«ԿՕՇԿԱԿԱՐՆ ԻՒՐ ԿՕՇԻԿԷՆ ՎԵՐ ԵԼԼԱԼՈՒ ՉԷ»

Արդի համաշխարհայնացման ախտը իր հետ բերաւ այլ ախտ մը՝ որ կը կոչուի ամենագիտութիւն. ախտ մը՝ որ խաւերու միջեւ եղած տարբերութիւնը փշրել փորձելով ուզեց վերացնել տարբերութիւնները հրահանգողին եւ հպատակին, քաղաքացիին եւ գիւղացիին: Խաւերու վերացումը ինքնաբերաբար պատճառ դարձաւ յարգանքի վերացման ու հրապարակ դուրս եկան այնպիսիներ, որոնց համար նախնիները ըսած են «կօշկակարն իւր կօշիկէն վեր ելլալու չէ» խորիմաստ խօսքը, որուն կարօտը ունինք այսօր:

Լսուած բան է, չէ՞ որ հիւանդութիւն մը իր հետ այլ հիւանդութիւններ կը բերէ. այդ ամենագիտութիւնը իր հետ բերաւ անսխալ ըլլալու յաւակնութիւն մը, որ զուրկ է ճշմարտութիւնը ընդունելու, զիջելու եւ սեփական սխալը ընդունելու ունակութենէն, ինչ որ մեր մէջ սպաննեց առողջ քննադատութիւն ըսուած իրողութիւնը՝ որ երբեք չունինք այսօր:

Այդ բոլորին մէջ վստահաբար դեր ունի նաեւ ընտանեկան դաստիարակութիւնը, ուր վերջերս «ինքը քեզմէ լա՞ւ է մը» խորագրեալ կրթութիւնը կը փոխանցուի նոր սերունդին, անոնց մէջ սերմանելով նախանձի ու մրցակցութեան այն ոգին, որ առողջ մրցակցութիւն մը չէ: Այդ նոր դաստիարակութիւնը կը սորվեցնէ ամէն գնով մերժել դիմացինը՝ նոյնիսկ ճշմարտութիւնը ոտնակոխելու գծով: Այդ մրցակցութիւնն ու նախանձն ալ զգալի է ամէ՛ն տեղ՝ սկսելով մամուլէն, հասնելով մինչեւ ամենէն պարզ ու համեստ ընկերական շրջանակը:

Այդ նախանձը գրողներուս պարագային յայտնեմ հետեւեալ ձեւով. այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ 224-րդ յօդուածս է, որ լոյս կը տեսնէ. հաւանաբար տասնեակ մը մտաւորականներ ու գրողներ կարդացած, գոնէ տեսած ըլլան գրութիւններս այս էջերուն մէջ. ինչքա՜ն ալ լաւ գրած ըլլաս գնահատական ու քաջալերական խօսք մը կրնաս չլսել անոնցմէ, բայց վա՜յ քեզի, եթէ սխալ մը թոյլ տուիր. ճիտի պարտք կը համարեն յանկարծ այդ սխալը բարձրաձայնել, խոշորացոյցով մեծցնել, որովհետեւ այսօր մեր իրականութենէն ներս սխալ մը կրնայ ընդմիշտ տանիլ հազարաւոր ճիշդեր:

Աստուած մեր ազգին խելք հասցնելու պաշտօնով օժտած է ի ծնէ. բոլո՛րն ալ կարծիք ունին գրեթէ ամէն բանի մասին: Չի՛ զարմանաք, եթէ տեսնէք նիւթապէս թշուառ հայ մը յաջող ու փայլուն վաճառականութեան եւ առեւտուրի գաղտնիքներ կ՚ուզէ փոխանցել բարեկեցիկ հայու մը՝ որ իր աշխատանքով տիրացած է որոշ հարստութեան. չի՛ զարմանաք, եթէ տեսնէք որ անուս մը բժշկական խորհրդատուութիւն կու տայ նոյնինքն բժիշկին. չի՛ զարմանաք, երբ կօշկակարը կամ հանրակառքի վարորդը քաղաքական գործիչներու խորհուրդ տալ փորձէ: Չի՛ զարմանաք, երբ տեսնէք ամբողջ տասնամեակ մը եկեղեցի չյաճախող անձ մը եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին խօսի:

Պարզապէս չի՛ զարմանաք:

Ամենագիտութեան ախտը այսօր վարակած է բոլորս եւ չկա՛յ մարդ, որպէսզի ինքնավստահօրէն ըսէ «կօշկակարն իւր կօշիկէն վեր ելլալու չէ» այնքա՜ն ճշմարիտ յորդորը:

Այն հացը որ այսօր կ՚ուտէք, ունի ընթացաշարք մը. գիւղացին պէտք է ցանէ ցորենը եւ փոխանցէ ջաղացպանին, որ իր կարգին այդ ցորենը պիտի վերածէ ալիւրի. ալիւրը պիտի փոխանցուի հացթուխին եւ վերջինը իր կարգին պիտի պատրաստէ այդ հացը. իսկ պահ մը պատկերացուցէ՛ք հացթուխը փորձէ միջամուխ ըլլալ գիւղացիի ցանքին, հողագործը ջաղացպանին աշխատանքին, իսկ ջաղացպանը՝ հացթուխի գործերուն. այսօր այդ մթնոլորտի մէջ է որ կ՚ապրինք մենք:

Պահ մը քննեցէք մեր ժողովականները. յանկարծ կը տեսնէք մեծահարուստ մը այս կամ այն ուսումնական խորհուրդի պետ նշանակուած է. այդ մարդը հաւանաբար ճարտար է միա՛յն վաճառականութեան մէջ եւ իր վաճառականութեան մէջ ունեցած յաջողութիւնը երբեք երաշխիք չի կրնար հանդիսանալ անոր կրթական մշակ դառնալու զաւեշտին. այսօր եկեղեցւոյ թաղականներ նշանակուած են այնպիսիներ՝ որոնք հաւանաբար չկարենան «Հայր մեր» մը ծայրէ ծայր արտասանել. սփիւռքի «զարգացած» երկիրներու մէջ մինչեւ իսկ տեսած եմ հայկական վարժարանի տնօրէն՝ որ ժողովները օտար լեզուով կը կատարէ՝ հայերէն լեզուին լաւապէս չտիրապետելու պատճառով... բայց հայկական դպրոցի տնօրէն է վերջապէս...:

***

«Կօշկակարն իւր կօշիկէն վեր ելլալու չէ» խօսքին ճշմարտութիւնը փաստեմ հետեւեալ ձեւով. օր մը բարեկամներէս մէկը զանգ ստացաւ գաղութի ղեկավարներէն. առաջարկեցին տեղի եկեղեցիներէն մէկուն թաղականութեան անդամ դառնալ: Բարեկամս ամենայն ազնուութեամբ մերժեց այդ առաջարկը: Ղեկավարները համոզելու համար բացատրեցին պաշտօնը. «մասնաւոր բան մը չկայ ընելիք. եկեղեցւոյ կողքը գրասենեակ կայ, կիրակի օրերը այդտեղ կը հաւաքուինք, սուրճ մը կը խմենք». այսպիսի միջավայրի մէջ ամէ՛ն բան կրնայ պատահիլ, կրնանք մինչեւ իսկ օր մը հանրայայտ պոռնիկ մը մայրապետներու վրայ վերակացու դնել... վերջապէս ամէ՛ն մարդ ամէ՛ն բան գիտէ աւելիով՝ քան ուրիշը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
(1864-1929)

Մեր թուականէն 158 տարիներ առաջ՝ 14 ապրիլ 1864-ին Վաղարշապատի մէջ ծնած է մտաւորական եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեան:

Յովհաննիսեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցէն ներս, ապա ընդունուած է Երեւանի Մարմնակրթական ուսումնարան։ 1877 թուականին Յովհաննիսեան ընդունուած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1884 թուականին: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք ընդունուած է Մոսկուայի համալսարանի պատմական եւ լեզուագիտական կաճառը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1888 թուականին:

Ուսումը աւարտելէ ետք Յովհաննիսեան վերադարձած է Երեւան եւ որոշ ժամանակ Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանէն ներս ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն, դասաւանդելով ռուսական գրականութիւն եւ լեզու, ընդհանուր գրականութիւն եւ յունարէն լեզու: Յովհաննիսեան ուսուցչութեան կողքին զբաղած է գրական ստեղծագործութեամբ. անոր առաջին բանաստեղծութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած է «Աղբիւր» հանդէսին մէջ՝ 1883 թուականին: Առաջին բանաստեղծութենէն չորս տարիներ ետք՝ 1887 թուականին Յովհաննիսեան հրատարակած է իր բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն:

Յովհաննիսեան ժամանակակիցներու մօտ յայտնի դարձած է իր «Ա՜խ, տուէք ինձ քաղցր մի քուն», «Մնաք բարով, արեւ, գարուն», «Արազն եկաւ լափին տալով», «Լուսաւորչի Կանթեղը» եւ այլ բանաստեղծութիւններով:

Բանաստեղծութեան կողքին Յովհաննիսեան զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքներով, հայերէնի թարգմանելով Հոմերոսի, Շիլլերի, Փուշկինի, Կէօթէի, Լերմոնտովի եւ այլ անուանի մեծերու աշխատութիւնները:

Յովհաննիսեան մահացած է 29 սեպտեմբեր 1929 թուականին. մինչեւ օրս Վաղարշապատի մէջ կը գործէ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի տուն-թանգարանն ու մատենադարանը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2022