ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ

Երէկուան մեր գրութեան մէջ փորձեցինք խօսիլ մարդկային զգացումներու մասին, յստակ տարբերութիւն մը դնելով սիրտին եւ ուղեղին, ցանկութեան ու տրամաբանութեան միջեւ, սակայն, այդ բոլորը ծնունդ տուին այլ հարցի մը. ուրկէ՞ կու գայ յիշողութիւնը. ինչո՞ւ համար կը յիշենք դէպքեր՝ որոնք անկարեւոր են եւ կամ դրուագներ, որոնց յիշողութիւնը ցաւ կրնայ պատճառել մարդուն:

Յիշողութիւնը մարդկային կեանքի փորձառութեան վերյիշումն է. յիշողութիւններ, որոնց մէկ մասը յստակ, մէկ մասը աղօտ իսկ մաս մըն ալ անտեսանելի ըլլալ կը թուի. իրականութեան մէջ, մարդկային կեանքի մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցող զգացումներէն մէկը յիշողութիւնն է, որ կապն է անցեալէն ներկային միջեւ, սակայն, տարօրինակը այն է, որ մեր կամքէն անկախ յաճախ մեր յիշողութեան մէջ կը մնան յիշողութիւններ, որոնք մոռնալ կ՚ուզենք, սակայն, ուրիշներ ալ առանց մեր ուզելուն կը ցնդին:

Յիշողութիւնը քարացած զգացողութիւն մը չէ. մեր կատարած իւրաքանչիւր արարք արդէն իսկ այդ յիշողութեան մաս կը կազմէ եւ կը դառնայ հայելին մեր եւ մե՛ր միջեւ: Յիշողութեան մէջ կան աստիճանաւորումներ. այդ մէկը կապ ունի զգացումներուն հզօրութեան հետ՝ թէ՛ տխրութիւն եւ թէ ուրախութիւն: Մարդկային միտքը մեր ունեցած ապրումներուն եւ զգացումներուն խորութեան հիման վրայ կ՚որոշէ, թէ ո՛ր զգացումը կարեւոր եւ որը անկարեւոր, որովհետեւ զգացումը ինչքան խոր ըլլայ, յիշողութեան մէջ այնքան աւելիով կը քանդակուի: Անշուշտ, այդ մնայուն ըլլալ չըլլալուն մէջ դեր ունի նաեւ մարդը՝ ի՛նք, որովհետեւ աւելիով ամրապնդուած կը մնայ այն յիշողութիւնը, որուն շուրջ մարդ յաճախ կը մտածէ եւ այդ մէկը կապուած է յուզական աշխարհին թէ՛ դրական եւ թէ բացասական երեւոյթներուն նկատմամբ:

Յիշողութեան վրայ մարդը իշխանութիւն չունի. օրինակ՝ շատ անգամ կ՚ուզենք դէպք մը կամ կացութիւն մը մեր յիշողութեան մէջ պահել, սակայն, առանց նկատելու ժամանակ մը ետք կը մոռցուի, որովհետեւ նորերը կու գան հիներուն տեղը գրաւելու, սակայն, այդ մոռացութեան տրուածը չի կորսուիր, այլ ժամանակ մը ետք դարձեալ իր ներկայութիւնը կը յիշեցնէ մարդուն:

Յիշողութիւնը փոփոխական է մարդուն նման. ժամանակը իր հետ կը փոխէ նաեւ յիշողութիւնը, որովհետեւ ժամանակի հետ միասին իւրաքանչիւր ապրում ու զգացում կը փոխէ իր իմաստը. ոմանք իրենց իմաստը կը կորսնցնեն եւ ուրիշներ աւելի իմաստալից կը դառնան ու անոր հիման վրայ կը կազմաւորուի յիշողութիւնը: Այդ իսկ պատճառով, յիշողութիւնը իր ազդեցութեամբ փոփոխական է, սակայն, միշտ կենդանի:

Առանց յիշողութեան մարդու կեանքը կը դառնար դժուար, որովհետեւ մեր ներկան հիմնուած է մեր ապագայի փորձառութեան վրայ եւ եթէ այդ փորձառութիւններու յիշողութիւնը մեր մէջ կենդանի չմնայ, մենք կը կորսուինք եւ այսօր չենք ըլլար այն՝ ինչ որ ենք: Յիշողութիւնը մեզ ներկայ կեանքին եւ ընկերութեան կը կապէ: Միւս ապրումներէն շատ աւելի զգայուն ու նուրբ է յիշողութիւնը. օրինակ՝ երաժշտութենէ մը փոքր բաժին մը եւ կամ գուցէ պարզ նկար մը բաւարար է ապրումները վերակենդանացնելու. անոնք կեանքին մեր վրայ ձգած հետքերն են:

Յիշողութիւնը, սակայն, ի տարբերութիւն միւս ապրումներուն ու զգացումներուն, արթուն կը մնայ նաեւ այն ժամանակ, երբ մարդը քնացած է. շատ սերտ յարաբերութիւն մը գոյութիւն ունի յիշողութեան ու երազին միջեւ, որ դարեր շարունակ, մինչեւ այսօր եղած է փիլիսոփայութեան համար անլուծելի գաղտնիք մը եւ ուսումնասիրութեան արժանի նիւթ. երազները խառնուրդն են իրականութեան եւ երեւակայութեան. օրինակի համար, այդտեղ պարզուող տիպարները իրական մեր ճանչցած մարդիկն են, սակայն, պատմութիւնն ու անցուդարձը երեւակայածին: Երազները ինչքան ալ երեւակայածին ըլլան, իրենց խորքին մէջ կ՚ունենան յիշողութենէն մաս մը. այդ մէկը կրնայ ըլլալ վախ, ուրախութիւն եւ զանազան ապրումներ, որոնք մարդ իր կեանքի ընթացքին ապրած ու ընդունած է կա՛մ որպէս դրական եւ կամ բացասական: Սակայն պէտք չէ հասկնալ, որ երազները յիշողութիւններ են, որովհետեւ երազները իր իսկութեան մէջ յիշողութիւն չեն. երազը յիշողութենէն կ՚առնէ մասնիկներ եւ նորը կը հիւսէ։ Հետեւաբար երազները յիշողութեան մշակուած մէկ տարբերակն են: Այս բոլորը եւս մարդու իշխանութենէն դուրս են, որովհետեւ մարդ քնացած ժամանակ միտքը ի՛նք կորոշէ յիշողութիւններն ու երեւակայածին պատկերները, որոնք այսպէս կամ այնպէս մեր կեանքի մէկ շրջանին կամ ապրումին արտացոլածումն են:

Անշուշտ, երազը յիշողութեան կողքին կը գործածէ նաեւ ցանկութիւնը. շատ մը հոգեբաններ կը հաւատան, որ երազները թաքնուած ցանկութիւններուն բացայայտումներն են: Հետեւաբար պէտք չէ պայքարիլ յիշողութիւն մը մոռացութեան տալու համար, որովհետեւ ուղեղը երբեք պիտի չմոռնայ այդ մէկը՝ նոյնիսկ եթէ մարդը կամաւորաբար ուզէ այդ մէկը:

Վերջապէս յիշողութիւնն է, որ մարդուն կեանքը կ՚իմաստաւորէ։ Մարդ մա՛րդ է իր ապրումներով ու զգացումներով եւ երանի՜ այն մարդուն, որ կը յաջողի ընդունիլ յիշողութիւնը՝ իր լաւով ու վատով, որովհետեւ այն ինչ որ կը յիշենք իսկութեան մէջ մե՛նք ենք, մեր էութիւնն է:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար երազ չեմ տեսներ:

Պատասխան. Գիշերը երազ չտեսնելը կրնայ տարբեր պատճառներ ունենալ. անոնցմէ մէկն է չհասնիլ քունի այն մակարդակին, որ քունի ամենէն կարեւոր մասը կը նկատուի: Շատ մը տարբեր պատճառներ, ինչպէս օրինակ, նեղութիւնը, քունի անկանոն վիճակը, դեղօրայքը կրնան պատճառ դառնալ, որպէսզի մարդ չյիշէ իր երազները: Բոլոր մարդիկ երազ կը տեսնեն, շատ շատեր կը մոռնան իրենց տեսած երազը: Երազները յիշելու համար պէտք է ունենալ կանոնաւոր քուն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024