ԲՈՅՍԵՐ՝ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ - Ե -

ՈՊՆԻԱԶ. (ԵԶԵԿ. ԻԷ 15)։ Այս փայտը մեծապէս յարգի է իր գոյնին եւ կարծրութեան համար։ Արեւելքի եւ մանաւանդ Սէյլան կղզիին մէջ մեծ առատութեամբ բուսնող տեսակ մը արմաւենիի միջին կարծր մասն է այս։ (Ոպնիազ=եբենոս=«ապանօզ»= «ébène»). սեւ եւ շատ ծանր է, որմէ կը շինուին պերճանքի կահեր, ճախարակեայ գործուածներ։

ՈՍՊ. Տեսակ մը ունդ, որ կը գործածուի թան կամ ապուր շինելու. (ԾՆՆԴ. ԻԵ 34), (Բ ԹԱԳ. ԺԷ 28)։

ՈՐԹ կամ ԱՅԳԻ. (ԾՆՆԴ. Թ 20), եւ այլն։ Ամենուն ծանօթ տունկ է (=խաղողի տունկ) եւ բոլոր արեւելքի մէջ շատ յարգի։ Կը բուսնէր Պաղեստինի դարաւանդներուն եւ բլուրներուն վրայ. (ԵՍ. Ե 1), (ՄԻՔ. Ա 6), կամ ցած գետնի վրայ. (ԵԶԵԿ. ԺԷ 5-6)։ Երբեմն շատ կ՚երկարին իր բարունակները, ուստի եւ խեչակներու կամ ձողերու վրայ առնուելով հովանի կու տան (Գ ԹԱԳ. Դ 25)։ Այսպիսի հովանոցներ ցարդ կը գտնուին արեւելքի մէջ, եւ ձողաբարձ (=ասմալըգ) կը կոչուին։ Սուրբ Գիրքի մէջ որթի ազնիւ տեսակին նմանցուած են ազնուաբարոյ մարդիկ. (ԵՐԵՄ. Բ 21), (ԵՍ. Ե 2), ինչպէս վատ տեսակի եւ անարգ մարդիկ նմանցուած են վայրի որթի. (Բ ՕՐ. ԼԲ 32)։

ՈՐՈՄ. (ՄԱՏԹ. ԺԳ 25)։ Տեսակ մը սէզ կամ խոտ. կը նմանի ցորենի, մանաւանդ երբ նոր բուսած է։ Կը նուազեցնէ գետնին հիւթը, եւ կու տայ վնասակար յատկութիւն ունեցող սերմ։ (=տէլիճէ)։

ՈՒՌԻ. (ՅՈԲ. Խ 22), (ԵՍ. ԽԴ 4)։ Արեւելքի մէջ ծանօթ ծառ է. «սէօյիւտ», «saule»։

Հինէն ասոր ոստերը ուրախութեան այլաբանական նշան համարուած էին. (ՂԵՒՏ. ԻԳ 40), բայց հիմա նոյն ծառը, մանաւանդ «Արտասուող» կամ «Բաբելոնեան» ուռի կոչուած տեսակը, տրտմութեան եւ սուգի նշան համարուած է, թերեւս այն դէպքին պատճառաւ որ կը յիշուի (ՍԱՂՄ. ՃԼԷ 1-2)ի մէջ։

ՉԱՄԱՆ. (ԵՍ. ԻԸ 25-27)։ Արջնդեղի կը նմանի. սերմերը դառնագին ջերմ համ ունին. ծաղիկը համեմային է եւ աղով խառնուելով կը գործածուի իբրեւ կերակուրի համեմ։ Մալթա կղզիի բնակիչները կը մշակեն ասիկա, եւ Եսայի Մարգարէի վերոյիշեալ գլխուն մէջ նկարագրուած կերպով կը հանեն հունտը։ (Չաման=«քիմիոն», «cumin»)։

ՊՐԱՍ. Նոյն Եբրայեցերէն բառը որ «պրաս» թարգմանուած է (ԹՈՒ. ԺԱ 5)ի մէջ, ուրիշ տեղեր կը թարգմանուի «խոտ» (Գ ԹԱԳ. ԺԸ 5), (ՅՈԲ. Ը 12), (ԱՌԱԿ. ԻԷ 25), որովհետեւ կը նշանակէ բուն կանաչ կամ դալարի։ Բայց որովհետեւ «Սոխ» եւ «Խստոր» բառերուն հետ դասուած է Թուոց վերոյիշեալ գլխուն մէջ, կը կարծուի թէ հոն «խոտ» բառը պէտք է հասնկալ «պրաս», որ հին ժամանակներէ ի վեր ծանօթ տունկ էր Եգիպտոսի մէջ. (=փրասա)։

ՍԱՏԻՄԻ ՓԱՅՏ. (ԵԼՔ. ԻԵ 5)։ Այս է Հայերէն ծայրի, ըստ Եգիպտացիներու «Ակասիա» կոչուած ծառը։ Բունը ուղղորդ է եւ փշուր, կեղեւը՝ գորշ, եւ փայտը՝ շատ թեթեւ եւ տոկուն. ուստի եւ շատ կը յարմարի տապանակի նման շարժական կամ բառնալի՝ շարժուն ստացուած կազմածներու։ Այս տեսակին վերաբերեալ ծառերու բոլորն ալ ծաղիկ կու տան. եւ ծաղիկները երեւելի են անուշահոտութեան եւ գեղեցկութեան կողմանէ։

ՍՈԽ. Այս երկրին մէջ ամէնուն ծանօթ տունկ է. տաք երկիրներու մէջ շատ ախորժելի է եւ շատ սննդարար. (ԹՈՒ. ԺԱ 5)։

ՍՕՍԻ. (ԾՆՆԴ. Լ 37), (ԵԶԵԿ. ԼԱ 8)։

Շատ հասարակ եւ գեղեցիկ ծառ մըն է Ասորւոց երկրին մէջ։

ՎԱՅՐԻ ՎԱՐՈՒՆԳ. (Դ ԹԱԳ. Դ 39)։ Տերեւները որթի տերեւներուն կը նմանին, բայց պտուղը թունաւոր յատկութիւն մը եւ դառն համ ունի։ Երբ ձեռք դպցուի այս սողացող տունկին պտուղին, իսկոյն կը ճաթռտի եւ սերմերը կը թափին։

ՎԱՐՈՒՆԳ. (ԹՈՒ. ԺԱ 5), (ԵՍ. Ա 8)։ Արեւելքի մէջ ծանօթ է եւ շատ կը մշակուի։

ՏՕՍԱԽ. Եւրոպայի մէջ կը մշակուի եւ մանր թուփ մըն է։ Արեւելքի մէջ վայրի կը բուսնի եւ մեծ, խոշոր կ՚ըլլայ. (ԵՍ. ԽԱ 19, Կ 13)։ Կը սիրէ լեռնային տեղեր, եւ աւելի լաւ կ՚աճի այնպիսի հողի մէջ, որ կրաքար ունի Լիբանանի նման։ (=«շիմշիր», «buis»)։

«Տօսախ»ը մշտադալար թուփ է, որուն տերեւները լուծողական են եւ փայտը շատ կարծր, երակաւոր եւ պիտանի փորագրութեան համար, ինչպէս նաեւ ճախարակեայ արուեստագործութիւններու համար։

ՓԵԳԵՆԱՅ. Կ՚ըսուի նաեւ՝ «փեգանայ». շատ դառն բժշկական տունկ մը. «սէտէֆ օթու», վայրիին կ՚ըսուի. «մախմուր չիչէյի»։ Յիշուած է միայն (ՂՈՒԿ. ԺԱ 42)ի մէջ։ Պարտէզի հասարակ բոյս՝ որուն տերեւները սաստիկ դառն հոտ ունին։ Հին ժամանակներու կը գործածուէր բժշկականութեան մէջ։

ՓՈՒՇ. Պաղեստինի փշալից տունկերը տեսակ տեսակ են։ Հրեաներու Րաբունիներ կ՚ըսեն, թէ Սուրբ Գիրքի մէջ կան փուշի զանազան տեսակներու իբր քսաներկու անուններ։ Այս բառերով նշանակուած տունկերուն մեծ մասը չենք կրնար իրարմէ որոշել, եւ գրեթէ ամէնքն ալ անօգո՛ւտ են։ Կը կարծուի թէ Եբրայեցերէն բառը, որ «եղինճ» կամ «եղիճ» թարգմանուած է (ԱՌԱԿ. ԻԴ 31) եւ (ՅՈԲ. Լ 7)ի մէջ, կը նշանակէ վայրի մանանեխ, որ արեւելքի մէջ հասարակ բոյս է եւ թէ ուրիշ տունկերու վնասակա՛ր։

Փուշի տեսակներէն «Դժնիկ»ը (ԴԱՏ. Թ 14-15) կ՚արձակէ նուրբ, փշալից եւ երկայն ճիւղեր։ Դարձեալ կը կարծուի, թէ Քրիստոսի փուշեղէն պսակը ասկէ շինուած էր, ուստի եւ կոչուած է «Քրիստոսի փուշ»։

«Փուշ», «Եղինճ», «Դժնիկ» այսուհանդերձ յաճախ կը տեսնուին Պաղեստինի մէջ. մանաւանդ հասարակ դժնիկը առատ է մեծապէս, կը ծածկէ ընդարձակ դաշտեր եւ շատ ալ մեծ կ՚ըլլայ։

ՓՍՏՈՒՂ. (ԾՆՆԴ. ԽԳ 11)։ Փստուղը Ասորւոց երկրին եւ Հընդ-կաստանի մէջ ծանօթ պտուղ է։

ՔԹԱՆ. Եբրայեցերէն բառը, որ «քթան» թարգմանուած է. (ԵԼՔ. Թ 31)ի եւ «պատրոյգ» (ԵՍ. ԽԲ 3, եւ ԽԳ 17)ի մէջ։ Կը նշանակէ՝ քթանի բոյսը։ Այս տունկը շատ կը մշակուի Եգիպտոսի եւ Ասորւոց մէջ։ Ասկէ կը շինուի կտաւ, չուան եւ ճրագի պատրոյգ։ (քթան=«քէթէն»)։ Կը կարծուի թէ բառը որ «կերպաս» թարգմանուած է (ԵՍԹ. Ա 6) եւ (ԵԶԵԿ. ԻԷ 16)ի մէջ, կը նշանակէ՝ «բամբակ», որ կ՚երեւի թէ հին ժամանակներուն տարազագործութեան (=մանիֆաթուրա) մէջ կը գործածուէր Հնդկաստանի մէջ, ուստի բերուեցաւ նախ Եգիպտոս եւ ապա Պաղեստին։ Բեհեզը որ կը յիշուի (ԵԶԵԿ. ԻԷ 16)ի մէջ, հաւանաբար կը շինուէր «կանեփ» կոչուած տունկէն։

ՔՐՔՈՒՄ. (ԵՐԳ. Դ 14). Դեղնագոյն ծաղիկ է, ծիղերը եւ ցօղունը չորցնելով կը շինէին անուշահոտ համեմ մը, եւ կը գործածէին կերակուրի եւ գինիի անուշահոտութիւն տալու համար։ Ան կը գործածուէր նաեւ իբրեւ գրգռիչ դեղ։ Ծաղիկին չորցած էգ գործարանները դեղին գոյն կու տան, քանի որ քրքումը միասերմնաբոյթ բոյս մըն է՝ հիրիկազգիներու ընտանիքէն։ Քրքումը կը գործածուէր նաեւ բժշկութեան մէջ։

(Քրքում=«սաֆրան», «safran»)։

ՕՇԻՆԴՐ. (ԱՌԱԿ. Ե 4), (ՈՂԲ. Գ 15). ունի զանազան տեսակներ՝ բոլորն ալ շատ դառն։ Առեւտուրի մէջ ծախուած օշինդրը բաղադրեալ է նոյն տունկին տերեւներէն, ծաղիկներէն եւ մանր մանր սերմերէն։

Բաղադրեալներու գերդաստանէն բոյս մըն է. «փէլին». «absinthe» որ կը նշանակէ՝ «la maudite». դառնութիւն։

Սկզբնաղբիւր.-

ա) Աստուածաշունչ

բ) Տոգ. Անկըսէ «Ներածութիւն Սուրբ Գրոց Ուսման», 1892

գ) Նոր Բառագիրք Հայերէն Լեզուի, Սիմոն Գաբամաճեան, 1909

դ) André-Marie GERARD, «Dictionnaire de la Bible», 1989։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 9, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2020