ԻՆՔՆԱՇԱՐԺ՝ ՓՈԽԱՆ ՎԵՑ ՄԻԼԻՈՆ ԱՉՔԻ

Երբեւէ մտածա՞ծ էք, որ անարդարութեան դիմաց լուռ մնալը անմարդկութիւն է այնքան՝ ինչքան այդ անարդարութիւնը կեանքի կոչելը եւ կամայ թէ ակամայ բոլորս ալ այդ վիճակին մէջ կը գտնուինք, որովհետեւ անմարդկային անարդարութիւններ օրական դրութեամբ կը կատարուին եւ մենք կը շարունակենք մնալ անտարբեր:

Նման անմարդկային անարդարութիւն մը տեղի ունեցաւ տակաւին մի քանի օրեր առաջ. աշխարհահռչակ «Պուկաթթի» ինքնաշարժի ընկերութիւնը ծանուցման հանեց իր նոր ինքնաշարժներէն «Միսթրալ»ը եւ յայտարարեց, թէ այս ինքնաշարժէն պիտի արտադրուի ընդդամէնը 99 հատ: Ընկերութիւնը իր այս նոր ինքնաշարժին արժէքը նշանակեց 5 միլիոն ամերիկեան տոլար. ինքնաշարժի վաճառքի ծանուցումէն առաւելագոյնը ժամ մը ետք 99 ինքնաշարժները ամբողջութեամբ վաճառուած էին. այլ խօսքով 99 հոգի ընդհանուր վճարելով 495 միլիոն տոլար՝ դարձած էին նոր ինքնաշարժներուն տէրերը:

Նման հաղորդագրութենէ մը ետք կ՚արժէ լսել նաեւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. բժշկագիտական տուեալներ կը յայտնեն, թէ Ափրիկէի մէջ օրէ օր մեծապէս տարածում կը գտնէ քաթարաքթի (Cataract) հիւանդութիւնը. այս հիւանդութիւնը կը սկսի աչքի ոսպնեակի մթագնում պատճառել, կամաց կամաց անձի մօտ կը սկսին գոյներու տեսութիւնը եւ կամաց կամաց մարդը կ՚առաջնորդեն կուրութեան: Լրատուական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ այսօր Ափրիկէի մէջ աւելի քան 6 միլիոն մարդ կը տառապի այդ ախտէն՝ որ բարեբախտաբար անբուժելի հիւանդութիւն մը չէ. մօտաւորապէս 15-20 վայրկեան տեւող բժշկական գործողութեան մը շնորհիւ կարելի է անձը կուրութենէ ազատել:

Այս երկու հաղորդագրութիւններու մէջ գոյութիւն ունեցող անարդարութիւնն ալ ա՛յն է, որ վերոյիշեալ 99 աձներու «մսխած» գումարով կարելի էր գրեթէ ափրիկէի բոլոր կոյրերուն տեսողութիւն շնորհել... բայց 99 անձերը նոր ինքնաշարժներով տեսնելը միթէ աւելի առաջնահերթ չէ՞ քան 6 միլիոնին տեսողութիւնը՝ որ այնքան ալ կարեւորութիւն չեն ներկայացներ մարդկութեան համար:

Տեսողութեան այս ախտը ընդհանրապէս ի յայտ կու գայ մեծահասակներու մօտ, սակայն դժբախտաբար վերջերս Ափրիկէի մէջ մանուկներ, պատանիներ ու երիտասարդներ եւս զոհը կը դառնան այդ հիւանդութեան եւ աղքատութեան պատճառով ամբողջ կեանք մը կը դատապարտուին մթութեան:

Երկրորդ մարդկային անարդարութիւնը այն է՝ որ լրատուական միջոցներ շա՜տ աւելի տեղ կը տրամադրեն այդ ինքնաշարժներուն եւ 99 անձերուն՝ քան 6 միլիոնին եւ այս մէկը ինքնաբերաբար կու գայ այն եզրակացութեան, որ աշխարհի երեսին մարդու կեանքէն ու առողջութենէն աւելի աժան ու անարժէք բան գոյութիւն չունի եւ չի՛ կրնար ունենալ: Երբ ինքնաշարժի երկու լոյսերը բազմահազար մարդոց աչքերէն շա՜տ շա՛տ աւելի կարեւոր կը նկատուի՝ նոյնիսկ մարդկութեան գաղափար մը գոյութիւն չի կրնար ունենալ:

Փոքր ժամանակ մեծերը կը խօսէին սատանային չարութիւններուն մասին. մեզ կը փորձէին վախցնել սատանայի մը գոյութեամբ, սակայն վերջապէս կու գամ այն եզրակացութեան, որ սատանան կրնայ ըլլալ աւելի խիղճ ունենայ՝ քան մերօրեայ մարդկութիւնը եւ երանի՜ մեզ Աստուծոյ անունով կամ սատանայով վախցնելու փոխարէն վախցնէին մարդոցմով՝ որոնցմէ աւելի սարսափելի ու անգութ գոյութիւն պատկերացնելու կարողութիւնը չունիմ:

Անմարդկային է, սակայն 100 տոլար արժող այդ գործողութիւնը վճարել չկարողացող բազմահազար մարդիկ աւելի քան 20-30 տարի դատապարտուած կը մնան մթութեան. գումար՝ որ օրական դրութեամբ բազմահազար մարդիկ կը մսխեն:

Տարօրինակ է աշխարհը. ինքնաշարժի համար անիմաստ միլիոններ կը ծախսեն, սակայն մարդոց օգնելու պարագային յանկարծ կ՚օտարանան...

Ճիշդ է, որ վայելքը հարուստին կը պատկանի, սակայն ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ այդ մէկը մարդու կեանքէն աւելի սուղ արժէ։ Մարդ մինչեւ այդ բոլորը չզգայ իր մորթին վրայ, երբեք պիտի չկարենայ հասկնալ։

Օրինակը վերցուցէք Թուրքիոյ մեծահարուստներէն. մեծատուն մը ամբողջ իր կեանքը նուիրեց, իր հարստութիւնը ծառայեցուց հիւանդ ու մտապէս անառողջ մանուկներու զարգացման՝ որովհետեւ իր զաւակներէն մէկը եւս հիւանդ ու անառողջ էր։ Պէտք է մեծահարուստներու տուներուն մէջ կուրութեան այս հիւանդութենէն տառապողնե՞ր ըլլան՝ որպէսզի սկսին գիտակցիլ։

Ամէն ժամանակէ աւելի այսօ՛ր քարացած է մարդու սիրտը եւ խիղճն ու գութը դադրած գործելէ։ Մարդ ինչքա՞ն օրհնութիւն պիտի ստանար ինքնաշարժի փոխարէն հազարաւոր մարդոց աչքը բուժելո՞վ...

Պարզապէս զգացում պէտք է։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -119-

Պատանի եղած ժամանակ «սիրած» մը ունէի, որուն քոյրը մինչեւ 18 տարեկան բնական պատանի մը ըլլալով հանդերձ անակնկալօրէն ինքզինք դատապարտած էր լռութեան եւ անհասկնալի հիւանդութիւն մը ստացած։ Չէր խօսեր, բան չէր պահանջեր, դուրս չէր գար. ամբողջ օրը անկողինին մէջ կ՚անցընէր, այն աստիճան որ յաճախ իր ներկայութիւնը կը մոռնաս տան մէջ։

Այդ երիտասարդը այսօր 32 տարեկան է՝ դարձեալ լուռ ու անխօս։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ իր կեանքը բնականոն ապրող պարմանուհի մը այդպէս մէկ օրուան մէջ փոխուի ու կղզիանայ…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2022