ԱՍՏՈՒԱԾԸ ՏԵՍՆԵԼ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԾՈՑԻՆ ՄԷՋ

Անձնական պիտի ըլլայ արտայայտութիւններս, բայց ապաւինելով իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուս հանդուրժողութեան կ՚ուզեմ խօսիլ իմ անցեալ երկու տարուան կեանքիս մասին՝ ուր առիթը ունեցայ իմ հոգեւոր աչքով տեսնելէ աւելի՝ մարմնական աչքով ալ տեսնելու զԱստուած իր ամբողջ էութեամբ։

Ինչպէս շատերու յայտնի է, վերջին երկու տարին անցուցի հիւանդանոցի մէջ՝ դարմանումով եւ խնամքի տակ։ Պէտք է խոստովանիմ, որ թէեւ բոլորովին չէի յուսալքուած, բայց շատ ալ չէի խորհեր, թէ դարձեալ պիտի կարենամ գրիչս ձեռք առնել եւ շարունակել միանալ իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուս հետ։ Միշտ կը խորհէի, թէ հո՛ս Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ անցուցեր է իր կեանքին վերջին օրերը մեծ հայրիկս Արտաշէս Գալփաքճեան՝ որուն կողմէ, հօրս Գրիգոր Գալփաքճեանի միջոցով ժառանգուած է մեզի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս սուղ սիւնակը եւ գրիչը, պիտի ունենամ կեանքիս վախճանը։ Մէկ խօսքով՝ պատմութիւնը պիտի կրկնուի…։ Բայց փառք Աստուծոյ այդպէս չեղաւ, փառք Աստուծոյ չեղաւ, կ՚ըսեմ, ո՛չ թէ ինքզինքիս համար, այլ շուրջիններուս համար։ Չեղաւ, շնորհիւ Հիւանդանոցի վարչական եւ բժշկական անձնակազմին խնամքին, տղոցս՝ Գրիգորին եւ Արարատին ջերմ եւ անձնուէր հետաքրքրութեան եւ վերջապէս իմ սիրելի՜ բոլոր բարեկամներուս ցոյց տուած բարոյական զօրակցութեան…

Հիւանդանոցի սանեակիս պատուհանէն յաճախ կը դիտէի պարտէզը, բնութի՛նը։

Պարտէզի ծառերը կը դիտէի թէ՛ ձմեռ եւ թէ ամառ եղանակներուն։ Ուստի ծառերը տեսայ երկու ձմեռ, երկու ամառ։ Նոյն ծառերը ձմեռ ատեն որպէս չոր փայտ, ամառ ատեն տերեւներով զարդարուած կենդանի՝ կեանքի խորհրդանիշ։ Այս երեւոյթը ահաւասի՛կ, անգամ մը եւս յիշեցուց ինծի այն ճշմարտութիւնը, թէ պէտք է ճանչնալով հաւատալ, եւ հաւատալով ճանչնալ։

Եւ այդ բնական տեսարանին մէջ տեսայ զԱստուած։ Ահաւասի՛կ, այդ ծառերուն մէջ էր, բնութեան ծոցին տեսայ, վկայեցի այն ամենակարող, ամենազօր, ամենատիրող Էութեան։

Հոն, բազմաթիւ շէնքեր կար, որոնցմէ մէկուն վրայ կը տեսնէի եւ հիացումով կը դիտէի մեծատառ «Է» մը՝ որ ցոյց կու տար այն ճշմարտութիւնը, թէ Ան ամէն տեղ է, ան միշտ «Է», միշտ մեր անսկիզբ եւ անվերջ Արարածը եւ Նախախնամը…

Թէ ի՞նչ էր տեսածս բնութեան մէջ՝ Հիւանդանոցի պարտէզը Հիւանդանոցի իմ սենեակի պատուհանէս։

Աստուած տեսայ, երբ չոր ծառեր օրէ օր, հետզհետէ կը ծլէին, կը բողբոջէին, տերեւներ, ծաղիկներ, պտուղներ, անկենդանը կենդանացած, մեռածը ողջնցած էր։ Ձիւնապատ պարտէզը արեւի շողերով կը փայլէր այլեւս։ Բնութեան օրէնքն էր ասիկա։

Եւ հիմացումով, անգամ մը եւս ծանօթացայ բնութեան օրէնքին Օրէնսդրին՝ ուր կար իմաստութիւն, հմտութիւն, եւ մանաւանդ սէ՛ր։

Բնութեան այս տեսարանին մէջ կարելի՞ էր զԱստուած չտեսնել, կարելի կ՚ըլլա՞ր հոն՝ բնութեան մէջ անտեսել Ճշմարտութիւնը, այն մեծ եւ բացարձակ Ճշմարտութիւնը՝ որ Աստուած Ի՛նքն է։

Սիրելի՜ բարեկամներ, անգամ մը եւս բնութիւնը դիտենք հոգեւոր աչքով եւ հոն պիտի տեսնենք զԱստուած՝ Իր ամբողջ փառքով…։

Շնորհակալութի՜ւն բոլորիդ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 10, 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023