ՊԱՏԱՐԱԳԻՉ ՍԱՓՐԻՉԸ
Ամերիկայի Սաութ Տաքոթա նահանգի Փարքըր աւանին մէջ գաղթական հայ մը կ՚երթայ վաթսունի սեմին հասած միջահասակ սափրիչի մը մօտ՝ ածիլուելու համար:
Բազկաթոռին յենած կը սպասէ, որ իր կարգը հասնի: Որոշ ժամանակ ետք սափրիչը օճառամանի մը մէջ տաք ջուր դնելէ ետք կը սկսի օճառը տարածել մեր հայ գաղթականի երեսին:
Առաջին վայրկեանէն գաղթականին ուշադրութիւնը կը գրաւէ օճառամանը. ուշագրաւ քանդակագործութիւն մը, նուրբ փորագրութիւններով: Արծաթագոյն, շրջանակաձեւ օճառաման մը: Չկարենալով իր հետաքրքրութիւնը պահել գաղթականը ցոյց տալով օճառամանը կ՚ըսէ. «Արուեստի իսկական գլուխ-գործոց մը»:
-Անկասկա՛ծ, զուտ արծաթ է, զո՛ւտ արծաթ,- մատի թեթեւ հարուած մը տալով օճառամանին կը հաստատէ սափրիչը.- կը լսէ՞ք ի՜նչ հնչուն ձայն ունի: Բաժակին ներքին մասն ալ ոսկեզօծ է:
Գաղթականը ձեռքը կ՚առնէ օճառամանը աւելի՛ մօտէն ստուգելու համար: Ի՜նչ առեղծուած. օճառամանին վրայ կը տեսնէ յստակօրէն ընթեռնելի հայերէն արձանագրութիւն մը.- «Յիշատակէ Սկիհս Հանգուցեալ Զաքարիա, Վարդենի, Ի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ»: Սափրիչին օճառամանը եկեղեցական սկի՜հ մըն էր:
Սափրիչը տեսնելով յաճախորդին զարմանքը, հարց կու տայ.- «Կ՚երեւի շատ սիրեցիք»:
-Այո՛... կ՚ուզեմ ունենալ հատ մը-, կը պատասխանէ մեր գաղթականը:
-Ո՛չ մէկ տեղ կարելի է գտնել նմանը:
-Իսկ դուք ուրկէ՞ կրցեր էք ձեռք բերել զայն:
-Տարիներ առաջ, իբր միսիոնար ղրկուած էի Թուրքիոյ ներքին գաւառները: Այդ միջոցին գործերս լաւ չէին ընթանար եւ ստիպուեցայ ստանձնել միսիոնարի պաշտօնը: Մեր կեդրոնատեղին Խարբերդն էր, բայց ես ղրկուած էի շրջանները քարոզելու: Օր մը մէկը բախեց դուռը: Ապահովելէ ետք թէ անվնաս մէկն է, բացի դուռը: Ծերունի քահանայ մըն էր: Սարսափն ու վիշտը միացեր էին դէմքին վրայ: Յուզումով մի քանի բան ըսաւ. «Մենք կը մեկնինք վաղը. ո՞ւր՝ ո՛չ ոք գիտէ: Այս ուշ գիշերին եկայ ձեր մօտ խնդրանքի մը համար: Ձեզի աւանդ մը պիտի յանձնեմ: Խնդրեմ խնամքով պահեցէք զայն: Եթէ Աստուած ուզէ, որ ողջ մնանք ու ետ գանք, կը վերադարձնէք զայն մեզի, մեր եկեղեցիին... Եթէ ոչ՝ հարկաւ կը գտնուին տեղ մը վերապրողներ մեր ժողովուրդէն» ու յանձնեց ծրար մը: Օր մը դիպուածով հին գոյքերուս մէջ աչքիս զարկաւ ծերունիին յանձնած ծրարը: Բացի. գիրքեր, խաչեր, աշտանակներ... եւ այս անօթը: Միւսները անկարեւոր բաներ էին, բայց այս մէկը ուրախացուց զիս: Լաւ օճառաման կ՚ըլլար (պատմուած Տ. Վարժապետեանի կողմէ):
***
Չկարծէ՛ք որ սրբազան սկիհի թշուառ պատմութիւնը տասնամեակներ առաջ տեղի ունեցած է. այդ մէկը պատահած է երէկ, պատահած է այսօր եւ պիտի պատահի վա՛ղը, որովհետեւ սփիւռքի տարածքին ապրող մեր հայորդիները չեն տարբերիր այն սկիհէն՝ որ օտարին համար ո՛չ մէկ նշանակութիւն կամ արժէք կը ներկայացնեն:
Այսօր բոլոր այն սրբութիւններն ու արժէքները, որոնք մենք կը փորձենք որպէս թէ պահել սփիւռքի պայմաններու մէջ՝ օտարին աչքին անարժէք ճշմարտութիւններ են: Մենք կը կարծենք, որ կարելի՞ է մեր զաւակները օտար դպրոցներ ղրկելով, օտար ամուսնութիւններու առաջնորդելով պիտի կարենանք պահել մեր ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը: Եթէ մենք սկիհին մէջ կը տեսնենք ամբողջ ժողովուրդի մը հաւատքը, երկիւղածութիւնն ու նուիրուածութիւնը, օտարը լոկ որպէս օճառաման կը դիտէ այդ մէկը: Նոյնն է նաեւ պարագան մեր հայրենասիրութեան. եթէ գերագոյն արժէք է այդ մէկը մեզի համար, օտարին համար ոչնչութիւն է:
Ինչպէս որ հայ գաղթականը սկիհի օճառով ածիլուեցաւ, մենք եւս օտարանալով մեր արժէքներէն ժամանակ մը ետք կը սկսինք ինքներս սրբապղծել այդ արժէքները:
Ծերունի քահանան կը փորձէր փրկել հայկական արժէքները, որոնք օտարին մօտ «անկարեւոր» կը դառնան: Մենք այսօր մեր զաւակները յանձնելով այդ «անկարեւոր» նկատողներուն, ինչպէ՞ս կրնանք սպասել այդ սրբազան արժէքներու պահ-պանումն ու գոյատեւումը: Մեր օտարացած զաւակներուն մօտ եւս ժամանակ մը ետք այդ բոլորը, կամայ թէ ակամայ պիտի սկսին «անկարեւոր» դառնալ:
Վերոյիշեալ պատմութեան մէջ մեղաւորը սափրիչը չէ՛, որովհետեւ ինք օտար ըլլալով ո՛չ մէկ պարտաւորութիւն ունի պահպանելու արժէք մը՝ որ ի սկզբանէ իրենը չէ: Մեղաւոր չէ՛ նաեւ ծերունի քահանան, որ միամիտ երկիւղածութեամբ կու գար փրկելու սրբազան արժէքներ, առանց գիտնալու որ օտարին մօտ կը մեռնի՛ն այդ բոլոր արժէքներն ու սրբութիւնները:
Մեր զաւակները այսօր Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ սփիւռքի երեսին օտարին ձեռքը յանձնուած մէյ մէկ սկիհներ են, որոնք արժեզրկուելով պիտի վերածուին օճառամաններու, սկիհի վրայ գրուած հայերէն արձանագրութեան պէս մականունի «եան»ով մը պահելով իրենց հայ ըլլալու ճշմարտութիւնը:
Սափրիչը սկիհով պատարագե՛ց, սակայն այս անգամ ո՛չ թէ Քրիստոս, այլ հայութիւնը պատարագուեցաւ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱՐՄԷՆ ԶԱՐԵԱՆ
(1914-1994)
Մեր թուականէն 107 տարիներ առաջ՝ 13 սեպտեմբեր 1914-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է ճարտարապետ Արմէն Զարեան. որդին է գրող, բանաստեղծ, արձակագիր եւ գրականագէտ Կոստան Զարեանի:
Զարեան իր կրթութիւնը ստացած է Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1932 թուականին: Վերջացնելէ ետք դպրոցական ուսումը երկու տարի ուսանած է Վենետիկի համալսարանի ճարտարապետական բաժնին մէջ, ուրկէ անցած է Հռոմ՝ շարունակելու համար իր ուսումը: 1937-1939 թուականներու միջեւ ուսանած է նաեւ Փարիզի մէջ:
Ուսումը ամբողջապէս աւարտելէ ետք 1947-1949 թուականներու միջեւ Զարեան որպէս ճարտարապետ աշխատած է Վիեննայի մէջ, ուրկէ մեկնած է զանազան երկիրներ, իտալացի ճարտարապետներու հետ միասնաբար նախագիծեր պատրաստելու: Զանազան երկիրներու մէջ պատրաստած է բնակելի տուներու նախագիծեր, շինելով ամբողջ թաղամասեր: Մասնակցած է կառավարութեանց կողմէ կազմակերպուած մրցումներու՝ արժանանալով զանազան մրցանակներու:
Զարեան 1963 թուականին իր ընտանիքին հետ միասին վերադարձած է Հայաստան եւ շարունակած է զբաղիլ իր նախասիրութեամբ: Հայաստանի համար նախագծած է բնակելի եւ հանրային օգտագործման համար նախատեսուած զանազան շէնքեր եւ կառոյցներ, որոնցմէ շատեր կը գտնուին Էջմիածնի եւ Մաշտոցի պողոտայի վրայ: Զարեանի կը պատկանի նաեւ Աւանի Ձորի ամբողջական նախագիծը: Անոր կարեւորագոյն գործերէն են Թամանեան փողոցին կից գտնուող Գրողներու միութեան բնակելի շէնքի նախագիծը, Աբովեան փողոցի բարեկարգման նախագիծը, Հանրապետութեան մարզադաշտին կից գտնուող բնակելի թաղամասերու նախագիծերն ու Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէկ հատուածի նախագիծը: Զարեան մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու Երեւանի, Միլանի, Վենետիկի, Ամերիկայի, Թիֆլիզի եւ այլ երկիրներու մէջ:
Արմէն Զարեան արժանացած է աւելի քան տասնեակ մը տիտղոսներու, որոնցմէ են՝ «Հայաստանի Վաստակաւոր ճարտարապետ», «Իտալիոյ Քաղաքաշինութեան միութեան հիմնադիր մասնակից անդամ», «Ճարտարապետական Գիտութիւններու թեկնածու» եւ այլ տիտղոսներ:
Ան մահացած է 30 մայիս 1994 թուականին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ