ՀԱԿԻՐՃ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Անուանի անձերու կենսագրութիւնը գիտնալ երկու բանի կը ծառայէ. նախ՝ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է հանրութեան ծառայող անձերու հանդէպ, յետոյ՝ անոնք տիպար ըլլալու հանգամանքը կ՚ունենան եւ ցոյց կու տան, թէ ի՛նչպէս կարելի է երեւելի եւ հանրօգուտ անձ ըլլալ։

Այս ուղղութեամբ, ստորեւ կը ներկայացնենք կենսագրութիւններ՝ որոնք ամէն մէկը արժանացած է «անմահանալ»ու՝ մտքի զարգացման եւ հոգիի ազնուացման նկատմամբ իրենց կատարած աշխատանքով եւ ծառայութեամբ։

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ. Յակոբ Պարոնեան ծնած է 1842-ին, Էտիրնէ։ Ուսումը՝ իր քաղաքին մէջ, բայց մանաւանդ ինքնաշխատութեամբ։

1863-էն, Պոլիս, կը նուիրուի լրագրութեան, յաջորդաբար կը խմբագրէ՝ «ՄԵՂՈՒ», «ԹԱՏՐՈՆ», «ԽԻԿԱՐ» եւ այլն, որոնք կը փակուին տնտեսական եւ գրաքննական պատճառներով։

Թերթերու համար է որ Պարոնեան կը գրէ իր երգիծանքի գլուխ-գործոցները՝ «Ազգային ջոջեր», «Գուշակութիւնք խիկարի», «Հոսհոսի ձեռատետրը», եւ այլն։ Միւս կողմէ՝ «ապրելով» հաշուապահութեամբ եւ ուսուցչութեամբ։

Սուր դիտողութիւն եւ երգիծողի խառնուածք, նաեւ առո՛ղջ դատողութիւն, անսահման լրջութիւն եւ «յեղափոխականի քաջութիւն». ահա ընդհանուր գիծերը՝ որոնք Յակոբ Պարոնեանը կը դարձնեն հայ գրականութեան անմահ դէմքերէն մէկը։

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ. Գրիգոր Զօհրապ ծնած է Պոլիս, 1861-ին։ Հետեւած է երկրաչափութեան, ապա իրաւաբանութեան։

1880-ական տարիներուն՝ փաստաբան էր արդէն։ Ասպարէզի կողքին, գործօն կերպով կը զբաղի հրապարակագրութեամբ, կ՚աշխատակցի պոլսահայ ծանօթ թերթերուն, երբեմն մասնակցելով նաեւ խմբագրութեան։

Իր քրոնիկները շահեկան են մօտեցումով ե՛ւ ոճով։ Կը գրէ բանաստեղծութիւն, վէպ-վիպակ, բայց մանաւանդ պատմուածք։

Կ՚ունենայ գործօն դեր ազգային-հանրային մարմիններու մէջ։ Իսկ 1908-էն սկսեալ, կը դառնայ Օսմանեան Խորհրդարանի ամենափայլուն դէմքերէն, նաեւ Պետական Համալսարանի ականաւոր դասախօս։ Գրիգոր Զօհրապ կը մահանայ 1915 թուականին։

Զօհրապի պատմուածքները, տեսակին լաւագոյններէն, խմբուած են երեք հատորի մէջ՝ «Խղճմտանքի յայներ», «Լուռ ցաւեր», «Կեանքը ինչպէս որ է»։ Անոնք կը ցուցահանեն խորաթափանց հոգեբանն ու մեծ արուեստագէտը՝ որ եղաւ Զօհրապ արեւմտահայ գրականութեան մէջ։

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ. Վահան Թէքէեան ծնած է Պոլիս, 1878 թուականին։ Յաճախած՝ Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժանները։ Ունեցած է կրթական վաստակաւոր դերակատարութիւն՝ իբր ուսուցիչ հայ լեզուի ու գրականութեան եւ իբր տնօրէն։

Անկախ՝ գրական մամուլի իր աշխատակցութիւններէն, տարած է հրապարակագրական բազմամեայ գործունէութիւն՝ իբր յօդուածագիր եւ խմբագիր։ Մասնակցած է նաեւ ազգային-վարչական զանազան մարմիններու, ինչպէս՝ Փարիզի Հայ ազգային պատուիրակութիւնը՝ Պօղոս Նուպարի նախագահութեամբ։

Գրած է կանուխէն։ Գլխաւոր գործերը՝ «Հրաշալի յարութիւն», «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս», «Հայերգութիւն», քնարական բանաստեղծութեան ժողովածոներ, կը դրսեւորեն հարուստ զգայնութիւն մը, մտածումով տիրապետուած եւ բիւրեղացած. իմաստութեան հասած։

Իբր քնարական բանաստեղծ՝ խոր ազդեցութիւն է գործած հետեւող սերունդին վրայ։

Վահան Թէքէեան մահացած է Գահիրէ, 1945 թուականին։

ՄԿՐՏԻՉ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ. Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան ծնած է 1828-ին եւ մահացած 1868-ին, Պոլիս։ Ան իր կարճատեւ կեանքով լրիւ նուիրուած է հայ մշակոյթին, իբր բանաստեղծ, ուսուցիչ, մշակութային գործիչ. հանդիսացած է մէկը հայ ազգային գիտակցութեան, արեւմտահայերէնի եւ արեւ-մըտահայ գրականութեան մեծ դարբիններէն։

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, ուսումը ստացած է Մխիթարեան միջավայրի մէջ՝ Պոլիս եւ Վենետիկ, ան յաջողած է ուղղակի՛ հայացնել կաթողիկէ համայնքը՝ որուն կը պատկանէր, եւ որ այն օրերուն ազգային եկեղեցիին հետ կը գտնուէր փոխադարձ բուռն հակադրութեան մը մէջ։

Գլխաւոր հիմնադիրներէն՝ արեւմտահայ թատրոնի, ան կը նկատուի նաեւ արեւմտահայ առաջին վաւերական բանաստեղծը։

Հայրենասիրականի չափ ու աւելի՝ իր մօտ որակ ունի քնարական զգայնութիւնը։

ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ. Արփիար Արփիարեան ծնած է 1852-ին, մեռած՝ 1908-ին՝ Եգիպտոս։ Ուսումը՝ Մխիթարեաններու մօտ, Վենետիկ։

1884-ին, Պոլիս, կը հիմնէ «ԱՐԵՒԵԼՔ»ը, յետոյ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ը, թերթեր՝ որոնցմով մեծապէս պիտի նպաստէր արեւմտահայ լեզուի, գրականութեան եւ ազգային-հանրային գիտակցութեան զարգացումին։

Արփիարեան խմբագրած է տակաւին «ՄԱՍԻՍ»ը, եւ աշխատակցած ուրիշ թերթերու։

Ազգային-հանրային այլ մարզերու մէջ եւս գործօն՝ ան եղած է Ազգային երեսփոխան, ժամանակ մը մասնակցած է նաեւ քաղաքական գործունէութեան, նախ Պոլիս, ապա՝ արտասահման, յատկապէս՝ Եգիպտոս։

Արփիարեան գրած է պատմուածքներ, նաեւ վիպակներ, որոնցմէ ամենածանօթն է «Կարմիր ժամուց»ը։

ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ. Պետրոս Դուրեան ծնած է 1851-ին եւ մահացած շատ երիտասարդ՝ 1872-ին, Սկիւտար։

Պետրոս Դուրեան ամենասիրելի դէմքերէն է հայ գրականութեան՝ իր դժբախտութեամբ, հանճարով, իր ժամանակի Պոլիսը հարազատօրէն արտայայտելու փաստով։

Աշակերտ, ապա թատերագիր եւ դերասան, վաճառականի գրագիր, վերջապէս անկողնի գամուած անգործ հիւանդ. ահա՛ քանի մը բառով՝ քսանամեայ գոյութիւնը խոնարհ ընտանիքէ եւ միջավայրէ ծնած այս երիտասարդին։

Դուրեանէ մնացած երեսունի շուրջ քեր-թըւածներ, յաճախ սեւագիր եւ առանց վերամշակումի մնացած, կը բաւեն իր անունը անջինջ պահելու համար՝ հայ գրականութեան էջերուն։ Անոնք գրեթէ բոլորն ալ կը պատմեն իր դժբախտ գոյութիւնը, անպատասխան սէրերը, ըմբոստացումները՝ ճակատագրին դէ՛մ։

ՍԱՅԱԹ-ՆՈՎԱ. Սայաթ-Նովա ծնած է Թիֆլիզ 1712 (?) թուականին եւ մահացած՝ 1795 (?) թուականին։ Ուսումը ստացած է Հաղբատի վանքին մէջ։ Օժտուած բանաստեղծի ե՛ւ երաժիշտի զգայնութեամբ, իր արհեստին՝ ջուլհակութեան կողքին՝ մշակած է աշուղական արուեստը։

Շուտով դարձած արքունի աշուղ վրաց թագաւորին մօտ, Նովա 1760 թուականներու շուրջ է որ կը վտարուի հոնկէ։ Բռնի կ՚օծուի քահանայ, եւ կ՚աքսորուի փոքր քաղաք մը։

Սայաթ-Նովա, մեծարժէք իր գործով, կը մնայ անմա՛հ՝ իբր անշէջ եւ մաքուր սիրոյ եւ մարդկութեան բանաստեղծը՝ աշուղական արուեստի տարազին տակ։

***

Պատմութեան վրայ որեւէ կերպով հետք թողած իւրաքանչիւր անձ «տիպար» մըն է իր մարզին մէջ՝ որմէ պէտք է օգտուիլ եւ նաեւ երախտագիտութեան տուրք մատուցանել իրեն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 11, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2019