ԱՐԾԱԹՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ

Հակառակ «Մի՛ առնէր քեզ կուռս ձեռագործս» Աստուածային յորդորներուն, մարդը ժամանակուան ընթացքին սկսաւ գերին դառնալ ու կուռքերու վերածել իր իսկ ստեղծածն ու ձեռագործը, որոնցմէ մէկն է դրամը, որ ստեղծուած է մարդու կողմէ, սակայն իշխած ու գնած է մարդ արարածը՝ բառին ամբողջական իմաստով:

Ընդունինք թէ ոչ, այսօր բոլորս ալ կռապաշտներ ենք, որովհետեւ Պօղոս առաքեալի համաձայն, ագահութիւնը ինքնին կռապաշտութիւն է (հմմտ Կողոսացիս 3.5). առաքեալը այդ մէկը կը կոչէ երկրային ցանկութիւն եւ մենք բոլոր, հակառակ երկնաւոր փառքը հիւսելնուս, կը շարունակենք մնալ երկրաւորին մէջ:

Վստահ եղէք երէկ բազմահազա՜ր մարդիկ արծաթսիրութեան ախտէն տարուած գողութիւն կատարեցին. քանի՜ քանի՜ հոգիներ իրենց հարազատ եղբօր մահն անգամ ուզեցին տիրանալու ժամանակաւորին: Բազմահարիւրներ իրենց արժանապատուութիւնն ու պատիւը ծախեցին, իրենց կրօնական ու բարոյական սկզբունքները ոտնակոխեցին եւ մինչե՛ւ իսկ երէկ զԱստուած երեսուն արծաթ դահեկանի համար մատնեցին՝ երկրաւորը յաւիտենականէն աւելի՛ նախընտրելով:

Այսօր շատ լսուած խօսք է, որ «ունեցողը շատ ունի, իսկ չունեցողը՝ ընդհանրապէս բան մը չունի». այդ ունեցողներուն համար Վարդան Արեւելցի իր ճառերէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ, որ եթէ եղբայրդ «խնդրէ ի քէն արծաթ, եւ ապրի ի գլորմանէ աղքատութեան դու ձեռնահաս իցես, մի՛ կարկամեցուցաներ զձեռն քո եւ մի՛ դարձուցաներ զերեսս քո ի նմանէ, այլ տալով տացես զոր ինչ եւ խնդրեսցէ». Արեւելցիի ճառերէն յստակ կը դառնայ, որ ինք դրամը կը տեսնէ որպէս միջոց ապրելու եւ հարազատներու օգնելու, սակայն այսօր այդ մէկը մենք նպատակի վերածելով փոխան օգնելու կը դիզենք, հակառակելով Քրիստոսի այն խօսքին, որ կ՚ըսէ «երկինքի՛ մէջ դիզեցէք ձեր հարստութիւնը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ողորմութիւնը, աղքատսիրութիւնը, պահքն ու բարեգործութիւնը»:

Հայրապետը կ՚ըսէ. «զպարգեւս Հոգւոյն մի՛ վաճառեր արծաթոյ տգիտաց եւ անարժանից». այսօր դրամի դիմաց գիտէ՞ք քանի հոգի դրամի սիրոյն փոխած է իր յարանուանութիւնը, մինչեւ իսկ կրօնքը. գիտէ՞ք քանի հոգի իր սկզբունքներուն ու գաղափարներուն հակառակ դրամի դիմաց ծախած է իր քուէն, ծախած է ազգութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ գրեթէ ամէ՛ն ինչ:

Դրամը պարզապէս մոմ մըն է, որ կրնայ ժամանակաւոր լոյս ու բարեկեցութիւն տալ կեանքին եւ մենք բոլորս այդ լոյսով փոխանակ ամբողջ սենեակը լուսաւորելու, կ՚ուզենք լուսաւորել միա՛յն հոն՝ ուր մենք ենք, ուր կեցած ենք այդ վայրկեանին, առանց գիտակցելու, որ ուրիշը լուսաւորելու դէպի արքայութիւն տանող մեր ճամբան է, որ կը լուսաւորուի եւ այդ ուրիշը լուսաւորելը սեփական անձին աւելի շահ կու տայ՝ քան լուսաւորուողին:

Մեր իրականութեան մէջ այսօր ամենէն քիչ խօսուած նիւթերէն մէկը ժլատութեան ու ագահութեան նիւթն է, որովհետեւ բոլորս այդ ախտին մէջ ենք՝ այդ մէկը ընդունինք թէ ոչ:

Չեմ գիտեր ինչու, մարդոց մէջ կայ այն համոզումը, որ մեծահարուստները միայն օգնելու, ողորմութիւն ընելու շնորհը ունին. յիշեցէ՛ք որ Քրիստոս Այրի Կնոջ լուման շա՜տ աւելի կարեւոր նկատեց, քան մեծահարուստներունը, որովհետեւ Աստուած ողորմութեան ժամանակ ո՛չ թէ տրուած գումարի քանակին, այլ սիրտին է որ կը նայի. հետեւաբար մէկու մը «նուիրած» միլիոնները կրնան այնքան յարգ ու արժէք չունենալ հոգիով ու սիրտով նուիր-ւած մի քանի տոլարի դիմաց, որ շա՜տ աւելին կ՚արժէ քան առաջինը:

Արցախի պատերազմի ընթացքին համացանցի վրայ տարածում գտան տեսերիզներ, ուր երկու-երեք տարեկան մանուկներ իրենց գանձանակի մէջի մի քանի ղուրուշը կ՚ուզեն ղրկել հայ զինուորին. մենք սիրեցինք այդ մանուկները ո՛չ թէ իրենց նուիրած գումարի չափին համար, այլ անոնց անմեղ սրտով ունեցած փափաքին համար եւ մեր մէջ Աստուած այդ նո՛յն փափաքն է որ կը փնտռէ:

Ի՜նչ ահաւոր է, որ Աստուածաշունչն ու մեր հայրապետները արծաթսիրութիւնն ու պոռնիկութիւնը յաճախ յիշած են իրար հետ, որովհետեւ անոնց համար երկուքը նոյն մեղքի արժէքը ունեցած են. Վարդան Արեւելցի չարութեան որպէս աղբիւր կը նշէ հետեւեալները. «չար գործոց գտակք են որկրամոլութիւն, պոռնկութիւն, արծաթասիրութիւն, հպարտութիւն». Հայրապետը պոռնկութիւնը, որկրամոլութիւնը, հպարտութիւնը եւ գրեթէ ամէն չարիք հաւասար կը տեսնէ արծաթսիրութեան, որովհետեւ արծաթասէր մարդը Յուդայի նման պատրաստ է ամենէն սուրբը անգամ ոտնակոխելու:

Երանելի՜ է այն մարդը, որ իր երկրաւոր հարստութիւնը կրնայ ծառայեցնել երկնաւորին եւ անոր ճամբով կը յաջողի գանձ դիզել հոն՝ ուր յաւիտենական հանգիստ պիտի գտնէ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԴԱՒԻԹ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
(1890-1966)

Մեր թուականէն 132 տարիներ առաջ՝ 15 ապրիլ 1890-ին Էրզրումի մէջ ծնած է խորտակուած «Թիթանիք» նաւի 771 փրկուողներէն Դաւիթ Վարդանեան (յաճախ յիշուած է նաեւ որպէս Դաւիթ Վարդունեան):

Հաւատարիմ մնալով «Ամէն տեղ հայ կայ» կարգախօսին, ուսումնասիրութիւններ փաստած են, թէ «Թիթանիք» նաւի վրայ գտնուած են վեց հայեր, որոնցմէ երկուքը՝ Դաւիթ Վարդանեանն ու Նշան Գրիգորեանը յաջողած են փրկուիլ:

Դաւիթ Վարդանեան երիտասարդ տարիքին ամուսնացած է Էրզրումի մէջ, սակայն նկատի ունենալով երկիրի քաղաքական ու տնտեսական վիճակը, որոշած է իր կինն ու ընտանիքը ձգելով Էրզրումի մէջ երթալ Գանատա՝ աշխատելու համար ձուլարանի մէջ, որպէսզի կարենայ իր ընտանիքին ապրուստը հոգալ. այսպիսով Դաւիթ իր երեք ընկերներուն հետ միասին մեկնած է Գանատա:

Վարդանեան Ֆրանսայի մէջ բարձրացած է «Թիթանիք» նաւը, ստանալով թիւ 2658-րդ տոմսը: Նաւակի խորտակումը պատահած է Դաւիթի ծնունդէն մէկ օր առաջ՝ 14 ապրիլին, 1912 թուականին. Դաւիթ լողալու վարժութեան շնորհիւ յաջողած է ողջ մնալ եւ որոշ ժամանակ լողալէ ետք փրկուած է փրկարար խումբերու կողմէ: Փրկուելէ ետք որոշ ժամանակ ապրած է Գանատա, ապա անցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Դաւիթ կարծած է, թէ կոտորուած է իր ընտանիքը, սակայն յոյսը չկտրելով նամակներու ճամբով փորձած է գտնել իր ընտանիքի հետքը. 11 տարիներ ետք յաջողած է գիտնալ իր կնոջ ողջութեան մասին ու բաժանումէն 11 տարիներ ետք զոյգերը վերամիացած են:

Դաւիթ Վարդանեան մահացած է 3 օգոստոս 1966 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2022