ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆ (ԻՆՏՐԱ) (1875 - 1921) - Ա -

Տիրան Չրաքեան (1875-1921) ծանօթ է՝ «Ինտրա» ծածկանունով, ծնած է Կ. Պոլիս, ուսումը ստացած է Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն, ապա՝ Պոլսոյ եւ Փարիզի գեղարուեստից դպրոցներուն մէջ, իբր նկարիչ։

Շրջան մը ապրած է Ժընեւ, յետոյ՝ Եգիպտոս։

1900-ի շուրջ կրկին Պոլիս կու գայ, ուսուցիչ՝ Պոլսոյ թէ գաւառի հայկական վարժարաններուն մէջ։

Մենակեաց, խոր զգայնութեան տէր արուեստագէտը յաջորդաբար կը հրատարակէ «Ներաշխարհ»ը (արձակ՝ բանաստեղծական-մտածողական շունչով), «Նոճեստան»ը (քերթուածներ), ինչպէս նաեւ շարք մը յօդուածներ, մամուլի մէջ։ Այս գործերէն, անկասկած, «Ներաշխարհ»ը ամենակարեւորն է՝ իբր ինքնատիպ եւ գեղարուեստական եւ մտածողական մեծ արժէքի տէր արտադրութիւն։

Կեանքի վերջին շրջանին, հոգեկան տագնապներու մատնուած՝ «Ինտրա»ն ինքզինք տուած է հոգեւոր աղանդներու, եւ դարձած «քարոզիչ»։

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Ինտրա»ի գործերէն նմոյշ մը՝ «հեռու»ի կանչով թրթռացող բնանկար մը։

Արդարեւ, «դժուա՛ր» է այս հատուածը բայց «հիանալի՜», յստակ, որ ի վերջոյ կը վարձատրէ ընթերցողին «համբերութիւն»ը, ինչպէս կ՚ըսէ Յարութիւն Քիւրքճեան։

ՍԵՒ ԾՈՎԸ

Ամպոտ հողմակոծ առտու մըն էր։

Ծովուն խռովայոյզ ափունքէն մեր վաչը կը վազէր մսկոտ ու մենաւոր։

Երիվարները միակերպ դոփիւնով կ՚ընթանային, թաց հարթ աւազին վրայ՝ խորտակուող կոհակներուն սողալով սրսփալով սառող փրփուրին մէջէն։

Գլանաձեւ ծածկին ցուրտ պատուհանէն անընդհատ կը նայէի պղտոր, մրրկալի ծովուն։ Ծփանքներու միակ գոռում մը կը բարձրանար, առանձին, անվախճան։

Դէպի ձախ, հեռուն, Պոնտական լեռներուն յետին թաւաստեւ կատարները, ձիւնախաղաղ, կը նկարուէին տխրամած անջրպետի մը բարձրերը, սատափէ ցնորական վիհերով, որոնք կը պեղուէին, առկախ, անոնց բարձունքներուն մէջ։

Վարերը, մթին ստորոտներուն վրայ, տերեւաթափ անտառներ կը դիզուէին, անձայն անտառներ, աշնային յետին շիկութիւններով երազուն, գորշ լերկ ամայութիւններ անանուն անտառներու, հեղեղատներու մէջ ընդխառնուած, որոնց առաջքէն մեր սայլը կը վազէր…

Անվերջ աւազէ ճամբան, խորտակուող ալիքներուն գահավէժ ժանեակներով ողողուն, անծայր ափունքէն մինչեւ հեռուները կ՚երկարաձգուէր, անհետանալու երկբայական վայրերու, անստոյգ երանգներու խորը։

Եւ անսահման առանձնութեան մէջ՝ ալեկոծ Ծովը կը պոռար։

Հեռուներէն ալիքները կու գային, իրարու ետեւ. ուռած, մետաղափայլ ձոյլ սապատումներու հուժկու ելեւելքով՝ կը թաւալէին իրարու ետեւ. կը բարձրանային, կը քստմնէին, ժեռային ցցունքներով սարսռագին, եւ ահարկու վարանմամբ մը կը ծռէին ու կը փլչէին՝ իրարու ետեւ. անընդհատ կը փլչէին, կը կործանէին՝ միահաղոյն պայթող կատաղի ճերմակութիւններու մէջ ընկլուզուելով։

Ու մինչդեռ փրփուրներու լայնալիճ կորանքը լուսաբորբոք կը թեւէր եզրին երկայնքէն, խիճերուն, աւազներուն վրայ կը խուժէր, եւ ապա աւազին վրայ կը սառէր սրսփուն,- հեռուն, մոյգ շարժլումներու մէջ, անընդհատ, անընդհատ՝ խուժող ու ծռող կոհակներուն ճերմակ կործանումը կը թնդար։

Նա՜ւ մը չկար հորիզոններուն յաւիտենութեանը մէջ։ Հեռուն՝ փրփուրի տեսիլներ կը վառէին, կը մարէին, դատարկութիւնը բացարձակելով։ Հեռուն՝ փրփուրներու սոսկալի Ոչինչը կը սարսռար։

Ծովն էր միայն, միմիայն անբաւ Ծովը։ Եւ նաւ մը չկար, ոչ իսկ վերացող ծուխ մը։ Ամայութիւններուն մէջ միստիք ու շքեղ սարսափ մը կ՚ապշէր։

Կծկուած, տառապագին, ու թերեւս ժպտուն, ռունգերս բաց՝ անջրպետի հզօր աղի շունչին կը նայէի։

Ծովն էր համասեռ, մշտանոյն, զարհուրելի, երջանիկ։ Ալիքները կու գային, կու գային։ Փլուզման ու վերականգնումի անյագ արբշռութեամբ մը կու գային ալիքները։ Աղիտալի սպիտակութեանց մէջ կը տժգունէր, կը ճերմկնար Ծովը։

Լեռները ճերմակ հայեցողութեան մը մէջ կը վերանային. անտառները կ՚ընկղմէին իրենց անրջանքին մէջ. հորիզոնները իրենց անաշխարհայնութեան մէջ կը հեռանային։ Լեռներուն տրտում օծութեանը՝ ծովն իր անդունդներուն երանավայրի հեթանոսութիւնը կը պոռար։

Եւ ժամերով, իր տխուր ճամբէն, դողդոջուն, մարդկային՝ սայլը կը վազէր կարծես աղօթելով, իր ոչնչութիւնը փախցնելով։

Դիմացը, անտառին տակ, հեռուներու լուրթ յատակի մը վրայ սկսեր էր (անհաւատալի՜) նշմարուիլ իրական երդիքի մը թուխ կղմինտրը, աշնահար ճիւղերու մէջ կքուն։

Ըսի կառապանին։ Պզտիկ իջեւան մըն էր, խան մը, ուր սայլերը պահ մը կանգ կ՚առնեն, ու ճամբորդները վայրկեան մը կը նստին տաքնալու, կրակին դէմ։ Ինչպէ՜ս ողջունեցի անոր բուխերիկին կապոյտ ծուխը, որ կ՚ելլէր, կը սարսռար, ու ապշահար կը փախչէր։

Երդի՜ք մը, ծո՜ւխ մը, ասիկա կը նշանակէր տուն, օճախ, ջերմութիւն, հանգիստ, ամփոփում…

- Յաջորդով պիտի շարունակուի «Ինտրա»ի վերոյիշեալ հատուածին։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 10, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2020