ԶՈՀՈՒԱԾ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ
Հին ժամանակ գրուած ու հրատարակուած յօդուած մը դարձեալ հրատարակել ինչքանով ճիշդ կամ սխալ է՝ չեմ գիտեր, սակայն կը հաւատամ, որ կան գրութիւններ ու յօդուածներ, որ ամէն հայ իր կեանքի ընթացքին նուազագոյնը մէկ անգամ պարտի կարդալ, դասեր քաղելու, շատ մը բաներ աւելիով արժեւորելու եւ իր հայկականութեան մէջ զօրանալու միտումով:
Այդ «անպայման» կարդացուելիք յօդուածներուն ըստ իս մաս կը կազմէ երջանկայիշատակ Սահակ Կաթողիկոսի կողմէ գրուած «Սրտիս կսկիծը» խորագրեալ յօդուածը: Վեհափառ Հայրապետը այս յօդուածը գրած է իր 88 տարեկան հասակին՝ 1937 թուականին:
Այս յօդուածի ընթերցանութենէն ետք կրնամ ըսել, որ իմ ամենէն սիրած ու յարգած կաթողիկոսը անտարակոյս Սահակ Կաթողիկոսն է, որուն կեանքը եղած է մարմնացում մը զոհողութեան, զրկանքի, նուիրումի եւ ընծայման՝ ի սէր հայ ժողովուրդին եւ հայ եկեղեցւոյ:
Յօդուածին սկզբնամասին մէջ ծերունի վեհափառը իր կեանքը հետեւեալ բառերով կը ներկայացնէ. «դաժան տարիներն - իրարու ագուցուած են վշտի ու ցաւի, տառապանքի ու արհաւիրքի, սարսափի ու սոսկումի դժնդակ դէպքերով եւ խորունկ կսկիծով մը կծկած են սիրտս». յոռետես մարդու մը խօսքերը չե՛ն ասոնք, այլ խօսքերը այն մարդուն՝ որ օրեր շարունակ աղօթեց Աստուծոյ որպէսզի իր հոգին առնէ, սակայն Տէրը ստիպեց որպէսզի ապրի ու տեսնէ այդ ամէնը եւ անոնց հետեւանքը կրէ մինչեւ իր խոր ծերութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը չուզելով յիշել այդ չարաշուք օրերը կ՚ըսէ. «Այդ դժբախտ դէպքերէն ո՞ր մէկը յիշեմ, ո՞ր մէկը զանց ընեմ. ամէնքն ալ արիւնով ու արցունքով արձանագրուած են սրտիս հիւծած ու մաշած ցեցակեր տախտակին վրայ»: Վեհափառը կը դժուարանայ կեանքին մէջ ուրախ օրեր յիշել, որովհետեւ կեանքը աւելի տխրութիւն ցոյց տուած էր իրեն՝ քան ուրախութիւն:
Վեհափառը իր յօդուածին մէջ առաջին անգամ կը յիշէ 1909 թուականի կոտորածները. կը յիշէ ժողովուրդին արձակած ճիչն ու իր անկարողութեան մատնուած վիճակը. «աղիողորմ ճիչեր միայն կը լսէի, օգնութիւն կ՚աղաղակէին». բոլորը օգնութիւն կը խնդրէին, իսկ ինք միայն խօսքով կրնար մխիթարել իր ժողովուրդը եւ անյոյս նամակներով օգնութիւն կը խնդրէր:
Կը յիշէ կոտորածներէն ետք առաջին անգամ դուրս՝ քաղաքին մէջ շրջիլը. «Եկեղեցիներ հրդեհուած, դպրոցներ մոխրացած, տներ կիսակործան ու այրուած, հազարաւոր թանկագին կեանքեր գնդակով ու սուրով, անօթութիւնով ու հիւանդութիւնով մահացած եւ ողջ մնացողներն, կեանքի անհրաժեշտ պէտքերէն զրկուած»:
Այդ բոլոր տեսարաններուն դիմաց Վեհափառ Հայրապետը մահը կը փնտռէր, սակայն իր իսկ բառերով. «կարծես մահը կը խուսափէր ինձմէ, որպէսզի ապրէի եւ կսկիծներուս դէզը ստուարացնէի». այս բոլոր դժուարութիւնները հազիւ յաղթահարած, աւերակները քիչ քիչ վերականգնած վրայ կը հասնի Համաշխարհային Ա. պատերազմը եւ տակաւին չբուժուած վէրքերու վրայ եկան նորերը աւելնալու:
Ծերունի կաթողիկոսը այս բոլոր ցաւը սիրտին, բռնեց գաղթի ճամբան. այսպէս կը նկարագրէ Վեհափառը այդ օրերը. «շոգենաւներու մէջ ապաստանեցանք, օրերով ծովերու վրայ շրջեցանք, շատ մը դռներ զարկինք ու մերժուեցանք... Տախտակեայ եւ թիթեղեայ հիւղակներու մէջ տարիներով պատսպարուեցանք, բարոյական ամէն տեսակ նախատինքներու հանդուրժեցինք, նիւթական ահռելի զրկանքներու տոկացինք»:
Այս բոլոր մարմնական ցաւերուն եւ դժուարութիւններուն կողքին «բարոյական մահացնող կսկիծ մը զիս կը կրծէր» կ՚ըսէ Վեհափառ Հայրապետը եւ կ՚արժէ մտածել... մարմնակա՞ն ցաւը աւելի դաժան է՝ թէ ոչ բարոյականն ու հոգեկանը:
Վեհափառ Հայապետի բարոյական վախը 800 տարուան կեանք ունեցող կաթողիկոսութեան մը վերջին կարթողիկոսը դառնալու վախն էր. պատմութիւնը պիտի յիշէր, որ Սահակ Կաթողիկոսի օրօք վերջ գտաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ այդ արատը շա՛տ աւելի ծանր կ՚ազդէր ծերունի կաթողիկոսին վրայ. հակառակ. այս սարսափը հետեւեալ բառերով գրի կ՚առնէ. «Կիլիկիոյ 800 տարուայ կաթողիկոսութեան ՎԵՐՋԻՆ կաթողիկոսն պիտի ըլլայի»:
Բարոյական այս ամօթէն խուսափելու համար հակառակ յառաջացած տարիքին ծերունի կաթողիկոսը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ սկիզբէն ստեղծելու համար նորը՝ փոխան այդ բոլորին որ կորսնցուցած էր, սակայն գիտէր, որ նորը ստեղծելը այդքան ալ դիւրին չէր. «Աթոռս փշրուած, վեհարանս բուերու բոյն դարձած, արքայաշէն հոյակապ Մայր Տաճարս պղծուած, ո՞վ պիտի տար ինձ վեհարան մը, հոգ չէ թէ այն խրճիթ մը եղած ըլլար, ո՞վ պիտի շնորհէր ինձ Մայր Տաճար մը, փոյթ չէ թէ այն տախտակաշէն պարագ մը եղած ըլլար, ո՞վ պիտի տրամադրէր ինձ քանի մը խցիկներ, ուր կարենայի դպրեվանք մը բանալ եւ տպարան մը հաստատել». սկիզբէն բոլորը ստեղծելու համար Վեհափառը կ՚ըսէ. «մարմինս տկար բայց հոգիս յօժար էր, չէի ուզեր վերջին կաթողիկոսն ըլլալ, չէի ուզեր Շնորհալիի, Վկայասէրի վեհարանի ճրագին մարող ձեռքը ըլլալ, ուստի վշտով ու կսկիծով բեռնաւորուած ամբողջ թախիծս ու ըղձանքս թափեցի Աստուծոյ առջեւ, աղաչեցի որ գթայ ինձ, խնայէ զիս»:
Վերջապէս ի՜նչ գոհունակութեամբ կը գրէ կաթողիկոսը, որ «Աստուած իր անսահման բարութեամբ լսեց աղօթքս ու աղաչանքս» եւ կարճ ժամանակուան մէջ իր կենդանութեամբ կրցաւ տեսնել Դպրեվանքին բացումը, տաճարին շինութիւնը, տպարանի կառուցումը եւ «Եւ յիրաւի քիչ ժամանակի մէջ Անթիլիասը ծաղկեցաւ»:
Այս բոլորը պէտք է կարդալ, որպէսզի գիտնանք արժէքը այն բոլորին՝ որ այսօր ունինք, որովհետեւ այսօր մեր հաստատութիւններուն հանդէպ շատ անգամ անտարբեր կը վարուինք, մինչ ինչքա՜ն հոգի ու սիրտ մաշեցուցած են մարդիկ՝ որպէսզի այդ մէկը մեզի ձգեն՝ որպէս ժառանգութիւն:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -44-
Սահակ Կաթողիկոսի այս գրութիւնը առաջին անգամ գտայ 1937 թուականի «Հասկ» ամսագիրին մէջ՝ գրուած Աթոռակից Բաբգէն Կաթողիկոսի վաղաժամ վախճանման առիթով: Ծայրէ ծայր թաց աչքերով կարդացի. որոշեցի, որ ամէ՛ն անթիլիասական գոնէ մէկ անգամ պարտի կարդալ այս յօդուածը՝ աւելիով արժեւորելու համար այն ծառայութիւնը որ կը կատարէ:
Աւելի քան հարիւր օրինակ տպեցի եւ սկսայ բաժնել բոլորին. առաջին կարդացողը եղաւ Անթիլիասի երկարամեայ պահակը՝ Թորոսը, որ ժամ մը ետք արցունքով աչքերով վերադարձաւ՝ ազդուած ու յուզուած:
Բազմաթիւ են նման գրութիւններ, որոնք շատ մը կորսուած արժէքներ կրնան կեանքի կոչել՝ մանաւանդ նոր սերունդին մէջ, որպէսզի գիտնան աւելիով արժեւորել այն՝ ինչ որ ունին այսօր եւ գիտնան, որ այդ բոլորը ծնունդ են արցունքներու եւ տառապանքներու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ