. հայութեան մեծամասնութիւնը իր մայրենի եկեղեցիին յարած՝ կը հալածէր այն անհատները՝ որոնք կաթոլիկ վարդապետութիւնը ընդգրկած էին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 12 2023, Իսթանպուլ