ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՄԸ՝ ՓԱՐԻԶԻ ԿԵԴՐՈՆԸ

Հակառակ աւելի քան դար մը հնութեան, համաշխարհային գրականութեան տիտաններէն մին կը շարունակէ մնալ ռուս գրող Լ. Թոլսթոյ, որ առաւելաբար յայտնի է իր «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն», «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր մէջ է», «Աննա Քարենինա», «Պատանեկութիւն» եւ այլ գործերով, որոնք նկատուած են աշխարհի ամենէն շատ ընթերցուած գիրքերու ցանկերուն մէջ:

Շնորհիւ իր համբաւին, մինչեւ օրս աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ անոր անունով գոյութիւն ունին հրապարակներ, փողոցներ ու դպրոցներ։ Անոնցմէ մէկն է Երեւանի Երուանդ Քոչար եւ Նար-Դոս փողոցներուն միջեւ գտնուող փողոցը. ռուս հեղինակի անունը կը կրէ նաեւ Երեւանի թիւ 128-րդ դպրոցը, որուն դրան մուտքին տեղադրուած է նաեւ գրողի արձանը:

Թոլսթոյի նուիրուած յայտնի հրապարակներէն մին կը գտնուի Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, որուն կեդրոնը կը գտնուի ռուս գրողի կիսանդրին: Հակառակ անոր որ կիսանդրին ունի 91 տարուան անցեալ մը, բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կը շարունակեն այցելել ու սքանչացումով նայիլ արուեստի այս գործին: Կիսանդրին մեզի՝ հայերուս համար յատուկ է մանաւանդ անով, որ այդ կիսանդրիին արուեստագէտը եղած է հայ մը եւ այդ կապակցութեամբ 1930-ական թերթերը՝ ներառեալ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հրապարակած է լրատուութիւն մը «Փարիզի հրապարակներէն մէկուն վրայ կանգնուեցաւ Կիւրճեանի կողմէ շինուած Թոլսթոյի կիսանդրին» խորագիրով:  

Կիւրճեան, որ ծանօթ է նաեւ Կիւրճիէֆ անունով, Թոլսթոյի այս կիսանդրիին փոքր օրինակը առաջին անգամ կաւով շինած է Ռուսաստանի մէջ՝ 1915 թուականին եւ նուիրած Ռուսաստանի մէջ գտնուող Թոլսթոյի նուիրուած թանգարանը եւ այդ աշխատութեան համար արժանացած է բազմաթիւ գովեստներու: Ապա Փարիզ գալով Կիւրճեան 1921 թուականին Ռուսաստան ղրկելու միտումով շինած է նոյն կիսանդրիին մարմարեայ տարբերակը, սակայն զանազան դժուարութիւններու պատճառով Ռուսաստան չկարենալով ղրկել արձանը մնացած է իր մօտ եւ, ցաւ ի սիրտ, առանց ղրկել կարենալու արուեստագէտը մահացած է:

Արուեստագէտի մահէն վեց տարիներ ետք՝ 1938 թուականին Կիւրճեանի այրին կիսանդրին նուիրած է Փարիզի քաղաքապետութեան, որոնք բարձր գնահատելով արուեստագէտին գործը՝ որոշած են արձանը տեղադրել Փարիզի կեդրոնը գտնուող Թոլսթոյի անուան այգիին մէջ կանգնեցնել:

Հայազգի արուեստագէտի կիսանդրիին բացումը կատարուած է 1938 թուականին, ներկայութեամբ Փարիզի քաղաքապետին, Ֆրանսական Ակադեմիայի ներկայացուցիչ Անտրէ Մոռուայի, Թոլսթոյի թոռան՝ Սերժ Թոլսթոյի եւ բազմաթիւ գրասէրներու ներկայութեամբ: Այս առիթով քաղաքապետին եւ ակադեմիայի ներկայացուցիչներու կողքին, հայ արուեստագէտի գործը բարձր գնահատած ու շնորհակալութեան ճառեր արտասանած է մեծանուն գրողի թոռը:

Ցաւ ի սիրտ, արուեստագէտ Կիւրճեանի մասին տեղեկութիւններ կարելի չէ գտնել համացանցի կամ այլ աշխատութիւններու մէջ, սակայն կրնանք ըսել, որ արուեստագէտը ծնած է Շուշիի մէջ եւ արձանագործութեան հանդէպ մեծապէս ընդունակութիւն ցոյց տալով ղրկուած է Փարիզ՝ աշակերտելու համար յայտնի արուեստագէտներու. ան աշակերտած է նաեւ Ֆրանսայի մեծագոյն արուեստագէտներն մին նկատուող Օկիւստ Ռոտէնի։ Արուեստի քննադատներ մի՛շտ Կիւրճեանի աշխատութիւններուն մէջ նշմարած են Ռոտէնի ազդեցութիւնն ու շունչը: Արուեստագէտի մասնագիտութիւնը մարդոց կիսանդրիներու կողքին եղած է կենդանական աշխարհի վերաբերեալ քանդակագործութիւններ. հայ արուեստագէտին պատկանող «Սիամական կատու» աշխատութիւնը մինչեւ օրս կը գտնուի Պրիւքսելի Արքայական թանգարանէն ներս:

Կիւրճեանի գործերը մեծապէս գնահատուելով 1915 թուականին յատուկ հրաւէրով մեկնած է Ռուսաստան՝ կառուցելու համար Քարլ Մարքսի արձանը, որ հակառակ կիսաւարտ մնալուն, մինչեւ օրս կը պահուի Մոսկուայի թանգարաններէն մէկուն մէջ:

Կիւրճեան ապա մեկնած է Փարիզ եւ ունեցած է իր անհատական արհեստանոցը, որուն մէջ ստեղծագործած է աւելի քան չորս հարիւր արուեստի գործեր. իր գործերով Կիւրճեան ցուցահանդէսներ ունեցած է Փարիզի, Նիւ Եորքի, Մատրիտի, ինչպէս նաեւ եւրոպական բազմաթիւ քաղաքներու մէջ:  Կիւրճեանի գործերուն կարելի է հանդիպիլ Լիւքսեմպուրկի, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի թանգարաններուն մէջ, ինչ որ հպարտութեան աղբիւր մըն է իւրաքանչիւր հայու համար:

Ցաւ ի սիրտ, հայ արուեստագէտներու գործերը հայերէն աւելի գնահատուած են օտարներու կողմէ եւ անոնք կրցած են «տէր» դառնալ հայ արուեստագէտներուն՝ քան մենք՝ հայերս: Նման ցաւօք արտայայտութիւն մը կարելի է գտնել նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի նամակներուն մէջ, որովհետեւ արուեստը երբեք ալ գնահատուած չէ եղած մեր իրականութենէն ներս եւ, ինչպէս պատմութենէն ծանօթ է, հայ արուեստագէտը՝ որ օտարներու փոխարէն ծառայած է հայութեան, միշտ ալ ինքզինք գտած է թշուառ վիճակի մէջ:

Աւելի քան 85 տարիներ ետք հայ արուեստագէտի մը աշխատութեան գոյութիւնը Փարիզի ամենէն յայտնի հրապարակներէն մէկուն վրայ պարզապէս հպարտութեան աղբիւր մըն է եւ պատճառ՝ զարկ տալու արուեստին՝ որ մարդու կեանքէն աւելի երկար ապրելու բախտաւորութիւնը ունի:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -192-

Երեւանի ամենէն յայտնի փողոցներէն մէկուն՝ Հիւսիսային պողոտայի վրայ ծանօթացայ արուեստագէտի մը, որ ամբողջ օրը այդ փողոցին վրայ նստած մարդոց դիմանկարները կը նկարէ՝ սքանչելի նոյնութեամբ մը:

Արուեստագէտը այս մէկը կը կատարէ շա՜տ համեստ գումարի մը դիմաց. նման աշխատութիւնով մը արուեստագէտը Եւրոպայի, Թուրքիոյ եւ կամ Ամերիկայի մարդաշատ փողոցներուն վրայ հաւանաբար կարենար մեծ գումարներ վաստակիլ, սակայն նախընտրած էր մնալ Հայաստան:

Ըսելու կարիք կա՞յ, որ արուեստագէտը կը գտնուէր նիւթական դժուարութիւններու մէջ՝ պարտքերով ծանրաբեռնուած: Արուեստի եւ արուեստագէտի հանդէպ անարդար գնահատական մը ունի մեր ժողովուրդը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023