ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՏՕՆ՝ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։

Հայերէն տառերով գրուած առաջին նախադասութիւնն է ասիկա, որ Աստուածաշունչ մատեանէն է։

Արդարեւ, այս նախադասութիւնը փաստն է, թէ հայերէն գիրերը Աստուծոյ պարգեւն են հայ ժողովուրդին։ Եւ որքան իմաստալից է հայերէն գիրերով գրուած այս առաջին նախադասութիւնը. իմաստութիւն եւ խրատ ճանչնալ, եւ հասկնալ հանճարի խօսքերը։ Ուստի ամէն գիտութիւն կը սկսի «ճանչնալ»ով եւ «հասկնալ»ով։ Եւ անշուշտ կարեւոր է «ճանչցուած»ը եւ այն ի՛նչ որ կը հասկցուի։ Հայերէն գիրերով գրուած այս առաջին նախադասութիւնն ալ ցոյց կու տայ, թէ՝ պէտք է իմաստութիւն սորվիլ, խրատներ լսել եւ հասկնալ՝ բարձր իմացականութեան, բանականութեան եւ հնարա-մըտութեան խօսքերը։

Կեանքի մէջ յառաջդիմելու, մտապէս լուսաւորուելու եւ հետզհետէ կատարելագոր-ծըւելու համար անհրաժեշտ է՝ ճանչնալ, այսինքն սորվիլ, եւ հասկնալ։ Եւ ահաւասիր, Հայ գիրերու գիւտին յաջորդող թարգմանութեան մեծ եւ նուիրական գործը այս գաղափարին վրայ է հաստատուած. սորվի՛լ եւ հասկնա՛լ։ Արդարեւ, մարդ ամենէն լաւ կրնայ սորվիլ ի՛ր սեփական լեզուով, եւ սորվածը արդիւնաւոր կ՚ըլլայ, այսինքն կը հասկցուի դարձեալ ի՛ր լեզուով։ Ահաւասիկ, թարգմանութեան մեծ գործը կատարող թարգմանիչներու արժէքը այս գաղափարին մէջ կը կայանայ։ Անոնք է որ աստուածատուր շնորհին սրբազան միջնորդները եղան, եւ սեփական գիրերով սորվելու եւ հասկնալու վայելքը ապրեցուցին Հայ ժողովուրդին։

Կ՚ըսուի, թէ ամէն լեզու իր հոգին ունի։

Ահաւասիկ, սեփական լեզու մըն ալ կը ծնի, կ՚ապրի եւ կը զարգանայ այս հոգիով եւ կը գոյապահպանուի եւ կը գոյատեւէ այս ոգիո՛վ։

Թարգմանիչներու մեծգործութիւնը ահաւասիկ հո՛ս է, անոնք լեզուն եւ մշակոյթը սեփական արժէքներու, կեանք ունեցող, ապրող էութիւններու վերածեցին, հոգի՛ տուին անոնց։

Եւ դարձեալ, ամէն լեզու, ինչպէս իր հոգին ունի, ունի նաեւ իր սեփական, իւրայա-տուկ մտածելակերպը, տրամաբանութիւնը եւ անշուշտ կառուցուածքը։ Այս իսկ պատճառով է որ իր սեփական լեզուով սորվիլ եւ հասկնալ աւելի արդիւնաւոր կ՚ըլլայ, հաստատ հիմերու վրայ կը բարձրանայ լեզուն եւ մշակոյթը, գիտութիւնը եւ արուեստը։

Արդարեւ լեզուն՝ գիրով եւ խօսքով, ամբողջութիւն մըն է, որ կը կազմէ ինքնութիւն մը, անձնաւորութիւնը կազմող կարեւոր տարր մըն է անիկա, մէկ խօսքով՝ մարդ, իր լեզուով ի՛նքն է։

Ժողովուրդի մը կեանքը առանց լեզուի եւ մշակոյթի անապա՛տ մըն է. եւ այդ ժողովուրդը կարօտը կը զգայ զինք այդ անապատէն դուրս բերողի մը։ Եւ Հայ ժողովուրդն ալ իր մտաւոր անապատէն դուրս բերող նոր «մարգարէ»ն ունեցաւ։ Այս նոր «մարգարէ»ն ծնաւ Տարօնի մէջ եւ անուանուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոց։

Մեսրոպ Մաշտոց երկար թափառելէ յետոյ հայ ժողովուրդին անապատացեալ աշխարհին մէջ, վերջապէս հասաւ Եդեսիա, Սամուսատ։ Աստուած մօտեցած էր իրեն եւ իր աչքերուն մէջ աստղերու լոյսով ձեւաւորեր էր «Հայոց Գիր»ը։ Եւ հայոց այս նոր «մարգարէ»ն երեսուն եւ վեց տառերը մագաղաթի վրայ դրոշմած վերադարձաւ իր երկիրը Աստուծոյ աստուածագիր տառերով, հայադրոշմ կերպադրութեամբ.

«Ճանաչե՜լ զիմաստութիւն եւ զխրատ,

«Իմանալ զբանս հանճարոյ»։

Այս բառերը, ահաւասիկ, եղան հիմնաքարը հայ դպրութեան, հայ գրականութեան։ Այս եղաւ սկիզբը եւ լիութիւնը հայ մարդու իմաստասիրութեան, իմացականութեան, կեանքի ըմբռնողութեան եւ աշխարհահայեացքին։

Ա՛յս եղաւ սկիզբը եւ վախճանը պատմութեան, քանի որ Հայ ժողովուրդը այլեւս գտած էր իր ինքնութիւնը՝ լեզուն ամբողջացուած էր գիրով եւ գրականութեա՛մբ։ Այլեւս սորվիլ եւ հասկնալ աւելի՛ դիւրին էր, քանի որ ամէն հայ այլեւս ի՛ր լեզուով, ի՛ր գիրով սորվելու եւ հասկնալու կարելիութիւնը ունէր։

Եւ այսօր, երբ Մեսրոպ Մաշտոց, երկինքէն նայի վար, դէպի երկիր… տեղ-տեղ իր գիրը կը պսպղայ, տեղ-տեղ իր գիրը շուք հագած, ստուերի տակ եւ բեկբեկ հնչիւններով կը հեծեծայ…։

Ոմանք տակաւին կը պայքարին հայ լեզուին, հայ գիրին, հայ մշակոյթին պահպանութեան եւ կենդանութեան, տեւականացման։ Ոմանք յուսահատած են արդէն։ Իսկ ամենէն ցաւալին՝ ուրիշներ անտարբերութեան ջլատիչ ազդեցութեամբ ամլութեան մատնուած՝ անշահախնդիր, անհաղորդ եւ օտա՛ր են դարձեր ի՛ր իսկ լեզուին, ի՛ր գիրին, ի՛ր գրականութեան…։

Եւ ո՜րքան ցաւալի է օտարանալ ինքն իրեն, իր իսկ արժէքներուն, աւանդներուն, հոգեւոր եւ մտաւոր հարստութեան։ Մարդ եթէ իր արժէքները չպահպանէ, ինչպէ՞ս կարելի է սպասել օտարներէ պահպանել զանոնք։ Եւ անգին ժառանգի մը վատնումը, մսխումը ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ ամէն անոնց որ հարազատ ժառանգորդներն են այդ մտաւոր անգին ժառանգութեան։

Բայց առանց ճանչնալու կարելի չէ՛ սիրել, առանց հասկնալու կարելի չէ՛ իւրացնել որեւէ արժէք, որեւէ գեղեցկութիւն։ Եւ ահաւասիկ, հո՛ս է թարգմանիչներու մեծգործութիւնը, որ հիմնաքարը դրին այդ ժառանգութեան, հրաւէրով մը.

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։

Ուստի դարե՜րու այն պայքարը, զոր իր ժողովուրդը տարեր է, «գրիչ»ներու դողդողացող մատներէն սկսեալ մինչեւ դաստիարակներու, ուսուցիչներու ուսուցանող մատնանշաններ, այսօր թուլցեր է ահաւասիկ, յուսալքութեան, ոգելքութեան է մատ-նըւեր՝ «նահանջ» մտաբերող սրտաբեկութեամբ։ Մեսրոպ Մաշտոցով մարմին ստացած եւ թարգմանիչներով կենդանացած եւ գոյատեւականացած գիրքերը տժգունած կ՚երեւին այսօր՝ նետուած հոս ու հոն, ցրուած, չըսելու համար ցիրուցան եղած, ատեն ատեն որպէս հիներէն թողուած ժառանգութիւն՝ տուներու ամբարներու մէջ պահուելով, երբեմն ցոյցի եւ զարդի տեղ գործածուելով, երբեմն ալ գրադարաններու մէջ զետեղուած՝ որոնք կարելի է մէկ բառով արտայայտել դժբախտաբար՝ «լքուա՛ծ», նոր Մեսրոպ Մաշտոցներու, նոր թարգմանիչներու կը սպասեն…։

Կու գա՞ն նոր Մեսրոպ Մաշտոցներ, կու գա՞ն նոր թարգմանիչներ. խնդրակա՛ն է, եւ հաւանական չ՚երեւիր այսօրուան կացութեան մէջ, բայց պէտք չէ՛ յուսահատ մնալ, պէտք չէ՛ յուսալքուիլ, քանի որ Մեսրոպ Մաշտոց ալ նմանատիպ պայմաններու մէջ յայտնուեցաւ, ստեղծագործեց գիրերը, ապա ուրեմն ինչո՞ւ կարելի չըլլայ արդէն ստեղծուածը վերակենդանացնել։

Գիրի նկատմամբ «նահանջ» կայ, բայց կա՛յ նաեւ «յո՛յս» եւ կը մաղթուի որ յոյսը պարտութեան մատնէ նահանջը, գոնէ այս Թարգմանչաց տօնը առիթ մը ըլլայ առաջին քայլը նետելու եւ նահանջի մատնելու գիրի նկատմամբ այդ «նահանջ»ը, անդրադառնալո՛ւ անգին ժառանգին, մեծարժէք աւանդին՝ հայ լեզուին, հայ գիրին, հայ մշակոյթին՝ հոգեւոր եւ մտաւոր հարստութեան…։

Անդրադառնա՜նք եւ ըսենք, անկեղծ զգացումներով. «Ներէ՛, ո՜վ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, որ քու գիրդ այսպէս մառախլապատ կը տուայտի. մի՛ բարկանար, մի՛ տրտմիր, այլ զօրացո՛ւր մեր հոգիները, որպէսզի վերակենդանութեան ոգին տիրապետէ մեր հոգիներուն մէջ, առիթ ընծայէ անդրադառնալու գիրին, գրականութեան հրաշալիքներուն, Հայ այբուբենը չբացակայի՛ մեր միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ, միայն գրադարաններու մէջ չմնան գիրեր ու գիրքեր, գրաւեն իրենց տեղը մեր միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ, եւ մեր արցունքը երբեք չըլլա՛յ տրտմութեան, այլ՝ բերկրանքի արցունք, եւ երբեք չցամքի՛ մեր արցունքը բերկրանքի…»։

Շնորհաւո՜ր ըլլայ Թարգմանչաց տօնը բոլորիս…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 7, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2017