ՇԻՏԱԿ ՆԿԱՐԱԳՐՈՎ ՄԱՐԴԻԿ

Մարդկային ընկերութեան մէջ կան բազմատեսակ անհատներ, որ ամէն մէկը անձնաւորութիւն մը կը ներկայացնէ տարբեր նկարագիրներով, բնաւորութիւններով եւ յատկութիւններով։ Ո՛չ մէկը մէկ միւսին նմանն է, ո՛չ մէկը մէկ միւսին օրինակն է։ Թէեւ հասարակաց կէտեր կ՚ունենան, բայց ո՛չ մէկը միւսին պէս է, անպայման կը գտնուին յատկանշական կէտեր՝ որ կը զատեն իւրաքանչիւրը իրարմէ։ Այս պատճառով իսկ ամէն մարդ, իւրաքանչիւր անձ «անհատ» մըն է՝ ինքնուրոյն, ինքնատիպ։

Մարդոց այս զանազանութեան կարեւոր ստուգանիշերէն մին է անոնց իւրաքանչիւրին նկարագիրը։

Նկարագիրը անձնաւորութեան ինքնութիւն տուող «վիճակ» մըն է, մարդուս նկարագիրը զայն «ի՛նք» կ՚ընէ, անով կը յիշուի, անով կը յորջորջուի, անով կը ճանչցուի՝ անով ինքնուրոյն անձ կ՚ըլլայ։ Զոր օրինակ, մէկուն նկարագիրը եթէ «շիտակ» է, ան ա՛յդպէս կը ճանչցուի, իսկ եթէ յեղյեղուկ՝ ան ալ ա՛յդպէս։

Այս իմաստով, ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, անկեղծութիւնը շատ կարեւոր ազդակ մըն է մէկու մը նկարագիրը որոշելու նկատմամբ։ Եւ անշուշտ՝ անոր ինքնութի՛ւնը։ Եթէ մարդ «անկեղծ» չէ, իր արտայայտութիւններուն մէջ, անիկա «սխա՛լ» կը հասկցուի՝ իրական նկարագիրը գիտնալ կարելի չ՚ըլլար։ Արդարեւ, այն որ անկեղծ չէ, արդէն շիտակ նկարագրի տէր չէ, բայց զայն հասկնալ կարելի չ՚ըլլար, շիտակ կը կարծուի եւ ապա զայն այդպէս կարծողներ յուսախաբ կ՚ըլլան։ Խաբէութեան եւ կեղծիքի վրայ հաստատուած ո՛չ մէկ բան շիտակ է, նաեւ՝ նկարագիրը, որ ինքնութեան, անձնաւորութեան ճանաչման կարեւոր մէկ միջոցն է։

Ուստի մարդկային ընկերութիւնը կարելի է նմանցնել անտառի մը՝ ուր տեսակ տեսակ ծառեր կան՝ բարձր, ցած, պտղաբեր, անպտուղ ծառեր, թուփեր՝ կարճահասակ թաւ ծառեր եւ վիթխարի, սլացիկ հասակով ծառեր, եւ ինչպէս մարդիկ՝ շիտակ եւ ծո՛ւռ ծառեր…։ Սակայն մարդկային ընկերութեան եւ անտառի միջեւ, զանոնք բաղկացնող տարրերու նկատմամբ կարեւոր տարբերութիւն մը կը գտնուի։ Անտառի ծառերը՝ իրենց տեսքը ինչ որ ըլլայ, անկե՛ղծ են, այնպէս կ՚երեւին՝ ի՛նչպէս որ են. տեսնուա՞ծ է որ «ցած» ծառ մը ինքզինք «բարձր» կարենայ ցոյց տալ եւ խաբել զինք դիտողները եւ եղածին պէս ճանչցողները։ Ո՛չ եւ երբեք. անտառին մէջ թուփը՝ կարճահասակ, թա՛ւ ծառ է, իսկ հսկայ, վիթխարի ծառը՝ մեծ ու բարձրադի՛ր։

Ծառերը երբե՛ք չեն խաբեր մարդը, բայց, եւ դժբախտաբար, մարդը կը խաբէ իր նմանը՝ ուրիշ մարդ մը, եւ ասիկա յաճախ կը պատահի…։

Եւ այս պատճառով է որ մարդ ճանչնալ շատ դժուար է. որքա՜ն դժուար եւ մինչեւ իսկ անկարելի է մարդուս համար ճանչնալ նոյնիսկ իր տարիներո՜ւ բարեկամը, սրտակիցը, ուղեկիցը…։

Որքա՜ն դժուար է մարդ ճանչնալ։

Բայց այս երեւոյթին պէտք չէ նայիլ միայն չճանչցողին տեսանկիւնէն. երբ մէկը կը գանգատի որ չէ կրցած շիտակ ճանչնալ իր բարեկամը, ապա պէ՛տք է հարցնել, թէ ինք ո՞րքան շիտակ եւ ուղիղ ճանչցուցած է ինքզինք իր չճանչցած եւ դժգոհութիւն յայտնած բարեկամին։ Մէկ խօսքով՝ ինք ո՞րքան անկեղծ է եղած իր շուրջիններուն նկատմամբ, ինք եղա՞ծ է այնպէս՝ ինչպէս որ է՛. արտաքինը եւ ներքինը համապատասխանա՞ծ են իրարու։

Անտառին ծառերը չե՛ն խաբեր, ո՛չ զիրար եւ ոչ ալ մարդը։ Բայց մարդկային ընկերութեան մէջ մարդիկ, չըսելու համար միշտ, բայց յաճախ կը խաբեն զիրար, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, զգացումներով կամ բնազդաբար, յետին նպատակներով կամ յայտնապէս, բայց կը խաբե՛ն։

Անկեղծութիւնը կը պահանջէ խորհուրդի, խօսքի եւ գործի համաձայնութիւն, համակերպութիւն եւ միութիւն։ Անկեղծ ըլլանք եւ խոստովանելու քաջութիւնը ունենանք, սիրելի՜ բարեկամներ, մեր առօրեայ կեանքի սովորական ընթացքին՝ ո՞րքան հաւատարիմ ենք մեր խորհածներուն, երբ շատ անգամ չեն համապատասխաներ մեր խօսքին, խօսածին, ըսածին, եւ դարձեալ, սիրելի՜ներ, ո՞րքան հաւատարիմ ենք մեր խօսքին, երբ զայն գործի կը վերածենք։ Վստա՞հ ենք, թէ կը խօսինք այն ի՛նչ որ խորհած էինք… վստա՞հ ենք, որ կը գործենք յաճախ ինչպէս որ խօսած ու խոստացած էինք։ Ո՞րքան հաւատարիմ ենք մեր մտածումներուն, երբ կը խօսինք եւ կը խոստանանք, եւ ո՞րքան հաւատարիմ ենք մեր խոստումին, երբ կը գործենք։ Եթէ անկեղծութեան մասին է խօսքը, պէտք է խոստովանիմ, որ ես ի՛նքս, անձնապէս վստահ չե՛մ, երբեք վստահ չեմ կրնար ըլլալ որ խօսած եմ այնպէս՝ ինչպէս խորհած եմ, եւ գործած այնպէս՝ որ խօսած եւ խոստացած եմ։

Եւ երբե՛ք չեմ ուզեր արդարացնել, պատրուակներ փնտռել այդ նկարագրի տկարութեան կամ շեղումին, մանաւանդ ապաւինիլ այն սովորական խօսքին, թէ՝ «մարդ սխալակա՛ն է»։

Այո՛, սխալական է, քանի որ ան ունի մարդկային թերութիւններ, տկարութիւններ, անկատարութիւններ, բայց ունի նաեւ բանականութիւն եւ մանաւանդ դաստիարակուելու, բարեփոխուելու, կատարելագործուելու յատկութիւն, կարողութիւն, օժտուած է յատկութիւններով, ապա ուրեմն մարդ կրնայ անգամ մը սխալիլ, բայց եթէ շարունակական ըլլայ այդ սխալմունքը, այլապէս կարելի՞ է բանականութեան մասին խօսիլ, կարելի՞ է անտեսել մարդկային իմացականութիւնը։ Արդարեւ, կ՚ըսուի, թէ որեւէ սխալ՝ դաս մըն է, բայց երկրորդը՝ անմտութիւն, անխոհեմութիւն, անտարբերութի՛ւն։

Այս մտածումներով կարելի՞ է գտնել «շիտակ»ը, «ուղիղ»ը՝ շիտակ եւ ուղիղ նկարագիրը, շիտակ նկարագրով մարդը։  Անշուշտ կարելի է՝ կա՛ն շիտակ նկարագրով մարդիկ, ուղիղ եւ անհատականութեան շնորհով օժտուած մարդիկ, որոնք կը նմանին անտառին այն ծառերուն՝ որ երբեք չեն խաբեր, կ՚երեւին ա՛յնպէս՝ ինչպէս որ են, եւ ա՛յն են՝ ինչպէս որ կ՚երեւին։ Անտառներու մէջ կան տեսակ տեսակ ծառեր, մայրիները, զոր օրինակ, մարմարատիպ սիւներու պէս ուղղաձիգ վեր կը բարձրանան. շիտակ կը ծնին, շիտակ կը մեծնան եւ շիտա՛կ կ՚ապրին…։

Եւ մայրիներու նման մարդիկ ալ կան՝ հազուագիւտ եւ թանկագին՝ սիրելի եւ յարգելի՜։

Երանի՜ անոնց որ ա՛յդպէս են, եւ երանի՜ անոնց որ անոնց պէս բարեկամներ ունեցած են այս կեանքին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 5, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017