ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մարդուս կեանքին մէջ օրինաւոր եւ շնորհալի մրցակցութիւնը մղիչ ուժ մըն է՝ որ մարդս կ՚առաջնորդէ միշտ աւելի լաւը ընելու, յաջողելու եւ հասնելու իր մտադրած նպատակին։ Մրցակցութիւնը ընդհանրապէս դժուար ընթացք մըն է, մանաւանդ երբ մրցակիցը աւելի զօրաւոր է եւ հաստատակամ։

Մարդ կրնայ մրցիլ իր կարողութիւններուն եւ իր տարողութեան չափով, եւ այս իմաստով ամէն մրցակից դժուար է մրցողին համար։

Ամէն մրցակից դժուար է. դժուար է, քանի որ նոյն նպատակը ունի՝ հասնիլ նպատակին եւ յաջողի՛լ։ Մրցումը շատ աւելի դժուար է, երբ մրցակիցը անծանօթ է եւ նախապէս ճանչնալ կարելի չէ եղած։ Անծանօթը եւ չճանչցուածը միշտ դժուար է եւ վտանգաւո՛ր։

Մարդուս ամենէն դժուար մրցակիցը իր «Ես»ն է, քանի որ ան միշտ անծանօթ է մարդուն՝ անձին, այսինքն բանաւոր եւ զգացող էակին։ Այս իմաստով՝ մարդ անծանօթ մըն է իր իսկ «Ես»ին։ Ապա ուրեմն, ամենէն դժուար մրցակիցը մարդուս իր «Ես»ն է։ Եւ այս մրցակցութեան մէջ, ընդհանրապէս «Ես»ը յաղթական կը հանդիսանայ։

Մարդուս «Ես»ին յաղթութիւնը, ահաւասիկ, մարդկութեան, մարդկային մանաւանդ հասարակական-ընկերային կեանքին կարեւոր հարցերէն մէկը կը ներկայանայ. անհամաձայնութիւններու եւ հակառակութիւններու մեծամասնութիւնը կը ծագի մարդոց «Ես»ին պատճառով։ Մարդ կը յաղթէ շատ հակառակորդներու, բայց միշտ կը պարտուի իր «Ես»էն։ Մարդուս զգացումները, բանականութիւնը եւ ամբողջ մարդկութիւնը կարծես գերի կը դառնայ «Ես»ին եւ ի վերջոյ կը հպատակի, կը համակերպի անոր անդիմադրելի զօրութեան։

«Ես»ը ամենամեծ եւ վտանգաւոր մրցակիցն է մարդուն, չըսելու համար թշնամի՛ն…

«Ես»ին այս կարծեցեալ յաղթանակը կեղծ եւ կարծեցեալ երջանկութեան մը պատճառ կը դառնայ, բայց պէտք չէ տարուիլ այդ սուտ երջանկութեան հրապոյրէն, որովհետեւ «Ես»ը ի վերջոյ «թշնամի»ն է անձին՝ որ կը մղէ զայն չարը գործելու, ինքնասէր ըլլալու, ինքնակեդրոն, այլամերժ անհատ մը ըլլալու՝ որ բոլորովին հակառա՛կ է մարդուս կոչումին, արարչութեան ծրագրին եւ նպատակին։

Հազուագիւտ անձեր կը յաջողին պարտութեան մատնել իրենց մեծագոյն «թշնամի»ն՝ իրենց «Ես»ը եւ անոնք, ահաւասիկ կը դառնան «մեծ մարդ» այս աշխարհի վրայ։ Երանի՜ անոնց…

Արդարեւ, «Ես»ին հետ մրցակցելու եւ անոր դէմ յաղթական գալու համար պէտք է մարդ զօրաւոր կամք, հաստատ հաւատք ունենայ եւ ունենայ սկզբունքներ, որոնց պէտք է պաշտպան կանգնի ամէն պարագայի մէջ։ Թոյլ եւ փոփոխամիտ մարդիկ, տկար նկարագրի տէր մարդիկ երբեք չեն կրնար պարտել իրենց թշնամին՝ իրենց «Ես»ը եւ գերի կը դառնան անոր։ Հասարակական-ընկերային կեանքի համար ալ մեծ «թշնամի» մըն է «Ես»ը, քանի որ հակառակ է հասարակութեան, ընկերութեան եւ միութեան գաղափարներուն։ Մինչդեռ մարդուն առաջնակարգ կոչումը եւ պարտականութիւնն է «իրերօգնութիւն»ը։ Արդարեւ, մարդ ստեղծուած է «ուրիշ»ին համար, «ուրիշ»ով, այսինքն իր նմաններուն հետ միանալու եւ ամբողջանալու համար։

Եսամոլ, ինքնակեդրոն մարդիկ անոնք են, որոնք չեն կրցած պարտել իրենց «Ես»ը, գերի են դարձած անոր՝ հպատակած անոր մերժած են ուրիշները՝ ուրիշ կեանքեր, ուրիշ աշխարհներ, քանի որ ամէն անհատ «աշխարհ» մըն է ինքն իր մէջ։ Եւ անշուշտ անոնց պատճառով վնասուած է ամբողջ ընկերութիւնը։

Եսամոլութիւնը երբ կը տիրէ ընտանիքին մէջ, ա՛լ աւելի վտանգաւոր եւ վնասակար է, որովհետեւ աւելի եւս կը վիրաւորէ ընտանիքի անդամներուն արժանապատուութիւնը։

Եթէ «մէկ»ը չըլլայ, ինչպէ՞ս կրնայ գոյատեւել եւ ապրիլ «միւս»ը։ Մարդիկ, որպէս «անձ» ամբողջ մը կը կազմեն։ Այս ամբողջութիւնը կ՚ըլլայ «ընտանիք», կրնայ ըլլալ «ընկերութիւն», կամ «ժողովուրդ», եւ կամ «ազգ»։ Բոլորն ալ կը կարօտին «ամբողջութեան», այսինքն՝ հասարակական զգացումի, միտքի եւ վերջապէս նպատակի մը։ Եւ երբ կը պակսի այս «ամբողջութիւն»ը, այլապէս մարդկութիւնը կը շեղի իր բնական ընթացքէն եւ կը կորսնցնէ իր նպատակը։ Իսկ աննպատակ կեանք մը՝ անիմաստ կեանք մըն է, վիհ մը, անորոշութիւններով լեցուն խաւար մը։

Ուրեմն, զգոյշ ըլլանք մեր «Ես»ին, անդրադառնանք մեր «Ես»ին եւ կանխենք անոր տիրապետութիւնը մեր բանականութեան եւ զգացումներուն վրայ. մտիկ ընենք մեր խղճի ձայնը, որովհետեւ ան է, որ կրնայ քաջութեամբ պայքարիլ անոր հետ, ընդդիմանալ անոր համարձակ կերպով եւ յաղթել զայն, պարտութեան մատնել հպարտ «թշնամի»ն։ Եւ պէտք է անդրադառնալ, որ մարդուս «Ես»ին մէջ «ԵՍ» մըն ալ կայ, աւելի զօրաւոր, աւելի վե՛հ։ Առիթ չտանք, որ «Ես»ը պարտութեան մատնէ «ԵՍ»ը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 13 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2023