ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայոց Հայրապետական իշխանութեան կեդրոնը Վաղարշապատն էր, ինչպէս՝ հայոց քաղաքական իշխանութեան կեդրոնը։ Բայց, որովհետեւ, հայոց հայրապետները միանգամայն արքունի դրան եպիսկոպոս էին, ուստի յաճախ այնտեղ կ՚ըլլային՝ ուր արքունի բանակն ալ կը գտնուէր։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առանձնապէս ուշադրութիւն կը դարձնէր Հայաստանի այն գաւառներուն վրայ՝ ուր հեթանոսութիւնը աւելի զարգացած եւ տարածուած էր։ Վաղարշապատը հեթանոսական պաշտամունքի կողմէ նշանակութիւն չունէր, բայց Աշտիշատը իր մեհեաններով հռչակուած էր բովանդակ Հայաստանի մէջ. այս կողմէ անոր մրցակից կարելի է համարել՝ Դարանաղին եւ Եկեղեաց գաւառները, այս իսկ պատճառով է, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ո՛չ միայն յաճախ այցելութիւն կու տար այդ գաւառները, այլ եւ այդ գաւառները իբրեւ անմիջական թեմ իր իշխանութեան տակ կ՚առնէր եւ իր թեմի կեդրոն Աշտիշատը կը հաստատէր՝ որ իբրեւ սեփականութիւն ստացած էր Տրդատէն։
Քրիստոնէութեան հաստատուելովը՝ Հայաստանի մէջ այսպէս կազմակերպուեցաւ քաղաքական իշխանութեան կողքին ուրիշ իշխանութիւն մը, ճոխ եւ ազդեցիկ։
Հայոց պատմութեան մէկ շրջանը կը պատկերացնէ այս երկու իշխանութեան մաքառումները՝ որոնց շարժառիթը գիտնալ բնականաբար շատ կարեւոր է։
Տրդատի եւ իր որդին Խոսրովի պատմութիւնը եկեղեցական եւ աշխարհական իշխանութեան համերաշխութիւնը կը պատկերացնէ, բայց Տիրանէն սկսած հակառակութիւն մը կը ծագի դէպի բարձրագոյն հոգեւորականութիւն՝ յատկապէս Սուրբ Լուսաւորչի տոհմը։ Եւ այդ հակառակութիւնը աւելի որոշ գոյն կը ստանայ Արշակի եւ Պապի օրով։
Հակառակութեան եւ ներքին գժտութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր, անշուշտ, այն հողային հարստութիւնը՝ որ բարձր հոգեւորականութեան ձեռքը կը գտնուէր, եւ որը աշխատեցաւ ետ առնել Պապ թագաւորը։ Այսպիսի թշնամութիւն բացարձակօրէն արտայայտեց Գղակ հայր մարդպետը (=հայոց արքունիքին ներքինապետ), երբ կը գտնուէր Տարօնի Աշտիշատ եւ յափշտակուած տեղի գեղեցկութեամբ. «Զիա՞րդ զայսպիսի տեղիս կանանցահանդերձ մարդկան տուեալ է եւ ոչ արանց»։ (կանանցահանդերձ=կիներու նման երկար հագուստ հագած՝ կիներու զգեստներու նման հագուստներ ունեցող)։
Երկրորդ պատճառ՝ յանդիմանական ուղղութիւնն էր՝ որ Սուրբ Լուսաւորչի տան շառաւիղներուն եւ իշխաններու կը վերաբերէր։ Այս յանդիմանութիւնները, բնականբար, պէտք է վիրաւորուած սրտեր գրգռէին Սուրբ Լուսաւորչի տան դէմ եւ թշնամութիւն առաջ բերէին, այսպիսի ընթացքէն Աղբիանոսեան կաթողիկոսները միշտ կը խուսափէին։
Թշնամութեան երրորդ պատճառը կարելի է համարել, որ կաթողիկոսները կը միջամտէին հայ թագաւորներու իշխանական ներքին գործերու մէջ, որմէ նոյնպէս կը խուսափէին աղբիանոսեան տոհմային կաթողիկոսները։ Թէ՛ Արշակը եւ թէ Պապ թագաւորը միշտ ձգտեցան քաղաքական կեդրոնական իշխանութիւնը զօրացնել եւ այս նպատակին հասնելու համար անոնք գործադրեցին խիստ միջոցներ. սպանութիւն, յափշտակութիւն եւ այլն։ Արդ՝ Սուրբ Լուսաւորչի տան (ընտանիքի) կաթողիկոսները՝ թէեւ միշտ պաշտպան հայոց թագաւորական իշխանութեան, կարելի չէր որ հաշտ աչքով նայէին՝ բարոյական տեսակէտէն՝ այդպիսի եղեռններու վրայ եւ առանց նկատի առնելու սպանութիւններու շարժառիթը՝ սկսան հակառակութիւն ցոյց տալ թագաւորներուն եւ այսպիսով մէկ կողմէ անոնց բարկութիւնը շարժել, իսկ միւս կողմէ ալ նպաստել նախարարական իշխանութեան զօրացման։
Բայց հայոց պատմութիւնը կը շեշտէ նաեւ այն ջանքերը՝ որոնք գործադրեցին հայոց հայրապետները թագաւորական իշխանութիւնը իր գլորումէն ազատելու համար։ Այս եւ նման պատճառներու շնորհիւ երկար ժամանակ գժտութիւն կը տիրէր հայոց երկու իշխանութեան մէջ, մինչեւ որ քաղաքական այլ հզօր եւ ազդու պատճառներու շնորհիւ ցվերջ ինկա՛ւ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 10, 2024, Իսթանպուլ