ՎԱՐՁՈՒ ԼԱՑՈՂՆԵՐ
Մի քանի օրեր առաջ մասնակցեցայ ծանօթի մը յուղարկաւորութեան. եկեղեցական արարողութեան ժամանակ ներկաներէն մէկուն հեռաձայնը սկսաւ երգել անճոռնի երաժշտութեամբ մը. անձը առանց իրար անցնելու պատասխանեց եւ յայտնեց, թէ «գործ մը ունիմ. վերջացնեմ կու գամ»: Շատերու համար «բնական» հնչող այդ խօսակցութիւնը զիս յիշեցուցին Լեւոն Շանթի նշանաւոր խօսքերը. «մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով...»:
Սկսայ մտածել կեանքի եւ մահուան ինչութեան մասին. երբեւէ մտածա՞ծ էք, որ օր մը դուք ալ պիտի մեռնիք եւ ձեր այդ անակնկալ մահը պատճառ պիտի դառնայ, որպէսզի մարդիկ յետաձգեն շատ մը կարեւոր գործեր, չեղարկեն նախապէս պայմանաւորուած տեսակցութիւններ ու որոշ ժամանակ կեանքի ընթացքին դադար տալով գան իրենց «յարգանք»ի տուրքը մատուցեն, այն պայմանով որ կէս ժամ ետք կեանքը իր բնականոն ընթացքով շարունակէ վազել: Անոնցմէ քանի՞ն սրտանց, քանի՞ն պարտաւորուած ներկայ պիտի ըլլայ երբեք ալ պիտի չգիտնանք, սակայն վստահաբար անոնցմէ շատեր «վերջացնենք կու գանք»ի տրամադրութեամբ պիտի մասնակցին այն արարողութեան, որուն շատ հաւատացողները անգամ չեն:
Քահանան, գուցէ նոյնիսկ առանց ձեզ ճանչնալու, պիտի փորձէ գովաբանել ու բարձրացնել ձեր վարքն ու բարքը, որ նոյնպէս անկարեւոր պիտի թուի մինչեւ վերջապէս անկենդան հողին յանձնեն եւ պարտաւորութիւն մը աւարտած համարեն: Կեղծ տխրութեամբ մը պիտի մօտենան հարազատներուն, ուր իրենց դէմքին վրայ շինծու յուզմունքով համբուրեն անոնց երեսները: Անոնցմէ շատեր նոյնիսկ նո՛յն օրը քէֆերու եւ կեր ու խումի պիտի մասնակցին. կէսօրին մահուան «տխրութիւն»ը ապրողները գիշերը կեանքի հաճոյքները պիտի վայելեն եւ երկու հակասութիւններ՝ կեանքն ու մահը մէկտեղելով ընթացք տան իրենց կեանքին:
Շատերու այդ հողակոյտը առաջին ու վերջին անգամ պիտի տեսնեն, իսկ նոյն այդ հողակոյտը ուրիշներուն համար պիտի ըլլայ ուխտատեղի՝ մանաւանդ անոնց, որոնց սիրտին վրայ մեծապէս պիտի ազդէ կորուստը: Այդ պարտաւորութիւնը շատ քիչերու համար պիտի ըլլայ ցաւ ու վիշտ, անկեղծ արտասուքներով պիտի կնքեն այդ գերեզմանը:
Երբ կը մտածէի այս կեղծ արտայայտութիւններուն մասին, յիշեցի անցեալին մեր մշակոյթին մաս կազմող, սակայն կամաց կամաց անհետացող այն տարօրինակ սովորութիւնը, որ կը կոչուէր եղերամայր. Դար մը առաջ տարածուած էր իւրաքանչիւր մահուան բերել վարձկան կին մը, որ նոյնիսկ առանց ճանչնալու մեռնողը կրնար լալ ու ճչալ, սրտաճմլիկ կոչեր արձակել ու յուզել՝ գուցէ առանց սրտանց յուզուելու: Յակոբ Օշական այդ եղերամայրերը իր «Ծակ պտուկը» աշխատութեան մէջ կը ներկայացնէ հետեւեալ ձեւով.- «Ամէն եղերամայր երգելէ, կոծելէ, «չորնալէ» ու փետուելէ ետք, ափին կռնակովը կը չորցնէր աչքերը»:
Վստահաբար տարօրինակ սովորութիւն մըն էր, սակայն աշխարհի շատ մը երկիրներ նոր սկսած են որդեգրել այս ձեւը: Մի քանի տարիներ առաջ Անգլիոյ մէջ հիմնուեցաւ ընկերութիւն մը, որ վարձով լացողներ կը տրամադրէ թաղումներու մասնակցելու, ժամական վճարուելով 45 եւրօ: Կազմակերպութիւնը իր ծառայութեան ծանուցումը կը կատարէ հետեւեալ տողերով. «Ձեր թաղման օրը բաւարար լացողներ չունի՞ք. Սգակիրները վարձեցէ՛ք եւ անոնք կու լան»: Կազմակերպութեան հիմնադիրը անգլիական «Տը Թելեկրամ» լրատուութեան տուած մէկ հարցազրոյցին մէջ կ՚ըսէ. «Մեր սգակիրները նախքան արարողութիւնը կ՚ուսումնասիրեն անձին կեանքը, ենթահողը, յաջողութիւններն ու ծախողութիւնները, որպէսզի ինքնավստահութեամբ լան՝ միւս սգակիր պարագաներուն հետ»: Ընկերութիւնը ներկայիս ունի 20 լացողներ, որոնք ցայսօր սպասարկած են աւելի քան հարիւր թաղումներու: Ընկերութիւնը կը յայտնէ, որ այս ծառայութիւնները կ՚օգնեն, որպէսզի փառաւոր կերպով ճամբէք ձեր սիրելիներն ու բարեկամները, որպէսզի մարդիկ լացողներու թիւը տեսնելով հասկնան, թէ ի՜նչ արժէքաւոր մարդ կորսնցուցինք:
Հայերս նման կազմակերպութիւն մը հիմնելու մէջ կը յաջողինք. մանաւա՛նդ մեծահարուստներու թաղումներուն կը տեսնենք, թէ ի՜նչ վարպետութեամբ կու լան եւ մեռնողը կը մեծարեն մեր հայազգի լացող վարպետները, որոնք շատ անգամ այն համոզումը կու տան, թէ մեռնողը կը սիրէին աւելի՛ քան իր հարազատ զաւակները:
Ի՜նչ խեղկատակութիւն. եթէ մինչեւ օրս մտածած չես, թէ ինչ խօսքերով ու տողերով կ՚ուզես, որ գերեզմանիդ վրայ լան ու ողբան... պահ մը մտածէ:
«Զարգացած» երկիրներու մէջ այսօր ո՛չ թէ միայն լացողները, այլ մինչեւ իսկ ծաղիկներու ապսպրանք կրնաս կատարել, որ չըլլայ թէ յանկարծ ձեր չսիրած ծաղիկներով ձեզ ճամբեն... Այդ զարգացած երկիրներէն մէկուն մէջ հաստատուող բարեկամ մը կը յայտնէր, թէ ստորագրած է թուղթ մը եւ որոշած՝ թէ թաղման օրը ինչ պիտի հագուի, երաժշտութիւն կ՚ուզէ՞ թէ ոչ, ժամը քանիի՞ կողմերը կը փափաքի հող դրուիլ եւ այլն...:
Աշխարհի մէջ այսօր մեռնիլը նոյնիսկ խայտառակութիւն մըն է:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
(1914-1984)
Մեր թուականէն 38 տարիներ առաջ՝ 14 մարտ 1984-ին Երեւանի մէջ մահացած է մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազ (բուն անունով Օննիկ Կարապետեան):
Յովհաննէս Շիրազ ծնած է 27 ապրիլ, 1914 թուականին, Կիւմրիի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա շարունակած՝ Երեւանի համալսարանի բանասիրական կաճառէն ներս: Այնուհետեւ մեկնած է Մոսկուա, ուսումը շարունակելու Մ. Կորքիի անուան գրականութեան կաճառէն ներս: Շիրազ իր առաջին գիրքը՝ «Գարնանամուտ»ը հրատարակած է 1935-ին։ Արձակագիր Ատրպետ կարդալով «Գարնանամուտ»ը՝ գրողին տուած է «Շիրազ» գրական անունը:
Յովհաննէս Շիրազի առաջին կինը եղած է գրող եւ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան. անոնց որդին է քանդակագործ Արա Շիրազ: Յովհաննէս Շիրազ իր երկրորդ ամուսնութենէն ունեցած է եօթ զաւակ, որոնցմէ մէկն է հայ նկարիչ եւ քանդակագործ Սիփան Շիրազ:
Յովհաննէս Շիրազի գրական ամենէն կարեւոր գործերէն մէկն է «Հայոց Տանթէականը» աշխատութիւնը, որ երկար ժամանակ մնացած է անտիպ եւ ապա հրատարակուած է անկէ մի քանի բաժիններ։ Խորհրդային Միութեան շրջանին արգիլուած աշխատութիւն մը եղած է Շիրազի այս ստեղծագործութիւնը. գիրքը ամբողջական վիճակով լոյս տեսած է հեղինակի մահէն ետք՝ 1990 թուականին:
Յովհաննէս Շիրազի գործերը թարգմանուած են աւելի քան 60 լեզուներու. անոր գրական կարողութեան մասին սքանչացումով արտայայտուած են բազմաթիւ օտար գրողներ եւ մտաւորականներ. նոյնիսկ հնդիկ գրողներ Սովետական Միութեան լաւագոյն գործեր որպէս ցոյց տուած են Յովհաննէս Շիրազի գործերը:
Անոր յայտնի գործերէն են «Երգ Հայաստանի», «Մեր երջանկութիւնը», «Գիրք խաղաղութեան եւ սիրոյ», «Երեւի երկիր», «Բանաստեղծի ձայնը» եւ այլ աշխատութիւններ:
Շնորհիւ իր «Համամարդկային» բանաստեղծութեան ժողովածուին, Յովհաննէս Շիրազ արժանացած է Հայաստանի Պետական մրցանակի։ 1935 թուականին դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ: Ստացած է «Լենին», «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» եւ «Պատուոյ նշան» շքանշանները: Մեծ բանաստեղծին մահէն քսան տարիներ ետք իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ գրած կտակին համաձայն, Շիրազի սիրտը թաղուած է Արարատ լերան վրայ:
Ցայսօր Յովհաննէս Շիրազի անունով կը կոչուի Երեւանի թիւ 169 դպրոցը. Սպահանի եւ Ջուղայի մէջ փողոցներ կոչուած են մեծ բանաստեղծին անունով. Կիւմրիի մէջ կը գործէ բանաստեղծին տուն-թանգարանը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024