ԱՅ՛Դ ԱԼ ՄԵՌԱՒ, ՎԱՐՊԵ՛Տ
Պրն. Զարեհ Եուսուֆեան բախտաւորութիւնը ունի անդենականին մաս դառնալու, որովհետեւ մեռնող արժէքներու կողքին իր միա՛կ կենդանի կարծած արժէքը այսօր նոյնպէս մաս կը կազմէ անդենականին:
Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Արեւելք» ազգային, գրական եւ քաղաքական օրաթերթի չորեքշաբթի, 14 փետրուար 1900 թուականի թիւին մէջ Ա. էջին մէջ «Փոխան ծաղկեփունջի» խորագրեալ յօդուածին մէջ յօդուածագիր Զարեհ Եուսուֆեան կը խօսի մեզմէ տակաւ առ տակաւ հրաժեշտ տուող աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն մասին: Պրն. Եուսուֆեան ցաւով կը խօսի մեր խորթացող նկարագիրին մասին, սակայն հպարտութեամբ կ՚արտայայտուի, թէ «աղքատասիրութիւնը եւ ողորմածութիւնը կան ու կը մնան իբր սկզբնական հոգետիպար հայ ազգաբանութեան»:
Յօդուածագիրը «կենդանի» մնացող այդ արժէքին մասին կը գրէ. «Ամէն հայ, նոյնիսկ ամենէն օտարացածը եւ անտարբերը, հոգածութեան եւ գութեան անսպառ գանձեր ունի կարծես իր սրտին խորը, երբ խնդիրը աղքատ մը, որբ մը եւ հիւանդ ազգակից մը մխիթարելու վրայ է». այսօր՝ 122 տարիներ ետք կու գանք Պրն. Եուսուֆեանին «այ՛դ ալ մեռաւ, վարպե՛տ» ըսելու՝ գիտակցելով որ կարծես տակաւ առ տակաւ պիտի մեռնի ամէ՛ն արժէք՝ որ տակաւին հոգեվարքի մէջ է:
Թէեւ Պրն. Եուսուֆեանի յօդուածէն երկու տարիներ առաջ՝ 1898 թուականին գրող Գրիգոր Զօհրապ «Անմահութիւնը աժանցած» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը բարձրաձայնէր մեր իրականութենէն ներս բարերարներու եւ մարդասէրներու պակասը. Զօհրապ կը մատնանշէ, որ բարերարները կը դառնան կէս-բարերարներ ու անոնց կը յաջորդեն «քառորդ բարերարներ»ը՝ ըսել ուզելով որ մարդ կը սկսի նուազեցնել իր օգնութեան սահմանները:
Հաւանաբար պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ, որ մեր սփիւռքը հիմնուեցաւ մասնաւորապէս ա՛յն ժամանակ՝ երբ տակաւին մարդասիրութեան եւ աղքատասիրութեան արժէքը կենդանի էր, որու շնորհիւ գրեթէ աշխարհի ամէ՛ն անկիւն ունեցանք եկեղեցի, դպրոց, հիւանդանոց, մամուլ, ակումբ եւ գրեթէ ամէն բան՝ որ կարիքը կար սփիւռքի մէջ Հայաստան մը ստեղծելու: Ցեղասպանութեան այդ տարիներուն Սահակ Կաթողիկոս Խապայեան կը գրէր. «Ո՞վ պիտի տար ինձ վեհարան մը, հոգ չէ թէ այն խրճիթ մը եղած ըլլար, ո՞վ պիտի շնորհէր ինձ Մայր Տաճար մը, փոյթ չէ թէ այն տախտակաշէն պարագ մը եղած ըլլար, ո՞վ պիտի տրամադրէր ինձ քանի մը խցիկներ, ուր կարենայի դպրեվանք մը բանալ եւ տպարան մը հաստատել»։ Անթիլիասի ներկայ վիճակը վկայ, որ գտնուեցան մարդիկ, որ խրճիթի փոխարէն տուին հսկայական շինութիւն մը, տախտակաշէն Տաճարի մը փոխարէն՝ բարձր գմբէթներով Տաճար մը, խուցերու փոխարէն ընդարձակ դպրեվանք մը:
Այս բոլոր արժէքներուն մահ-ւան վկան թող ըլլայ վերջերս փակուած Յորդանանի միակ հայկական դպրոցի փակումը։ Համեմատած անցեալին այսօր շա՜տ աւելի հարուստ հայեր ունինք աշխարհի տարածքին վրայ, սակայն չկար մէկը՝ որ իր նիւթական աջակցութեամբ կարենար կենդանի պահել հայը հայ պահող կարեւորագոյնը՝ դպրոցը, որ այսօր նիւթական հասոյթ բերելու միտումով վար-ձու տրուած է արաբներու...:
Ցաւ ի սիրտ մեր հաստատութիւնները, որոշ ժամանակ Պրն. Եուսուֆեանի նման կը հաւատային, որ այդ աղքատասիրութեան եւ իրերօգնութեան ոգին երբեք վերջ պիտի չգտնէ հայերուս մէջ եւ այդ տրամաբանութեամբ մեր հաստատութիւնները չեն ձգտած ըլլալ ինքնաբաւ եւ մի՛շտ ապրած են բարերարներու յոյսով՝ որոնք տակաւ առ տակաւ կը նուազին. այսօր եթէ մէկը բարերարութիւն կ՚ընէ, շատ մեծ հաւանականութիւն կայ որ զաւակները չընեն եւ հետեւաբար կա՛մ նոր եւ կա՛մ հին բարերարներու յոյսին ձգուած են այսօր մեր բոլոր հաստատութիւնները:
Տեղ մը կը մեղադրենք եկեղեցին՝ խորհուրդները դրամի դիմաց կատարելու համար, կը մեղադրենք դպրոցը՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ կրթաթոշակները բարձրացնելուն համար, սակայն այս բոլորը չկատարելու պարագային մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները պիտի բռնեն Յորդանանի դպրոցի ճամբան (չըսելու համար շատեր այդ ճամբու մէջ են արդէն իսկ...):
Գրիգոր Տաթեւացի խօսելով ողորմութեան մասին կ՚ըսէ. «Ողորմութիւնն ի վիշտս պայծառացուցանէ զհոգիս տուողին եւ առնողին», սակայն այսօր ողորմութիւնը նոյն ազդեցութիւնը չի՛ ձգեր թէ՛ առնողին եւ թէ՛ տուողին մօտ, որովհետեւ տուողը կու տայ նպատակի մը համար, իսկ առնողը այդ մէկը ողորմութենէ աւելի որպէս իրաւունք կը դիտէ. անցեալին պատահած դժբախտութեան մը դիմաց, անձը ծանօթ ըլլայ թէ անծանօթ որոշ սիրտի ցաւ մը կը պատճառէր լսողին մօտ, սակայն այսօր կեանքը այդ բոլորը պարզ ու բնական դարձուց բոլորիս համար. ժամանակը իր հետ փոխած է մարդոց մտածումները եւս. եթէ անցեալին աղքատութիւնը դժբախտութիւն էր, այսօր բնական երեւոյթ մըն է եւ անոր հակառակ հարստանալն է տարօրինակ:
Այս բոլորին մէջ ճիշդ մը եթէ կայ, այդ ալ բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց «Աստուած օգնէ» արտայայտութիւնն է, որովհետեւ եթէ մեր աղքատները մնան մեր հարուստներու յոյսին... թող վստահ ըլլան, որ անոնց վախճանը հեռու պիտի չըլլայ:
Պէտք է համոզուիլ, որ տեղ մը ողորմած ըլլալը հարուստ ըլլալու հետ ալ կապ չունի, որովհետեւ ողորմութիւնը որոշ նիւթական մը ունենալու չափանիշ մը չունի. յաճախ աղքատը աղքատին հանդէպ ողորմած է, որովհետեւ ողորմութիւն է ո՛չ թէ մեծ գումարներ տալը, այլ ողորմութիւն է օգնութեան հասնիլն ու սրտցաւ զգալը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -43-
Տարիներ առաջ պատահմամբ մամուլի ճամբով իմացայ, որ լիբանանահայ մեծահարուստ մը՝ որուն անունը ցայսօր գաղտնի կը մնայ, 115 միլիոն տոլարի դիմաց Տուպայիի թագաւորէն գնած է Լիբանանի մէջ գործող յայտնի «Ֆոր Սիզըն» պանդոկը:
Լիբանանի մէջ բազմաթիւ հայ աշակերտներ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով կա՛մ դպրոց չեն յաճախեր եւ կամ պետական-արաբական դպրոցներ կ՚երթան. ներկայ նիւթական ահաւոր պայմաններուն բազմաթիւ պատանիներ դպորցական գրասեղանները ձգած աշխատանքի նետուած են՝ իրենց ծնողներուն որոշ նիւթական աջակցութիւն ունենալու համար... ո՞ւր են «Ֆոր Սիզըն» պանդոկի տէրն ու անոր նմանները:
Հաւանաբար ըսէք, որ անոնք պարտաւոր չեն... պատասխանեմ Քաթիպայի բառերով. «Թէ որ քո փողից հայ ազգին օգուտ չի կայ, թքել եմ քո՛ էլ, փողիդ էլ վրայ...»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ