«ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ»Ը ՎԵՐԼՈՒԾԵԼ

«Ճա­կա­տա­գիր» տա­ռա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ՝ նա­խա­սահ­մա­նուած վի­ճակ։ Բայց ճա­կա­տա­գի­րը որ­պէս կեան­քի ըն­թաց­քին ազ­դու մէկ տար­րը, կամ կեան­քի ճամ­բուն ու­ղե­ցոյ­ցը, ի­րա­պէս գո­յու­թիւն ու­նի՞, ա­ւե­լի բաց կեր­պով. «ճա­կա­տա­գիր» ը­սուա­ծը կա՞յ։

Այս հար­ցը կը զբա­ղեց­նէ խոր­հող միտ­քեր, քա­նի որ մարդ որ­պէս բա­նա­ւոր էակ եւ ա­զատ կամ­քի տէր միտք, իր ճամ­բան ի՛նք կ՚ո­րո­շէ, եւ կամ իր ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով «ճա­կա­տա­գիր»ը ի՛նք կը գրէ։ Շա­տե­րու, ա­ռա­ջին ակ­նար­կով խորթ կը թուի այս­պի­սի հար­ցում մը, քա­նի որ մար­դիկ միշտ պատրուակ մը, պատ­ճառ մը կը փնտռեն կեան­քի մէջ պա­տա­հած ձա­խոր­դու­թիւն­նե­րու, փոր­ձանք­նե­րու եւ ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մար։ Մա՛րդ չի ստանձ­ներ, չ՚ըն­դու­նիր ո­րե­ւէ ձա­խոր­դու­թիւն, եւ կ՚ու­զէ զայն վե­րագ­րել միշտ իր­մէ զատ, իր­մէ չե­ղած պատ­ճա­ռի մը, եւ ե­թէ մէ­կը չկայ, ա­պա ու­րեմն ե­րե­ւա­կա­յա­կան «ուժ» մը, «զօ­րու­թիւն» մը կամ կար­գադ­րու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ՝ ո­րուն կ՚ը­սէ «ճա­կա­տա­գի՛ր»։

­Դուք լսա՞ծ էք բնաւ, որ յա­ջո­ղու­թեան մը, ձեռք բե­րուած յաղ­թա­նա­կի մը հա­մար մար­դիկ ը­սեն «ճա­կա­տա­գի­րի հե­տե­ւանք». ո՛չ, քա­նի որ յա­ջո­ղու­թիւ­նը, յաղ­թա­նա­կը ան­մի­ջա­պէս կ՚ըն­դու­նին եւ պատ­րա՛ստ են ը­սե­լու. «Ե՛ս կա­տա­րե­ցի», կամ «իմ աշ­խա­տան­քովս, հմտու­թիւ­նովս ի­րա­կա­նա­ցու­ցի այդ յաղ­թա­նա­կը…», «Ե՛ս…»։­

Ե­թէ «ճա­կա­տա­գիր»ի կը հա­ւա­տան մար­դիկ, ա­պա ու­րեմն ին­չո՞ւ միայն անն­պաստ ե­րե­ւոյթ­նե­րը ա­նոր կը վե­րագ­րեն եւ նպաս­տա­ւոր­նե­րուն տէր կը կանգ­նին։

Յա­ճախ կը խորհր­դա­ծենք այս մա­սին, եւ կ՚ը­սենք թէ՝ ե­թէ ո՛չ «ճա­կա­տա­գիր», բայց աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ա­ռա­ջին պա­հէն իսկ «ծրա­գի՛ր» մը կրնայ ըն­թացք տալ մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րուն՝ ո­րոնց մա­սին Ա­րա­րի­չը ար­դէն կան­խաւ, ա­ռա­ջուց տե­ղեակ է։ Այս պատ­ճա­ռով փո­խա­նակ ան­հա­տա­կան «ճա­կա­տա­գիր»ը, այլ՝ հա­սա­րա­կաց «ծրա­գիր»ը կ՚ո­րո­շէ, կ՚ը­սենք մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րու ըն­թաց­քը, ո­րը ա­ւե­լի կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ «ա­զատ կամք»ի գա­ղա­փա­րին հետ։

Ուս­տի «ա­զատ կամք»ով՝ տուեալ ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­կա­նա­նայ կամ ո՛չ, կը յա­ջո­ղի կամ ո՛չ, ի՛նչ որ կապ պէտք չէ ու­նե­նայ ճա­կա­տագ­րի հետ…։

Այս մա­սին տես­նենք, թէ՝ ի՛նչ կ՚ը­սէ Վա­ղի­նակ Վար­դա­պետ Մե­լո­յեան երբ կը հարց­նէ. «Ճա­կա­տա­գիր գո­յու­թիւն ու­նի՞»։

«Ճա­կա­տա­գի­րի հա­ւա­տա­ցող­նե­րը կ՚ու­սու­ցա­նեն, որ մե­զի պա­տա­հած ա­մէն դըժ-բախտ ե­րե­ւոյթ սկիզ­բէն Աս­տու­ծոյ կող­մէ ո­րո­շուած է, կամ մեր ճա­կատ­նե­րուն վրայ գրուած է։ Այս­պէս ը­սող­նե­րը ի­րենք զի­րենք է որ կը հա­կա­սեն, ո­րով­հե­տեւ, ա­նոնք մէկ կող­մէն կը սոր­վեց­նեն որ ի­րենց գլխուն ե­կող փոր­ձանք­նե­րը Աս­տու­ծոյ կամ­քին ար­դիւնքն են, իսկ միւս կող­մէն, ա­մէն գնով կ՚աշ­խա­տին ձեր­բա­զա­տուիլ այդ փոր­ձանք­նե­րէն։

«Եւ ե­թէ իս­կա­պէս մե­զի պա­տա­հող չա­րիք­նե­րը Աս­տու­ծոյ ո­րո­շու­մով է որ կը պա­տա­հին, այդ կը նշա­նա­կէ որ Աս­տուած չա­րի­քը կա­մե­ցող մըն է։ Իսկ ե­թէ Աս­տու­ծոյ կամքն է որ այ­սինչ կամ այ­նինչ չա­րի­քին հան­դի­պինք, այդ պա­րա­գա­յին մենք ի­րա­ւունք չու­նինք պայ­քա­րե­լու մե­զի պա­տա­հող չա­րիք­նե­րուն դէմ, ո­րով­հե­տեւ չա­րի­քին դէմ պայ­քա­րե­լով՝ Աս­տու­ծոյ կամ­քին ու ո­րո­շու­մին դէմ է որ պայ­քա­րած կ՚ըլ­լանք։

«Ճա­կա­տա­գի­րի հա­ւա­տա­ցող մար­դը ինք­զինք հա­կա­սած չ՚ըլ­լա՞ր, երբ մէկ կող­մէն հի­ւան­դու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ կամ­քին կամ ո­րո­շու­մին ար­դիւն­քը կը նկա­տէ, իսկ միւս կող­մէն, հի­ւան­դա­նա­լուն պէս բժիշ­կի կը վա­զէ։ Ո՞վ է ճա­կա­տա­գի­րի հա­ւա­տա­ցող այն մար­դը, ո­րուն եղ­բայ­րը երբ ար­կա­ծի հան­դի­պի, զինք իս­կոյն բժիշ­կի չի տա­նիր, այլ կը սպա­սէ տես­նե­լու հա­մար ե­թէ եր­բեք իր եղ­բօր -ճա­կա­տա­գիր-ը մեռ­նիլն է, ա­պա կ՚ո­րո­շէ զինք բժիշ­կի տա­նիլ թէ ո՛չ։ Նոյ­նիսկ կա­րե­լի է ա­նոր -ճա­կա­տին գրած է- որ պի­տի մեռ­նի, ո­չինչ կրնայ փո­խել կա­ցու­թե­նէն։

«Ե­թէ հա­մա­ձայն ըլ­լանք նման մտա­ծե­լա­կեր­պի, այդ պա­րա­գա­յին, ի՛նչ դժբախ­տու­թեան ալ հան­դի­պինք, պէտք չէ փոր­ձենք ան­կէ ձեր­բա­զա­տուիլ։ Նման մտա­ծո­ղու­թիւն շատ վտան­գա­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ ա­տի­կա կը ջլա­տէ մար­դուն զօ­րու­թիւ­նը եւ կը չքաց­նէ կեան­քի դէմ պայ­քա­րե­լու ա­նոր ե­ռան­դը։ Երբ մար­դուն մէջ շի­ջի յոյ­սի կրա­կը, մեռ­նի պայ­քա­րե­լու եւ դի­մադ­րե­լու ո­գին, այն ա­տեն մար­դուն հա­մար յոյս չի մնար յաղ­թե­լու։ Ո­մանք ա­ւե­լի՛ ծայ­րա­յե­ղու­թեան եր­թա­լով կ՚ը­սեն.- Ո՛չ միայն ծանր փոր­ձանք­ներն են որ Աս­տու­ծոյ կամ­քով ու ո­րո­շու­մով կը կա­տա­րուին, այլ նաեւ ա­մե­նապզ­տիկ բա­ներն ան­գամ։ Օ­րի­նակ, մէ­կու մը վրայ ջուր թա­փե­լը, մէ­կը ապ­տա­կե­լը…, ե­ւայլն։ Այս­պէս սոր­վեց­նո­ղին, փոր­ձէ ան­գամ մը ապ­տա­կել կամ ա­նոր վրայ ջուր թա­փել եւ պի­տի տես­նես որ ան պի­տի բար­կա­նա՛յ։ Այս ը­նե­լով ան ինք­զինք կը հա­կա­սէ, ո­րով­հե­տեւ, ե­թէ կ՚ըն­դու­նի որ իր -ճա­կա­տա­գի՛ր-ն է այդ օր ապ­տա­կուի­լը, բնա՛ւ ի­րա­ւունք չու­նի ընդվ­զե­լու զինք ապ­տա­կո­ղին դէմ։ Զինք ապ­տա­կո­ղին դէմ ընդվ­զի­լը՝ Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­կա­ռա­կիլ է եւ ա­նոր դէմ ընդվ­զիլ պի­տի նկա­տուէր։ Նման տրա­մա­բա­նու­թիւն տրա­մա­բա­նա­կան կը գտնէ՞ք։

«Ուս­տի հե­տե­ւեալ քա­նի մը կէ­տե­րը նկա­տո­ղու­թեան պէտք է առ­նել։

«Ա­ՌԱ­ՋԻՆ.- Պէտք չէ՛ ճա­կա­տա­գի­րի վե­րագ­րել, ճա­կա­տա­գի­րի գո­յու­թեան ա­պա­ցոյց նկա­տել այն ի՛նչ որ մար­դոց ան­կար­գու­թեան եւ ան­պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ար­դիւնքն է։

«Օ­րի­նակ, երբ շէնք մը փուլ կու գայ եւ ա­­նոր բնա­կիչ­նե­րը կը մա­հա­նան, փո­խա­նակ ը­սենք.- Ա­նոնց ճա­կա­տա­գիրն էր, նախ մաս­նա­գէտ­ներ բե­րենք որ­պէս­զի շէն­քին փլե­լուն պատ­ճառ­նե­րը քննեն։ Ո՜վ գի­տէ, թե­րեւս շատ ա­ւազ խառ­նուած էր ա­նոր -պէ­թոն-ին մէջ եւ կամ պէտք ե­ղած քա­նա­կու­թեամբ եր­կաթ չէր դրուած ա­նոր մէջ, եւ ա­տոնք դար­ձան պատ­ճառ՝ որ շէն­քը փուլ գայ։

«Երբ ա­մէն ինչ օ­րէն­քով, կարգ ու կա­նո­նով ըլ­լայ, փոր­ձանք­նե­րը նուա­զա­գոյ­նի կ՚իջ­նեն եւ զԱս­տուած այ­պա­նող­նե­րուն ալ թի­ւը կը նուա­զի։

«Մար­դոց ան­պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան զոհ գա­ցող­ներ թող զԱս­տուած պա­տաս­խա­նա­տու չդարձ­նեն։

«ԵՐԿ­ՐՈՐԴ.- Քա­նի որ մարդ ա­րա­րա­ծը ո­րո­շում­ներ առ­նե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նի, ու­րեմն, չի կրնար ճա­կա­տա­գիր գո­յու­թիւն ու­նե­նալ։ Երբ մար­դը ո­րո­շում կ՚առ­նէ եւ զա­նի­կա կը գոր­ծադ­րէ, ան­կաս­կած որ պի­տի հան­դի­պի ա­նոր հե­ւե­տանք­նե­րուն։ Մեր ա­­ռած ո­րո­շում­նե­րուն եւ կա­տա­րած գոր­ծե­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը պէտք չէ՛ վե­րագ­րել ճա­կա­տա­գի­րի։

«ԵՐ­ՐՈՐԴ.- Աս­տուած մար­դը ստեղ­ծած է ա­զատ կամ­քով։ Մար­դիկ յա­ճախ ի­րենց ա­զատ կամ­քով կը կա­տա­րեն գործ մը եւ երբ փոր­ձան­քի հան­դի­պին՝ զԱս­տուած կ՚այ­պա­նեն։ Բայց ին­չո՞ւ այ­պա­նել զԱս­տուած, երբ Աս­տուած Ի՛նք չի ստի­պեր մար­դուն կա­տա­րե­լու այ­սինչ կամ այ­նինչ գոր­ծը։

«Զա­րեհ Ար­քեպս. Ազ­նատ­րեան կ՚ը­սէ.- Չա­րը ար­դիւնքն է մար­դուն ա­զատ կամ­քին ու գոր­ծե­րուն։ Աս­տուած մար­դուն տուած է բա­ցար­ձակ ա­զա­տու­թիւ­նը՝ ընտ­րե­լու եւ ը­նե­լու ի՛նչ որ կ՚ու­զէ, ընտ­րե­լու չա­րը կամ բա­րին, մա­հը կամ կեան­քը։ Բայց Աս­տուած մար­դուն կը յի­շեց­նէ նաեւ որ մեր ընտ­րու­թիւ­նը իր հե­տե­ւանք­նե­րը ու­նի, որ մարդ պի­տի կրէ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն։ Աս­տուած մար­դուն ցոյց կու տայ ու­ղի­ղը, բայց չի կաշ­կան­դեր մար­դուն ա­զա­տու­թիւ­նը՝ ընտ­րե­լու ի՛նչ որ կ՚ու­զէ։

«ՉՈՐ­ՐՈՐԴ.- Աս­տու­ծոյ թոյլ­տուու­թեամբ կրնան պա­տա­հիլ միայն այն­պի­սի՛ փոր­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը նպաս­տեն մեր փրկու­թեան։

«Փոր­ձու­թիւն­ներ ո­րոնք մեզ կը հե­ռաց­նեն Քրիս­տո­սէ՝ չեն կրնար Աս­տու­ծոյ կող­մէ ըլ­լալ։ Փոր­ձու­թիւն­ներ կան ո­րոնք Սա­տա­նա­յին կող­մէ կու գան։ Ե­թէ նման փոր­ձու­թիւն­ներ վե­րագ­րենք ճա­կա­տա­գի­րի գո­յու­թեան եւ ճա­կա­տա­գի­րին հե­ղի­նակն ալ Աս­տուած նկա­տենք, այդ պա­րա­գա­յին Սա­տա­նա­յին ը­րա­ծը Աս­տու­ծոյ վե­րագ­րած կ՚ըլ­լանք։ Բայց Ա­ռա­քեա­լը կը վկա­յէ, որ Աս­տուած մաս­նա­կից չէ փոր­ձու­թիւն­նե­րուն ո­րոնք չա­րէն կու գան. (ՅԱԿ. Ա 13)։

«Աշ­խարհ լի է տե­սակ-տե­սակ փոր­ձանք­նե­րով։ Ո՛չ ոք կրնայ զերծ մնալ ա­նոնց­մէ։ Ո՛չ հա­ւա­տա­ցեա­լը եւ ո՛չ ալ ան­հա­ւա­տը, ո՛չ քրիս­տո­նեան եւ ո՛չ ալ այ­լակ­րօ­նը։ Եր­կուքն ալ հա­ւա­սա­րա­պէ՛ս փոր­ձու­թիւն­նե­րու են­թա­կայ են։ Բայց ե­րա­նե­լի՜ է միայն ան՝ որ Քրի­սոտ­սի հա­մար է որ կը չար­չա­ր-ւի. (Ա ՊԵՏՐ. Դ 14)։

«Ճշմա­րիտ քրիս­տո­նեան, փոր­ձու­թիւ­նը աս­տուա­ծա­պար­գեւ օրհ­նու­թիւն եւ Քրի­սոտ­սի չար­չա­րանք­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն կը նկա­տէ եւ ո՛չ թէ Աս­տու­ծոյ կող­մէ մեր ճա­կատ­նե­րուն վրայ դրոշ­մուած ա­նէծք»։

­ՎԱ­ՂԻ­ՆԱԿ ՎՐԴ. ՄԵ­ԼՈ­ՅԵԱՆ

Երբ հար­ցը «ճա­կա­տա­գիր»ի վրայ է, ան­շուշտ որ կ՚ար­ժէ զայն դի­տել զա­նա­զան տե­սան­կիւն­նե­րէ, քա­նի որ ժո­ղո­վուր­դի մէջ գրե­թէ ար­մա­տա­ցած եւ խո­րա­պէս տպա­ւոր-ւած «ճա­կա­տա­գիր»ի գա­ղա­փա­րէն մարդ­կա­յին միտ­քը հրա­ժա­րեց­նել դիւ­րին բան չէ՝ ե­թէ ո՛չ ան­կա­րե­լի, բայց շատ դժուար է, ինչ­պէս ա­մէն ար­մա­տա­ցած գա­ղա­փար եւ մա­նա­ւանդ նա­խա­պա­շա­րում։

Ճա­կա­տա­գի­րը, ար­դեօք մար­դիկ ի­րենց սխալ­նե­րէն, մո­լո­րում­նե­րէն կամ խո­տո­րում­նե­րէն ա­զա­տե­լու հա­մար որ­պէս պատ­ըր-ւա՞կ կը գոր­ծա­ծեն։

Եւ կամ սխա­լանք­նե­րու նկատ­մամբ ար­դա­րա­ցում մը ներ­կա­յաց­նե­լու մի­ջո՞ց կը նկա­տեն. «ես սխալ գործ գոր­ծե­ցի, բայց իմ կամ­քովս չէ, ճա­կա­տա­գիրն է ա­նոր պատ­ճա­ռը…», մտայ­նու­թեամբ ամ­բողջ յան­ցան­քը «ճա­կա­տա­գիր»ի վե­րագ­րե՞լ։ Շե­ղում­նե­րէ, սխա­լանք­նե­րէ ձեր­բա­զա­տուե­լու որ­պէս մի­ջո՞ց կը գոր­ծա­ծուի, կը շա­հա­գոր­ծուի ար­դեօք «ճա­կա­տա­գիր»ը։ Ե­թէ խոր­հինք, թէ ա­ռանց «պատ­ճառ»ի «ար­դիւնք» չ՚ըլ­լար, ա­պա ու­րեմն ճա­կա­տա­գի­րը այս բնա­կան յա­րա­բե­րու­թեան մէջ ո՞ւր կա­րե­լի է զե­տե­ղել կամ տե­ղա­ւո­րել։

Վեր­ջա­պէս, Յի­սու­սի խօս­քը, թէ՝ «Աշ­խարհի վրայ նե­ղու­թիւն պի­տի ու­նե­նաք, բայց քա­ջա­լե­րուե­ցէ՛ք, ո­րով­հե­տեւ ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33) մե­զի ցոյց չի՞ տար, թէ ա­նոնք «ճա­կա­տա­գիր»ի ար­դիւնք չեն, ո­րոնց հան­դէպ քա՛ջ ըլ­լալ կը պա­տուիրուի։

Եւ ի­րա­պէ՛ս քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թեան կը հա­կա­սէ «ճա­կա­տա­գիր»ի գա­ղա­փա­րը…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 10, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016