«ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ» ՅԱՐԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ «ՍԷՐՎԱՆԴԷՍ»Ի ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն երբ պի­տի տօ­նենք «Թարգ­ման­չաց տօն»ը, որ­քա՜ն հա­ճե­լի է տես­նել ա­նոր յա­րա­կա­յու­թիւ­նը ներ­կայ թարգ­մա­նու­թեան մը մէջ։

Չեմ գի­տեր, ի՛նչ պէտք է ա­նուա­նել՝ «զու­գա­դի­պու­թի՞ւն», կամ «հան­դի­պո՞ւմ», եւ կամ «դի­պուա՛ծ», բայց ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ ա­նուա­նու­մը, ի­րա­պէ՛ս հրա­շա­լի՜ եւ բա­րե­պա­տեհ «միա­տեղ պա­տա­հում» մըն է մօ­տա­լուտ «Թարգ­ման­չաց տօն»ին՝ հա­ճոյ­քը ու­նե­նալ գիր­քի մը թարգ­մա­նու­թեա­նը հետ դի­մա­ւո­րուե­լու։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ ա­սի­կա՛ է՝ «Թարգ­ման­չաց ո­գիին յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը», մշտա­կա­յու­թիւ­նը, դա­րէ՜ դար, սե­րուն­դէ՜ սե­րունդ շա­րու­նա­կու­թեա­նը փաս­տը՝ ա­պա­ցո՛յ­ցը։ Ա՛յս է ա­հա­ւա­սիկ թարգ­ման­չաց ո­գիին նպա­տա­կը եւ ի­մաս­տը, քա­նի որ թարգ­ման­չաց ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ո՛չ թէ պատ­մա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր դէպք մը, պա­տա­հար մը, այլ՝ բա­ռին իս­կա­կան ի­մաս­տով «շար­ժո՛ւմ» մըն է, ո­րուն ազ­դե­ցու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կը տա­րա­ծուի ժա­մա­նա­կին մէջ՝ ծա՜լք ծա՜լք…։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս խո­շոր ծալ­քե­րէն մին՝ Պրու­նօ Ֆրան­քի «Սէր­վան­դէս»ը կը ներ­կա­յա­նայ մե­զի, ազ­նիւ բա­րե­կամ Ա­րամ Գամ­պու­րեա­նի թարգ­մա­նու­թեամբ։ Եւ ան­գամ մը եւս կու գանք տես­նել՝ թարգ­մա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ե­թէ թարգ­մա­նող­ներ չըլ­լան, ա­պա ու­րեմն այդ լե­զուին օ­տար մէ­կը, ինչ­պէ՞ս պի­տի ծա­նօ­թա­նայ «օ­տար» մշա­կոյ­թի մը, օ­տար լե­զուով գրուած գիր­քե­րու եւ գրա­կա­նու­թեան։

Ու­րեմն թարգ­մա­նիչ­ներ, կեր­պով մը միջ­նորդ­ներ են, կամ ը­սենք՝ դես­պան­ներ, ո­րոնք մշա­կոյթ­նե­րու մի­ջեւ որ­պէս պատ­գա­մա­ւոր կամ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ կը հան­դի­սա­նան։ Եւ ներ­կայ «Սէր­վան­դէս»ի թարգ­մա­նու­թեան վրայ խօ­սե­լով, ինչ­պէ՞ս պի­տի ճանչ­նա­յինք Պրու­նօ Ֆրան­քը, ե­թէ Ա­րամ Գամ­պու­րեան թարգ­մա­նած չըլ­լար «Սէր­վան­դէս»ը. ա­սոր նման օ­տար մշա­կոյթ­նե­րու հետ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի կ՚ըլ­լար շփուիլ՝ ե­թէ թարգ­մա­նիչ­ներ չըլ­լա­յին։ Ուս­տի մշա­կոյ­թի տա­րած­ման նկատ­մամբ մե՛ծ է թարգ­մա­նիչ­նե­րու գոր­ծը։ Ինչ­պէս մեծ ու կա­րե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն մը մա­տու­ցած է Ա­րամ Գամ­պու­րեան իր կա­տա­րած թարգ­մա­նու­թեամբ։

Թարգ­մա­նիչ­ներ՝ «կա­մուրջ»ներ են մշա­կոյթ­նե­րու մի­ջեւ՝ անցք՝ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու լե­զու­նե­րու եւ գրա­կա­նու­թեան վրայ ձգուած։

Քա­նի որ ը­սինք. «ե­թէ թարգ­մա­նուած չըլ­լար Պրու­նօ Ֆրան­քի «Սէր­վան­դէս»ը, պի­տի չճանչ­նա­յինք հե­ղի­նա­կը», ու­րեմն սոյն թարգ­մա­նու­թե­նէն տես­նենք թէ՝ ո՛վ է Պրու­նօ Ֆրանք։

«Պրու­նօ Ֆրանք (1887-1945) ան­ցեալ դա­րու գեր­ման այն գրող­նե­րէն է, ինչ­պէս Թո­մաս Ման, Շթե­ֆան Ձվայկ եւ ու­րիշ­ներ, ո­րոնք չէին հան­դուր­ժած Հիդ­լէ­րի վար­չա­կար­գի կաշ­կան­դում­նե­րուն եւ հե­ռա­ցած ի­րենց հայ­րե­նի­քէն, հաս­տա­տուե­լով հիւ­սի­սա­յին կամ հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­նե­րուն մէջ։

«Պրու­նօ Ֆրանք զա­ւակն էր հա­րուստ ըն­տա­նի­քի մը. նախ ու­սա­նե­ցաւ ի­րա­ւա­գի­տու­թիւն, յե­տոյ բա­նա­սի­րու­թիւն։ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տին մաս­նակ­ցե­ցաւ ա­րեւմ­տեան ճա­կա­տի կռիւ­նե­րուն։

«Յետ­պա­տե­րազ­մա­կան շրջա­նին բա­րե­կա­մա­ցաւ Թո­մաս Մա­նի հետ, որ հե­տա­գա­յին էր նաեւ իր դրա­ցին Գա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ։

«Սկզբնա­կան շրջա­նին քնա­րեր­գակ բա­նաս­տեղծ, ա­պա թա­տե­րա­գիր եւ հե­ղի­նակ պատ­մուածք­նե­րու եւ վէ­պե­րու Պրու­նօ Ֆրան­քի ա­մե­նէն կա­րե­ւոր գործն է Սէր­վան­դէս, որ ա­ռա­ջին ան­գամ լոյս տե­սաւ 1934 թուա­կա­նին։

«Այդ վէ­պը, գե­ղե­ցիկ յու­շար­ձան մըն է, կանգ­նած՝ ի յի­շա­տակ Սպա­նիոյ մե­ծա­գոյն գրո­ղին, ո­րուն ար­կա­ծախնդ­րա­կան կեան­քը մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ կը պար­զուի գու­նա­ւոր եւ յու­զիչ պատ­կեր­նե­րով. իր օ­րե­րը պա­պա­կան ար­քու­նի­քին մէջ, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Լէ­բան­դո­յի (Ի­նէ­պահ­դը) ծո­վա­մար­տին. ուր կը կորսնց­նէ իր ձախ ձեռ­քը. գե­րու­թիւ­նը Ալ­ճե­րիոյ մէջ, յե­տոյ թշուառ կեանք մը իբր տուր­քե­րու գան­ձիչ եւ ի վեր­ջոյ իր կեան­քի պտու­ղը՝ Տոն Քի­շո­դը»։­

Ի­րա­պէ՛ս կ՚ար­ժէ կար­դալ Պրու­նօ Ֆրան­քի «Սէր­վան­դէս»ը՝ Ա­րամ Գամ­պու­րեա­նի սա­հուն թարգ­մա­նու­թեամբ։

Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս ը­սինք, թարգ­մա­նու­թիւ­նը մեծ ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցա­նէ մա­նա­ւանդ տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րու հետ ծա­նօ­թա­նա­լու եւ մի­ջազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան մշա­կոյ­թին հետ յա­րա­բե­րուե­լու եւ տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րու հետ ծա­նօ­թա­նա­լու եւ կեր­պով մը ա­ռեւ­տուր ը­նե­լու, մշա­կոյթ­նե­րը զար­գաց­նե­լու եւ հարս­տաց­նե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Ուս­տի «մարդ»ը ճանչ­նա­լու, հասկ­նա­լու ա­ռա­ջին հանգ­րուանն է՝ գո­յա­ցու­թեան ա­մե­նէն յստակ մեկ­նու­թիւ­նը՝ ա­րուես­տին իւ­րա­ցու­մով կ՚ի­րա­կա­նա­նայ։ Եւ գե­ղա­րուես­տի ճիւ­ղե­րու մէջ գրա­կա­նու­թիւ­նը, բա­ցատ­րու­թեան եւ լու­սա­բա­նու­թեան մէջ ա­մե­նէն բարձր խո­հա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցողն է՝ ուր միտ­քը եւ զգա­ցում­նե­րը հա­մա­զօր կը գոր­ծեն։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս պատ­ճա­ռով է, որ թարգ­մա­նու­թեան գոր­ծը կը սա­տա­րէ, կը նպաս­տէ մտքին եւ զգա­ցում­նե­րուն զար­գաց­ման, ե­րե­ւա­կա­յու­թեան ճո­խաց­ման եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան կա­տա­րե­լա­գործ­ման։ Սա ա­նու­րա­նա­լի ճշմար­տու­թիւն մըն է, որ մտա­ծում­նե­րու ա­մե­նէն անջն­ջե­լի պա­հե­լու մի­ջո­ցը՝ գիրն է, իսկ գի­րին ճար­տա­րա­րուեստն է՝ գրա­կա­նու­թի՛ւ­նը։

Այս պատ­ճա­ռով՝ թարգ­մա­նու­թեան գոր­ծին պէտք է կա­րե­ւո­րու­թիւն տալ եւ հա­մա­կարգ կեր­պով եւ ու­շադ­րու­թեամբ գոր­ծադ­րու­թեան հսկել։ Ուս­տի այս մար­զին մէջ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցա­նող­ներ կ՚ար­ժա­նա­նան բարձր գնա­հա­տան­քի եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը յի­շուին։

Սա­կայն, թարգ­մա­նու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ բո­լոր այս նպաս­տա­ւոր կող­մե­րուն, ու­նի ան­պա­տե­հու­թիւն մը, եւ այս ան­պա­տե­հու­թեան պատ­ճա­ռով նոյն­քան դժուար է, եւ ը­սենք, վտան­գա­ւո՛ր։ Ո­րե­ւէ գրա­կան աշ­խա­տու­թիւն թարգ­մա­նել՝ կը նշա­նա­կէ, գրու­թեան հե­ղի­նա­կին եւ ըն­թեր­ցո­ղին մի­ջեւ մնալ, հե­ղի­նա­կին եւ ըն­թեր­ցո­ղին մի­ջեւ պատ մը հիւ­սել, հե­ղի­նա­կին եւ ըն­թեր­ցո­ղին ուղ­ղա­կի յա­րա­բե­րու­թեա­նը մի­ջամ­տել, ա­նոր ար­գելք հան­դի­սա­նալ։

Այս ի­մաս­տով թարգ­մա­նու­թիւ­նը նա­խա­տի­պին՝ հե­ղի­նա­կին գոր­ծին մայր օ­րի­նա­կին ի­մաս­տը, ձե­ւով մը կը սեղ­մէ, կը կրճա­տէ եւ եր­բեմն ալ՝ կը փո­խէ։ Նոյն գրու­թեան, նոյն գոր­ծին տար­բեր ակ­նոց­նե­րով նա­յիլ կը նշա­նա­կէ թարգ­մա­նու­թիւ­նը՝ հե­ղի­նա­կին եւ թարգ­մա­նի­չին ակ­նոց­նե­րով…։ Թարգ­մա­նի­չին հա­մար ը­սուած է՝ «TRADUTTORE TRADİTORE», այ­սինքն՝ թարգ­մա­նո­ղին չի՛ վստա­հուիր, ինչ­պէս կ՚ը­սեն ի­տա­լա­ցի­նե­րը…։

Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով, թարգ­մա­նու­թիւ­նը, վեր­ջին ծայր ու­շադ­րու­թիւն եւ բծախնդ­րու­թիւն պա­հան­ջող աշ­խա­տու­թիւն մըն է եւ ան­շուշտ, շատ դժուար եւ սպա­ռի՛չ։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս է որ կ՚ար­ժէ­քա­ւո­րէ թարգ­մա­նու­թիւ­նը, կ՚ի­մաս­տա­ւո­րէ աշ­խա­տու­թիւ­նը եւ գնա­հա­տան­քի կ՚ար­ժա­նաց­նէ թարգ­մա­նի­չը, ինչ­պէս «Սէր­վան­դէս»ի թարգ­մա­նի­չը՝ ազ­նիւ բա­րե­կամ Ա­րամ Գամ­պու­րեա­նը։

Թարգ­ման­չաց տօ­նին հա­մար ան­գի՜ն նուէ՛ր մըն է այս թարգ­մա­նու­թիւ­նը հայ մշա­կոյ­թին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 9, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016