ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԷՆ 117 ՏԱՐՈՒԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

Մեր թուականէն 135 տարիներ առաջ Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ ձեռագիր ձեւով կը հրապարակուի «Արմէնիա» ազգային, քաղաքական եւ գրական շաբաթաթերթը, որ կ՚ունենայ մօտաւորապէս 31 տարուան կեանք մը. «Արմէնիա» եղած է ֆրանսահայ, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ առաջին հրատարակութիւններէն մին:

Ընթերցումներուս ընթացքին գտայ 22 դեկտեմբեր 1906 թուականին Տիգրանակերտէն գրուած նամակ մը, որ հրատարակուած է «Արմէնիա» թերթի 13 փետրուար 1907 թիւին մէջ (ԻԲ. տարի, թիւ 20): Դժբախտաբար նամակագիրը իր նամակը չի յիշեր, սակայն կը ստորագրէ «Վշտակիր» գրչանունով. կը կարծենք նամակագիրը յարմարագոյն անունը ընտրած ըլլայ, որովհետեւ գրածները այնպէս ինչպէս իր ժամանակաշրջանին, նոյնպէս այսօր՝ 117 տարիներ ետք նոյն վիշտն է որ կը բուրէ:

Նամակը սկիզբ կ՚առնէ հետեւեալ տողերով.-

«Ուրիշ ազգեր երբ յոյսերնին դրած են չափահասներու վրայ, ամէն կարելի զոհողութիւններով կ՚աշխատին ատոնց մտաւորական կարողութիւնը բարձրացնել եւ ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան եռանդը զօրացնել, մենք անտեսելով այս անհրաժեշտ ձեռնարկը թողած ենք չափահասներն իրենց մանկութենէն սկսեալ անկախ ազատ կամքով, որ ցաւալի է ըսել, դէպի չարը հակելու միայն կը ծառայէ»:

Եթէ թուականը յայտնի չըլլար, պահ մը պիտի ենթադրէի, թէ գրուած է մի քանի օրեր առաջ՝ որովհետեւ յստակ հայելին է մեր այսօրուան եւ մենք այսօրուան մեր մեղքը կը փորձենք թաքցնել՝ մեղադրելով մանուկներն ու երիտասարդները՝ որոնք ձգուած են իրենց ճակատագիրին. բեմերէն յաճախ կը խօսինք նոր սերունդին անտարբերութեան մասին, անտեսելով մեր թերացումները անոնց նկատմամբ: Տակաւին երկար ժամանակ կ՚ուզենք ամբողջովին հասկնալու եւ համոզուելու, թէ հողը պաշտպանելու չափ եւ աւելի՛ կարեւոր է նոր սերունդին դաստիարակութիւնը, որովհետեւ հողի ամբողջականութիւնը պահես, սակայն կորսնցնես քեզի յաջորդող սերունդը՝ այդ հողը արդէն իսկ կորսնցնել կը նշանակէ. ազգի մը իսկական ուժը ո՛չ իր նիւթական զօրութեամբ, ո՛չ իր աշխարհագրական դիրքով եւ ո՛չ ալ բանակի մեծութեամբ պայմանաւորուած է:

Պատկերացուցէք ունիք մեծ հարստութիւն մը՝ սակայն իր կեանքը զեխութեան նուիրած զաւակ-ժառանգորդ մը. ինչքա՛ն ալ հարստութիւն ունենաք, վստահ կ՚ըլլաք, թէ ձեր զաւակը պիտի մսխէ այդ բոլորը եւ օր մը չէ օր մը յայտնուի սնանկ վիճակի մէջ. նոյնն է պարագան ուժեղ պետութիւն մը ունենալուն՝ առանց առողջ դաստիարակուած նոր սերունդի:

Այսօր աւելի առողջ է մեր զաւակներուն հարստանալ սորվեցնել, քան պատրաստ հարստութիւնը դնել անոնց առջեւ. նոյն տրամաբանութեամբ ազատ անկախ Հայաստան մը ստեղծելէ առաջ պէտք է նոր սերունդին մէջ սերմանել ազատութեան  ու անկախութեան գաղափարը, որովհետեւ այսօրուան պատանին վաղուան ղեկավարն է եւ առանց անոնց գիտակցութեան՝ կրնան մսխել ու կորսնցնել այդ ազատութիւնն ու անկախութիւնը (ինչ որ սկիզբ առած է արդէն):

Վշտակիր նամակագիրը կը շարունակէ իր նամակը.-

«Դպրոցէն դուրս բոլորովին ազատ լինելով փողոցները կամ այլուր, ստորնացուցիչ արարքներու մէջ կը գտնուին: Պատանեկութեան առաջին տարիներուն մէջ արդէն սկսեր են ծխել, օղի խմել, օրինակ առնելով իրենցմէ տարիքոտները»: Այս բովանդակութեան լոյսին տակ ըսենք, որ այսօր Հայաստանի մէջ սովորական դարձած է պատանիներու եւ երիտասարդներու վիճաբանութիւնները, որոնք յաճախ վերջ կը գտնեն դանակահարութեամբ եւ կամ սպանութիւններով: Մի քանի օրեր առաջ գրեցինք, թէ այսօր Հայաստանի մէջ պատանիներն անգամ թմրամիջոց կ՚օգտագործեն. տակաւին այս շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ 21 ամեայ երիտասարդ մը իր մօտ գտնուող դանակով վիրաւորած էր իր երկու բարեկամները՝ որոնց հետ անիմաստ մէկ պատճառով վէճի բռնուած էր:

Մեր Հայրենիքին համար ներկան մտահոգեցուցիչ վիճակ մը կը պարզէ, սակայն շատ աւելի մտահոգեցուցիչ ըլլալ կը թուի ապագան, որովհետեւ մեր ներկային մէջ նոյնիսկ եթէ յաջողինք ազատութիւն կոչուածը պահել, ապագայի սերունդը դժուար թէ յաջողի, որովհետեւ այնպէս ինչպէս 117 տարիներ առաջ, նոյնպէս ալ այսօր մեր առաջնահերթութիւնը մեզի յաջորդող սերունդը չ՚ըլլար: Գիտենք, որ առիւծէն՝ առիւծ, իսկ կատուէն՝ կատու կը ծնի, սակայն չեմ գիտեր ինչպէս, առիւծ ծնող ազգիս մէջ ինչպէ՞ս սկսան կատուներ ծնունդ առնել։

Մեր ազգը այսօր ծայրայեղութիւններ կը ծնի. նոր սերունդը կա՛մ ամբողջութեամբ մոլորուած դուրս կու գայ եւ կամ երիտասարդութիւնն ու պատանեկութիւնը մոռցած քաղաքականութեամբ հետաքրքրուող երիտասարդութիւն մը, որովհետեւ մեր ազգի բառարանէն դուրս դրուած է «միջին» բառը. մենք երբեք չենք կրցած հաւասարակշռել թէ՛ մենք մեզ եւ թէ՛ մեր երիտասարդութիւնը: Իրենց կեանքը Երեւանի գիշերային ակումբներուն նուիրած երիտասարդնե՞րը պիտի դառնան ապագայ ղեկավարները:

Եթէ այս ամէնուն մեղաւորը կը փնտռենք, պէտք է հայելիներու մէջ նայինք, որովհետեւ այս խնդիրը թէ՛ պետական, թէ՛ անհատական խնդիր է. մեղաւոր է ղեկավարութիւնը, դպրոցը, կրթական համակարգն ու մա՛նաւանդ ծնողքը: Վերջապէս այս բոլորը ճակատագիրին արդիւնքը չեն, որովհետեւ նոր սերունդի ճամբով ամէն ազգ ի՛նք կը ստեղծէ իր ճակատագիրը, ինչ որ մեր պարագային միայն ու միայն սեւ գիրերով՝ բօթի մը հոգեբանութեամբ գրուած կը շարունակէ մնալ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -218-

Հայաստանի մէջ ունէինք բարեկամ մը, որ իր կրտսեր տղան որոշած էր «տղավարի» մեծցնել. իր տղան պէտք է որ անվախ ըլլար, քաջ, կռուող եւ համարձակ: Այդ երազը կատարելու համար կատարեց այն բոլորը՝ ինչ որ տրամաբանական չէր. փոքր տարիքէն սկսաւ ումպ ումպ ոգելից ըմպելիք համտեսել տալ. փոքր տարիքէն՝ տակաւին 7-8 տարեկան, իր մօտ կանչելով անոր ծխախոտէն շունչ մը քաշել տուաւ՝ վերջապէս տղամարդ է, պէտք է սորվի:

Հիմա արդէն իսկ երիտասարդ այդ մանուկը իր մանկութիւնը անցուց խմելով, ծխելով, յաճախ բոպիկ ու մերկ վիճակով դուրս փողոց գալով, եւ «դուն ես թագաւոր»ի տրամաբանութեամբ: Այսօր այդ երիտասարդին վիճակը ըսե՞մ, թէ դուք կ՚ենթադրէք...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2023