ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար չարչարուեցաւ, եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք… Անոր գերեզմանը ամբարիշներուն հետ դրուեցաւ, բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ։ Քանի որ անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ» (ԵՍԱՅԻ ԾԳ 5 եւ 9)։
Այսպէս կը վկայէ եւ կը մարգարէանայ Եսայի Մարգարէ Յիսուսի խաչելութեան եւ թաղման մասին։
Իսկ Երեմիա Մարգարէ սապէս կը մարգարէանայ Յիսուսի թաղման իրողութեան. «Իմ կեանքս գուբի մէջ ձգեցին, վրաս քար նետեցին» (ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ Գ 53)։
Եւ սաղմոսերգուն Դաւիթ կը սաղմոսերգէ. «Մեռելներու մէջ ինկած եմ. Գերեզմանի մէջ պառկող սպաննուածներու պէս, որոնք ա՛լ չես յիշեր ու քու ձեռքէդ մերժուած են» (ՍԱՂՄ. ՁԸ 5)։ Դարձեալ կ՚ըսէ. «Որովհետեւ իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս» (ՍԱՂՄ. ԺԶ 10)։ Եւ վերջապէս. «Դուն զիս ամենէն խորունկ գուբին մէջ դրիր, խաւար ու խոր անդունդներու մէջ։ Քու սրտմտութիւնդ ճնշեց իմ վրաս եւ քու բոլոր ալիքներովդ զիս չարչարեցիր» (ՍԱՂՄ. ՁԸ 6-7)։
Այս մասին Սողոմոն եւս կ՚ըսէ. «Ես կը քնանամ, բայց իմ սիրտս արթուն է» (ԵՐԳ. Ե 2)։ Եւ նաեւ՝ Յիսուսի թաղման վայրի մասին կը մարգարէանայ. «Իմ հարս քոյրս փակեալ պարտէզ մըն է, փակեալ աղբիւր ու կնքուած աղբերակ մըն է» (ԵՐԳ. Դ 12)։
Արդարեւ Յիսուս թաղուեցաւ, բայց ոմանք կ՚ըսեն, թէ Ան թաղուեցաւ իբրեւ «մարդ»։
Ուստի Յիսուս եկաւ, մարմնացաւ եւ մարդացաւ եւ խաչի վրայ մարդոց մեղքերուն թողութիւն տուաւ, որպէսզի մարդիկ Անոր արդարութեամբ ապրի։ Արդարեւ, ինչպէս յիշեցինք, մարգարէներ նախապէս մարգարէացան Անոր խաչելութեան, չարչարանքներուն, թաղման եւ յարութեան մասին։ Այս մասին անոնք մարգարէացան մանաւանդ Ուրբաթի չարչարանքներէն յետոյ շաբաթամուտին Անոր գերեզմանի մէջ հանգստանալուն մասին։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի «Ոսկեփորիկ» գիրքէն հետեւինք ուրեմն Քրիստոսի թաղման իրադարձութեան եւ պատասխան գտնելու ջանանք մարդկային միտքը յուզող հարցերու։
Տաթեւացի կ՚ըսէ, թէ ոմանք կը հաւատան, որ Յիսուս Քրիստոս թաղուեցաւ իբրեւ մարդ։ Անոնք եւս կը հաւատան, թէ՝ չարչարանքէ, խաչուելէ եւ մեռնելէ վերջ խաչին վրայ՝ Քրիստոս մա՛րդ ըլլալով գերեզման դրուեցաւ։ Իսկ սուրբ վարդապետներ կ՚ըսեն, թէ խաչին վրայ մեր մեղքերը վերցուց, որպէսզի մենք արդարանանք եւ մեռաւ՝ որպէս «մարմին առած Աստուած»։ Ուստի եկաւ իր Հոգին դնելու մեզի համար եւ երբ ուզեց վերցուց դարձեալ այնտեղէն, ինչպէս մարգարէներ ըսած էին նախապէս։
Արդարեւ, Ուրբաթ օրուայ չարչարանքներէն յետոյ շաբաթամուտին հանգստացաւ. «Եւ Աստուած իր բոլոր գործերը եօթներորդ օրը լմնցուց ու եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն» (ԾՆՆԴ. Բ 2)։ Այն է՝ որ ուրբաթի չարչարանքներուն յաջորդեց գերեզմանը՝ որպէս հանգստարան։
Յակոբի մարգարէութիւնն ալ կը խօսի նոյն իրողութեան վրայ. «Որդեա՛կ իմ, կողոպուտէն ելար։ Առիւծի պէս ծունկ կրկնեց, մատակ առիւծի պէս պառկեցաւ. զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ» (ԾՆՆԴ. ԽԹ 9)։
Իսկ Մովսէս, Գիրք Թուոցի մէջ կ՚ըսէ. «Առիւծի պէս երկարեցաւ ու պառկեցաւ, մատաղ առիւծի պէս. զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ…» (ԹՈՒՈՑ ԻԴ 9)։
Այս մարգարէութիւնները կը վկայեն, թէ Յիսուս մարմնով մեռած էր, բայց Աստուածութեամբ՝ կենդանի՛։ Ուստի թաղման վայրի մասին՝ քահանաները վէմը մատանիով կնքեցին, ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ.
«Յովսէփի միացաւ նաեւ Նիկոդեմոս, ան՝ որ նախապէս գիշերով Յիսուսի մօտ գացած էր։ Անիկա իրեն հետ բերաւ շուրջ երեսուն քիլօ հալուէով խառն զմուռս։ Անոնք առին Յիսուսի մարմինը եւ կտաւներով փաթթեցին՝ զմուռսին եւ հալուէին հետ միասին, ինչպէս Հրեաներուն սովորութիւն էր պատանքել» (ՅՈՎՀ. ԺԹ 39-40)։
Այնտեղ Տիրոջ ծննդեանը Յովսէփ աստուածահայրն էր վկայ. այստեղ ալ թաղմանը եւ յարութեանը միա՛յն Յովսէփ Արեմաթացին եղաւ սպասաւոր եւ վկայ, քանի որ ծննդեան եւ յարութեան խորհուրդը նո՛յնն է։ Ուրեմն, ինչպէս այնտեղ «փակուած պարտէզ» եւ «կնքուած աղբիւր» էր սուրբ Կոյսը, այնպէս ալ էր՝ գերեզմա՛նը։ Նաեւ՝ այնտեղ «կոյս արգանդ»էն ծնաւ, եւ այստեղ «կոյս գերեզման»էն յարութիւն առաւ։ Յետոյ՝ այնտեղ «անապական մարմին»ով ծնաւ եւ այստեղ, դարձեալ, «անապական մարմին»ով յարութիւն առաւ։ Այնտեղ «նախամօր տրտմութիւնը փարատեց», եւ այստեղ «Ադամի պատիժը բժշկեց»։ Այնտեղ հրեշտակներ ծննդեան սպասաւորներ էին եւ այստեղ հրեշտակները յարութեան սպասաւորներ եղան։ Այս իրողութիւններու հիման վրայ՝ Փրկչի ծննդեան եւ յարութեան խորհուրդը նոյնն է։ Այս մասին Աւետարանը կը վկայէ.
«Ինչպէս Յովնան երեք օր ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 40)։ Եւ այնտեղ կատարուեցաւ Ովսէի մարգարէութիւնը. «Զանոնք գերեզմանին ձեռքէն պիտի փրկեմ, զանոնք մահուընէ պիտի ազատեմ, ըսէ՛, ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու տանջանքդ, ըսէ՛, ո՛վ գերեզման, ո՞ւր է աւերումդ։ Իմ աչքերէս գութը պիտի ծածկուի» (ՈՎՍ. ԺԳ 14)։
Եւ Յիսուս ինչո՞ւ թաղուեցաւ։
Նախ՝ որովհետեւ Ադամին ըսաւ. «Հող էիր եւ հող պիտի դառնաս» (ԾՆՆԴ. Գ 19)։
Ինքը հող մտաւ, որպէսզի վերցնէ դատապարտութիւնը, ինչպէս փուշով փուշը հանեց եւ քրտինքով քրտինքը, այնպէս ալ թաղմամբ՝ մահուան հողը։
Յետոյ՝ Ադամի արարքով անիծուեցաւ երկիրը եւ անոր բոլոր տարրերը. այդ պատճառով, երբ Քրիստոս իջաւ ջուրի մէջ՝ մաքրեց անիկա եւ երբ դրուեցաւ գերեզմանի մէջ, օրհնեց հողը, յարութենէն յետոյ քառասուն օր մաքրեց օդը, եւ երբ Սուրբ Հոգին իջաւ հրեղէն լեզուներով, սրբեց հուրը վերջնականապէ՛ս։
Այս պատճառով հողը օրհնուած է, ուր եւ՝ հաւասարապէս օրհնուած գերեզմանի մէջ կը թաղուին հաւատացեալները ի Քրիստոս։
Նաեւ՝ մարմինով դրուեցաւ գերեզմանի մէջ Յիսուս, որպէսզի մեր բոլորին մարմնի պակասութիւնները եւ տկարութիւնները բժշկէ, եւ հոգիով դժոխք իջաւ, որպէսզի մեր հոգիները տանջանքէն ազատէ։
Վերջապէս՝ գերեզմանէն եւ դժոխքէն յարութիւն առաւ, որպէսզի մեզի յարութիւն պարգեւէ, ըստ որում «Գերեզմանները բացուեցան, եւ շատ մը սուրբ ննջեցեալներ յարութիւն առին։ Անոնք գերեզմաններէն ելան եւ Յիսուսի յարութենէն ետք Սուրբ Քաղաք մտան, ուր շատերու երեւցան» (ՄԱՏԹ. ԻԷ 52), եւ վկայեցին Քրիստոսի յարութեան մասին, թէ դժոխքը աւերեց, հոգիները երկինք հանեց եւ սատանային ազդելով կապեց, քանի որ Քրիստոսի Խաչէն յետոյ սատանան այլեւս չի կրնար մարդոց հոգիները բռնութեամբ դժոխք տանիլ։
Ուստի, այս բոլորը եւ առաւել քան այս բոլոր բարիքը եւ օգուտը Քրիստոսի թաղումէն եղաւ։
Եւ այս պատճառով, պատշաճ չէ ըսել. «Քրիստոսի թաղում եւ գերեզման», այլ՝ «սուրբ յարութիւն» եւ «անմահ կենդանութիւն», որ մեզի ընծայուեցաւ սուրբ գերեզմանէն։
Ա՛յսքան կը խօսի Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի Տիրոջ թաղման մասին։
Եւ այս խօսքերէն կը հետեւի, թէ՝ մահը եւ թաղումը, ամէն մարդու համար, երբեք վերջ մը չէ՛, այլ՝ նոր եւ անմահ կեանքի մը սկի՛զբը։
Արդարեւ, մահը յաւիտենականութեան սկիզբն է՝ որուն դուռն է կամ կայարանը՝ գերեզմա՛նը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 10, 2017, Իսթանպուլ