ԿԵԱՆՔԸ ԴԵՌ ՆՈՐ ԿԸ ՍԿՍԻ

Ամենամեծ հաճոյքներէս մին է յաճախ թղթատել երէցկնոջս Աննիկ Գալփաքճեանի ճոխ գրադարանին գիրքերը եւ թղթածրարներու մէջ գտնուող զանազան գրութիւնները։ Ասիկա առիթ մըն է թէ՛ մտապէս զարգանալու, քանի որ մարդ միշտ եւ շարունակ պահանջքը ունի մտապէս զարգանալու, սորվելու եւ ինքզինք գերազանցելու, եւ թէ «ապրել»ու մեր սուրբ միութիւնը։ Սուրբ պսակով հաստատուած միութիւնը՝ ընտանիքը մշտնջենաւոր է եւ յաւերժակա՛ն։ Եւ այս կը նշանակէ, որ միշտ պէտք է ապրիլ զայն…

Գիրը եւ գիրքը լաւագոյն միջոցներն են ապրելու անցեալը ներկային մէջ եւ ապագային նայելու պայծառ տեսութեամբ։ Ահաւասի՛կ, ես ալ այս պատճառով է, որ յաճախ կը թղթատեմ երէցկնոջս Աննիկ Գալփաքճեանի գիրքերը եւ գրութիւններով լեցուն թղթածրարները։

Այս անգամ տեսայ գրութիւն մը՝ ուղղուած իր այնքան սիրելի՜ աշակերտներուն՝ «Կեանքը դեռ նոր կը սկսի»։

Ամէն վերջաւորութիւն հանգրուան մըն է, եւ սկիզբ մը նոր ուղեւորութեան մը՝ նոր կեանքի մը։

Երբ կը վերջանայ մանկութեան օրերը, կը սկսի պատանեկութեան շրջանը եւ երբ վերջանայ պատանեկութեան շրջանը, կը սկսի երիտասարդութիւնը եւ անոր կը յաջորդէ հասուն մարդուն բուն կեանքը։

Սակայն բան մը կայ, որ երբեք չի վերջանար՝ միշտ կը սկսի, որն է ուսումը, գիտութիւնը։ Ահաւասիկ, այս պատճառով է որ կ՚ըսեն, թէ՝ վկայականները ո՛չ թէ ուսման մը վերջաւորութիւնը եւ կատարելութիւնը կը ստուգեն, այլ արտօնագիրն են նոր կեանքի մը՝ ապագայի անյայտ անդաստաններուն մուտք գործելու։

Հասուն է եւ կատարեալ այն մարդը՝ որ գիտէ այն իրականութիւնը, թէ ամէն վերջ սկիզբ մըն է։

Կատարեալ է այն մարդը՝ որ անհատական եւ ընկերական, եւ միանգամայն բարոյական կեանք կ՚ապրի՝ զօրաւոր ձեռքով մը աշխարհայինի եւ բարոյականի մենամարտութեան վե՛րջ կու տայ, եւ ամէն մէկուն իր պաշտօնը նշանակելով՝ հաստատուն քայլերով առաքինութեան շաւիղներուն եւ բանաւորութեան լոյսին մէջ կը քալէ միշտ գիտութեան եւ ուսման օգնութեամբ։ Որովհետեւ այս մշտավառ եւ մշտատեւ լոյսերը աշխարհիս վրայ տարածուելու համար պէ՛տք է, որ դաստիարակութեան մէջ շողան յարատեւ։

Նոր կեանքը՝ բո՛ւն իսկ կեանքն է, որուն պէտք չէ երբեք պակսի լոյսը, որուն պէտք է միշտ համընթաց ըլլայ ուսումը եւ դաստիարակութիւնը։

Աննիկ Գալփաքճեան

Տնօրէնուհի Էսաեան վարժարանի
նախակրթութեան բաժնի

Եւ ահաւասի՛կ, ապացոյց մը, փաստ մը, որ մահն իսկ կարող չէ՛ բաժնել մտքի, սրտի այն սրբազան միութիւնը՝ որ Սուրբ Պսակով հաստատուած եւ վաւերացուած է։ Երանի՜ որ այս տրուպ գրիչը բաժին ունեցաւ եւ մաս կազմեց այդ «միութեան»։

Երէցկնոջ գիրքերէն էջ մը եւս ահաւասիկ։

Քու «Հայր մեր»դ՝ Տիգրան Կամսարականի տողերով։

Մի տրտմիր. Կիրասունցի հէգ, դժբախտ կին, եթէ քահանան զաւկիդ գերեզմանը չուզեց օրհնել։ Իր աջին մէջ, զոր ծերածեր տարիքդ համբուրեց, չէին կրցած դնել արծաթի կտորը, որ հանգստեան աղօթքի սակագին մըն էր տէրտէրին համար։

Ա՜խ եթէ առուգութեանդ օրերը ըլլային, եթէ կանանչ տարիներ ունենայիր դուն՝ կը տեսնեմ ահա սիրախանդ շարժուձեւդ, որով պէքեարին լուացքը պիտի աճառէիր շինականի քու կարշնեղ ձեռքերուդ մէջ, որպէսզի ճարէիր օրհնութեան դրամը. բայց բազմազառամ պառաւ մըն էիր, ոյժդ, ափսո՜ս չէր զօրեր…։

Ու փոսը որուն բան մը աւանդած էիր աղիքներէդ, քու աղիքներդ բոլոր՝ չզգաց գգուանքը աղօթքի շունչին, որ մօրկան «անդենական»ի հաւատքդ պիտի արծարծէր։

Կիրասունի գերեզմաննոցին մէջ ստապատում եւ պոռոտ դամբանագրերէ քիչ հեռու, անկիւն մը գետնամած անշշուկ քնարան մը կայ հիմա, տնանկի լքուած հողակոյտ մը զոր քար չի ծածկեր եւ որուն Քրիստոսի պաշտօնեան իր օրհնութեան ողորմութիւնը զլացաւ։

Անիկա հսկայ կռուփ մըն է ցցուած Ոսկի Հորթին դէմ, կուռքը՝ որ գերեզմանատան մէջ ալ իր պատուանդանը ունի.- մեծատունին տապանաքարը։

Ես կ՚արգիլէի քեզի, տէրտէր, որ այլեւս չմօտենայիր դուն այդ ղարիպի գերեզմանին, զոր ապիրատութիւնդ սրբագործեց, ես կ՚արգիլէի քեզի որ զղջումի յետադարձ աղօթքով մը անոր ողորմ բանաստեղծութիւնը չխաթարէիր դուն երբեք։

Իրիկնամուտին, հէգ սգաւոր մայր, սեւ լաչակը գլխիդ ձգած, սարսռոտ շուքդ ոլորելով պատերուն երկայնքը՝ գնա՛ գաղտասոյր մտի՛ր լռին մահաստանը, դողդոջ՝ ցաւդ ճչէ զաւկիդ վրայ, որ կաթէդ աւելի արցունքդ ծծեց ու հծծէ «Հայր մեր»դ զոր, այնքան խանդաղատանքով սորվեցուցեր էիր քու թոթովող մանկիկիդ։

Սա քու «Հայր մեր»դ, մարիկ։

Տէրտէրը չիտէ անիկա։

Տիգրան Կամսարական

Ահաւասի՛կ սիրելի՜ներ, կեանքին սեւ երեսակը…

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ, թէ՝ ձախողութիւնները սանդուխի մը աստիճաններն են, որոնք կ՚առաջնորդեն յաջողութեան։ Փոխելով ըսենք՝ ցաւը, վիշտը հանգրուաններ են՝ մեզ յաւիտենական երջանկութեան առաջնորդող։

Եւ սիրելի՜ բարեկամներ, սա անուրանալի եւ յաւիտենական ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ մարդ կը մեռնի, մարմինը հող կը դառնայ, բայց հոգին անմա՛հ է, հոգին միշտ կ՚ապրի եւ հոգիին ցայտուն արտայայտութիւնն է Սէ՛րը։

Տէրը եւ Սէրը անպակա՛ս ըլլայ բոլորիս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 12 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2023