ՎԱՍՆ ԱՂՔԱՏՈՒԹԵԱՆ - Գ

Արար երրորդ. Պայքար աղքատութեան դէմ:

Հակառակ «Աստուածատուր» ու «առաքինասէր» ՄԱԿ-ի անխախտ ներկայութեան, հակառակ անոր աւելի քան 75 տարիներու «կենդանութեան», այսօր աշխարհի վրայ ինչքա՜ն մարդիկ կան, որ ցայսօր անօթի կը պառկին ամէ՛ն գիշեր եւ գուցէ սովահար մայթի մը անկիւնը աննշմար ձեւով կ՚անհետին:

Հակառակ «անձնուրաց» ու «անձնազոհ» ՄԱԿ-ի աշխատանքներուն, ցայսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին հազարաւո՜ր մանուկներ՝ որոնք անգրագիտութեան ու անուսութեան ճիրաններուն մէջ կը փորձեն տարիք առնել:

Հակառակ մեր «բարիք»ներուն համար «պատարագուած» ՄԱԿ-ի գոյութեան, ցայսօր աշխարհի երեսին գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք տնազուրկ ու անպատսպար լքեալ՝ կը մաքառին կարենալ պահելու համար իրենց գոյութիւնը:

Ամէ՛ն տեսակ անիրաւութիւն, բարոյալքում, յուսահատութիւն ու զրկանք կայ, սակայն ի դիմաց այդ բոլորին ՄԱԿ-ը կա՜յ... Եւ այս պարագային ինչո՞վ կը տարբերի ՄԱԿ-ը այն տեսիլքէն՝ որ խենթը իր ցանկացած ժամուն աներեւութաբար կը տեսնէ ու կը խօսի անոր հետ:

Մեր վիճակը կը նմանի ա՛յն իսրայէլացիներուն, որոնք լսած են, թէ Քրիստոսը պիտի գայ, սակայն ո՛չ ժամը գիտեն եւ ոչ օրը...: Մենք ալ գիտենք, որ ՄԱԿ մը կայ, սակայն ե՞րբ կը գործէ կամ ի՞նչ ձեւով ո՛չ ինծի եւ գուցէ ո՛չ ալ ՄԱԿ-ի ղեկավարներուն ծանօթ է. հիմնականը անունը կայ՝ իր ըլլալ չըլլալը ի՞նչ կարեւորութիւն:

Ինչքա՜ն տարօրինակ է չէ՞... ՄԱԿ-ը հիմնուեցաւ՝ որպէսզի աշխարհէն վերացուի աղքատութիւնը. ՄԱԿ-ը հարստացաւ՝ մարդկութիւնը ցարդ աղքատութեան մէջ է: ՄԱԿ-ը հիմնուեցաւ՝ որպէսզի աղքատութիւնը վերանայ, անոր պաշտօնեաները հարստացան՝ մարդութիւնը ցարդ աղքատութեան մէջ է: Հազարներ արժող կօշիկներ, հազարներ արժող շապիկներ ու հագուստներ, հազարներ արժող ինքնաշարժներ, շէնքեր, կառոյցներ ու տարածութիւններ ունեցաւ ՄԱԿ՝ ի հեճուկս աշխարհի աղքատութեան վերացման:

Այս խօսքով պատկերացուցէք որբանոցի պատասխանատու մը՝ որ ձեր ղրկած բոլոր բարիքները կը սեփականացնէ՝ որբը ձգելով դարձեալ իր անօթիի վիճակին մէջ: Այսպիսով ՄԱԿ աղքատը հարստացնելու լոզունգով ի՛նք կը հարստանայ, երեւոյթի համար թերեւս մի քանի շիթ կաթեցնելով:

Բացէ՛ք համացանցը եւ փորձեցէ՛ք փնտռել ՄԱԿ-ի աշխատակիցներու մօտաւոր աշխատավարձերը... հաւանաբար անոնց տարուայ ամբողջ աշխատավարձով աշխարհի աղքատութեան մէկ չորրորդ մասը վերացուէր: Նախնական տուեալներու համաձայն աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի աւելի քան 193 ՄԱԿ-ի գրասենեակ, որոնց մէջ կը գործեն թիւով 37 հազարը գերազանցող պաշտօնեաներ. մնացած թուաբանական հաշիւները տրուած է ձեզի: Ամսական անհաշուելի հարստութեան մսխում՝ վասն երբեք ալ չի՛ հարստացող մարդկութեան:

Սակայն մարդկութեան չհարստանալը սովորական ու պարզ բան մըն է, որովհետեւ, ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ, միայն աղքատը աղքատի վիճակէն կը հասկնայ: Երբ մեծահարուստներ նստած են ՄԱԿ-ի նման «ծառայասէր» կազմակերպութիւններու ղեկավարներու աթոռներուն, կը կարծենք երբեք ալ կարելի պիտի չըլլայ այդ թշուառ իրավիճակէն դուրս բերել մարդկութիւնը: ՄԱԿ-ը գլխաւորողները տակաւին չկրցան հասկնալ, որ ժողովները չե՛ն որ կը կշտացնեն կարօտեալ մարդկութեան փորը, արժէքաւոր հագուստ կապուստով նկարուիլը չէ՛ որ պիտի հասնի ժողովուրդի պէտքերուն: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ գրասենեակ բանալն ալ իմաստ չունի... ես ի՞նչ ընեմ հիւանդանոցը՝ երբ այդտեղ բժիշկ չի՛ կայ, երբ այդտեղ բժշկութենէն հասկցող չի՛ կայ:

Հակառակ այս կատակերգութեանց, 17 հոկտեմբերը նշանակած են Աղքատութեան վերացման միջազգային օր: Աւելի քան տասնեակ 17 հոկտեմբերներ անցուց մեր ազգը, սակայն Հայաստանի հեռաւոր գիւղերու մէջ կը տեսնենք տակաւին մարդկային բոլոր տարրական իրաւունքներէ զուրկ կեանքեր...: Պիտի ըսեմ հաւանաբար հին քարտէս կը գործածեն, սակայն այդ մէկը եւս անբան է՝ նկատի ունենալով մեր ազգի տասնեակ դարաւոր անցեալը...:

Գուցէ ճիշդ է, իրենք կը վերացնեն աղքատութիւնը, սակայն ո՛չ աշխարհէն, այլ իրենց անձնական գրպաններէն, իրենց հարազատներուն եւ մտերիմ ծանօթներու կեանքերէն, որոնք միա՛կ ծափահարողներն են:

Վա՜յ մեզի, եթէ ՄԱԿ-ը չըլլար...

•վերջ

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՀՄԱՅԵԱԿ ՍԻՐԱՍ
(1902-1983)

Մեր թուականէն 38 տարիներ առաջ՝ 14 օգոստոս 1983 թուականին Երեւանի մէջ մահացած է արձակագիր, թարգմանիչ եւ մշակութային վաստակաւոր գործիչ Հմայեակ Սիրաս (իսկական անունով՝ Հմայեակ Ոսկանեան):

Սիրաս ծնած է 15 փետրուար 1902 թուականին, պատմական Հայաստանի Ղարաքիլիսա գիւղաքաղաքին մէջ (այժմ Աղըրի): Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն հայկական վարժարանին մէջ: Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին ընտնաիքին հետ գաղթելով հաստատուած է Թիֆլիզ եւ ապա 1921 թուականին տեղափոխուած է Երեւան:

Երեւանի մէջ ուսում ստացած է Երեւանի Պատմագրական կաճառին մէջ: Երկար տարիներ աշխատած է որպէս գրաշար, որմէ ետք 1928-1933 թուականներուն վարած է Լենինականի «Բանուոր» թերթի խմբագրութեան պաշտօնը: Երկու տարի վարած է Երեւանի «Հարուածային Բանուոր» թերթի խմբագրութիւնը (1933-1934), ապա «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրի խմբագրութիւնները (1934-1940): Եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար՝ 1946-1948 թուականներու միջեւ:

Հմայեակ Սիրաս մասնակցած է հայրենական մեծ պատերազմին. եղած է ռազմական թղթակից, միաժամանակ Խորհրդային Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր քաղաքական վարչութեան հայկական հրատարակութիւններու խմբագիր եւ թարգմանիչ:

Սիրասի առաջին պատմուածքը տպագրուած է 1922 թուականին, «Մուրճ» ամսագիրի մէջ: Հրատարակած է նաեւ ռուսերէն լեզուով աշխատութիւններ:

Իր մատուցած ծառայութիւններուն համար արժանացած է «Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւն», «Աշխատանքային կարմիր դրօշ», «Կարմիր աստղ» եւ «Պատուոյ նշան» շքանշաններուն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 14, 2021