ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐ

Մարդ էակը կոչուած է մի՛շտ յառաջդիմելու, զարգանալու եւ միշտ աւելի լաւին, կատարեալին հասնելու։ Եւ այս բոլորը կարելի է ամփոփել կամ խտացնել մէկ վիճակի մէջ, որ է «յաջողութի՛ւն»։ Ուստի մարդ իր բնութեամբ կ՚ուզէ միշտ յաջողիլ եւ երջանիկ կեանք ապրիլ։ Եւ մարդ միշտ կ՚աշխատի այս ուղղութեամբ. այս նպատակով եւ կեանքին իմաստը կ՚ուզէ գտնել յաջողութեան մէջ։

Բայց դիւրին չէ երբեք մտադրուած յաջողութիւնը ձեռք ձգել, քանի որ կեանքի մէջ կան բազմաթիւ դէպքեր, պատահարներ եւ անակնկալներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան յաջողութեան։ Շատ բնական երեւոյթ մըն է ասիկա եւ շատեր հանդիպած են այդ արգելքներուն եւ արգելքներու պատճառով չեն կրցած յաջողութիւն ձեռք ձգել։ Ոմանք սակայն չեն յուսահատած եւ շարունակած են պայքարիլ արգելքներու դէմ եւ ի վերջոյ յաջողած են հասնիլ իրենց նպատակին։ Բայց ուրիշներ յուսալքուած՝ դասալիք են եղած կեանքի պայքարէն։

Սա իրողութիւն մըն է, որ յաջողելու համար անհրաժե՛շտ է պայքարիլ, քանի որ անխուսափելի են կեանքի մէջ յաջողութեան արգելքները. եւ այս իսկ պատճառով է, որ կ՚ըսուի՝ թէ կեանքը պայքա՛ր մըն է։ Դիւրին չէ նպատակին հասնիլ, յաջողիլ, քանի որ աշխարհի վրայ կը գտնուին զանազան դժուարութիւններ, նեղութիւններ, հակառակութիւններ եւ մէկ խօսքով՝ արգելքներ։

Արգելքներ վտանգ կը սպառնան մարդուս կեանքին մէջ։ Եւ այս վտանգներէն մէկը կու գայ տարիներու շարանէն, որ մարդ անցուցած է կեանքի տեւական եւ անվերջ պայքարին մէջ։ Մարդ իր ամբողջ կորովով եւ փափաքով նետուած է այս պայքարին մէջ եւ վատնած իր ամբողջ ուժը։ Եթէ մարդ այս պայքարը շարունակէ հաւատարմութեամբ եւ նոյն եռանդով, ամէն օր աւելի կը մօտենայ իր նպատակին՝ յաջողութեան, յաղթական ելլելով կեանքի պայքարէն։

Բայց յաճախ «մաքուր ոսկին կը փոխուի անարգ պղինձի»։ Եւ գիտենք, որ պղինձը սաստիկ թունաւոր ժանգ ունի, եւ աւելի՛ երանելի է մաշիլ, քան ժանգոտիլ։ Այն որ կ՚աշխատի, կը յարատեւէ, չի մաշիր եւ կը շարունակէ իր պայքարը։ Բայց այն որ կը վհատի, կը յուսալքուի, պղինձի նման կը ժանգոտի եւ ի վերջոյ կեանքի պայքարէն կը պարտուի եւ դասալիք կ՚ըլլայ։ Ահաւասիկ, «պղինձին ժանգը» ամենամեծ արգելքներէն մին է մարդուս առջեւ յաջողութեան եւ երջանկութեան ճամբուն վրայ։

Մարդ իր երիտասարդութեան շրջանին շուտով կը կրէ շրջապատին ազդեցութիւնը եւ շուտով կը տպաւորուի իր շուրջիններէն։ Արդարեւ, կրնայ գտնուիլ իրմէ աւելի տարեց մարդոց ընկերութեան մէջ, որոնք թէեւ բարի մարդիկ են, բայց լայն եւ դիւրին կեանքի սովորութիւններ եւ վարժութիւններ կրնան ստացած ըլլալ։ Եւ անոնց օրինակով, երիտասարդին նախկին եռանդը կրնայ հետզհետէ պաղիլ եւ կեանքը տեսնել դիւրին ընթացք մը։ Ասիկա ալ պատճառ կ՚ըլլայ, որ երիտասարդը կեանքի պայքարին լուրջ եւ կարեւոր հանգամանքը անտեսէ, եւ կեանքի պայքարին մէջ տկարանայ յետագային։

Երիտասարդը, այս կերպով կը պաշարուի հակազդեցութեան զօրաւոր օրէնքով եւ հետզհետէ կը կորսնցնէ իր նախկին եռանդը։ Ան կը խորհի, թէ յաջողութիւնը ձեռք ձգել դիւրին է եւ չ՚արժեր աշխատիլ, պայքարիլ, ուժ վատնել անոր համար։

Ահաւասիկ, ամլութեան, անշարժութեան եւ անգործութեան անշահ շրջանը սկսած է երիտասարդին համար։ Ան թէեւ սկսած է հաստատուն առաջադրութեամբ հետեւելու իր նպատակին՝ յաջողութեան եւ ձգտելու բարձրութեան եւ կատարելութեան, բայց կ՚իջնէ մինչեւ պարզ, աննպատակ եւ անիմաստ կեանքի մը մակարդակին։ Եւ այլեւս ետ չ՚առներ իր բարի որոշումները, մտադրութիւնները, եւ յաճախ զանց կ՚ընէ անոնց գործադրութիւնը։ Եւ այդ բարի որոշումները, նպատակները կ՚ապրին իրենց առաջին եռանդի աւերակներուն մէջ որպէս պարզ, սովորական ծրագիրներ եւ կամ որպէս հասարակ եւ թէական խոստումներ, որոնք ինքն իրեն ըրած է լայնօրէն եւ պայմանաւ գործադրելու զանոնք կարելի եւ պատեհ ժամանակին…։

Եւ դժբախտաբար այդ «կարելի եւ պատեհ ժամանակ»ը այլեւս երբեք պիտի չյայտնուի։

Յաջողութեան որպէս արգելք, ուրիշ վտանգ մըն է չափազանց գործը, զբաղանքը. առանց ծրագրի անգիտակից աշխատանքը։ Կարելի է ըսել՝ անկարգապահ աշխատութիւնը։ Արդարեւ կարգապահութիւնը (=discipline) յաջողութեան անհրաժեշտ ազդակներէն մին է։ Եթէ պակսի կարգապահութիւնը, յաջողութիւնը եթէ ոչ անկարելի, բայց շատ դժուար ձեռք կը ձգուի եւ ինչո՞ւ չէ, երբեմն ալ անկարելի կ՚ըլլայ։ Ուրեմն շատ եւ ցրուած աշխատութեան մը մէջ կարգահութիւնը կը բացակայի եւ անկարգապահ գործն ալ յաջողութեան արգելք մը կը հանդիսանայ։ Անշուշտ այս չի նշանակեր, որ շատ աշխատողը, շատ գործողը չի կրնար յաջողութիւն ձեռք ձգել. խօսքը առանց կարգապահութեան, առանց ծրագրի աշխատութեան մասին է։ Արդարեւ ամենազբաղ մարդը կրնայ ամենայաջող մարդը ըլլալ. տարակոյս չկա՛յ այս մասին։ Յաջողութիւնը չի կայանար անսովոր բաներ ընելու մէջ, այլ սովորական բաները, արտասովոր եռանդով եւ կանոնաւոր ձեւով ընելու մէջ։ Զոր օրինակ, ոչ մէկ կեանք այնքան լեցուն եղաւ զբաղումներով, գործունէութեամբ՝ քան Յիսուսի կեանքը. անոր համար կեանքը առաքելութիւն եւ գործունէութիւն էր եւ նաեւ իր առաքեալներուն։ «Եկող-գացողները շատ էին, այնպէս որ հաց ուտելու ժամանակ ագամ չունէին» (ՄԱՐԿ. Զ 31)։

Ուստի բազմազբաղ կեանք մը կը պահանջէ խստապահանջ ճշդապահութիւն, յարատեւութիւն, կարգապահութիւն եւ հաւատարմութիւն գործին եւ նպատակին։ Մարդ իր աշխատանքի ժամերը օգտակար կերպով գործածելու իրաւունքը ունի, բայց ո՛չ սեփականութեան։ Արդարեւ, յաջողութեան հարցին կ՚արժէ յիշել ամերիկացիներու իմաստալից մէկ խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Եթէ երեւելի մարդ ըլլալ կ՚ուզես, անսովոր գործ մը ըրէ, իսկ եթէ անսովոր գործ մը չես կրնար ընել, սովորական գործը լաւագոյն կերպով ըրէ…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 28, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020