ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Իր ամենալայն առումով, «բարոյականութիւն»ը մարմնաւորումն է բարիին՝ գեղեցիկին՝ ճշմարիտին եւ արդարին, որ կը ներկայացնէ բարոյական բարձր արժէք մը՝ բարձրութիւն, ազնուութիւն, առաքինութիւն եւ գիտակցութիւն։
Իսկ «բարոյագիտութիւն»՝ «éthique» կը նշանակէ՝ փիլիսոփայական ուսմունք բարոյականութեան՝ որպէս հասարակական գիտակցութեան ձեւերէն մէկուն մասին՝ բարոյական կանոններ՝ սկզբունքներ քարոզող խրատաբանութիւն։ Եւ այս ուղղութեամբ «étiquette» կը նշանակէ՝ կարգ-կանոն, կարգուձեւ, սովորագիտութիւն։
Այս մասին հետաքրքրական է սա հարցումը՝ թէ «բարի»ն եւ «բարոյականութիւն»ը համընթա՞ց արժէքներ են, թէ՝ հակադիր կամ իրերամերժ։ Ո՞րն է Աստուծոյ կամքը՝ բարի՞ն, թէ բարոյականութիւնը։ Ուրիշ խօսքով՝ Ամենաբարին Աստուած բարոյականութիւնը ստեղծա՞ծ է, թէ՝ գտած։ Կամ, ըսենք՝ Աստուած հրամայած եւ սիրած շարժումները՝ բարոյապէս բարի՞ ըլլալնուն համար կը հրամայէ եւ կը սիրէ, թէ՝ Աստուծոյ հրամայած եւ սիրած բաները, շարժումները բարոյականութեան արժէք կը ստանան։ Այս երկուութիւնը կը ներկայացնէ երկու տարբերակներ՝ որոնք երկուքն ալ անընդունելի վիճակ մը կը ստեղծեն։
Բայց քանի որ ամէն բանի միակ ստեղծիչը, արարիչը Աստուած է, ապա ուրեմն բարոյականութիւնն ալ Ան է ստեղծած, ինչ որ Պղատոնի «Euthyphron» երկախօսութեան առարկայ չի՛ կրնար ըլլալ։
Immanuel KANT (1724-1804) երբ կը խորհրդածէ բարոյականութեան վրայ, կը հարց-նէ. «Ի՞նչ է բարոյագիտական շարժումը»։
Արդարեւ, իմաստասիրական շատ կարեւոր եւ նոյնքան շահեկան արժէք մը կը ներկայացնէ այս հարցումը։ Ըստ Immanuel KANT-ի բարոյագիտական շարժումի մը շարժառիթը անձին հակումները՝ բնական միտում կամ ձգտումները, զգացական մղումները եւ ակնկալած օգուտները կամ շահերը չեն, այլ՝ պարտաւորութեան մը՝ պարտականութեան կամ պարտադրութեան ընդհանուր ըմբռնո՛ւմը։ Զոր օրինակ, կարօտեալ անձի մը՝ չքաւորի մը որեւէ կերպով օգնել, անոր աջակցիլ՝ եթէ ողորմութեան զգացման հետեւանք է եւ ո՛չ թէ պարտականութեան գիտակցութիւն կամ ըմբռնում, ըստ KANT-ի բարոյականութիւն կարելի չէ անուանել։ Ուստի բարոյականութիւնը պարտականութեան արդիւնք է, եւ այս իսկ պատճառով ալ բոլորովին նպատակէն շեղած՝ յետին նպատակներով ողորմութիւն մը, նոյնպէս կարելի չէ բարոյականութիւն համարել. զոր օրինակ, մարդոց «բարի երեւել»ու համար կատարուած օգնութիւն մը թերեւս արտաքնապէս «բարի արարք» մըն է, բայց բարոյականութեան սահմաններուն մէջ բարոյագիտական շարժում մը կարելի չէ սեպել, քանի որ պարտաւորութեան գաղափարէն զո՛ւրկ է եւ նպատակէն շեղա՛ծ։
Immanuel KANT, այս իմաստով, կ՚ըսէ՝ թէ իրերու եւ արարքներու ճշմարիտ էութեան մասին կարելի չէ՛ անթերի, կատարեալ պատկեր մը ստանալ։ Ըստ իրեն, «noumena» տեսանելի աշխարհի ետին գտնուող աշխարհը կարելի չէ՛ ըմբռնել եւ գիտնալ։ Ան երբեմն ալ կը գործածէ «noumenon» բառը։ Այսինքն՝ noumena (=եզակի) եւ կամ «noumenon» (=յոգնակի)՝ կարելի չէ ճշդել, թէ ի՞նչ է ճշմարտութիւնը՝ եզակի՞ թէ յոգնակի։ Ասիկա իրապէս կարելի չէ գիտնալ, քանի որ մարդկային միտքը սահմանափակ է՝ չափաւոր կարողութեան տէ՛ր։
Այս բոլոր խորհրդածութիւններուն փոխարէն զգայարաններու միջոցով ըմբռնուած շրջապատը փորձառութեամբ կը զարգանայ, որուն կ՚ըսէ KANT «երեւոյթներու աշխարհ»։
Մարդուս դիտած եւ տեսած եւ ըմբռնած աշխարհը ահաւասիկ այս «երեւոյթներու աշխարհ»ն է. այս պատճառով ան կրնայ տեսնել միայն «երեւոյթներու աշխարհ»ը եւ ո՛չ թէ «noumenal» աշխարհը՝ որուն իսկութիւնը ծածկուած է մարդուս մտային եւ զգացական կարողութիւններուն։
Ըստ KANT-ի բարոյականութիւնը ո՛չ միայն «ի՛նչ» ընելու, այլ նաեւ՝ «ի՛նչու» ընելու հետ կապ ունեցող արժէք մըն է։ Այն որ շիտակ շարժում մը կ՚ընէ՝ ուղիղ կը վարուի, զայն չ՚ըներ միայն իր զգացումներուն մղումով։ Ուստի շարժում մը, որոշում մը պէտք է միտքէն մղում ստանայ, քանի որ ի՛նչ որ ալ զգայ, ի՛նչպէս ալ զգայ մարդ, իրեն պարտականութիւնը յիշեցնողը եւ ի՛նչպէս պէտք է շարժի, ասիկա մի՛տքն է որ ցոյց պիտի տայ։ Այս պատճառով, KANT կը խորհի՝ թէ պէտք չէ՛ միջամտէ զգացումը բարոյականութեան։ Զգացումներ մեծ մասամբ պատահական երեւոյթներ են, զոր օրինակ, ոմանք կարեկից են՝ ուրիշներուն ցաւերուն, նեղութիւններուն մասնակցող, ոմանք ալ՝ անտարբեր եւ մինչեւ իսկ անգութ, այս ուղղութեամբ ոմանք «համակրական հասկացողութիւն» (=empathy) ունին ուրիշներու հանդէպ, ոմանք ալ՝ հակակրանք, բնական խորշանք կը զգան եւ անսիրելիութեան վատ զգացումով կը շարժին։ Ոմանք սէր ունին իրենց սրտին մէջ, ոմանք՝ ատելութի՛ւն։
Ուրեմն, սապէս խորհինք, բարոյականութիւնը KANT-ի տեսութեամբ եթէ պարտականութիւն մըն է եւ կապ չունի զգացողական աշխարհի հետ, պէտք է որ ամենէն անգութ, ատելութեամբ լեցուած, անսիրելիութեան զգացումով շարժող մէկն ալ իր մտքին հետեւելով, եւ բարոյականութիւնը պարտաւորութիւն մը համարելով կարեկից ըլլայ եւ օգնէ կարօտեալներուն։ Այս իմաստով գործնական տեսութիւն մըն է KANT-ին տեսութիւնը, թէ ամէն պարագայի պէ՛տք է կարեկցիլ եւ օգնել կարօտեալներուն։ Եւ հոս կ՚արժէ յիշել Աւետարանի «Բարի Սամարացի»ին առակը եւ մարդուն՝ արարչութեամբ ստացած իրերօգնութեան կոչո՛ւմը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 8, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024