ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՎԱԽԵՐ

Շաբաթավերջին Երեւանի գրադարաններուն մէկուն մէջ գտայ 1920-ական թուականներուն տպագրուած գիրք մը՝ «Վախերու բառարան» (A Dictionary of Phobia) անունով, որուն մէջ նկարագրուած է աշխարհի երեսին մարդոց դիմագրաւած վախերն ու անոնց բացատրութիւնները:

«Ֆոպիա»ն առարկայի եւ կամ իրավիճակի մը մարդուն պատճառած մեծ վախն է, որ մարդուն մէջ տագնապի զգացողութիւն կը յառաջացնէ: Վստահաբար բոլորս ալ լսած ենք զանազան վախերու մասին. հանդիպած ենք մարդոց, որոնք կը վախնան մութէն, արիւնէն, լռութենէն, անասուններէն եւ այլն, սակայն անոնց կողքին աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի տարօրինակ վախեր, որոնք կրնան զարմանքի պատճառ դառնալ:

Զարմանալի այդ վախերէն մէկը օրինակ «վենուսդրաֆոպիա»ն է (Venustraphobia), որ մարդու ունեցած վախն է գեղեցիկ կնոջ նկատմամբ: Տարածուած է այն կարծիքը, որ տղամարդը կը սիրէ գեղեցիկ ու գրաւիչ կնոջ ներկայութիւնը, սակայն այս հիւանդութիւնը կու գայ փաստելու, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք վախ կը զգան գեղեցիկ կնոջ մը ներկայութենէն: Գիտնականներ կը բացատրեն, թէ այս հիւանդութիւնը ամչկոտութեան ծայրայեղ մէկ տեսակն է, որ գեղեցիկ կնոջ մը ներկայութեամբ վախ եւ տագնապ կը յառաջացնէ տղամարդուն մէջ: Բժիշկներ կը բացատրեն, թէ վախերը յառաջ կու գան փորձառութիւններէն. օրինակի համար, գեղեցիկ կնոջ հանդէպ վախ կրնայ ունենալ անհատ մը, որ նախապէս մերժուած եւ կամ վատ փորձառութիւն մը ապրած ըլլայ. մարդկային միտքը կու տայ այն կարծիքը, որ միւս բոլորը պիտի ըլլան այնպէս՝ ինչպէս որ էր առաջինը եւ այս մէկը կամաց կամաց մարդուն մէջ կը զարգացնէ այդ վախը: Անոնք գեղեցիկ կնոջ մէջ պիտի մարմնաւորեն նախորդը եւ ինքնաբերաբար զգան նոյն վախն ու յուսախաբութիւնները:

Հոգեբաններ կը յայտնեն, թէ նման վախեր շատ անգամ յառաջ կու գան կրթութեան ճամբով. եթէ ծնող մը անհատի մը ամբողջ մանկութեան ընթացքին վախ սերմանէ բանի մը հանդէպ, բնական է, որ մանուկը երբ մեծահասակ դառնայ իր մէջ ունենայ նոյն վախը. օրինակի համար, Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող մայր մը համացանցի մէջ տեսերիզներ կը տեղադրէ համոզուած ըլլալով, որ իր 2 տարեկան զաւակը արուամոլ է. ան յաճախ իր մանուկին հետ խօսելով կ՚ըսէ. «դուն տղայ կը սիրես. աղջիկ չես սիրեր». նոյնիսկ եթէ տղան ապագային արուամոլ պիտի չըլլար, այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ կազմաւորման ընթացքին իր մէջ տպաւորուի այն, որ ինք «աղջիկ չի սիրեր»: Այլ օրինակ մը. մեր բարեկամներէն մէկուն կինը սմբուկ չի սիրեր, հետեւաբար ինչ սմբուկով բան հիւրասիրուի իր զաւակին, մայրը ինքնաբերաբար կ՚ըսէ «չի սիրեր». փաստուեցաւ, որ մանուկը նոյնիսկ համտեսած չէ սմբուկը. պարզապէս մօրը խօսքին հիմնուելով սկսած է սմբուկը ատել: Այս բոլորը մաս կը կազմեն կրթութեան:

Ինչքան ալ անհաւատալի թուի, գեղեցիկ աղջկայ նկատմամբ վախը տարբեր ազդեցութիւններ կ՚ունենայ մարդուն վրայ. գիտութիւնը կը յայտնէ, թէ նման հիւանդութեամբ տառապողներ երբ տեսնեն գեղեցիկ կին մը, կը սկսին շնչահեղձ ըլլալ, իրենց գլուխը կը սկսի ցաւիլ, ձեռքերը քրտնիլ, ստամոքսի խանգարումներ կ՚ունենան ու բուռն փափաքը կ՚ունենան լալու եւ պոռալու. հոգեբանական գետնի վրայ կը զգան, թէ մէկը կը խեղդէ զիրենք, կը սկսի այդտեղ ինքզինք անպէտք ու աւելորդ զգալ, մինչեւ իսկ մահուան փափաք մը ունենալ:

Իրականութեան մէջ բոլորս ալ մեր մէջ ունինք վախեր, սակայն ժամանակի ընթացքին կը սորվինք ինչպէս արձագանգել ու ինչպիսի պատասխան տալ մեզի վախ պատճառող դէպքերու, սակայն կան պարագաներ, որոնք ցմահ պիտի մնան այդ վիճակի մէջ:

Ամենէն տարօրինակ վախը, որ ես Լիբանանի մէջ տեսած եմ հայուհիի մը ծաղրածուի հանդէպ ունեցած վախն էր. բարեկամներով սրճարան մըն էինք, ուր յանկարծ մանկական տարեդարձ մը ուրախացնելու համար ներս մտաւ ծաղրածու մը. հայուհին որ լուր չունէր ծաղրածուին գալէն, յանկարծ սկսաւ բարձրաձայն պոռալ ու լալ, ուժգնութեամբ՝ որ կարծես կը խեղդեն զինք: Փաստօրէն այդ մէկը եւս ունի իր յատուկ անունն ու բացատրութիւնը՝ «մանկաֆոպիա» (Pediophobia). գիտութիւնը այս հիւանդութեան որպէս պատճառ կը նշէ վախազդու ժապաւէնները, ինչպէս նաեւ բարեկենդանի կապակցութեամբ տարածում գտած արիւնալի ծաղրածուներն ու խամաճիկները:

Դար մը առաջ Ղազարոս Աղայեան կը գրէ «Խիզախը կամ աներկիւղը» անունով հեքիաթը, ուր տղան մօրը կ՚ըսէ. «Կ՚ուզեմ տեսնել թէ ինչ բան է երկիւղը, եթէ այդպիսի արհեստաւոր կայ, ինձ իր մօտ աշակերտ դիր». Մայրը կ՚ըսէ. «Որդի, երկիւղը ո՛չ արհեստ է, ո՛չ արհեստաւոր. այդ ամէն մարդու սիրտին մէջ կայ. եթէ դուն բանէ մը չես վախնար, ուրեմն սիրտիդ մէջ երկիւղ չկայ, դուն աներկիւղ ես»:

Աներկիւղ ենք թէ ոչ չեմ գիտեր, բայց վա՜յ այն մարդուն, որ Աստուծոյ եւ իր խիղճին հանդէպ երկիւղ ու վախ չունի: Այդ մէկը եւս ունի իր անունը՝ «Թէոֆոպիա» (Theophobia)։ Այս հիւանդութեան ո՛չ թէ գոյութիւնը, այլ չգոյութիւնն է վտանգաւոր:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԼԷՈՆԻՏ ԵՆԳԻԲԱՐԵԱՆ
(1935-1972)

Մեր թուականէն 87 տարիներ առաջ՝ 15 մարտ 1935-ին Մոսկուայի մէջ ծնած է ծաղրածու, դերասան եւ կրկէսի ներկայացուցիչ Լէոնիտ Ենգիբարեան:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրէն ներս եւ ապա ընդունուած ձկնային տնտեսութեան հիմնարկ, ուր կէս տարի սորվելէ ետք անցած է մարմնակրթական հիմնարկ: Ուսումի կողքին զբաղուած է բռնցքամարտով եւ 1952-1953 թուականներուն ունեցած է 9 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն, որուն շնորհիւ արժանացած է ախոյնութեան երրորդ դիրքին:

Ենգիբարեան 1955 թուականին ընդունուած է կրկէսային արուեստի պետական ուսումնարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1959 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք եկած է Երեւան եւ դարձած՝ տեղի կրկէսային խումբերէն մէկուն անդամ: Երեւանի մէջ սկիզբ առած է Ենգիբարեանի դերասանական ասպարէզը. առաջին անգամ աննշմար դերով նկարահանուած է «Կոմունիստ» ժապաւէնի մէջ, որուն յաջորդած են այլ դերեր, որոնք բացայայտած են Լէոնիտի դերասանական շնորհքը: Ենգիբարեան 1964 թուականին Փրակի մէջ տեղի ունեցած ծաղրածուներու միջազգային մրցումին արժանացած է առաջնութեան մրցանակին:

Նկարահանուած է Լէոնիտի կեանքը պատմող երկու ժապաւէններ. առաջինը՝ «Ծանօթացէ՛ք՝ Լէոնիտ Ենգիբարեանին», իսկ միւսը «2-Լէոնիտ-2»: Կրկէսի եւ ժապաւէնի կողքին Ենգիբարեան զբաղած է նաեւ թատրերգութեամբ։ Անոր բեմադրած լաւագոյն ներկայացումներէն են «Աստղային անձրեւ», «Փողոցային աքրոպատ», «Ողջ ու մեռածը», «Սիրտը ափի մէջ», «Ծաղրածուի տարօրինակութիւնները» եւ այլն ներկայացումներ:

Ենգիբարեան որոշ ժամանակ զբաղած է նաեւ գրականութեամբ. գրած է «Առաջին ռաունտ» եւ «Վերջին ռաունտ» արձակ ստեղծագործութիւնները:

Ի յիշատակ դերասանին, Ծաղկաձորի կենդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ տեղադրուած է Ենգիբարեանի արձանը: Յետ մահու նկարահանուած է անոր կեանքը ներկայացնող մէկէ աւելի ժապաւէններ. ինչպէս՝ «Վառարան-նստարան», «Մեր մանկութեան կրկէսը», «Մարդ՝ դեղին մոլորակից» եւ այլն։ 1972 թուականին Սօս Պետրոսեանի ջանքերով՝ Երեւանի մէջ ստեղծուած է Ենգիբարեանի անուան մանկական կրկէսը, որուն շէնքին դիմաց քանդակագործ Լեւոն Թոքմաքճեանի աշխատութեամբ կանգնած է մեծ դերասանին արձանը:

Ենգիբարեան մահացած է 25 յուլիս 1972-ին, Մոսկուայի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2022