ՉԿԱՌՉԻ՛Լ ՄԱՐՄՆԱՒՈՐԻՆ

Արաբական առածը կ՚ըսէ. «Մահը սեւ ուղտ մըն է՝ որ բոլոր դռներուն առջեւ կը ծնրադրէ»։

Այո՛, մահը անխուսափելի է, ուրեմն ամէն մարմնաւոր եւ աշխարհային արժէք ժամանակաւոր է, եւ մարդ պէ՛տք է ըստ այնմ շարժի եւ գործէ, ինչ որ կը նշանակէ՝ չկառչի՛լ միայն մարմնաւորին եւ աշխարհայինին։ Այս իմաստով, Աստուծոյ ամենամեծ շնորհներէն մին է՝ մարդուն միշտ անծանօթ եւ անտեղեակ պահել իր մահուան օրը եւ ժամը։

Խորհեցէ՛ք, սիրելի՜ բարեկամներ, մարդ եթէ գիտնար իր մահուան օրը եւ ժամը, խուճապի պիտի մատնուէր, կեանքը բոլորովին տարբեր ընթացք մը պիտի ստանար եւ այդ պիտի փոխէր կեանքին իմաստը եւ անշուշտ նպատակը։

Անշուշտ, կարելի է խորհրդածութեան նիւթ ընել՝ թէ մարդ եթէ գիտնար իր մահ-ւան օրը եւ ժամը, ասիկա դրակա՞ն, թէ բացասական ազդեցութիւն կը գործէր անոր կեանքին եւ կեանքի ընդհանուր ընթացքին վրայ։

Խնդրական է, քանի որ այս հարցումը կարենալ պատասխանելու համար պէտք է իւրաքանչիւր անձի նկարագիրը, հաւատալիքները, մտածելակերպը ուսումնասիրել եւ ըստ այնմ եզրակացութեան մը հասնիլ։ Բոլորովին յարաբերական է մարդու մը իր մահուան օրը եւ ժամը գիտնալու հետեւանքները, քանի որ ան կախում ունի ենթակային հոգեվիճակէն, մտային եւ հոգեւոր մակարդակէն, իմաստութենէն եւ հասունութենէն։

Ինչպէս ըսինք, ոմանք խուճապի կը մատնուին երբ գիտնան, թէ ե՛րբ է իրենց մահուան օրը եւ ժամը՝ եթէ որոշապէս կարենան գիտնալ անշուշտ։ Ոմանք, պաղարիւնութեամբ իրենց կեանքը կը կանոնաւորեն, կը ծրագրեն ըստ իրենց մահուան օրուան եւ ժամուան։ Բայց պէտք է անկեղծութեամբ խոստովանիլ, թէ հազուագիւտ են այս երկրորդները։ Ուստի մահուան դէմ այդքան պաղարիւն եւ իմաստութեամբ շարժող մարդ քի՛չ է։ Բայց մարդ խուճապի ալ մատնուի, պաղարիւն եւ իմաստուն ալ ըլլայ, սա իրականութիւն մըն է, թէ մահը անխուսափելի՛ է։ Եւ այդ «անխուսափելի»ին թուականն ալ չգիտնալ՝ իրապէ՛ս աստուածային շնորհ մըն է։

Մարդիկ ալ կան, կրնար գտնուիլ, որ երբ իրենց մահուան թուականը գիտնան, կամ կարենային գիտնալ, բոլորովին տարբեր նկարագիր մը կը ստանան. բարի, արդար, ողորմած կ՚ըլլան։

Մարդիկ ալ կան, որոնք ամէն օրէնք, ամէն բարիք եւ բարեմասնութիւն կ՚անտեսեն, կը մերժեն, խորհելով, թէ մահը «վե՛րջ» մըն է, ապա ուրեմն ժամանակաւոր կեանքը ապրելու են միայն իրենց շահուն եւ օգտին համար։

Անշուշտ այս հակազդեցութիւնները կախում ունին անձին մահուան նկատմամբ ունեցած համոզումէն։ Անոնք, որ մահը երկրորդ կեանքի մը սկիզբը կը համարեն եւ կը հաւատան այդ գաղափարին, բարի, արդար եւ ողորմած ապրիլ կ՚ուզեն իրենց մնացեալ ժամանակաւոր կեանքը՝ պատրաստուելու համար անժամանակ կեանքին՝ անմահութեա՛ն։ Իսկ անոնք, որ մահը բացարձակ «վե՛րջ» մը կը նկատեն, անոնք կ՚ուզեն լաւագոյն կերպով օգտուիլ այս մնացեալ ժամանակաւոր կեանքէն, քանի որ այլեւս միանգամ ընդ միշտ պիտի վերջանայ եւ իրենք ալ ոչնչութեան պիտի մատուին, ինչպէս կը խորհին Էբիգիւրեաններ (Ն. Ք. 270)։

Քրիստոնէութիւնը բոլորովին փոխեց այս տեսութիւնները, եւ Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան ճշմարտութեամբ եւ օրինակով ապացուցանեց, որ մահը երբե՛ք «վերջ» մը չէ։

Եւ ուրեմն, եթէ մարդ գիտնար իր մահուան թուականը, զայն պիտի սպասէր ամենայն ուրախութեամբ՝ բարութեամբ, արդարութեամբ, ողորմութեամբ եւ հաւատարմութեամբ, եւ անշուշտ հաւատքով եւ յոյսով պատրաստուելով անոր։

Թերահաւատներու եւ աշխարհասէրներու համար անհասկնալի եւ անընդունելի, թերեւս ալ «ծիծաղելի՛» են այս ճշմարտութիւնները։ Բայց ի՛նչ կարելի է ընել երբ «անխուսափելի՛» իրողութեան մը դէմ կը գտնուին անոնք եւ ամէն ապրող։

Անոնք որ կը նախընտրեն «ոչնչանալ», կրնան շարունակել իրենց մտածումը, բայց երբ այդ խորհրդաւոր պահը հասնի, հաւանաբար պիտի անդրադառնան իրենց սխալին, ինչպէս պատմութեան մէջ պատահած է շատ մը «թերահաւատ» ճանչցուածներու՝ այդ վերջին պահուն։

Շատեր անհաւատութիւնը «իմաստութիւն» կամ «հմտութիւն» կը կարծեն եւ իրենց անհաւատութեամբ կը հպարտանան։ Բայց անոնց ճամբան շա՜տ կա՛րճ է, քանի որ երբ նեղութիւն մը ունենան, դժուարութեան մը հանդիպին, ցաւ եւ վիշտ մը ունենան, ինքնաբերաբար եւ բարձրաձայն կը գոչեն. «Աստուա՜ծ իմ…»։

Ահաւասիկ, այս պատճառով է որ հաւատքի եւ անհաւատութեան ստուգանիշը՝ կեանքի զանազան փորձութիւններն են։ Մարդ ժամանակաւոր ապահովութեան մէջ կրնայ անտեսել զԱստուած, բայց անապահով վիճակի մը երբ մատնուի, անմիջապէս կը յիշէ զԱյն…։

Անհաւատութեան «հերոս»ներ երբ հանդիպին դժուարութեան մը, նեղութեան մը եւ երբ կը կանչեն զԱստուած, այլապէս անոնք ո՛չ թէ «հերոս», այլ կատարեալ խաբեբաներ, խարդախներ եւ իսկական «վախկոտ»ներ են։ Քանի որ եթէ իսկական «հերոս» ըլլային, նեղութեան մէջ, ահ ու դողով, ապաւէն մը չէին փնտռեր։ Եւ այդ միա՛կ ապաւէնն է՝ Աստուած։ Ուստի «անհաւատութեան կեղծ հերոս»ներ պէտք է զգոյշ ըլլան՝ անպայմա՛ն պիտի գայ այն պահը, երբ պիտի հրաժարին իրենց «աժան» հերոսութենէն եւ պիտի անդրադառնան թանկագին եւ եզական՝ անհամեմատ Ճշմարտութեա՜ն։ Անոնց համար ուժերը չէ սպառած, սա՛ պահուս իսկ կրնան անդրադառնալ Ճշմարտութեան, քանի որ յոյսը եւ լոյսը երբեք չեն սպառիր մարդուս համար։

Այն որ իմաստութեամբ եւ բանականութեամբ կ՚ապրի կեանքը, ի վերջոյ եւ անպայմա՛ն կը հասնի Ճշմարտութեան եւ կը թողու անհաւատութեան կեղծ ու պատիր «հերոսութիւն»ը եւ կը դառնայ՝ հաւատքի եւ ճշմարտութեան իսկակա՛ն հերոս մը։

Անգամ մը եւս խորհինք մեր հաւատքին մասին՝ թէ ո՛րքան «հերոս» ենք կամ ո՛չ։

Ճշմարիտ հերոսները՝ մի՛շտ «հերոս» են…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 6, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2017