ՍՐՏԻ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ

Սրտի մաքրութիւնը՝ զգաստութիւնը եւ պարկեշտութիւնը համազօր է բոլոր բարձրաձայն աղօթքներու, քանի որ աղօթքը կը պահանջէ անկեղծութիւն եւ սրբութիւն։ Արդարեւ, որքա՞ն անկեղծ է չար մտադրութեամբ եւ անմաքուր սրտով կատարուած որեւէ բարիք, եթէ կարելի է զայն «բարիք» անուանել։

Ուստի, յստակ մտքին խառնուած լռութիւնը առաւել է մարդուս բարձրաձայն աղաղակներէն։ Մաքուր սիրտով եւ յստակ միտքով կատարուած ամէն գործ յաջողութեամբ կը պսակուի։ Սուրբեր Աստուծոյ առջեւ առաքինացած են իրենց մաքուր սրտով եւ յստակ միտքով կատարած աղօթքներով։ Եւ անոնց աղօթքի զօրութիւնը շատ եւ առաւել եղած են։

Ուրեմն, մարդ պէտք է զարգացնէ իր միտքը եւ աւելի եւս ազնուացնէ սիրտը եւ ըլլայ անկեղծ իր բոլոր գործերուն մէջ, նաեւ՝ Աստուծոյ առջեւ։

Մարդ, իր գործունէութեամբ կ՚անուանուի բարի կամ չար՝ բարեգործ կամ չարագործ։ Բայց անգործութիւնն ալ՝ անտարբերութիւնը կրնայ չարագործութեան համազօր ըլլալ։ Արդարեւ, անգործութիւնը, չէզոքութիւնը՝ մէկդի քաշուիլը եւ գործունէութիւններու վրայ ազդեցութիւնը կորսնցնելը «բարի» ըլլալ չի նշանակեր։

Անօրէնութիւն մը տեսնել, չարագործութեան մը ականատես ըլլալ, վկայել եւ չընդդիմանալ, անտարբեր գտնուիլ՝ ամենապարզ անուանումով մեղսակցութիւն է եւ ուրեմն՝ յանցագործութի՛ւն։ Ուստի, անգործութիւնն ալ յանցագործութիւն է եւ իւրաքանչիւր անհատ, ընկերային կեանքի մէջ, պատասխանատու է ամէն անօրէնութեան։

Մարդ միայն իրեն համար չ՚ապրիր. իր պատկանած հաւաքականութեան համար պէտք է պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունենայ։ Այս իմաստով մարդ պէտք է որ կատարէ իր պարտականութիւնները՝ ընկերութեան հանդէպ։ Եւ ասիկա կը պահանջէ սթափ եւ ուշիմ միտք՝ որ մեծագոյն առաքինութիւնն է։

Մարդկային միտքը սովոր է դէպի պարապ մտորումներու հակում ունենալու՝ չգիտակցելով, որ իրականին կ՚ենթարկուի չարի ներշնչումով։ Միտքը եւ սիրտը այս չարագործ երեւոյթներէն անջատելու եւ աստուածային ազնիւ եւ սուրբ խորհուրդներու եւ ներշնչումներու առջեւ բացազատելու մէջ է ճշմարիտ առաքինութիւնը։

Համբերութեամբ եւ յարատեւ զգօնութեամբ մեծ զօրութիւն եւ կարեւորութիւն կը ստանայ մարդուս հոգեւոր կեանքը։ Բոլոր փորձութիւններու մէջ եւ մտքի անզբաղութեամբ մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնալու է անկեղծութեան եւ սրտի մաքրութեան։

Առանց փորձութեան հոգեւոր յառաջընթաց չ՚ըլլար եւ առանց երկրային նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու եւ մինչեւ իսկ արգելքներու չ՚աճիր հոգեւոր կեանքը։ Սա ալ անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ միշտ կարելի չ՚ըլլար ստեղծել այս հոգեւոր յառաջընթացը. մարդ, իր բնութեան հետեւանքով՝ իմաստուն եւ կարող չ՚ըլլար անտրտունջ մնալ կեանքի նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու նկատմամբ։ Ան չի կրնար աներեր վստահութեամբ համբերելու եւ դիմադրելու եւ թէ հոգեւոր յաղթանակով դուրս գալու փորձութիւններէ։ Ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին՝ զօրաւոր եւ բժշկութեան աղօթքները, սուրբերու բարեխօսութեամբ զօրավիգ կ՚ըլլան մարդուն՝ չարի եւ անոր հնարքներուն դէմ պայքարելու մէջ եւ բոլոր դժուարութիւններու մէջ անպարտելի մնալու եւ յաղթական ելլելու համար։

Եզրակացնելով, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, անգործութեամբ, անտարբերութեամբ եւ աշխարհի բազմազան փորձութիւնները, նեղութիւնները անտեսելով կարելի չ՚ըլլար նպատակի մը հասնիլ։

Ըսինք եւ կրկնելով կը կրկնենք. անգործութիւնը յանցագործութի՛ւն է. մարդ պէտք է աշխատի՝ գործէ, ուժ եւ խնամք վատնէ նպատակի մը հասնելու համար, որ է՝ յաւիտենական երջանկութիւն, երկնային ուրախութիւն, այսինքն՝ երանութի՜ւն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 14, 2024, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2024