ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Աշխարհիս մէջ մարդ արարածին վիճակը մի՛շտ եղած է անստոյգ եւ անհաստատ. մեծատուն հարուստը յանկարծ դարձած է թշուառ աղքատ մը, իսկ անդին թշուառ մը՝ մեծահարուստ. առողջ ու կարող մարդը յանկարծական դարձած է հիւանդ ու անկարող, իսկ հիւանդ մը՝ յանկարծ առողջանալով վերատիրացած է իր ուժերուն. այս անկայուն վիճակն ու մարդկային կեանքի վերիվայրումները նկատի ունենալով Հայրիկ իր «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան 18-րդ գլուխը կը կոչէ «Փոփոխութիւն ընտանեկան վիճակին անկումն եւ բարգաւաճումն»:

Հայրիկ մարդը կը նմանեցնէ տարուան չորս եղանակներուն, նկատի ունենալով մարդուն փոփոխական վիճակը եւ հետեւաբար մարդկային այդ փոփոխական վիճակը բնականաբար վերիվայրումներ կը ստեղծէ նաեւ ընդհանուր ընտանեկան կեանքէն ներս: Այդ փոփոխութեան մէջ Հայրիկ կը տեսնէ նախախնամութեան դերը, որ իր բարերով «անյեղելի օրէնքով մեր վիճակը կը փոփոխէ բարձրութենէ ի խոնարհութիւն, խոնարհութենէ ի բարձրութիւն»: Հայրիկ կը հաւատա՞յ ճակատագիրի գոյութեան թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն կը հաւատայ, որ նախախնամութիւնը մեր մարդկային կեանքին մէջ միջամտութիւններ ցոյց կու տայ այն ժամանակ՝ երբ մեղանչենք. «մեր վիճակի փոփոխութիւնը մեր մեղքէն յառաջ կու գայ», կ՚ըսէ Հայրիկ եւ մեղքերը «մեր ազատ կամքէն կը ծնանին». եթէ մեղքը մեր ազատ կամքի ծնունդն է եւ նախախնամութիւնը՝ մեր մեղքին հետեւանք, հետեւաբար ընտանիք մը իր անդամներով ինք պատասխանատու է իր բարօրութեան եւ թշուառութեան համար. սակայն շատ անգամ մեղքէն հեռու ապրող մարդիկ ալ կ՚ապրին աղէտաբեր օրեր։ Հայրիկի բառերով՝ այսօր ընտանիքը «այսօր ճոխ է՝ վաղը կը չքաւորի. այսօր երջանիկ է, վաղն ապերջանիկ. Այսօր բարձրապատիւ է, վաղն անպատիւ եւ արհամարհ: Այդ աղէտներուն պատճառները կու գան երկրի անարդար կառավարութենէն, պատերազմներէն, կոտորածներէն եւ պատահարներէն, որոնք խոտի նման կը հնձեն ու կը սպառնան մարդկային ընկերութեան՝ առանց խտրութիւն դնելու հարուստին եւ աղքատին միջեւ:

Նման արտաքին պատուհասներ վտանգաւոր են, սակայն Հայրիկ աւելի վտանգաւոր կը գտնէ ընտանեկան ներքին պատուհասները, զոր դարձեալ մարդոց ազատ կամքի ծնունդը կ՚ըլլայ: Շատ անգամ մարդ չի կրնար կանխել արտաքին պատուհասները, սակայն ներքին պատուհասները մեր ազատ կամքին ծնունդը ըլլալով կարելի է կանխել: Հայրի դիտել կու տայ, որ աշխարհի զարգացած քաղաքակրթութեան մէջ ընտանեկան ներքին պատուհասները աւելի են՝ քան անուս ու տգէտ ժողովուրդին մօտ եւ այդ մէկը Հայրիկ կը կոչէ «համաշխարհական պատուհաս», որ իբրեւ համաճարակ ախտ կը տարածուի մեր ընտանիքներէն ներս, որով կը մաշուին մեր ընտանիքն ու անոր սրբազան արժէքները:

Հայրիկ իր ժամանակաշրջանը նկատի ունենալով կը փորձէ այդ պատուհասներուն պատճառը ուսումնասիրել. որպէս առաջին պատճառ կը ներկայացնէ «ցանկութիւն բազմախորտիկ սեղանոյ եւ գինարբերցութեանը առանց գիտնալոյ ու հաշուելոյ թէ տաշտին մէջ որչա՞փ հաց, մառանին մէջ որչա՞փ պաշար եւ կարասին մէջ որչա՞փ գինի կայ». այս մէկը բառացիօրէն պէտք չէ ընդունիլ. այս տողերուն մէջ պէտք է տեսնել մարդը՝ որ իր կարողութենէն վեր կը փորձէ երեւիլ մարդոց. առանց նկատի առնելու իր կարողութեան սահմանները ուրիշներուն դիմաց «փայլելու» համար «ոտքերը իր վերմակէն դուրս կը հանէ». այլ պատճառ մըն է «ցանկութիւն հանդերձի եւ նորասիրութեան, առանց նկատելով թէ նորա աշխատութիւն եւ կազմութիւն մեր երկրի եւ մեր ժողովուրդի աշխատութեան արդիւնք չէ. մեր հանճարոյ գիւտ չեն եւ մեր մեքենական գործարաններէն ելած չեն, ճշմարիտ խօսելով մեք արժանի չեմք այդ պերճութիւնները վայելել» կ՚ըսէ Հայրիկ: Նոյն խնդիրները չե՞նք ապրիր այսօր, նոյն այդ նորասիրութիւնը չե՞նք տեսներ մեր ընտանիքներէն ներս, որ պատճառ կ՚ըլլայ կարեւորը անտեսելով անկարեւորին վրայ կենդրոնանալ:

Հայրիկ տարիներ շարունակ ժողովուրդին մէջ ապրած ըլլալով կը գրէ. «Միթէ ես չե՞մ ճանաչեր ու տեսնար այն բազմաթիւ ընտանիքներ որք իրենց տղոց բերնէն հաց կտրելով՝ նախ նորասիրութեան չպէտ պէտքերը կը հոգան. Ես չե՞մ ճանաչեր ընտանիք անպատուող, այն անհոգ հայերը, որ պարտքը չվճարելով վարկն ու պատիւ կը կորուսանեն եւ փոխանակ ընտանեկան ցանկութիւն զսպելու եւ չափաւորելու՝ իրենք եւս նոյն ցանկութեան հոսանքէն մղուելով կ՚երթան կը հասնին մինչեւ յայն կէտ, ուր յուսահատ չքաւորութիւն կը տիրէ»: Այս բոլորը նկատի ունենալով ընտանեկան ներքին պատուհասները կանխելու որպէս առաջին միջոց Հայրիկ կը տեսնէ չափաւորութիւնը. այդ չափաւորութեան մէջ ո՛չ միայն ապրելակերպն ու նորասիրութիւնը տեղ կը գտնէ, այլ նաեւ ժամանակաւոր արժէքներու հանդէպ մարդոց ունեցած սէրը. ինչպէս օրինակ, կահ կարասիներու։ Հայրիկ կը տեսնէ, թէ շատ մը ընտանիքներ օրուան հացի դրամը հազիւ ունենալով կը փորձեն այդ գումարը իրենց անհրաժեշտ պէտքերուն վրայ ծախսելու փոխարէն կը ծախսեն տան շինութեան, նորոգութեան եւ կահ կարասիներու վրայ եւ այդ մէկը կը կոչէ «անմիտ սնափառութիւն»: Հայրիկի համոզումով՝ նման անձեր են որ կը շեշտեն, թէ «անցեալը աւելի լաւ էր», աւելիով գործ կար եւ այլն, առանց նկատի ունենալու որ անցեալի հետ համեմատած մեծապէս փոխուած է անոնց ապրելակերպը, համոզումներն ու առաջնահերթութիւնները: Մարդիկ իրենց արտաքին տեսքը բարելաւելու համար յաճախ ներքինը կը քանդեն եւ ի ներքուստ կը մաշին եւ միայն թշուառութեան հասնելէ ետք կը մտաբերեն իրենց ըրած սխալները:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչը մեր զաւակներուն վատ օրինակ կը դառնայ:

Պատասխան. Պէտք է նկատի ունենալ, որ երեխաները շուտ կը տպաւորուին շրջապատի վարքագիծէն եւ անցուդարձներէն: Ցանկացած վարքագիծ, որ կը խթանէ անյարգալից վերաբերմունք ունենալու, բռնութեան, անազնուութեան կամ անպատասխանատուութեան, կրնայ վնասակար օրինակ դառնալ: Օրինակի համար, եթէ երեխաները տեսնեն, թէ ինչպէս մեծահասակներ կը ստեն կամ կանոնները կ՚անտեսեն, իրենք եւս կ՚ընդօրինակեն այդ վարքագիծը. վատ օրինակ կրնայ ծառայել ծխելը, երկար ժամեր հեռուստացոյց նայիլը, անառողջ սննդակարգը, մանաւանդ եթէ երկար ժամանակի վրայ կատարուին եւ այդ բոլորը իր մօտ ստանան «բնական» իրավիճակի մթնոլորտ, որովհետեւ նման մթնոլորտ մը կ՚ազդէ անոնց ապագայի վարքագծին: Հետեւաբար մեծահասակներուն համար կարեւոր է օրինակ դառնալ եւ դրական վարքագիծ ցուցաբերել եւ փոխանցել արժէքներ՝ որպէսզի առողջ օրինակ ծառայէ հասակ առնող նոր սերունդին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024